Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Թագաւորութեան մասին ինքնավստահութեամբ խօսիլ
Ինչո՛ւ կարեւոր է։ Եթէ կ’ուզենք Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8–ի յստակ ուղղութեան հետեւիլ, կարեւոր է որ Թագաւորութեան մասին ինքնավստահութեամբ խօսինք։ Այս ուղղութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք ինքնավստահութիւն ձեռք ձգել։
Ինչպէ՛ս ինքնավստահութեամբ խօսիլ.
• Մարդոց կարեկցէ (Փլպ. 2։4)։ Աշխարհի վիճակներն ու անհատական խնդիրները շատերը կը նեղացնեն։ Կարեկից ըլլալը մեզ կը մղէ որ անոնց Թագաւորութեան մասին պատմենք։
• Տունէդ մեկնելէ առաջ, քանի մը թերթիկ առ քեզի հետ։
Այս ամսուան ընթացքին, հետեւեալը փորձէ.
• Ընտրէ անհատ մը, որուն կը փափաքիս վկայել։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի համարձակութիւն եւ խօսելու պատեհութիւն տայ։