ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ
1 «Շատ գիրք շինելը ծայր չունի»։ (Ժող. 12։12) Շատ մը գիրքեր չեն արժեր այն թուղթերը որոնց վրայ տպուած են։ Սակայն, այդ չէ պարագան Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած գրականութիւններուն հետ։ Անոնք թանկարժէք են քանի որ կենսապահ հոգեւոր սնունդ կը բովանդակեն։ Անոնք հետաքրքրուող անհատներուն կ’օգնեն որ Եհովան ճանչնան եւ անոնց հաւատքը կը զօրացնեն որոնք արդէն Եհովայի նուիրուած ծառաներ են։
2 Մեր գրականութիւնները կ’ուզենք ուրիշներու հետ բաժնել, որովհետեւ գիտենք որ անոնցմէ կրնան օգտուիլ։ Քանի որ արտադրութիւնը եւ բաշխելը ծախսի կը նային, տանուտէրներէն նուիրատուութիւն կը խնդրենք։ Չենք ուզեր հրատարակութիւնները առանց զատորոշումի տալ։ Եթէ վստահ չենք տանուտիրոջ հետաքրքրութենէն, սովորաբար պիտի ներկայացնենք Դիտարանի եւ Զարթի՛րի մէկական օրինակներ կամ թերեւս միայն թերթիկ մը։ Պէտք է վերայցելենք ամէն անհատ որ գրականութիւններ ընդունած է, իսկ եթէ այդ ժամանակ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կրնանք ուրիշ հրատարակութիւն մը ներկայացնել։
3 Ոմանք կը վարանին տանուտէրներուն ըսելու թէ մենք գրականութիւնները կը բաշխենք որոշ նուիրատուութեան մը փոխարէն, բայց լաւ կ’ըլլայ որ ըսենք։ Ասիկա յստակ կ’ընէ տանուտէրներուն թէ մեր գործը առեւտրական չէ։ Անիկա ցցուն կ’ընէ թէ մեր նպատակն է Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ Անիկա մեզի կ’օգնէ անկեղծ հետաքրքրութիւնը զատորոշելու։ Մարդիկ յաճախ դրամ կ’ունենան ծխախոտի եւ աշխարհային գրականութիւններու համար։ Եթէ անոնք անկեղծօրէն հետաքրքրուած են ձեր ըսածներով, պիտի տեսնեն թէ տրամաբանական է նուիրատուութիւն ընելը անկեղծ Քրիստոնէութեան աջակցելու։ Բացատրելով ինչպէս գործին թիկունք կը կանգնուի նիւթական գետնի վրայ, կ’ապացուցանենք մեր գնահատութիւնը գրականութիւններուն հանդէպ։ Ցոյց կու տանք մեր գիտակցիլը թէ զանոնք արտադրելը ծախսի կը նայի։
4 Երբ նուիրատուութիւն ընելու հարցը պատշաճօրէն ներկայացուի, շատ մը տանուտէրներ կը հաճին օգնել մեր կենսական գործին։ Լաւ է յիշել մեր գրականութիւններուն համար նուիրատուութիւն ընելու հարցը վերայցելութեան ընթացքին, երբ տանուտէրը հետաքրքրուած է մեր ներկայացուցած գրականութիւնը կարդալով։