Կրնա՞ք Ռահվիրաներու Շարքին Կրկին Միանալ
1 Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին, կանոնաւոր ռահվիրաներէն հազարաւորներ անհրաժեշտ գտան որ ռահվիրաներու շարքը ձգեն։ Դուք անոնցմէ մէ՞կն էք։ Եթէ այո, անկասկած պատճառ մը ունէիք այս առանձնաշնորհումը ձգելու։ Թերեւս անիկա չակնկալուած ու ձեր կարողութենէն վեր բան մըն էր։ Այդ պատճառը տակաւին կը շարունակուի՞։ Եթէ առողջութիւնը, նիւթական խնդիրները կամ ընտանեկան պարտաւորութիւնները անհրաժեշտ դարձուցին որ դադրիք, ձեր պարագաները բարելաւուա՞ծ են։ Կրնայի՞ք որոշ փոփոխութիւններ մտցնել որոնք թոյլ պիտի տային ձեզի որ կրկին վայելէիք կանոնաւոր ռահվիրայութեան օրհնութիւնները։ Մտածե՞ր էք վերստին դիմումնագիր ներկայացնելու մասին։
2 Ինչպէս որ գիտէք, լաւ կազմակերպուիլը եւ ուշադրութեամբ յայտագրելը պահանջուած են յաջողելու համար որպէս ռահվիրայ մը։ Թէեւ զբօսանքի համար սովորաբար շատ ժամանակ չկայ, ռահվիրայի մը հանգստութեան կարճ պահերը յաճախ աւելի գոհացուցիչ ու վարձահատոյց կ’ըլլան։ (Առ. 19։17. Գործք 20։35) Զբաղած մնալով ծառայութեան մէջ, կը պաշտպանուիք աշխարհին հետապնդած անձնասէր, հանգիստ ապրելակերպին ազդեցութենէն։ Եհովա խոստացած է որ ձեզ հոգեւորապէս հարուստ պիտի դարձնէ եթէ անձնազոհ ըլլաք ու Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնէք։ Հարազատ ուրախութեան ու գոհունակութեան փորձառութիւնը վստահաբար պիտի ունենաք երբ ամբողջ սրտով Եհովայի ծառայէք։—Առ. 10։22. Կող. 3։23, 24
3 Լիաժամ ծառայութիւնը պէ՞տք է նկատել որպէս միայն որոշ քիչերու համար մատչելի առանձնաշնորհում մը։ Ո՛չ։ Մեր նուիրումին ուխտին ի տես, ամէն Քրիստոնեայ պէտք է լրջօրէն մտածէ լիաժամ ծառայութեան մասին, բացի եթէ պարագաները զայն անկարելի կը դարձնեն։—Մար. 12։30
4 Եթէ ձեր առողջութիւնը եւ սուրբ գրային պատասխանատուութիւնները յստակօրէն չեն թոյլատրել ձեզ որ ներկայիս ռահվիրայութիւն ընէք, կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովա գիտէ ու կը հասկնայ։ Ան ձեզ պիտի վարձատրէ քանի որ ձեր պարագաներուն ներած չափով հաւատարմօրէն կը գործէք։ (Ա. Կորն. 4։2. Բ. Կորն. 8։12) Բայց եթէ այժմ կը թուի որ նպաստաւոր է ձեզի կրկին ռահվիրայութեան մասնակցիլ, ինչո՞ւ չմօտենաք վերակացու տեսուչին ու դիմումնագիր մը խնդրէք։
5 Ձեր Ընտանիքը Կրնա՞յ Օգնել. Թերեւս ռահվիրաներու շարքը ձգած էք քանի որ հարկ եղած է որ ընտանեկան պարտաւորութիւններու հոգ տանիք։ Արդեօք կարելի՞ է որ ընտանիքին միւս անդամները հիմա ի վիճակի են օժանդակելու այնպէս որ կրնաք ռահվիրայական գործին վերադառնալ։ Ոմանց համար, քիչ մը օգնութիւն ստանալով որոշ պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու համար, ռահվիրայութիւն ընելը կրնայ կրկին հասանելի դառնալ։
6 Լաւ համագործակցութիւնը եւ յաւելեալ ջանքը ընտանիքին միւս անդամներուն կողմէ, կրնան ասիկա կարելի դարձնել։ Օգնութիւնը կրնայ մի քանի կերպերով ըլլալ. նիւթապէս օժանդակել, փոխադրութեան միջոցներ հայթայթել, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր ժամադրութիւններ առնել միասնաբար ծառայելու։ Հաւանաբար ուրիշ կերպեր ալ կան որոնցմով կրնան օժանդակել։ Եթէ պարագաները չեն թոյլատրել ձեզ որ կրկին որդեգրէք ծառայութեան այս առանձնաշնորհումը, թերեւս այսպիսի օժանդակութիւն մը կարելի է տալ ընտանիքին ուրիշ անդամի մը որ կրնայ ռահվիրայութիւն ընել։
7 Այս հարցը ինչո՞ւ ընտանիոք նկատի չառնէք։ Հաւանականութիւնը աւելի կ’ըլլայ երբ զայն ընտանեկան ծրագիր մը դարձնէք։ Եթէ ռահվիրայ մը աւելցուի շարքին, ամբողջ ընտանիքը կրնայ շիտակ կերպով զգալ թէ բաժին մը կը բերէ։ Այսպիսի առատաձեռն հոգի մը ոչ միայն պիտի աւելցնէ Թագաւորութեան վկայութիւնը թաղամասին մէջ, այլ նաեւ՝ ընտանիքի անդամները իրարու պիտի մօտեցնէ հոգեւոր գետնի վրայ։—Ղուկ. 6։38. Փիլ. 2։2-4