Աշակերտները՝ Մեր Անուան Ետին Եղող Կազմակերպութեան Առաջնորդենք
1 «Ասիկա պատգամ մըն է որ աւելի քան 200 լեզուներով կը խօսուի։ Պատգամ մը որ աւելի քան 210 երկիրներու մէջ կը լսուի։ Պատգամ մը որ անհատապէս մարդոց կը տրուի ամէնուրեք։ Անիկա մաս կը կազմէ, ցարդ աշխարհի վրայ կատարուած քարոզչութեան մեծագոյն արշաւին, պատգամ մը որ համայն երկրի վրայ միլիոնաւորներ կը միացնէ։ Եհովայի Վկաները կազմակերպուած են որ այս գործը կատարեն աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր»։
2 Այսպէս կը սկսի Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզին նախաբանը։ Ան կը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն. Իրապէս որո՞նք են Եհովայի Վկաները։ Անոնց գործունէութիւնը ի՞նչպէս կը կազմակերպուի, կ’առաջնորդուի, կը ֆինանսաւորուի։ Զայն դիտողները կը տպաւորուին այն իրողութեամբ թէ «Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ որպէս կազմակերպութիւն մը մարզուած են, իրենց դրացիներուն օգնելու որպէսզի Աստուածաշունչին վրայ հաւատք կերտեն», եւ կը քաջալերուին անձամբ տեսնելով մեր անուան ետին եղող կազմակերպութիւնը։ Այս պատկերիզը դիտելէն ետք, ուսումնասիրող կին մը ուրախութեան եւ գնահատութեան արցունքներով ողողուած, ըսաւ. «Ի՞նչպէս կարելի է որ անհատ մը չտեսնէ թէ ասիկա է ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի կազմակերպութիւնը»։—Բաղդատել՝ Ա. Կորնթացիս 14։24, 25։
3 Ուրիշ կին մը որ երկար ատեն ընդհատաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էր, չէր կրնար ընդունիլ այն իրողութիւնը թէ Երրորդութիւնը սուտ վարդապետութիւն մըն է։ Յետոյ ինք եւ իր ամուսինը մեր պատկերիզը դիտեցին։ Անոնք ներկայացումէն շատ տպաւորուեցան ու միեւնոյն գիշերը զայն երկու անգամ եւս դիտեցին։ Յաջորդ ուսումնասիրութեան, կինը՝ Վկայ մը ըլլալու իր փափաքը յայտնեց։ Ան ըսաւ թէ Երրորդութեան վարդապետութեամբ այնքան տարուած էր, որ չէր կրցած մեր կազմակերպութիւնը ու անոր մէջ եղած անհատները տեսնել։ Պատկերիզին միջոցաւ գիտակցեցաւ թէ Աստուծոյ ճշմարիտ կազմակերպութիւնը գտած էր։ Ան ուզեց անմիջապէս սկսիլ տունէ տուն քարոզել։ Իրեն բացատրուելէ ետք թէ ի՛նչ անհրաժեշտ քայլեր պէտք էր առներ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու համար, ան ըսաւ. «Ուրեմն շուտով սկսիմ պէտք եղածը ընել»։ Իր եկեղեցիէն հրաժարեցաւ, սկսաւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ եւ Երրորդութիւնը հերքելու մէջ հմուտ դարձաւ։
4 Հաստատուած իրողութիւն մըն է թէ Աստուածաշունչի աշակերտները հոգեւորապէս աւելի լաւ կը յառաջդիմեն ու աւելի արագ հասունութեան կը դիմեն, երբ Եհովայի կազմակերպութիւնը ճանչնան ու անոր հետ ընկերակցին։ Յատկանշականօրէն, Պէնտէկոստէին, 3000 հոգիներ մկրտուելէն ետք, ‘անոնք շարունակեցին առաքեալներուն ուսուցումին նուիրուիլ եւ իրարու հետ ընկերակցիլ’։ (Գործք 2։42, ՆԱ, ստորանիշ) Ներկայիս կենսական է որ աշակերտներուն օգնենք որ միեւնոյնը ընեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
5 Պատասխանատուութիւնը Կրենք. Ամէն աշակերտող պէտք է գիտակցի թէ իր պատասխանատուութիւնն է Աստուածաշունչի աշակերտը Աստուծոյ կազմակերպութեան առաջնորդել։ (Ա. Տիմ. 4։16) Ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր նիստ պէտք է ոտնաքար մը նկատուի դէպի այն ուրախ օրուան, երբ նորեկ անհատը Եհովայի հանդէպ իր նուիրումը պիտի խորհրդանշէ ջուրի մկրտութեամբ։ Հարցումներէն մէկը որ անոր պիտի հարցուի մկրտութեան ատեն հետեւեալն է. «Կը հասկնա՞ք որ ձեր նուիրումն ու մկրտութիւնը ձեզ կը բնորոշեն որպէս Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուող կազմակերպութեան հետ ընկերակցող Եհովայի Վկայ մը»։ Ուստի, կարեւոր է որ ան գիտակցի թէ չի կրնար Աստուծոյ ծառայել՝ առանց ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին հետ գործնական կերպով ընկերակցելու։—Մատթ. 24։45-47. Յովհ. 6։68. Բ. Կորն. 5։20
6 Շարունակեցէք աշակերտին սորվեցնել տեղական ժողովքին ու Եհովայի Վկաներուն ետին գտնուող միջազգային կազմակերպութեան մասին։ Ասիկա ըրէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր նիստին, սկսելով առաջին նիստէն։ Սկիզբէն իսկ, աշակերտը ժողովներու հրաւիրեցէք ու շարունակեցէք միշտ ասիկա ընել։—Յայտ. 22։17
7 Հայթայթուած Գործիքները Գործածեցէք. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար մեր գործածած լաւագոյն գրականութիւններն են՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը եւ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը։ Երկուքն ալ աչքառու կը դարձնեն ժողովքին հետ ընկերակցելու կարիքը։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 5–րդ դասին վերջաւորութիւնը կ’ըսէ. «Պէտք է շարունակէք Եհովայի մասին սորվիլ եւ իր պատուէրներուն հնազանդիլ։ Ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահը յաճախելը ձեզի պիտի օգնէ որ ասիկա կարենաք ընել»։ Գիտութիւն գիրքը կրկնակիօրէն աշակերտը կը քաջալերէ ժողովներուն յաճախելու։ Հինգերորդ դասին 22–րդ պարբերութիւնը հետեւեալ հրաւէրը կու տայ. «Եհովայի Վկաները . . . ձեզ ջերմագին կը յորդորեն որ իրենց միանաք, Աստուած պաշտելու ‘հոգիով ու ճշմարտութիւնով’։ (Յովհաննու 4։24)»։ Գլուխ 12, 16–րդ պարբերութիւնը կ’ըսէ. «Եթէ շարունակէք ուսումնասիրել եւ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելը սովորութիւն մը դարձնէք, ձեր հաւատքը պիտի ամրապնդուի»։ Գլուխ 16, պարբերութիւն 20–ը կ’ըսէ. «Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելը վարժութիւն դարձուցէք»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Այսպէս ընելը ձեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ գիտութիւնը ձեր կեանքին մէջ կիրարկէք եւ ասիկա իր կարգին ձեզի ուրախութիւն պիտի տայ։ Քրիստոնէական համաշխարհային եղբայրակցութեան մէկ մասը ըլլալը ձեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի մօտիկ մնաք»։ Գլուխ 17 լիովին նկատի կ’առնէ թէ անհատ մը ի՛նչպէս իսկական ապահովութիւն կը գտնէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Մինչ ուրիշներու հետ կ’ուսումնասիրենք, մեր պատասխանատուութիւնն է շեշտել նիւթին այս մասերը։
8 Եհովայի Վկաները—Միացած՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարելու Համար Համայն Աշխարհի մէջ գրքոյկը ընտիր գործիք մըն է, որ պատրաստուած է որպէսզի անհատներուն ծանօթացնէ ներկայիս իր կամքը կատարելու համար Եհովայի գործածած միակ տեսանելի կազմակերպութիւնը։ Մեր ծառայութեան, ժողովներուն եւ կազմակերպութեան մասին անոր բովանդակած մանրամասն տեղեկութիւնները, պիտի քաջալերեն ընթերցողը որ Աստուած պաշտելու մէջ մեզի միանայ։ Անգամ մը որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, կը յանձնարարուի որ աշակերտին օրինակ մը տանք այս գրքոյկէն, որպէսզի անձնապէս կարդայ։ Կարիքը չկայ զայն իր հետ ուսումնասիրելու, ինչպէս անցեալին կ’ընէինք։
9 Կազմակերպութեան արտադրած կարգ մը պատկերիզները սքանչելի գործիքներ են, աշակերտները մեր անուան ետին եղած կազմակերպութեան առաջնորդելու համար։ Լաւ կ’ըլլայ եթէ անոնք կարենան դիտել. (1) Նոր Աշխարհի Ընկերութիւնը Գործի Վրայ պատկերիզը, որ 1954–ի ֆիլմին վերաքաղն է ու կը ցուցադրէ թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչպէս դիւրասահ, ազդու եւ սիրալիր հոգիով կը գործէ. (2) Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը, որ նկատի կ’առնէ այն խաղաղ միութիւնը որ ցոյց տրուեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ տեղի ունեցած մեր միջազգային համաժողովներուն ընթացքին. (3) Մինչեւ Երկրին Ծայրերը պատկերիզը, որ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին յիսնամեակը նշեց, նաեւ ցոյց տալով համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած քարոզչութեան գործին մէջ միսիոնարներուն ունեցած ազդեցիկ դերը. (4) Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց պատկերիզը, որ Հիթլէրի անգութ հալածանքին դիմաց Վկաներուն քաջութեան ու յաղթանակին խայտալի պատմութիւնը կը պատմէ. եւ անշուշտ, (5) Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը։
10 ժողովներուն Նկատմամբ Յառաջդիմական Նպատակակէտեր Դրէք. Աշակերտին պէտք է բացատրել որ թէ՛ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեամբ անհատապէս աշակերտուելու եւ թէ ժողովքի հանդիպումներով հայթայթուած խմբային քննարկումներուն կարիքը ունինք։ (Յովհ. 6։45) Նորեկ անհատ մը պէտք է յառաջդիմէ թէ՛ Աստուածաշունչի եւ թէ կազմակերպութեան մասին իր հասկացողութեան մէջ։ Ասիկա իրագործելու համար, ժողովները ուրիշ բանով մը կարելի չէ փոխարինել։ (Եբր. 10։23-25) Սկիզբէն իսկ սկսեցէք անհատը ժողովքի հանդիպումներուն հրաւիրել։ Նոր հետաքրքրուած անհատներէն ոմանք ժողովներու յաճախելու կը սկսին նոյնիսկ իրենց հետ կանոնաւորաբար տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարուելէ առաջ։ Անշուշտ, մենք կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, պատշաճ օրինակ մը կ’ուզենք հանդիսանալ։—Ղուկ. 6։40. Փիլ. 3։17
11 Երբ անհատ մը առաջին անգամ ժողովի ներկայ պիտի ըլլայ, ժողովներուն ու անոնց ինչպէ՛ս վարուելուն մասին, անոր բաւարար տեղեկութիւններ տուէք, որպէսզի ան հանգիստ զգայ։ Քանի որ ոմանք դժուար կը գտնեն առաջին անգամ նոր տեղ մը երթալ, ուրեմն օգտակար կրնայ ըլլալ, եթէ առաջին անգամ Թագաւորութեան Սրահ երթալու համար աշակերտին ընկերակցիք։ Ան աւելի հանգիստ պիտի զգայ եթէ դուք իր հետ ըլլաք, երբ ժողովքի միւս անդամներուն կը ծանօթանայ։ Ամէն գնով, ձեր հիւրին լաւ հիւրընկալ մը եղէք, թոյլ տալով որ հանգիստ ըլլայ ու զգայ որ բարի եկած է։—Մատթ. 7։12. Փիլ. 2։1-4
12 Աշակերտը քաջալերեցէք որ առաջին առիթով իսկ, միօրեայ մասնաւոր համաժողովի մը, շրջանային համաժողովի մը կամ նահանգային համաժողովի մը ներկայ գտնուի։ Թերեւս փոխադրամիջոցի կարգադրութիւններուն մէջ կարենաք զինք ալ պարփակել։
13 Սրտաբուխ Գնահատութիւն Քանդակեցէք. Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին էջ 2–ը, կը բացատրէ. «Եթէ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ ձեր խոր գնահատութիւնը արտացոլացուի հետաքրքրուած անհատներու հետ ձեր ունեցած խօսակցութեանց մէջ, ասիկա աւելի պիտի դիւրացնէ որ անոնք գնահատութեան մէջ աճին ու զանոնք պիտի մղէ որ Եհովան ճանչնալու մէջ աւելի մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեն։ Ձեր տեղական ժողովքին մասին բնաւ ժխտականօրէն մի՛ խօսիք, այլ միշտ՝ դրականօրէն։ (Սաղմ. 84։10. 133։1, 3բ) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ատեն ձեր ներկայացուցած աղօթքներուն մէջ, յիշեցէք ժողովքը ու անոր հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելու աշակերտին կարիքը։—Եփ. 1։15-17
14 Վստահաբար կը փափաքինք որ նորեկ անհատներ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ գտնուող ուրախ ընկերակցութեան եւ հոգեւոր ապահովութեան հանդէպ սրտաբուխ գնահատութիւն զարգացնեն։ (Ա. Տիմ. 3։15. Ա. Պետ. 2։17. 5։9) Որպէս Եհովայի Վկաներ, մեր լման ջանքը ընենք Աստուծոյ Խօսքին աշակերտները մեր անուան ետին եղող կազմակերպութեան առաջնորդելու համար։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
Աշակերտները հոգեւորապէս աւելի արագ կը յառաջդիմեն, երբ կազմակերպութիւնը անհատապէս տեսնեն
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Աշակերտները ժողովներու հրաւիրելու մի՛ ուշանաք