Մաս 8. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտները կազմակերպութեան ուղղել
1. Ամէն շաբաթ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին Եհովայի կազմակերպութեան մասին կէտ մը բացատրելը ինչո՞ւ օգտաշատ է։
1 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մեր նպատակակէտը միայն վարդապետական տեղեկութիւններ սորվեցնել չէ, այլ՝ աշակերտներուն օգնել որ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը կազմեն։ (Զաք. 8։23) Եհովայի Վկաներ—որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը կրնայ մեզի օգնել որ ասիկա ընենք։ Գրքոյկը Աստուածաշունչի նոր աշակերտին տուր եւ քաջալերէ որ զայն կարդայ։ Ասկէ զատ, ամէն շաբաթ ուսումնասիրութեան ընթացքին քանի մը վայրկեան յատկացուր Եհովայի կազմակերպութեան մասին կէտ մը բացատրելու։
2. Ի՞նչպէս կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտը քաջալերել որ ժողովներուն ներկայ գտնուի։
2 Ժողովքային հանդիպումները. Աստուածաշունչի աշակերտները կը սկսին Աստուծոյ կազմակերպութիւնը գնահատել, գլխաւորաբար երբ ժողովքային հանդիպումներուն յաճախեն։ (Ա. Կորն. 14։24, 25) Հետեւաբար կրնաս սկիզբէն գաղափար մը տալ շաբաթական հինգ ժողովներուն մասին, նկարագրելով զանոնք մէկ առ մէկ։ Յաջորդ հանրային դասախօսութեան բնաբանը յիշէ։ Անոր ցոյց տուր Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան եւ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան նկատի առնուելիք նիւթերը։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը եւ Ծառայութեան Ժողովը նկարագրէ։ Թերեւս կրնաս դպրոցական բաժինդ անոր հետ փորձ ընել։ Անոր հաղորդէ ժողովներուն մէջ ներկայացուած ուշագրաւ կէտերը։ Մեր գրականութիւններուն բովանդակած լուսանկարները օգտագործէ։ Առաջին ուսումնասիրութենէն իսկ զինք հրաւիրէ որ ժողովներուն ներկայ գտնուի։
3. Կազմակերպութեան ո՞ր երեսակները կրնանք բացատրել։
3 Երբ Յիշատակատօնը, համաժողովները եւ շրջանային տեսուչի այցելութիւնը մօտենան, մի քանի վայրկեան տրամադրէ այս կարգադրութիւնները բացատրելու եւ անոնց հանդէպ խանդավառութիւն կերտելու։ Աստիճանաբար պատասխանէ հետեւեալին նման հարցումներու. Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներ կը կոչուինք։ Մեր ժողովասրահը ինչո՞ւ Թագաւորութեան Սրահ կը կոչենք։ Երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն պարտականութիւնները ի՞նչ են։ Քարոզչութիւնը եւ թաղամասերը ի՞նչպէս կազմակերպուած են։ Մեր գրականութիւնները ի՞նչպէս կ’արտադրուին։ Կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս կը ֆինանսաւորուի։ Գործին վերատեսչութեան նկատմամբ մասնաճիւղը եւ Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչ դերեր կը խաղան։
4, 5. Մեր տեսաերիզները ի՞նչպէս կրնան կազմակերպութեան հանդէպ գնահատութիւն կերտել։
4 Դաստիարակիչ տեսաերիզներ. Աստուածաշունչի աշակերտները կրնան նաեւ Եհովայի սքանչելի կազմակերպութիւնը տեսնել մեր տեսաերիզներուն միջոցով։ Տեսաերիզները կրնան զիրենք Մինչեւ երկրին ծայրերը տանիլ, անոնց ծանօթացնել Մեր եղբայրներու ամբողջ ընկերակցութիւնը, եւ անոնց ցոյց տալ ո՛չ միայն թէ ուրախ ժողովուրդ ենք, այլեւ Միացած՝ աստուածային ուսուցումով։ Կին մը, որ հինգ տարիէ ի վեր մեր պարբերաթերթերն ու գրականութիւնները կը ստանար, Եհովայի Վկաներ—այս անուան ետին գտնուող կազմակերպութիւնը տեսաերիզը դիտելէ ետք, իր արցունքները չկրցաւ զսպել։ Ան իրեն այցելող Վկաներուն կը վստահէր, բայց տեսաերիզը դիտելէ ետք, զգաց թէ կրնար կազմակերպութեան ալ վստահիլ։ Անոր հետ պաշտօնական ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, իսկ յաջորդ շաբաթ ան Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուեցաւ։
5 Ամէն շաբաթ քանի մը վայրկեան տրամադրելով եւ հայթայթուած գործիքները գործածելով, կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտները աստիճանաբար ուղղել ներկայիս Եհովայի գործածած միակ կազմակերպութեան։