Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Ժողովներուն Ներկայ Գտնուին
1 «Շրջանին մէջ գտնուող ոեւէ բարեկամ . . . որ կը փափաքի ժողովներու ներկայ գտնուիլ, սիրով հրաւիրուած է»։ Այս ծանուցումը Սիօնի Դիտարան–ի Նոյեմբեր 1880–ի թիւին մէջ լոյս տեսնելէն ի վեր, Եհովայի Վկաները մարդիկը սրտանց հրաւիրած են որ իրարու քով հաւաքուին, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ (Յայտ. 22։17) Ասիկա ճշմարիտ պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է։
2 Ներկայ Գտնուիլը Կենսական Է. Երբ ժողովքին հետ ընկերակցինք, օրհնութիւններ կը քաղենք։ Մեր հոյակապ Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ աւելի սերտօրէն կը ծանօթանանք։ Ժողովքին մէջ, իրարու քով կը հաւաքուինք որպէսզի ‘Եհովայէ սորվինք’։ (Եսայ. 54։13, ՆԱ) Իր կազմակերպութիւնը սուրբ գրային դաստիարակութեան շարունակական յայտագիր մը ուրուագծած է, որ մեզ աւելի կը մօտեցնէ Իրեն եւ «Աստուծոյ բոլոր կամքը» կատարելու մէջ գործնական օգնութիւն կու տայ։ (Գործք 20։27. Ղուկ. 12։42) Ժողովները Աստուծոյ Խօսքը սորվեցնելու արուեստին մէջ անձնական մարզում կը հայթայթեն։ Աստուածաշունչէն տրուած վերյիշեցումները մեզի կ’օգնեն, որ ուրիշներու եւ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն վայելենք։ Աստուած սիրողներուն հետ ընկերակցիլը մեր հաւատքը կը զօրացնէ։—Հռովմ. 1։11, 12
3 Ուղղակի Հրաւէր մը Տուէք. Առաջին ուսումնասիրութենէն իսկ, Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր աշակերտ ժողովներու հրաւիրեցէք։ Անոր հետաքրքրութիւնը արթնցուցէք, իր հետ բաժնելով նախորդ ժողովին մէջ ձեզ քաջալերող կէտ մը, նաեւ խօսելով յաջորդ ժողովին նկատի առնուելիք կէտի մը մասին։ Նկարագրեցէք Թագաւորութեան Սրահը, եւ վստահ եղէք որ ան գիտէ սրահին տեղը։
4 Եթէ աշակերտը անմիջապէս չսկսի ժողովներու յաճախել, շարունակեցէք հրաւիրել զինք։ Ամէն շաբաթ մի քանի վայրկեան տրամադրեցէք, անոր ցոյց տալու համար թէ մեր կազմակերպութիւնը ի՛նչպէս կը գործէ։ Գործածեցէք Եհովայի վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները գրքոյկը եւ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը, մեզ եւ մեր ժողովները իրեն ծանօթացնելու համար։ Ձեր հետ տարբեր հրատարակիչներ տարէք, որպէսզի աշակերտը անոնց ծանօթանայ։ Աղօթքի ժամանակ, Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեցէք իր կազմակերպութեան համար եւ յիշեցէք անոր հետ ընկերակցելու աշակերտին կարիքը։
5 Մի՛ վարանիք նոր հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու որ մեզի հետ ժողվուին։ Մինչ Եհովայի հանդէպ անոնց գնահատութիւնը կ’աւելնայ, պիտի մղուին իրենց սորվածը կիրարկելու եւ Եհովայի միացեալ կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալու։—Ա. Կորն. 14։25