Աշխարհային Ուսումը եւ Ձեր Հոգեւոր Նպատակակէտերը
1 Ձեր պատանեկութեան ժամանակ հիմնական լաւ ուսում մը ստանալը, լաւ կարդալու եւ գրելու, նաեւ աշխարհագրութեան, պատմութեան, թուաբանութեան ու գիտութեան մասին ընդհանուր հասկացողութիւն մը ձեռք ձգելու, հարկ եղած իմացական հմտութիւնները կրնայ հայթայթել։ Այդ միջոցին, կրնաք սորվիլ ինչպէս յստակօրէն մտածել, իրողութիւնները վերլուծել, խնդիրներ լուծել եւ արդիւնաբեր գաղափարներ մէջտեղ բերել։ Այսպիսի կրթութիւն օգտակար պիտի ըլլայ ձեր կեանքի բոլոր տեւողութեան։ Ձեր աշխարհային ուսումը ի՞նչպէս կրնայ կապ ունենալ կեանքի մէջ ձեր հոգեւոր նպատակակէտերուն հետ, եւ ձեզի օգնել «գործնական իմաստութիւն ու մտածելու կարողութիւն» ձեռք ձգելու։—Առ. 3։21, 22, ՆԱ։
2 Աստուծոյ Ծառայութեան Մէջ Պիտանի Եղէ՛ք. Մինչ դպրոց կը յաճախէք, դասարանին մէջ ուշադրութեամբ հետեւեցէք եւ ձեզի նշանակուած տան պարտականութիւնները լաւ կերպով ըրէք։ Եթէ լաւ ընթերցող մը դառնաք եւ սորվելու լաւ սովորութիւններ զարգացնէք, աւելի դիւրաւ կրնաք Աստուծոյ Խօսքը քննել եւ դուք ձեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պահել։ (Գործք 17։11) Ընդարձակ գիտութիւն ունենալը պիտի օգնէ ձեզի, որ զանազան ենթահողերէ եկած, տարբեր հետաքրքրութիւններ ու հաւատալիքներ ունեցող մարդոց հետ կապ հաստատէք, երբ անոնց հանդիպիք ծառայութեան մէջ։ Դպրոցին մէջ ձեր ստացած ուսումը օգտակար պիտի ըլլայ, մինչ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ ձեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կը կատարէք։—Համեմատել՝ Բ. Տիմոթէոս 2։21. 4։11
3 Սորվեցէք Ձեր Անձնական Կարիքները Հոգալ. Եթէ ջանք թափէք, նաեւ կրնաք շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ապրուստ ճարելու համար հարկ եղած հմտութիւնները սորվիլ։ (Համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ձեր նիւթերը ուշադրութեամբ ընտրեցէք։ Փոխանակ աշխատանքի սահմանափակ պատեհութիւններ ունեցող մարզի մը վրայ կեդրոնանալու, սորվեցէք արհեստ մը կամ հմտութիւն մը, որպէսզի կարենաք ապագային որեւէ տեղ յարմար գործ մը գտնել։ (Առ. 22։29) Այսպիսի մարզում կարելի պիտի դարձնէ, որ դուք ձեր ապրուստը ճարէք, եթէ որոշէք ծառայել հոն ուր աւելի կարիք կայ։—Համեմատել՝ Գործք 18։1-4
4 Դպրոցին մէջ հիմնական լաւ ուսում մը ստանալը, կրնայ ձեզի օգնել ձեր ծառայութիւնը ընդլայնելու։ Ծանր աշխատեցէք, ձեր ապրուստը հոգալու համար հարկ եղած հմտութիւնները ձեռք ձգելու համար, մինչ Եհովայի ծառայութեան մէջ կը յառաջդիմէք։ Այսպիսով, ձեր դպրոցական ուսումը պիտի օգնէ ձեզի որ ձեր հոգեւոր նպատակակէտերուն հասնիք։