Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1999–ի Սեպտեմբերէն սկսեալ, միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագրին բնաբանն է՝ «Աստուծոյ Խորունկ Բաները Քննել»։ (Ա. Կորն. 2։10) Արժէքաւոր ի՞նչ բաներ պիտի սորվինք։
Գիտութիւն փնտռողներէն շատեր իրենց գտածով չեն թարմանար։ Աստուածաշունչը կ’ոգեւորէ մեզ, ինչպէս ցոյց պիտի տրուի շրջանային տեսուչին կողմէ տրուած դասախօսութեան մէջ, որու բնաբանն է՝ «Աստուծոյ Խօսքը Հետազօտելը կը Կազդուրէ»։ Այցելու դասախօսը Աստուծոյ խորունկ բաները քննելու եւ բարի լուրի քարոզչութեան միջեւ եղող կապը ցոյց պիտի տայ, մինչ նկատի կ’առնէ հետեւեալ հարցումը՝ «Թագաւորութեան Քարոզչութիւնը Ի՞նչպէս կը Նկատէք»։
Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին խորը թափանցեն։ «Ձեր Զաւակներուն Մէջ Քանդակեցէք Աստուծոյ Խօսքը» բնաբանով դասախօսութիւնը գործնական թելադրութիւններ պիտի տայ։ Քրիստոնեայ անչափահասներ դրական կերպով կ’ազդուին, երբ ժողովքին մէջ հոգեւորապէս հասուն եղող անհատներուն հետ կ’ընկերակցին։ Դրական կերպով ազդուող պատանիներու օրինակներ ուշագրաւ պիտի դարձուին «Աւելի Տարեցներէն Սորվող Պատանիներ» բնաբանով դասախօսութեան մէջ։
Այս ժամանակին մէջ ինչո՞ւ պէտք է ժրաջանօրէն փնտռենք պահուած հոգեւոր գանձերը։ Եհովա գաղտնիքներ Յայտնող Աստուած է։ «Եհովա Աստիճանաբար կը Յայտնէ Խորունկ Բաները» բնաբանին ներքեւ, այցելու դասախօսը պիտի բացատրէ թէ Եհովա անցեալին եւ արդի ժամանակներուն ի՛նչ բաներ յայտնած է։ Ասիկա մեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէ որ յարատեւենք ‘Աստուծոյ խորունկ բաները քննել’։
Հիմակուընէ ծրագրեցէք որ ներկայ գտնուիք։ Եհովայի իրենց նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշել ուզողները պէտք է վերակացու տեսուչը տեղեակ պահեն, կարելի եղածին չափ շուտ։ Հոն մեր լսած բաներով Աստուծոյ Խօսքին խորը թափանցելու մեր անկեղծ փափաքը պիտի զօրանայ։ Հետեւաբար, այս հոգեւոր դաստիարակութեան մասնաւոր օրը մի՛ փախցնէք։