Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/93 էջ 3-4
  • «ԵՀՈՎԱՅԻ ՏՈՒՆԸ ԵՐԹԱՆՔ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «ԵՀՈՎԱՅԻ ՏՈՒՆԸ ԵՐԹԱՆՔ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աշակերտները՝ Մեր Անուան Ետին Եղող Կազմակերպութեան Առաջնորդենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Ժողովներուն Ներկայ Գտնուին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Մաս 8. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 4/93 էջ 3-4

«ԵՀՈՎԱՅԻ ՏՈՒՆԸ ԵՐԹԱՆՔ»

1 Դաւիթ խանդավառութեամբ ընդառաջեց «Եհովայի տունը երթանք» հրաւէրին։ (Սաղմ. 122։1, ՆԱ) Եհովայի «տունը», որ տաճարով ներկայացուած էր, ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու փափաք ունեցողներուն հաւաքավայրն էր։ Անիկա ապահովութեան եւ խաղաղութեան սրբարան մըն էր։ Այսօր, համերկրային Քրիստոնէական ժողովքը Աստուծոյ «տուն»ն է, «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը»։ (Ա. Տիմ. 3։15) Փրկութեան բոլոր հայթայթումները մատչելի եղած են այս խողովակին միջոցաւ։ Այդ պատճառով, «բոլոր [ազգերը] հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր» եթէ կը փափաքին խոստացուած օրհնութիւնները վայելել Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։—Եսայ. 2։2

2 Այս «տունը» կը պարփակէ աւելի քան 69,000 ժողովքներ 229 երկիրներու մէջ։ Համայն աշխարհի մէջ, Թագաւորութեան Սրահներու դռները բաց են եւ աւելի քան չորս միլիոն նախանձախնդիր աշխատողներ սա հրաւէրը կու տան. «‘Եկուր’ . . . ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտ. 22։17) Շատեր այս պատգամը լսած են եւ գնահատանքով ընդառաջած են։ Ուրիշներ հաղորդակցութեան մէջ բերուած են բայց դեռ Եհովայի տունը չեն եկած, ընկերակցելով Քրիստոնէական ժողովքին հետ։ Այսպիսիներ «հոգեւոր կարիք» ունին որու կարելի է գոհացում տալ այն հայթայթումներով որոնք միայն ժողովքին մէջ կը գտնուին։ (Մատթ. 5։3, ՆԱ) Մենք կ’ապրինք դժուարին ժամանակներու մէջ մինչ այս դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ։ Անտարբեր կամ դժկամակ կեցուածք մը կրնայ վտանգաւոր ուշացումի պատճառ ըլլալ։ Ստիպողական է որ մարդիկ ջանան ‘Աստուծոյ մօտենալ’, իր կազմակերպութեան աւելի մօտենալով։ (Յակ. 4։8) Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։

3 Հետաքրքրութիւնը Ուղղել Կազմակերպութեան. Մեր սկզբնական հանդիպումէն իսկ, պէտք է հետաքրքրուած մարդոց ուշադրութիւնը կազմակերպութեան ուղղենք։ Թէեւ անձնապէս կրնանք համարներ մէջբերել եւ հիմնական վարդապետութիւնները բացատրել, բայց այսպիսի գիտութեան մը աղբիւրը մենք չենք։ Ամէն ինչ որ սորված ենք, կազմակերպութենէն եկած է ծառայ դասակարգին միջոցաւ, որ «ատենին . . . կերակուր» կը հայթայթէ։ (Մատթ. 24։45–47) Սկիզբէն իսկ, նորեկները կարիքը ունին ըմբռնելու թէ մաքուր պաշտամունքը մեզմէ կամ տեղական ժողովքէն աւելին կը պարփակէ. աստուածպետական կազմակերպութիւն մը կայ, Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ գործող համերկրային ընկերութիւն մը։

4 Մեր ստացած ուղղութիւնը Եհովայէ ծագում կ’առնէ, որ խոստացած է մեզ առաջնորդել եւ սորվեցնել։ (Սաղմ. 32։8. Եսայ. 54։13) Այս ուղղութիւնը մատուցուած է գլխաւորաբար մեր հրատարակութիւններուն միջոցաւ։ Եթէ կարենանք հետաքրքրուած անհատներուն օգնել որ խոր գնահատանք զարգացնեն հրատարակութիւններուն հանդէպ, ճանչնալով զանոնք որպէս կենսապահ ուղղութեան աղբիւր մը, շատ հաւանական է որ անոնց պատգամը կարդան ու գործադրեն քան արագօրէն մերժեն զանոնք։ Այս հրատարակութիւնները այնպիսի կերպով մը միշտ պէտք է ներկայացնենք ու գործածենք որ յարգանք կը մշակէ իրենց հանդէպ։ Ասիկա նորեկներուն կը սորվեցնէ կազմակերպութիւնը գնահատել եւ անոր հայթայթումներուն ապաւինիլ։

5 Թող տուէք որ հետաքրքրուած անհատները գիտնան թէ ժողովի կեդրոնական վայր մը կայ ուր կանոնաւորաբար ուղղութիւն կը հայթայթուի։ Անոնց տեղեկութիւն տուէք Թագաւորութեան Սրահին եւ ժողովներու ժամերուն մասին։ Բացատրեցէք տարբերութիւնը մեր ժողովներուն եւ անոնց անցեալին յաճախած կրօնական գումարումներուն միջեւ։ Ամէն անհատի բարի գալուստ կը մաղթուի. հանգանակութիւն չկայ։ Մինչ նշանակուած ծառաներ յայտագիրը կը վարեն, ամէն անհատ պատեհութիւնը ունի մասնակցելու, պատասխաններ տալով եւ բաժին բերելով յայտագրի որոշ մասերուն մէջ։ Ընտանիքներ սիրով ընդունուած են. պզտիկները պարփակուած են Աստուածաշունչի խօսակցութիւններուն մէջ։ Մեր ծառաները մասնաւոր պատմուճաններ կամ հագուստներ չեն հագնիր։ Թագաւորութեան Սրահը ճաշակով զարդարուած է եւ մոմեր, արձաններ կամ նկարներ չունի։ Անոնք որոնք ներկայ կը գտնուին, գլխաւորաբար տեղական շրջակայքի բնակիչներն են։

6 Աստիճանաբար Հետաքրքրութիւնը Ուղղել Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութեան. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը գլխաւոր նպատակն է Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվեցնել։ Անիկա պէտք է նաեւ գնահատանք կերտէ աշակերտին մէջ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ եւ զինք գիտակից դարձնէ անոր մէկ մասը կազմելու կենսական կարիքին։ Առաջին դարուն, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն կողմէ կատարուած մեծ աշխատանքը անկեղծ անհատներ հրապուրեց եւ զանոնք միացուց որպէսզի կեդրոնական կառավարիչ մարմնի մը ներքեւ գործեն։ Այն համայնքներու մէջ ուր ընդառաջումը լաւ էր, ժողովքներ կազմուեցան կանոնաւոր վարժութիւն ու հրահանգ տալու։ Ընկերակցողները հոգեւորապէս կը զօրանային եւ նեղութիւններուն տոկալու համար օգնութիւն կը ստանային։ (Եբր. 10։24, 25. Ա. Պետ. 5։8–10) Ներկայիս Եհովայի նպատակն է որ «ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով»։ (Եփ. 1։9, 10) Որպէս հետեւանք, համերկրային «եղբայրութիւն» մը ունինք։—Ա. Պետ. 2։17

7 Աստուածաշունչի շաբաթական ուսումնասիրութիւնը պէտք է պարփակէ հրահանգներ որոնք աշակերտներուն կ’օգնեն որ կազմակերպութիւնը գնահատեն եւ իրենց փրկութեան համար եղած հայթայթումները օգտագործեն։ Ամէն շաբաթ մի քանի վայրկեան յատկացուցէք կազմակերպութեան մասին բան մը պատմելու կամ նկարագրելու եւ թէ ի՛նչպէս կը գործէ։ Կրնաք օգտակար խօսակցական կէտեր գտնել Դիտարանի Ապրիլ 1, 1985, թիւին մէջ։ Քսաներորդ Դարու Եհովայի Վկաները եւ Եհովայի Վկաները—Միութեամբ Աստուծոյ Կամքը կը Կատարեն Համայն Աշխարհի մէջ գրքոյկները նկատի կ’առնեն կազմակերպութեան գլխաւոր երեսակները եւ թէ ինչպէս օգտակար են մեզի։ Աստուածաշունչի աշակերտները դիտելով Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը պատկերիզը, պիտի տեսնեն ինչ որ կը կատարուի։ Տարեգիրքէն ընտրուած տեղեկագիրներ եւ փորձառութիւններ կրնան ցուցաբերել գործին յաջողութիւնը ուրիշ երկիրներու եւ մշակոյթներու մէջ։ Ուրիշ գրականութիւններ նաեւ կարելի է գործածել։ Որոշ ժամանակի մը ընթացքին, աստիճանաբար բացատրեցէք այսպիսի բաներ ինչպէս՝ ինչու տունէ տուն կը ծառայենք, մեր ժողովներուն նպատակը, մեր գործին համար նիւթականը ինչպէս կ’ապահովենք եւ մեր գործունէութեան համերկրային տարողութիւնը։

8 Ուրիշ Վկաներու հետ ծանօթանալը կրնայ մղիչ ազդեցութիւն մը ունենալ նորեկներուն վրայ, լայնցնելով իրենց գաղափարը ժողովքին մասին։ Այդ նպատակով, երբեմն ուրիշ հրատարակիչներ հրաւիրեցէք ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուելու։ Ժողովքին մէջ անհատ մը որ նոյնանման ուսում կամ հետաքրքրութիւններ ունի, կրնայ ձեր աշակերտին հասկացողութիւնը խորացնել։ Թերեւս երէց մը ձեզի հետ ընկերանայ ծանօթանալու համար։ Իրական օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ կարգադրելը որ շրջանային տեսուչը կամ իր կինը ուսումնասիրութիւնը այցելէ։ Եթէ մօտ շրջանի մէջ ապրող վկաները ծանօթանան Աստուածաշունչի աշակերտին, ասիկա կրնայ յաւելեալ քաջալերանք հայթայթել որ աշակերտը ժողովներուն ներկայ ըլլայ։

9 Քաջալերեցէք Նորեկները Ժողովներուն Յաճախելու. Նորեկները կարիքը ունին գիտակցելու թէ որքա՛ն կարեւոր է ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Փորձեցէք գրգռել անոնց հետաքրքրութիւնը։ Դիտարանի Ուսումնասիրութեան ընթացքին նկատի առնուելիք յօդուածներուն մատնանշեցէք։ Յիշեցէք գալիք հանրային դասախօսութիւններու խորագրերը։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուելիք նիւթերու աչքառու կէտերուն ակնարկեցէք։ Այս ժողովներէն ձեր սորվածին մասին ձեր զգացումները արտայայտեցէք եւ թէ ինչու կարիքը կը զգաք ներկայ գտնուելու։ Եթէ կարող էք, առաջարկեցէք փոխադրութեան միջոցը ապահովել։ Ժողովէն առաջ հեռաձայնելը կրնայ յաւելեալ քաջալերանք մը հայթայթել ներկայ գտնուելու։

10 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ժողովի կու գայ, անոր բարի գալուստ մաղթեցէք։ Զինք ծանօթացուցէք ուրիշներու, պարփակելով երէցները։ Եթէ հանրային դասախօսութեան ներկայ է, զինք դասախօսին ծանօթացուցէք։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ զինք պտըտցուցէք։ Գրականութիւններու եւ պարբերաթերթերու հաշուասեղաններուն, նուիրատուութիւններու տուփերուն, գրադարանին եւ տարուայ համարին նպատակը բացատրեցէք։ Թոյլ տուէք որ գիտնայ թէ սրահը ոչ միայն պաշտամունքի վայր մըն է, այլ նաեւ՝ կեդրոն մը ուրկէ քարոզչական գործը տեղականօրէն կը կազմակերպուի։

11 Բացատրեցէք թէ ինչպէս մեր ժողովները կը վարուին։ Աշակերտին ցոյց տուէք մեր գործածած հրատարակութիւնները։ Նշեցէք թէ Աստուածաշունչը մեր գլխաւոր դասագիրքն է։ Ամէն անհատ կրնայ մասնակցիլ, պզտիկները ներառեալ։ Բացատրեցէք թէ մեր երգարանի ամէն եղանակներն ու բառերը Եհովայի Վկաներու կողմէ յօրինուած են, մեր պաշտամունքին մէջ գործածելու համար։ Ուշադրութեան յանձնեցէք ունկնդիրներուն ընկերային այլազան ծագումները։ Դրական մեկնաբանութիւններ ըրէք բարեկամութեան եւ հիւրասիրութեան հոգիին մասին։ Այս ազնիւ, անկեղծ հետաքրքրութիւնը կրնայ ամենազօրաւոր ազդակներէն մէկը ըլլալ աշակերտը մղելու որ կրկին գայ։

12 Ինչո՛ւ Ոմանք Ետ կը Կենան. Յաճախ, հակառակ ձեր ամէն ըրածին, ոմանք կը դժկամակին կազմակերպութեան աւելի մօտենալու։ Շուտով մի յուսահատիք։ Փորձեցէք ձեր անձը անոնց տեղը դնել։ Մինչեւ հիմա, հաւանաբար անոնք իրապէս պէտքը չեն զգացած որ կրօնական յայտագիրներու ներկայ գտնուին, մասնաւոր առիթներէ զատ։ Կրնայ ըլլալ որ ընտանիքի անդամներ կամ սերտ բարեկամներ կը ճնշեն անոնց վրայ։ Անոնք թերեւս վախ կը զգան դրացիներէն որոնք անարգական ակնարկներ կ’ընեն։ Անոնք, անշուշտ, կրնան ենթարկուիլ ընկերային եւ զբօսանքի հետապնդումներու հետ կապ ունեցող զանազան զբաղումներու։ Անոնք կարելի է որ ասոնց դիտեն որպէս անպարտելի արգելքներ. պէտք է անոնց օգնէք որ հարցերուն պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն չտան եւ ‘աւելի անհրաժեշտ բաները ընտրեն’։—Փիլ. 1։10

13 Յարատեւելու համար Աստուածաշունչէն պատճառներ տուէք։ Շեշտեցէք թէ բոլորս ալ մեծապէս կարիքը ունինք այն քաջալերանքին եւ հոգեւոր կերտումին զորս կը ստանանք իրարու հետ ընկերակցելով։ (Հռովմ. 1։11, 12) Յիսուս յստակացուց որ ընտանեկան հակառակութիւնը ետ կենալու արդարացի պատճառ մը չէ։ (Մատթ. 10։34–39) Պօղոս մեզ յորդորեց որ ամօթ չզգանք մենք մեզ հանրապէս ճանչցնելու որպէս Յիսուսի աշակերտները։ (Բ. Տիմ. 1։8, 12–14) Անձնական հետապնդումներն ու զբաղումները պէտք է զսպել. այլապէս՝ թակարդ կ’ըլլան։ (Ղուկ. 21։34–36) Անոնք որոնք Եհովայի օրհնութեան արժանի են պէտք է գործեն ամբողջ սրտով, ոչ թէ կէս սրտով։ (Կող. 3։23, 24) Աստուածաշունչի այսպիսի սկզբունքներու հանդէպ գնահատանք կերտելը կրնայ ճամբան հարթել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։

14 Դռները Բաց Են. Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքի տունը բոլորէն աւելի բարձրացած է։ Աշխարհի 229 երկիրներու մէջ այս հրաւէրը կը տրուի. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը . . . ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայ. 2։3) Նորեկներու դրական ընդառաջումը կրնայ իրենց կեանքը փրկել։ Անոնց օգնելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է անոնց հետաքրքրութիւնը Եհովայի կազմակերպութեան ուղղել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել