Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով. Ակնարկ մը՝ Եղբայրական Իսկական Միութեան Վրայ
Շրջանային տեսուչ մը ներկայ գտնուեցաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը որ կը վարուէր կնոջ մը հետ, որ տակաւին չէր սկսած ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Ան զինք քաջալերեց որ Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը դիտէ։ Այդ շաբաթ ան ժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ եւ ըսաւ թէ շատ ուրախ էր հոն գտնուելով։ Ինչո՞ւ այս պատկերիզը այսպիսի արագ արդիւնքներ տուաւ։ Կինը տպաւորուեցաւ մեր եղբայրական թանկարժէք միութիւնը տեսնելով, որ գործի վրայ է, վայրագ ու ատելավառ աշխարհի մը մէջ։—Յովհ. 13։35
Դիտեցէք այս պատկերիզը, տեսնելու եւ զգալու համար այն խաղաղութիւնն ու սէրը, զորս Եհովայի Վկաները կը վայելեն համայն աշխարհի մէջ։ Ապա հետեւեալ հարցումներուն մասին խոկացէք.
(1) «Աստուածային Ուսուցում» բնաբանը ինչո՞ւ յարմար էր 1993-1994–ի համաժողովներուն համար։—Միք. 4։2
(2) Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կարգ մը ընտանիքներու համար ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած է։ Ձեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած է։
(3) Ինչո՞ւ կարեւոր է Եհովայի կողմէ ուսուցանուիլ։—Սաղմ. 143։10
(4) Ի՞նչպիսի դժուարութիւններ պէտք է ձեռք առնուին միջազգային մեծ համաժողովներ պատրաստելու համար։
(5) Ձեր ներկայ գտնուած քրիստոնէական համաժողովներուն ի՞նչպէս նկատած էք Սաղմոս 133։1 եւ Մատթէոս 5։3–ին ճշմարիտ ըլլալը։
(6) Ի՞նչ բացայայտ ապացոյց կայ թէ աստուածային ուսուցումը զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ։—Յայտ. 7։9
(7) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներու զանգուածին մկրտութեան մեծագոյն թիւը ի՞նչ է։
(8) Միքիայի, Պետրոսի եւ Յիսուսի ո՞ր խօսքերը կը կատարուին Եհովայի Վկաներու մէջ։
(9) Ի՞նչ բան ձեզի կ’ապացուցանէ թէ ուրախ ու միացած մարդկային ընտանիք մը լոկ երազ մը չէ։
(10) Այս պատկերիզը որո՞ւ դիտել պիտի տաք, եւ ինչո՞ւ։
Այս պատկերիզը դիտելէ ետք, քոյր մը լաւ կերպով արտայայտուեցաւ. «Այս պատկերիզը երթալով աւելի պիտի օգնէ ինծի որ ի մտի ունենամ թէ համայն աշխարհի մէջ բազմաթիւ Քրիստոնեայ եղբայրներ ու քոյրեր, ճիշդ այս պահուս հաւատարմօրէն Եհովայի կը ծառայեն։ . . . Մեր եղբայրական միութիւնը որքա՜ն թանկագին է»։—Եփ. 4։3