Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/02 էջ 1
  • Հոգեւոր Նպատակակէտեր Դրէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգեւոր Նպատակակէտեր Դրէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ Պատանիներ, Ձեր Հոգեւոր Նպատակակէտերը Ի՞նչ Են
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ի՛նչպէս կրնաս հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր որ Ստեղծիչիդ փառք բերես
    2004−ի անգլերէն «Դիտարան»էն յօդուածներ
  • 12 Նպատակներ
    Զարթի՛ր 2018
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 8/02 էջ 1

Հոգեւոր Նպատակակէտեր Դրէք

1 Ի՜նչ առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլայ՝ յաւիտեան Եհովան փառաբանել։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար, կրնանք անմիջական հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ջանալ անոնց հասնիլ։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր կորովը իմաստութեամբ գործածենք։ (Ա. Կորն. 9։26) Ի՞նչ իրապաշտ նպատակակէտեր կրնաք դնել։

2 Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն. Ժողովքային իւրաքանչիւր հանդիպումի համար կը պատրաստուի՞ք։ Եթէ այո, ուսումնասիրութեան ատեն պրպտումի եւ խոկալու համար ժամանակ կը տրամադրէ՞ք։ Օրինակ, երբ ամէն շաբաթ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը կը պատրաստէք, պարզապէս պատասխաննե՞րը կ’ընդգծէք, թէ ոչ նշուած համարները կը բանաք եւ տրուած բացատրութեանց պատճառներուն մասին կը խոկաք։ Կրնա՞ք նպատակակէտ դնել որ ամէն շաբաթ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն քանի մը կէտերու շուրջ պրպտում ընէք։ Այսպիսի հոգեւոր փնտռտուք ընելը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, սակայն ճոխ վարձատրութիւններ յառաջ կը բերէ։—Առ. 2։4, 5

3 Ժողովքային Հանդիպումներ. Ուրիշ նպատակակէտ մըն է՝ ժողովքային հինգ հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Հաւատակիցներուն ընկերակցելու եւ բացման երգեցողութեան ու աղօթքին մասնակցելու համար կանուխ հասնիլը կ’օգնէ ժողովքին հոգին ամրապնդելու։ Կրնանք նաեւ ջանք թափել որ իւրաքանչիւր ժողովին պատասխան տանք եւ մեր պատասխանները բարելաւենք։ Թերեւս կրնաք ցոյց տալ թէ պարբերութեան մէջ համար մը ի՛նչպէս կապ ունի քննարկուած նիւթին հետ, կամ մատնանշել թէ նիւթը ի՛նչպէս կը կիրարկուի ամէնօրեայ կեանքի մէջ։—Եբր. 10։24, 25

4 Դաշտի Ծառայութիւն. Մեր ծառայութիւնը մեծապէս կը բարելաւուի եթէ նպատակակէտեր դնենք։ Անձնապէս ծրագրա՞ծ էք թէ ամէն ամիս քանի՛ ժամ պիտի տրամադրէք դաշտի ծառայութեան։ Ոմանք ասիկա օգտակար կը գտնեն։ Կամ, կրնա՞ք ձեր ծառայութեան որոշ մէկ երեսակը բարելաւել, ինչպէս՝ տունէ տուն ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածել, աւելի իմաստալից վերայցելութիւններ ընել, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար ջանք թափել, կամ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին աւելի ազդուօրէն սորվեցնել։

5 Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները կը մղէ՞ք որ Եհովայի ծառայութեան մէջ նպատակակէտեր դնեն։ Անոնց օգնեցէք որ տեսնեն թէ որպէս ռահվիրայ, միսիոնար կամ Պէթէլական ծառայելը, Եհովայի հանդէպ իրենց գնահատութեան խորութիւնը ցոյց տալու սքանչելի կերպ մըն է։—Ժող. 12։1

6 Մեր գործունէութիւնները աչքէ անցընելով, հոգեւոր նպատակակէտեր դնելով, ապա ջանալով անոնց հասնիլ, մեր ծառայութեան մէջ աւելի ուրախութիւն պիտի գտնենք եւ ուրիշներու համար քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլանք։—Հռովմ. 1։12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել