Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
June 22
«Շատեր կենսոլորտի նկատմամբ մտահոգ են։ Կը խորհի՞ք թէ կարելի պիտի ըլլայ աշխարհի արեւադարձային անտառները պահպանել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը նկարագրէ արեւադարձային անտառները փրկելու ընթացիկ ջանքերը։ Անիկա նաեւ կը խօսի թէ Աստուծոյ այս գեղեցիկ խոստումը ի՛նչպէս պիտի կատարուի»։ Կարդացէք Եսայեայ 11։9–ն։
Դիտարան Յուլիս 1
«Ոմանք կը խորհին թէ Յիսուս պատմութեան մէջ մեծագոյն անձնաւորութիւնն էր։ Ուրիշներ նոյնիսկ անոր գոյութիւնը հարցի տակ կը դնեն։ Կը խորհի՞ք թէ կարեւոր է թէ ի՛նչ կը հաւատանք Յիսուսի մասին։ [Պատասխան առնելէ ետք, կարդացէք՝ Գործք Առաքելոց 4։12] Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Յիսուս իրապէս երկրի վրայ ապրեցաւ։ Այս պարբերաթերթը այս հարցումը կը քննարկէ»։
July 8
«Շատեր անիմաստ բռնարարքներուն յաւելումը նեղացուցիչ կը գտնեն։ [Տեղական ծանօթ բռնարարք մը յիշեցէք, ապա թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը վայրագ ոճիրի նպաստող կարգ մը ազդակներ նկատի կ’առնէ։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ Աստուած ի՛նչպէս ոճիրն ու բռնութիւնը միանգամ ընդմիշտ պիտի բնաջնջէ»։ Կարդացէք Սաղմոս 37։10, 11–ը։