Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/03 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ընտանեկան յայտագիր՝ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ժողովքի գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները ի՛նչպէս անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 11/03 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը պէ՞տք է տեղեկագրենք ժողովքին։

Եթէ Քրիստոնեայ ծնող մը Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ, որուն մէջ չմկրտուած զաւակներ պարփակուած են, ան ամէն շաբաթ առաւելագոյնը մէկ ժամ ու մէկ վերայցելութիւն, իսկ ամիսը՝ տան սուրբ գրային մէկ ուսումնասիրութիւն կրնայ տեղեկագրել։ Այս է պարագան նոյնիսկ եթէ ուսումնասիրութիւնը մէկ ժամէն աւելի տեւէ, շաբաթը մէկ անգամէն աւելի վարուի, կամ իւրաքանչիւր զաւկի հետ անջատաբար վարուի։—Տես՝ Կազմակերպուած գիրքը, էջ 104։

Եթէ տան բոլոր անդամները մկրտուած Վկաներ են, այն ատեն ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ալ ուսումնասիրութիւնը պէտք է տեղեկագրուի որպէս դաշտի ծառայութիւն (բացի եթէ զաւակ մը մկրտութենէն ետք տակաւին երկրորդ գիրքը կ’ուսումնասիրէ)։ Պարագան այս է, քանի որ ժողովքին դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը գլխաւորաբար կ’արտացոլացնէ ինչ որ կ’իրագործուի բարի լուրի քարոզչութեան մէջ եւ Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառաներ չեղողներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու մէջ։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Սակայն ասիկա ո՛չ մէկ կերպով կը նսեմացնէ այս ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար վարելու կարեւորութիւնը։

Քրիստոնեայ ծնողներուն պատասխանատուութիւնն է իրենց զաւակներուն հետ ուսումնասիրել։ Անոնք որ իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հաստատելու կամ բարելաւելու համար օգնութեան կարիքը ունին, կրնան երէցներուն դիմել։ Եթէ պարագաները կը պահանջեն որ ուրիշ հրատարակիչ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարէ, ժողովքին հետ ընկերակցող Քրիստոնեայ ընտանիքի մը չմկրտուած տղուն կամ աղջկան հետ, վերակացու տեսուչին կամ ծառայութեան տեսուչին գաղափարը պէտք է առնուի։ Եթէ այս ուսումնասիրութեան հաւանութիւն տրուի, զայն վարողը կրնայ զայն տեղեկագրել, ինչպէս որ կը տեղեկագրէ սուրբ գրային այլ ուսումնասիրութիւն մը։

Զաւակները Եհովայի ուղիներուն մէջ մարզելը, դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին մէջ երեւցող ժամանակէն ու ջանքէն շատ աւելին կը պարփակէ։ (Բ. Օր. 6։6-9. Առ. 22։6) Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելու իրենց ծանր պատասխանատուութիւնը կրելուն համար գովասանքի արժանի են։—Եփ. 6։4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել