Հարցումի տուփ
◼ Թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը կրնա՞ն ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան յատկացուած ժամանակը տեղեկագրել։
Թէեւ հայրը իր զաւակները «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ունի, բայց թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը իրենց զաւակները կը մարզեն (Եփ. 6։4)։ Աստուածաշունչը երախաները կը քաջալերէ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առ. 1։8)։ Ծնողական մարզումին կարեւոր մէկ երեսակը Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնն է։
Անցեալին, չմկրտուած զաւակներուն հետ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն վարող ծնողն էր որ ժամանակը կը տեղեկագրէր, նոյնիսկ երբ հայրն ու մայրը բաժին կը բերէին։ Սակայն այժմ ասիկա փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Եթէ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին թէ՛ հայրը եւ թէ մայրը զաւակներուն կ’ուսուցանեն, երկուքն ալ կրնան շաբաթը առաւելագոյնը մէկ ժամ տեղեկագրել որպէս դաշտի ծառայութիւն։ Հարկաւ ծնողներ ընդհանրապէս շաբաթը մէկ ժամէն շա՜տ աւելի կը տրամադրեն իրենց զաւակներուն ուսուցանելու համար։ Երախաները մարզելը ծնողքէն յարատեւ ջանք կը պահանջէ (Բ. Օր. 6։6-9)։ Միւս կողմէ, դաշտի ծառայութեան ամսական տեղեկագիրը գլխաւորաբար պէտք է արտացոլացնէ դաշտին մէջ իրագործուած բաները։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր ծնող առաւելագոյնը շաբաթը մէկ ժամ պիտի տեղեկագրէ, նոյնիսկ եթէ ուսումնասիրութիւնը մէկ ժամէն աւելի տեւէ, շաբաթը մէկ անգամէն աւելի վարուի, կամ զաւակներուն հետ անջատ ուսումնասիրութիւններ վարուին։ Իսկ միայն մէկ ծնող պիտի տեղեկագրէ ուսումնասիրութիւն եւ իւրաքանչիւր շաբթուան համար մէկ վերայցելութիւն։