Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
May 22
«Բժշկագիտութիւնը մեծապէս յաղթահարած է հիւանդութիւնները, բայց կը խորհի՞ք որ օրին մէկը աշխարհը ամբողջովին հիւանդութենէ զերծ պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ապագային երկրագունդին վրայ ամէն ոք կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելէ, առ ի կատարում սա խոստումին»։ Կարդացէք Եսայեայ 33։24–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Ոմանք կը խորհին թէ Աստուած պաշտելու համար պայման չէ կազմակերպուած կրօնքի մը անդամ ըլլալ։ Ասոր մասին բնաւ հարց տուա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննէ վաղեմի մարդոց հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն արձանագրութիւնը։ Անիկա նաեւ նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարտութիւնով Աստուած պաշտել»։ Կարդացէք Յովհաննու 4։24–ը։
June 8
«Ներկայիս շատեր առանձնութենէ կը տառապին։ Անոնք կը զգան որ ուրիշներու ընկերակցութենէն զրկուած են։ Չէ՞ք համաձայնիր որ ասիկա վշտագին բան մըն է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Սաղմոս 25։16–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը գործնական թելադրութիւններով ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կարելի է առանձնութեան դէմ պայքարիլ»։