Դրան առջեւ եւ հեռախօսով՝ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարէ՛
1. Ի՞նչ նպատակով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։
1 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Սակայն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուած անհատ մը գտնելը միայն առաջին քայլն է, քանի որ ուսումնասիրութեան նպատակն է անոր օգնել որ Քրիստոսի հարազատ աշակերտը ըլլայ։ (Մատթ. 28։19, 20) Ի՞նչպէս կրնանք այդ նպատակակէտը իրագործել։
2. Ի՞նչ են դրան առջեւ եւ հեռախօսով վարուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները, եւ ինչո՞ւ գործնական են։
2 Բազմազբաղ մարդիկ. Ներկայիս մարդիկ հետզհետէ աւելի զբաղած կը դառնան։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, քիչեր կը յօժարին լման ժամ մը տրամադրել՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Ուստի մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ որ դրան առջեւ կամ հեռախօսով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք ու վարենք։ Սկիզբը, այս ուսումնասիրութիւնները կրնան համառօտ ըլլալ, նկատի առնելով մի քանի համարներ եւ մէկ կամ երկու պարբերութիւն որոշ հրատարակութենէ մը, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։ Շա՜տ գովելի է որ ներկայիս բազմաթիւ հրատարակիչներ դրան առջեւ կամ հեռախօսով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։
3. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք դրան առջեւ վարուած ուսումնասիրութեան ժամանակը երկարել։
3 Սակայն դրան առջեւ ուսումնասիրութիւնը անվե՞րջ պէտք է վարենք։ Ո՛չ։ Թէեւ խոհեմութիւն է որ երկար ժամանակ չմնանք երբ նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսինք, սակայն Մայիս 1990–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8, նշեց. «Ուսումնասիրութիւնը հաստատուելէ եւ տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը աւելնալէ ետք, կարելի է աւելի ժամանակ տրամադրել ուսումնասիրութեան»։ Ասիկա կենսական է։ Լուսաբանենք. սովահար երախայի մը նա՛խ քիչ քանակով կերակուր կը տրուի մինչեւ որ ախորժակը բացուի, բայց չենք ակնկալեր որ ան իր լման կորովը վերագտնէ ու բնականօրէն մեծնայ, եթէ ամիսներ շարունակ այդ կերպով սնուցանուի։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի աշակերտը աւելի պաշտօնական ու կանոնաւոր ուսումնասիրութեան կարիք ունի, որպէսզի Աստուծոյ հասուն ծառայ մը ըլլայ։—Եբր. 5։13, 14
4. Տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելուն օգուտները ի՞նչ են։
4 Տան մէջ վարուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ. Նախընտրելի է ուսումնասիրութիւնը վարել առանձին տեղ մը,– տան կամ այլ յարմար վայրի մը մէջ։ Ասիկա ուսուցանուիլը պիտի դիւրացնէ եւ աշակերտին պիտի օգնէ Աստուծոյ Խօսին իմաստը ըմբռնելու։ (Մատթ. 13։23) Անիկա նաեւ ուսուցիչը աւելի կարող պիտի դարձնէ ուսումնասիրութեան նիւթը աշակերտին կարիքներուն յարմարցնելու։ Ասկէ զատ, ուսումնասիրութեան պահը աւելի երկար դարձնելը թոյլ պիտի տայ որ Աստուծոյ Խօսքը այնպիսի կերպով մը նկատի առնուի, որ լիակատար է ու հաւատք կը կերտէ։—Հռովմ. 10։17
5. Ի՞նչպէս կրնանք դրան առջեւ վարուած ուսումնասիրութիւնը սկսիլ տան մէջ վարել։
5 Ի՞նչպէս կրնաս դրան առջեւ վարուած ուսումնասիրութիւնը սկսիլ տան մէջ վարել։ Քանի մը համառօտ ուսումնասիրութիւններէ ետք, պարզապէս առաջարկէ ուսումնասիրութեան աւելի երկար ժամանակ տրամադրել։ Կամ, անուղղակի մօտեցում գործածելով, կրնաս հարցնել. «Այսօր ժամանակ ունի՞ս որ նիւթը՝ նստած նկատի առնենք», կամ՝ «Այս նիւթը նկատի առնելու համար, այսօր որքա՞ն ժամանակ կ’ուզես յատկացնել»։ Եթէ ջանքդ յաջողութեամբ չպսակուի, ամէն գնով շարունակէ դրան առջեւ համառօտ ուսումնասիրութիւններ վարել։ Յարմար ատենին, անգամ մը եւս փորձէ ուսումնասիրութիւնը տան մէջ վարել։
6. Մեր ծառայութիւնը ի՞նչ նպատակով կատարելու ենք, իսկ այս յօդուածին տուած թելադրութիւնները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել այդ նպատակը իրագործելու։
6 Մինչ կը շարունակենք արժանաւորները փնտռել, թող չմոռնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու մեր նպատակը,– պարկեշտամիտ անհատներուն օգնել որ Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառաներ ըլլան։ Թող Եհովա մեր ջանքերը օրհնէ, մինչ մեր ծառայութիւնը ա՛յս նպատակով կը կատարենք։—Բ. Տիմ. 4։5