Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/13 էջ 1
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Յովէլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Յովէլ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յարձակում՝ հիւսիսէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ո՞վ անկէ «պիտի ազատի»
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
  • Մեր մտքին մէջ պահենք Եհովայի օրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Եհովայի օրը մօտ է
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 7/13 էջ 1

Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Յովէլ

1. Մինչ կը քարոզենք, ինչպէ՞ս կրնանք Յովէլի խոնարհութիւնը ընդօրինակել։

1 Ո՞վ էր Յովէլ մարգարէն։ Ան միայն կը յայտնէ թէ ‘Փաթուէլի որդին’ էր (Յվլ. 1։1)։ Այս խոնարհ մարգարէն շեշտեց Եհովայի պատգամը եւ ոչ թէ իր դերը որպէս պատգամաբեր։ Նմանապէս, մեր ծառայութեան մէջ, փոխանակ գովասանք փնտռելու կամ ճանչցուելու, ուշադրութիւնը Եհովային եւ Աստուածաշունչին կ’ուղղենք (Ա. Կոր. 9։16. Բ. Կոր. 3։5)։ Ինչպէս նաեւ թոյլ կու տանք, որ մեր ծանուցանած պատգամը մեզ զօրացնէ։ Յովէլի մարգարէութեան ո՞ր երեսակները կրնան ներկայիս մեզ նախանձախնդրութեամբ եւ յոյսով լեցնել։

2. Եհովայի օրուան մօտ ըլլալը մեզ պէտք է մղէ ի՞նչ ընելու։

2 «Տէրոջը օրը մօտ է» (Յովէլ 1։15)։ Թէեւ այս խօսքերը հազարամեակներ առաջ գրուեցան, այժմ անոնց վերջին կատարման հանգրուանին մէջ կ’ապրինք։ Աշխարհի վատթարացած վիճակները, նաեւ անտարբերութիւնն ու ծաղրանքը որ մեր թաղամասերուն մէջ կը դիմագրաւենք, յստակօրէն կը փաստեն թէ այս ամբարիշտ դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1-5. Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Երբ կը խոկանք թէ վերջը որքա՜ն մօտ է, ամէն պատճառ կ’ունենանք մեր կեանքին մէջ ծառայութեան նախապատուութիւն տալու (Բ. Պետ. 3։11, 12)։

3. Ինչո՞ւ ծառայութիւնը յատկապէս կարեւոր է՝ մինչ մեծ նեղութեան կը մօտենանք։

3 ‘Տէրը իր ժողովուրդին ապաւէն պիտի ըլլայ’ (Յովէլ 3։16)։ Այս համարը կը նշէ թէ երկինքն ու երկիրը պիտի սարսին. ասիկա կրնայ միայն ակնարկել Եհովայի դատաստանին, զոր ի գործ պիտի դնէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Կը մխիթարուինք գիտնալով թէ այդ ժամանակ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի ազատագրէ (Յայտ. 7։9, 14)։ Մինչ քարոզչութեան կը մասնակցինք եւ կը տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ կը կազդուրէ եւ կը զօրացնէ, հաւատք եւ համբերութիւն կը կերտենք, որոնք մեզի օգտակար պիտի ըլլան գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։

4. Ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ եւ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւել։

4 Թէեւ ոմանք կ’ըսեն թէ Յովէլի պատգամը տխուր պատգամ մըն է, սակայն անիկա Աստուծոյ ժողովուրդին փրկութեան մեծ յոյս կու տայ (Յվլ. 2։32)։ Ուստի թող որ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւենք եւ նախանձախնդրօրէն հռչակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, մինչ կ’անսանք Յովէլ 2։23–ի խօսքերուն. «Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել