Նամակ Մը Կառավարիչ Մարմինէն
Սիրելի Եղբայրներ ու Քոյրեր,
«ՁԵԶԻ շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն»։ (Ա. Կորն. 1։3) Կարօտո՛վ կը սպասենք այն ժամանակին, երբ ամէն շունչ ունեցող Եհովան պիտի փառաւորէ, որուն արժանի է։ (Սաղմ. 150։6) Մինչ կը սպասենք այդ հոյակապ օրուան, կը շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել ու աշակերտել։
Ներկայիս երկրի վրայ Եհովայի գործին առանցքը կը կազմէ աւետարանչական ծառայութիւնը։ (Մար. 13։10) Քաջ գիտնալով այս գործին նկատմամբ Եհովայի հետաքրքրութիւնը, անոր կը մօտենանք աղօթքով, գիտակցելով որ իւրաքանչիւր անհատ առիթը ունի փրկանքի կարգադրութենէն օգտուելու։ (Յայտ. 14։6, 7, 14, 15) Ճիշդ է որ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք, բայց որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ այս ծառայութիւնը կատարելու համար «վերէն զօրութիւն» կ’առնենք։—Ղուկ. 24։49
Գոհունակութեան զգացումով ետ կը նայինք անցեալ ծառայութեան տարուան, խորհրդածելով այն ինչ որ Եհովա իրագործած է իր հաւատարիմ ծառաներուն միջոցով։ Սուրբ հոգիով զօրացած, Աստուծոյ ժողովուրդը քրիստոսանման սէր ցուցաբերած է, համատարած ատելութիւնը յաղթահարելով։ Այս սէրը բացայայտ էր մեր համաժողովներուն։ 2003–ի Յունիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր, աւելի քան հարիւր երկիրներէ պատուիրակներ ճամբորդեցին, ներկայ գտնուելու համար վեց ցամաքամասերու մէջ տեղի ունեցող 32 միջազգային համաժողովներու։ Միսիոնարներ, միջազգային ծառաներ եւ օտար երկիրներու մէջ ծառայող Պէթէլականներ հարցազրոյցներ ունեցան նահանգային եւ միջազգային համաժողովներուն։
Այս համաժողովներուն ստացանք ‘Տեսէ՛ք Բարի Երկիրը’ եւ Մեծ Ուսուցիչէն Սորվեցէք գրականութիւնները։ Ասկէ զատ, ծանուցանուեցաւ որ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցի վերանայուած դասագիրքը 2004–ի ծառայութեան տարուան վերջաւորութեան լոյս պիտի տեսնէ։ Երկար ժամանակէ ռահվիրայութիւն ընողները, որոնք այս դպրոցը յաճախած են, աստիճանաբար պիտի հրաւիրուին որ նոր ռահվիրաներու հետ դասարաններ կազմեն։
Աստուածային օգնութեամբ ու մարդկային առատաձեռնութեան շնորհիւ բազմաթիւ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցուած են, մանաւանդ սահմանափակ եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ։ Հոգեւոր սնունդի հետզհետէ աւելցող կարիքին պատճառով, մասնաճիւղի ընդարձակման ծրագիրներ գործընթացի մէջ են շատ մը երկիրներու մէջ։ Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք գրքոյկը այժմ հրատարակուած է 299 լեզուներով, ընդամէնը 139 միլիոն օրինակներով. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը 93 միլիոնը անցած է, 161 լեզուներով. իսկ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկէն աւելի քան 200 միլիոն օրինակ տպուած է, 267 լեզուներով։
Ջերմ բարի գալուստ կը մաղթենք անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին իրենց նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշող 258,845 անհատներուն։ Թէեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ձեր կողմնակից ըլլալը, ձեզ Սատանայի ատելութեան թիրախը դարձուց, բայց անիկա պատճառ եղաւ որ դուք Եհովայի օրհնութեան ու հոգեւոր պաշտպանութեան իւրայատուկ կերպով արժանանաք, մինչ կը վազէք ձեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ (Եբր. 12։1, 2. Յայտ. 12։17) Այո, վստա՛հ եղէք որ ‘ձեր Պահապանը չի քնանար’։—Սաղմ. 121։3
2004–ի տարուան համարը՝ «Արթուն կեցէք . . . պատրաստ կեցէք», շատ ժամանակայարմար է։ (Մատթ. 24։42, 44) Աստուծոյ Խօսքին մէջ Քրիստոնեաները նկարագրուած են որպէս պանդուխտներ մահացող այս իրերու դրութեան մէջ։ (Ա. Պետ. 2։11. 4։7) Ուստի պէտք է արթուն կենանք, պարզ կեանք մը վարենք եւ ուշադիր կերպով քննենք մեր սիրտը։ «Մեծ վիշապը» կ’ուզէ մեզ կլլել, իր իրերու դրութեան մէջ առնելով մեզ։—Յայտ. 12։9
Մեր արթնութիւնը պահելու համար հարկ է ամէն օր կարդալ Աստուածաշունչը։ Անիկա կրնայ օգնել որ մեր նուիրումին «Այոն այո ըլլայ» եւ «այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք»։ (Յակ. 5։12. Եբր. 3։14) Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ աշխարհը որքա՜ն հեռացած է Աստուծոյ անփոփոխ չափանիշներէն։ (Մաղ. 3։6. Բ. Տիմ. 3։1, 13) Աստուածաշունչի գիտութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ մերժենք «վարպետութեամբ շինուած առասպելներ»ը եւ հաւատարիմ մնանք Եհովայի։—Բ. Պետ. 1։16. 3։11
Ծնողնե՛ր, մինչ ձեր զաւակները կը մեծցնէք Եհովայի խրատով ու վարժութեամբ, անոնց կ’օգնէ՞ք որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ շարունակեն ‘արթուն կենալ’։ (Եփ. 6։4) Զանոնք կը մարզէ՞ք որ ապագային նային ա՛յնպէս ինչպէս երկրի վրայ ապրած ամենէն իմաստուն անհատը նայեցաւ։ Յիսուս կրնար մեծագոյն ատաղձագործը, գիւտարարը կամ բժիշկը ըլլալ, բայց ան լիաժամ ծառայութիւնը ընտրեց։ Թող որ իր օրինակը ձեզ մղէ ձեր զաւակներուն օգնելու, որ Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։
Կառավարիչ Մարմինով ներկայացուած հաւատարիմ ծառայ դասակարգը սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ «մեծ բազմութեան», ‘թագաւորութեան այս բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզելու’ մեր պատասխանատուութեան մէջ իրենց բերած աջակցութեան համար։ (Յայտ. 7։9. Մատթ. 24։14, ՆԱ, 45) Ո՛վ սիրելիներ, Եհովա կը վստահեցնէ թէ ինք կը յիշէ ‘ձեր գործը ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք’։ (Եբր. 6։10) Մինչ Տարեգիրք–ի էջերուն մէջ կը կարդաք սիրտ տոգորող փորձառութիւնները եւ ձեր միացեալ ջանքերուն արդիւնքը կը նկատէք, գիտցէք որ դուք կարեւոր մասնակցութիւն մը բերիք այս համաշխարհային վկայութեան գործին մէջ։
Քաջութեամբ ապագան դիմագրաւեցէք, մինչ կը շարունակէք ձեր աչքերը սեւեռած պահել «վարձքին հատուցումին» վրայ, թոյլ չտալով ոեւէ մարդու կամ դեւի որ զայն ձեզմէ խլէ։ (Եբր. 11։26. Կող. 2։18) Այո, Եհովայի վստահեցէք. ան անտարակոյս պիտի օգնէ բոլոր զինք սիրողներուն որ կեանքի լիութեան հասնին։—Յովհ. 6։48-55
Ձեզի հետ ուրախութեամբ կը ծառայենք, ի փառս Եհովայի։
Ձեր եղբայրները,
Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմին