Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/05 էջ 3-4
  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նամակ Մը Կառավարիչ Մարմինէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 3/05 էջ 3-4

Նամակ՝ Կառավարիչ Մարմինէն

ՄԻՆՉ իրերու նոր դրութեան սեմին կանգնած ենք, ստիպողական է որ շարունակենք Եհովայի սպասել։ (Սոփ. 3։8) Դանիէլ մարգարէն ըսաւ թէ «գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ . . . կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ»։ (Դան. 2։28) Արդարեւ առանձնաշնորհում է ապրիլ այդ նախագուշակուած ժամանակաշրջանին վերջաւորութեան եւ հասկնալ աստուածային գաղտնիքները, որ Եհովա այժմ կը յայտնէ։

«Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, Եհովա աստիճանաբար յայտնած է իր նպատակը, որ այս տագնապալից «վերջին օրեր»ու ընթացքին երկրպագուներու միջազգային «մեծ բազմութիւն մը» հաւաքէ։ (Մատթ. 24։45. Յայտ. 7։9. Բ. Տիմ. 3։1) Եսայեայ 2։2, 3–ը զայն կը նկարագրէ, նշելով թէ անիկա «վերջին օրեր»ուն տեղի կ’ունենայ։ Ամէն տարի այս հաւաքումը կը շարունակուի, հակառակ լայնատարած տուայտանքին ու բռնութեան։

2004 օրացուցային տարուան ընթացքին, աւելի գիտակից դարձանք թէ կարեւոր է հնազանդիլ Յիսուսի խօսքին. «Արթուն կեցէք . . . պատրաստ կեցէք»։ (Մատթ. 24։42, 44) Արդարեւ աշխարհի թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին Քրիստոնեաներուն համար, որոնք «ժամանակներուն նշաններ»ը կը զատորոշեն եւ ըստ այնմ կ’ընդառաջեն։ (Մատթ. 16։1-3) Իր Խօսքին կատարման համաձայն, Եհովա պիտի շարունակէ աստուածպետականօրէն կազմակերպուած իր ժողովուրդին հետ ըլլալ, ի՛նչ հակառակութիւն ալ դիմագրաւեն։

Ի հեճուկս ոմանց ջանքերուն որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը խափանեն կամ արգիլեն, մեր եղբայրները կը շարունակեն ճշմարտութիւնը ծանուցանել եւ միասնաբար ժողվուիլ։ (Գործք 5։19, 20. Եբր. 10։24, 25) Ռուսաստանի մէջ Յունիս 2004–ին, Մոսկուայի մէկ վերաքննիչ ատեանը թիկունք կանգնեցաւ նախադատ ատեանի մը կայացուցած որոշումին,– Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը արգիլել եւ Մոսկուայի մէջ անոնց օրինական հաստատութիւնը լուծարքի ենթարկել։ Սակայն եղբայրները ձեռնթափ չեն եղած. անոնք գիտեն թէ Աստուած իրենցմէ ի՛նչ կը պահանջէ, եւ իրե՛ն կը հնազանդին՝ փոխանակ մարդոց։ (Գործք 5։29) Վստահ ենք որ Եհովա իր ծառաները պիտի ուղղէ, հակառակ այս աննպաստ օրինական վճիռին։

Վրաստանի Հանրապետութեան մէջ, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, եղբայրները իրենց ստացուածքները կորսնցուցին, խուժանային բռնութեան զոհ գացին եւ իրենց գրականութիւններուն այրուելուն ականատես եղան։ Բայց իրենց դէմ կռանուած ո՛չ մէկ զէնք յաջողեցաւ։ (Եսայ. 54։17) 2004 ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի Վկաները Վրաստանի մէջ դարձեալ օրինական ճանաչում ստացան։ Նահանգային համաժողովները խաղաղութեամբ տեղի ունեցան, եւ գրականութիւնները առանց արգելքի երկիր կը մտնեն։ Հրատարակիչներուն թիւը եւ Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը նոր գագաթ արձանագրեցին։

Էրիթրիայի, Թուրքմենիստանի, Հայաստանի, Ռուանտայի եւ Քորէայի Հանրապետութեան մէջ, կարգ մը եղբայրներ իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են։ Թէեւ անոնք բիրտ վերաբերմունքի կ’ենթարկուին, սակայն իրենց փորձութիւններուն աստուածաշնչական պատճառը գիտեն, ինչ որ իրենց կ’օգնէ ուղղամտութիւն պահելու, մինչ Եհովայի կ’ապաւինին ազատագրութեան համար։—Ա. Պետ. 1։6. Բ. Պետ. 2։9

Դիտարան 1 Փետրուար 2005 թիւին մէջ, 2004–ի ծառայութեան տարուան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը աչքէ անցընելով, Եհովայի բարութեան համար պիտի հրճուիք։ (Սաղմ. 31։19. 65։11) Կը յուսանք որ այս տեղեկագրութիւնը ձեզ քաջալերէ որ շարունակէք Աստուծոյ հաճոյ եղող կերպով քալել։—Ա. Թես. 4։1

Ամէն տեսակ մարդոց ճշմարտութիւնը հասցնելու համար մեծ ջանքեր կը շարունակուին թափուիլ։ Օրինակ, համրերու լեզուով տեսաերիզներ, DVD–ներ եւ այլ բաներ, ինչպէս նաեւ Պրայլ լեզուով գրականութիւններ պատրաստուած են, խուլերու եւ կոյրերու հոգեւորապէս օգնելու համար։ Թագաւորութեան հրատարակիչներէն շատեր իրենց ժողովքի թաղամասին մէջ բնակող գաղթականներուն լեզուները սորված են։

Ասկէ զատ, մեկուսացած հարիւրաւոր խումբեր կազմուած են դժուարահաս թաղամասերու մէջ։ Մասնաճիւղ մը ունի աւելի քան 300 մեկուսացած խումբեր, որոնք կը պարփակեն աւելի քան 7,000 հրատարակիչ։ Ի՜նչ մեծ կարելիութիւն մը որ նոր ժողովքներ կազմուին։ Իսկ այս ծառայութեան տարուան Յիշատակատօնի ներկաներուն մէջ, որոնց թիւն էր՝ 16,760,607, աւելի քան 10 միլիոն հոգի Վկաներ չէին։ Ասիկա զօրաւոր ապացոյց մըն է թէ տակաւին հունձքը շատ է։

Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր ճոխ օրհնութեան եւ ամէն օր սիրալիրօրէն մեզ հոգալուն համար։ (Առ. 10։22. Մաղ. 3։10. Ա. Պետ. 5։7) Մինչ այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին միութեամբ դէպի առաջ կ’ընթանանք, մեր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրած ենք։ Ի՛նչ խնդիրներ ալ դիմագրաւենք, թող մեր 2005–ի տարուան համարը լրջօրէն նկատի առնենք. «Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է»։ (Սաղմ. 121։2) Վստահ եղէք որ ձեզ կը սիրենք ու ձեզի համար կ’աղօթենք։

Ձեր եղբայրները՝

Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել