Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն
Սիրելի՛ հաւատակիցներ,
Ո՜րքան առանձնաշնորհեալ ժողովուրդ մըն ենք, որ կը կրենք տիեզերքի Գերիշխանին անունը՝ Եհովա։ Այդ անունը յաւերժական, անկորնչելի եւ աննման է։ Եհովա ինք մեզի տուաւ իր անունը, որպէսզի զայն կրենք, եւ 1931–էն ի վեր այս իւրայատուկ անունով մասնաւորաբար ճանչցուած ենք (Եսա. 43։10)։ Անվերապահ հպարտութեամբ է, որ մենք մեզ կը բնորոշենք որպէս Եհովայի վկաներ։
Բանսարկուն անխոնջօրէն կը ջանայ Աստուծոյ անունը ջնջել։ Անոր հակակշռին տակ եղող ազգերը Եհովայի անունը կ’արհամարհեն։ Մեծ Բաբելոնը,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը,– Աստուծոյ անունը կ’ատէ եւ զայն Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններէ հանած է։ Միւս կողմէ, Յիսուս իր Հօր անունը մեծապէս յարգեց, իր հետեւորդներուն սորվեցուցած տիպար աղօթքին մէջ առաջին տեղը տալով անոր։ Ան ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Մատ. 6։9)։ Յետագային, իր Հօր մատուցած սրտագին աղօթքին մէջ, ան ըսաւ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր» (Յովհ. 17։6)։ Յիսուսի ընտիր օրինակին հետեւելով, ամէն ժամանակէ աւելի վճռած ենք աշխարհի տարածքին Եհովայի անունը ուժգնօրէն ծանուցանել։
2009–ի տարուան համարը՝ «Բարի լուրին մասին լիակատար վկայել», մեզ խթանեց որ մեր ծառայութիւնը լիովին կատարենք (Գործք 20։24, ՆԱ)։ Կասկած չկայ որ Եհովա անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին մեր ջանքերը առատապէս օրհնեց։ Համաշխարհային մեծ վկայութիւն մը տրուեցաւ, ի փառս Եհովայի անուան։ Հրատարակիչներու նոր բարձրագոյն թիւ մը՝ 7,313,173, քարոզչութեան մասնակցեցան եւ ուսուցանեցին պարկեշտամիտ անհատներու, որոնք իրենց ամէնօրեայ բազմաթիւ խնդիրներուն լուծումներ կը փնտռեն։ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկաներուն թիւը՝ 18,168,323, ցոյց կու տայ թէ տակաւին միլիոնաւորներ կրնան Եհովայի անունը կանչել, իրերու այս չար դրութեան վախճանը գալէն առաջ։
Այնքան ատեն որ Եհովա կը թոյլատրէ, պիտի շարունակենք նախանձախնդրօրէն Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, մեր թաղամասերուն մէջ մարդոց հասնելու ամէն միջոց գործածելով (Մատ. 24։14. Մար. 13։10)։ Երբ կը վկայենք դռնէ դուռ, փողոցը, անպաշտօն կերպով, նամակ գրելով կամ հեռաձայն գործածելով, ջանանք Եհովայի անունն ու նպատակը ճանչցնել, կարելի եղածին չափ շատ մարդոց։
Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ Եհովա շուտով գործի պիտի լծուի՝ իր անունը սրբացնելու (Եզեկ. 36։23)։ Ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ զայն անարգող բոլոր անհատները պիտի պապանձին։ Ատիկա ի՜նչ փառաւոր օր մը պիտի ըլլայ Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն համար, որոնք իր անունը ճանչցուցած են եւ իր տիեզերական գերիշխանութեան նեցուկ կանգնած են։
Իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը բացայայտ էր «Արթո՛ւն կեցէք» բնաբանով նահանգային ու միջազգային համաժողովներուն մէջ, որոնք 2009–ին աշխարհի տարածքին տեղի ունեցան։ Այս համաժողովները մեր աստուածպետական պատմութեան մէջ յատկանշական իրադարձութիւն եղան, մեզ մղելով որ Եհովայի օրուան նկատմամբ արթուն ըլլալու կարիքին ա՛լ աւելի գիտակցինք (Մար. 13։37. Ա. Թես. 5։1, 2, 4)։
Արդարեւ Եհովա մեզի հանդէպ բարի է. ան մեր սիրտը ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Ան մեզ դալար մարգագետիններու մէջ կը պառկեցնէ ու հանդարտ ջուրերու քով կը տանի (Սաղ. 23։1, 2. 100։2, 5)։
Վստա՛հ եղիր որ Եհովա պիտի շարունակէ քեզ օրհնել, մինչ յառաջիկայ ամիսներուն՝ Թագաւորութեան ծառայութեամբ զբաղած կը մնաս։
Մեր համաշխարհային եղբայրութեան կը ղրկենք մեր ջերմ քրիստոնէական սէրը,
Ձեր եղբայրները՝
Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին