Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Այսօր

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 31

Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ (Յովհ. 16։27)։

Եհովան կերպեր կը փնտռէ, որ իր սէրն ու գնահատանքը արտայայտէ իր ծառաներուն հանդէպ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան երկու առիթներով Յիսուսին ըսաւ, որ իր սիրելի Որդին է եւ թէ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17. 17։5)։ Կ’ուզե՞ս դուն ալ «լսել», որ Եհովան քեզի ալ կը հաւնի։ Եհովան մեզի հետ երկինքէն չի խօսիր։ Ան Սուրբ Գիրքի՛ն միջոցաւ կը խօսի։ Երբ Աւետարաններուն մէջ կարդաս, որ Յիսուս ի՛նչ սիրալիր խօսքեր ըսաւ իր աշակերտներուն, կարծես թէ Եհովային ձայնը լսած կ’ըլլաս։ Յիսուս կատարեալ կերպով ընդօրինակեց իր Հօր անձնաւորութիւնը։ Ուրեմն, երբ կը կարդանք, որ Յիսուս ինչպէ՛ս իր հաճութիւնը կ’արտայայտէ իր անկատար բայց հաւատարիմ հետեւորդներուն հանդէպ, կրնանք երեւակայել որ Եհովան այդ խօսքերը մեզի կ’ըսէ (Յովհ. 15։9, 15)։ Եթէ նեղութիւններ ունենանք, ասիկա չի նշանակեր, որ մենք Եհովային հաճութիւնը կորսնցուցած ենք։ Հապա՝ ատիկա առիթ կու տայ որ փաստենք, թէ որքա՜ն շատ կը սիրենք Եհովան եւ կը վստահինք իրեն (Յակ. 1։12)։ դ24.03 28 ¶10-11

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Շաբաթ, նոյեմբեր 1

Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր (Մատ. 21։16)։

Եթէ ծնող մըն ես, զաւակներուդ օգնէ որ իրենց տարիքին համեմատ պատասխաններ պատրաստեն։ Թէեւ երբեմն նիւթը լուրջ կ’ըլլայ, ինչպէս ամուսնական խնդիրներու եւ բարոյական հարցերու մասին, բայց տակաւին թերեւս ըլլան մէկ կամ երկու պարբերութիւններ, որոնց վրայ պզտիկ մը կրնայ պատասխանել։ Ասկէ զատ, պզտիկներուդ օգնէ որ հասկնան, թէ ամէն անգամ որ ձեռքերնին բարձրացնեն, իրենց պատասխանելու առիթ պիտի չտրուի։ Ասիկա պիտի օգնէ որ յուսախաբ չըլլան, երբ իրենց տեղ ուրիշները պատասխանեն (Ա. Տիմ. 6։18)։ Բոլորս կրնանք Եհովան պատուող եւ մեր հաւատակիցները քաջալերող պատասխաններ պատրաստել (Առ. 25։11)։ Ճիշդ է որ ատեն–ատեն կրնանք կարճ կերպով մեր մասին խօսիլ, բայց պէտք չէ չափը անցընենք (Առակաց 27։2. Բ. Կոր. 10։18)։ Հապա, պէտք է կեդրոնանաք Եհովային, իր Խօսքին եւ իր ժողովուրդին վրայ (Յայտ. 4։10)։ դ23.04 24-25 ¶17-18

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Կիրակի, նոյեմբեր 2

Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք (Ա. Թես. 5։6)։

Սէրը կարեւոր է արթուն եւ զգաստ մնալու համար (Մատ. 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ, որ քարոզչութեան մէջ տոկանք, հակառակ որ ասիկա երբեմն մեր գլուխը ցաւի կը տանի (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Քանի՛ որ կը սիրենք անոնք որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ հեռաձայնով եւ նամակով վկայութիւն տալով։ Յոյսերնիս չենք կտրեր որ օրին մէկը մարդիկ փոխուին եւ սկսին ճիշդը ընել (Եզեկ. 18։27, 28)։ Մեր ընկերը սիրել կը նշանակէ նաեւ մեր հաւատակիցները սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք՝ ‘մէկզմէկ մխիթարելով եւ իրարու օգնելով’ (Ա. Թես. 5։11)։ Կողք–կողքի կռուող զինուորներու պէս, մենք իրար կը քաջալերենք։ Մենք բնա՛ւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չվիրաւորենք գիտակցաբար, ոչ ալ չարութեան փոխարէն չարութիւն պիտի հատուցանենք (Ա. Թես. 5։13, 15)։ Մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ՝ յարգելով ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները (Ա. Թես. 5։12)։ դ23.06 10 ¶6. 11 ¶10-11

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել