Շաբաթ, նոյեմբեր 1
Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր (Մատ. 21։16)։
Եթէ ծնող մըն ես, զաւակներուդ օգնէ որ իրենց տարիքին համեմատ պատասխաններ պատրաստեն։ Թէեւ երբեմն նիւթը լուրջ կ’ըլլայ, ինչպէս ամուսնական խնդիրներու եւ բարոյական հարցերու մասին, բայց տակաւին թերեւս ըլլան մէկ կամ երկու պարբերութիւններ, որոնց վրայ պզտիկ մը կրնայ պատասխանել։ Ասկէ զատ, պզտիկներուդ օգնէ որ հասկնան, թէ ամէն անգամ որ ձեռքերնին բարձրացնեն, իրենց պատասխանելու առիթ պիտի չտրուի։ Ասիկա պիտի օգնէ որ յուսախաբ չըլլան, երբ իրենց տեղ ուրիշները պատասխանեն (Ա. Տիմ. 6։18)։ Բոլորս կրնանք Եհովան պատուող եւ մեր հաւատակիցները քաջալերող պատասխաններ պատրաստել (Առ. 25։11)։ Ճիշդ է որ ատեն–ատեն կրնանք կարճ կերպով մեր մասին խօսիլ, բայց պէտք չէ չափը անցընենք (Առակաց 27։2. Բ. Կոր. 10։18)։ Հապա, պէտք է կեդրոնանաք Եհովային, իր Խօսքին եւ իր ժողովուրդին վրայ (Յայտ. 4։10)։ դ23.04 24-25 ¶17-18
Կիրակի, նոյեմբեր 2
Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք (Ա. Թես. 5։6)։
Սէրը կարեւոր է արթուն եւ զգաստ մնալու համար (Մատ. 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ, որ քարոզչութեան մէջ տոկանք, հակառակ որ ասիկա երբեմն մեր գլուխը ցաւի կը տանի (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Քանի՛ որ կը սիրենք անոնք որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ հեռաձայնով եւ նամակով վկայութիւն տալով։ Յոյսերնիս չենք կտրեր որ օրին մէկը մարդիկ փոխուին եւ սկսին ճիշդը ընել (Եզեկ. 18։27, 28)։ Մեր ընկերը սիրել կը նշանակէ նաեւ մեր հաւատակիցները սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք՝ ‘մէկզմէկ մխիթարելով եւ իրարու օգնելով’ (Ա. Թես. 5։11)։ Կողք–կողքի կռուող զինուորներու պէս, մենք իրար կը քաջալերենք։ Մենք բնա՛ւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չվիրաւորենք գիտակցաբար, ոչ ալ չարութեան փոխարէն չարութիւն պիտի հատուցանենք (Ա. Թես. 5։13, 15)։ Մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ՝ յարգելով ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները (Ա. Թես. 5։12)։ դ23.06 10 ¶6. 11 ¶10-11
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 3
[Եհովան] ըսաւ ու պիտի չընէ՞ (Թւ. 23։19)։
Մեր հաւատքը զօրացնելու առաջին կերպն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Փրկանքը մեզ կը վստահեցնէ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրականանան։ Երբ որ մտածենք որ Յիսուս ինչո՛ւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ եւ Եհովան որքա՛ն մեծ զոհողութիւն ըրաւ, մեր հաւատքը կը զօրանայ որ դրախտ բերելու իր խոստումը պիտի կատարուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Մէկ հատ մտածէ. Եհովան որքա՜ն սուղ գին վճարեց, երբ իրեն ամէնէն մօտիկ անձը՝ իր անդրանիկ Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս երկրի վրայ տեսակ–տեսակ նեղութիւններէ անցաւ, ետքն ալ չարչարուելով մեռաւ։ Արդեօք Աստուած այսքա՛ն սուղ գին պիտի վճարէ՞ր, որ մենք միայն քանի մը տարի լաւ կեանք ապրինք (Յովհ. 3։16. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Վստահ ո՛չ։ Ուրեմն Եհովան անպայման մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ։ դ23.04 27 ¶8-9