Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Այսօր

Կիրակի, նոյեմբեր 2

Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք (Ա. Թես. 5։6)։

Սէրը կարեւոր է արթուն եւ զգաստ մնալու համար (Մատ. 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ, որ քարոզչութեան մէջ տոկանք, հակառակ որ ասիկա երբեմն մեր գլուխը ցաւի կը տանի (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Քանի՛ որ կը սիրենք անոնք որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ հեռաձայնով եւ նամակով վկայութիւն տալով։ Յոյսերնիս չենք կտրեր որ օրին մէկը մարդիկ փոխուին եւ սկսին ճիշդը ընել (Եզեկ. 18։27, 28)։ Մեր ընկերը սիրել կը նշանակէ նաեւ մեր հաւատակիցները սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք՝ ‘մէկզմէկ մխիթարելով եւ իրարու օգնելով’ (Ա. Թես. 5։11)։ Կողք–կողքի կռուող զինուորներու պէս, մենք իրար կը քաջալերենք։ Մենք բնա՛ւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չվիրաւորենք գիտակցաբար, ոչ ալ չարութեան փոխարէն չարութիւն պիտի հատուցանենք (Ա. Թես. 5։13, 15)։ Մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ՝ յարգելով ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները (Ա. Թես. 5։12)։ դ23.06 10 ¶6. 11 ¶10-11

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 3

[Եհովան] ըսաւ ու պիտի չընէ՞ (Թւ. 23։19)։

Մեր հաւատքը զօրացնելու առաջին կերպն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Փրկանքը մեզ կը վստահեցնէ որ Աստուծոյ խոստումները պիտի իրականանան։ Երբ որ մտածենք որ Յիսուս ինչո՛ւ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ եւ Եհովան որքա՛ն մեծ զոհողութիւն ըրաւ, մեր հաւատքը կը զօրանայ որ դրախտ բերելու իր խոստումը պիտի կատարուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Մէկ հատ մտածէ. Եհովան որքա՜ն սուղ գին վճարեց, երբ իրեն ամէնէն մօտիկ անձը՝ իր անդրանիկ Որդին երկիր ղրկեց։ Յիսուս երկրի վրայ տեսակ–տեսակ նեղութիւններէ անցաւ, ետքն ալ չարչարուելով մեռաւ։ Արդեօք Աստուած այսքա՛ն սուղ գին պիտի վճարէ՞ր, որ մենք միայն քանի մը տարի լաւ կեանք ապրինք (Յովհ. 3։16. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Վստահ ո՛չ։ Ուրեմն Եհովան անպայման մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ։ դ23.04 27 ¶8-9

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 4

Ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ (Ով. 13։14)։

Եհովան մեռելներուն յարութիւն տալու փափաքը ունի՞։ Անկասկած։ Ան կարգ մը Աստուածաշունչի գրողներ ներշնչեց, որ գրեն ապագայ յարութեան մը նկատմամբ իր խոստումին մասին (Եսա. 26։19. Յայտ. 20։11-13)։ Եւ երբ Եհովան խոստում մը կու տայ, անիկա մի՛շտ կը կատարէ (Յես. 23։14)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան մե՛ծ փափաքով կը սպասէ, որ մեռելներուն յարութիւն տայ։ Նկատի առ Յոբ նահապետին խօսքերը։ Ան վստահ էր, որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, Եհովան կ’ուզէր զինք ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։14, 15, ՆԱ)։ Եհովան նոյն փափաքը ունի իր բոլոր ծառաներուն նկատմամբ, որոնք մեռած են։ Ան շատ կ’ուզէ որ անոնք նորէն ապրին եւ առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մահացած միլիոնաւորներու մասին, որոնք Եհովային մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու առիթը չունեցան։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’ուզէ անո՛նց ալ յարութիւն տալ (Գործք 24։15)։ Ան կ’ուզէ որ անոնք առիթը ունենան իր բարեկամները ըլլալու եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու (Յովհ. 3։16)։ դ23.04 9 ¶5-6

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2025
Բարի եկար։
Այս կայքին միջոցաւ կրնաս Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները տարբեր լեզուներով պրպտել։
Հրատարակութիւններ բեռնելու համար, հաճիս այցելէ jw.org։
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել