ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49
Եհովան աղօթքներուս պիտի պատասխանէ՞
«Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ» (ԵՐ. 29։12)։
ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1-2. Ինչո՞ւ թերեւս զգանք որ Եհովան մեր աղօթքներուն չի պատասխաներ։
«ՏԷՐՈՋՄՈՎ ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները» (Սաղ. 37։4)։ Ի՜նչ սքանչելի խոստում մը։ Բայց պէ՞տք է որ ակնկալենք որ Եհովայէն ինչ որ խնդրենք մեզի անմիջապէս պիտի տայ։ Ինչո՞ւ այս հարցումը կը հարցնենք։ Նկատի առ հետեւեալ երեք պարագաները։ Ամուրի քոյր մը կ’աղօթէ որ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց երթայ։ Բայց տարիներ կ’անցնին եւ ան տակաւին չի հրաւիրուիր։ Երիտասարդ եղբայր մը Եհովայէն կը խնդրէ որ իր լուրջ հիւանդութիւնը բուժէ, որպէսզի կրնայ իրեն աւելի շատ ծառայել ժողովքին մէջ։ Բայց իր առողջութիւնը չի բարելաւուիր։ Քրիստոնեայ ծնող մը կ’աղօթէ որ իրենց զաւակը ճշմարտութեան մէջ մնայ։ Բայց հակառակը. զաւակը կ’որոշէ Եհովային չծառայել։
2 Թերեւս դուն ալ Եհովայէն բան մը խնդրեցիր եւ տակաւին ատիկա չես ստացած։ Անոր համար, թերեւս մտածես որ Եհովան ոմանց աղօթքներուն կը պատասխանէ, բայց ոչ քու աղօթքիդ։ Կամ ալ թերեւս մտածես որ անպայման դուն սխալ բան մը ըրած ըլլալու ես։ Ճենիսb անունով քոյր մը ճիշդ այսպէս զգաց։ Ինքն ու իր ամուսինը աղօթքով իրենց փափաքը յայտնած էին, որ կ’ուզէին Բեթէլի մէջ ծառայել։ Ճենիս կ’ըսէ. «Ես համոզուած էի որ շատ մօտ ատենէն Բեթէլ պիտի ընդունուէինք»։ Բայց զոյգը սպասեց, ոչ թէ ամիսներ, հապա տարիներ եւ հրաւէր չստացաւ։ Ճենիս կ’ըսէ. «Տխուր էի եւ շուարած։ Հարց կու տայի թէ ի՛նչ ըրած էի որ Եհովան ինձմէ յուսախաբ եղած էր։ Ես շատ աղօթած էի որ մենք Բեթէլ երթանք։ Եհովան ինչո՞ւ աղօթքիս չէր պատասխանած»։
3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ կէտեր նկատի պիտի առնենք։
3 Երբեմն, հարց կու տանք որ Եհովան իրապէս մտիկ կ’ընէ՞ մեր աղօթքներուն։ Անցեալին ալ կարգ մը հաւատարիմ տղամարդիկ նոյնը զգացին (Յոբ 30։20. Սաղ. 22։2. Ամբ. 1։2)։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզ համոզել թէ Եհովան աղօթքներուդ պիտի պատասխանէ (Սաղ. 65։2)։ Այդ հարցումին պատասխանելու համար, նկատի պիտի առնենք հետեւեալ կէտերը. 1) Եհովայէն ի՞նչ կրնանք ակնկալել։ 2) Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։ 3) Ինչո՞ւ պէտք է մեր կարգ մը խնդրանքները փոխենք։
ԵՀՈՎԱՅԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԱԿՆԿԱԼԵԼ
4. Երեմիա 29։12–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ ընել։
4 Եհովան կը խոստանայ որ մեր աղօթքները մտիկ պիտի ընէ (կարդա՛ Երեմիա 29։12)։ Մեր Աստուածը մեզ կը սիրէ, քանի որ իրեն հաւատարմօրէն կը ծառայենք եւ անոր համար ան բնա՛ւ մեր աղօթքները պիտի չանտեսէ (Սաղ. 10։17. 37։28)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ ան մեր բոլոր խնդրանքները մեզի պիտի տայ։ Թերեւս կարգ մը խնդրանքներ ստանալու համար, սպասենք մինչեւ որ նոր աշխարհը գայ։
5. Երբ Եհովան մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ, ի՞նչ բան նկատի կ’առնէ. բացատրէ։
5 Եհովան նկատի կ’առնէ թէ մեր խնդրանքները ինչպէ՛ս կապ ունին իր ընդհանուր նպատակին հետ (Եսա. 55։8, 9)։ Այդ նպատակին մաս կը կազմէ՝ երկրագունդը լեցնել տղամարդոցմով եւ կիներով, որոնք միասնաբար եւ ուրախութեամբ իր իշխանութեան կը հնազանդին։ Բայց Սատանան կ’ուզէ մարդիկը համոզել որ անոնք աւելի ուրախ կեանք մը կրնան ապրիլ, եթէ իրենք զիրենք կառավարեն (Ծն. 3։1-5)։ Փաստելու համար որ Բանսարկուին ըսածը սուտ է, Եհովան արտօնեց որ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարեն։ Բայց մեր այսօրուան խնդիրներուն մեծամասնութիւնը հետեւանքն է մարդկային իշխանութեան (Ժող. 8։9)։ Մենք գիտենք որ Եհովան այս ժամանակին պիտի չվերցնէ բոլոր խնդիրները։ Քանի որ եթէ այդպէս ընէ, ոմանք կրնան եզրակացնել որ մարդոց իշխանութիւնը կրնայ յաջողիլ եւ կրնայ մարդկային խնդիրները լուծել։
6. Ինչո՞ւ համոզուած պէտք է ըլլանք որ Եհովան միշտ սիրով եւ արդար կերպով պիտի վարուի։
6 Եհովան նոյն խնդրանքներուն տարբեր կերպերով կը պատասխանէ։ Օրինակի համար, երբ Եզեկիա թագաւորը շատ հիւանդ էր, ան Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ որ բուժուի։ Եհովան պատասխանեց եւ զինք բուժեց (Դ. Թագ. 20։1-6)։ Միւս կողմէ, երբ Պօղոս առաքեալ Եհովային աղաչեց որ իր «մարմնի խայթոց»ը հանէ, որ թերեւս առողջապահական խնդիր մըն էր, Եհովան զինք չբուժեց (Բ. Կոր. 12։7-9)։ Հիմա նկատի առնենք Յակոբոս եւ Պետրոս առաքեալներուն օրինակները։ Երկուքն ալ Հերովդէս թագաւորին ձեռքով սպաննուելու վտանգին առջեւ էին։ Ժողովքը աղօթեց Պետրոսին համար եւ հաւանաբար Յակոբոսին համար ալ։ Բայց Յակոբոս սպաննուեցաւ, մինչ Պետրոս հրաշալի կերպով ազատեցաւ (Գործք 12։1-11)։ Թերեւս հարց տանք. ‘Եհովան ինչո՞ւ Պետրոսը ազատեց, բայց Յակոբոսը ոչ’։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսերc։ Բայց մէկ բանէ վստահ ենք, որ Եհովան անիրաւ կերպով չի վարուիր (Բ. Օր. 32։4)։ Նաեւ գիտենք որ թէ՛ Պետրոս եւ թէ Յակոբոս Եհովային հաճութիւնը ունէին (Յայտ. 21։14)։ Երբեմն, Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ մեր չակնկալած կերպով։ Բայց քանի՛ որ կը վստահինք որ Եհովան մեր աղօթքներուն սիրով եւ արդար կերպով կը պատասխանէ, բնաւ չենք գանգատիր իր պատասխանած կերպին վրայ (Յոբ 33։13)։
7. Մենք ի՞նչ չենք ըներ, եւ ինչո՞ւ։
7 Մենք մեր պարագան չենք բաղդատեր ուրիշներու պարագային հետ։ Օրինակ, թերեւս Եհովայէն խնդրենք որ մեզի որոշ կերպով մը օգնէ, բայց մեր խնդրածը մեզի չտայ։ Ետքը, կը լսենք որ ուրիշ մէկը նոյն բանը խնդրեց, եւ կարծես թէ Եհովան իր խնդրանքը տուաւ իրեն։ Աննա անունով քոյր մը այս փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ան աղօթեց որ իր ամուսինը՝ Մէթիուն, քաղցկեղէ (cancer) բուժուի։ Նոյն ատեն, ուրիշ երկու տարեց քոյրեր ալ քաղցկեղ ունէին։ Աննան թէ՛ Մէթիուին եւ թէ այս երկու քոյրերուն համար ջերմօրէն աղօթեց։ Քոյրերը առողջացան, բայց Մէթիուն մահացաւ։ Սկիզբը, Աննան մտածեց որ թերեւս այդ քոյրերը առողջացան, քանի որ Եհովան միջամտեց։ Լաւ, այդ պարագային, ինչո՞ւ Եհովան չպատասխանեց իր աղօթքներուն որ իր ամուսինը առողջանար։ Անշուշտ, մենք չենք կրնար ըսել թէ այդ քոյրերը ինչո՛ւ առողջացան։ Բայց գիտենք որ Եհովան մնայուն կերպով վերջ պիտի դնէ մեր բոլոր չարչարանքներուն։ Եւ ան իր մահացած բարեկամները կը կարօտնայ եւ կ’ուզէ իրենց յարութիւն տալ (Յոբ 14։15)։
8. ա) Եսայի 43։2–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։ բ) Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ դժուար փորձութիւններ կ’ունենանք (տե՛ս Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ դիմանանք վիտէոն)։
8 Եհովան միշտ մեզի պիտի օգնէ։ Սիրող Հայր մը ըլլալով, Եհովան չ’ուզեր տեսնել որ մենք կը չարչարուինք (Եսա. 63։9)։ Բայց եւ այնպէս, ան արգելք չ’ըլլար որ մենք փորձութիւններու մէջ իյնանք, որոնք կարելի է նմանցնել գետերու կամ բոցերու (կարդա՛ Եսայի 43։2)։ Բայց կը խոստանայ որ մեզի պիտի օգնէ որ անոնց մէջէն ‘անցնինք’։ Եւ պիտի չարտօնէ որ այդ փորձութիւնները մեզի մնայուն վնաս հասցնեն։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի պիտի տայ իր զօրաւոր սուրբ հոգին, որ մեզի օգնէ որ տոկանք (Ղուկ. 11։13. Փլպ. 4։13)։ Այս պատճառներով, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան միշտ մեզի պիտի տայ ինչ որ մեզի պէտք է, որ տոկանք եւ իրեն հաւատարիմ մնանքd։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶՄԷ Ի՞ՆՉ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ
9. Յակոբոս 1։6, 7–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է վստահինք որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։
9 Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ իրեն վստահինք (Եբ. 11։6)։ Ատեններ, թերեւս զգանք որ մեր դժուարութիւնները այնքա՛ն մեծ են, որ այլեւս չենք կրնար շալկել։ Թերեւս նոյնիսկ սկսինք կասկածիլ, եթէ Եհովան մեզի կ’օգնէ կամ ոչ։ Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ ուժով մենք կրնանք ‘պարիսպէ անցնիլ’ (Սաղ. 18։29)։ Անոր համար, փոխանակ մեր կասկածներուն տեղի տալու, պէտք է զօրաւոր հաւատքով Եհովային աղօթենք, վստահելով որ ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (կարդա՛ Յակոբոս 1։6, 7)։
10. Օրինակով մը բացատրէ թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքներուն համաձայն գործել։
10 Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր աղօթքներուն համաձայն գործենք։ Օրինակ, եղբայր մը կրնայ Եհովայէն օգնութիւն խնդրել, որ իր վարպետէն արտօնութիւն առնէ տարեկան համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Եհովան ինչպէ՞ս կը պատասխանէ այդ աղօթքին։ Թերեւս եղբօր քաջութիւն տայ, որ իր վարպետին մօտենայ եւ արտօնութիւն խնդրէ։ Բայց եղբայրը այդ խնդրանքէն ետք, պէտք է ջանքեր թափէ։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ քանի մը անգամ խնդրէ։ Թերեւս ուրիշ գործաւորի մը հետ կարգադրէ, որ իր գործի օրերը փոխէ։ Եւ եթէ պէտք ըլլայ, թերեւս գործէն արձակուրդ առնէ։
11. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակ աղօթենք մեզի համար կարեւոր եղող բաներուն մասին։
11 Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեզի համար կարեւոր եղող բաներուն մասին շարունակ աղօթենք (Ա. Թես. 5։17)։ Յիսուսի խօսքերէն կը հասկնանք որ մեր խնդրանքներէն ոմանք թերեւս անմիջապէս մեզի չտրուին (Ղուկ. 11։9)։ Ուրեմն, մի՛ յանձնուիր։ Շարունակէ սրտանց աղօթել (Ղուկ. 18։1-7)։ Երբ հարցի մը շուրջ շարունակենք աղօթել, Եհովային ցոյց կու տանք որ մեր խնդրանքը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Նաեւ ցոյց կու տանք որ կը հաւատանք որ Եհովան կարողութիւնը ունի մեզի օգնելու։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ԿԱՐԳ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՓՈԽԵՆՔ
12. ա) Մեր խնդրանքներուն նկատմամբ ո՞ր հարցումը պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր աղօթքները Եհովային հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան (տե՛ս «Խնդրանքներս Եհովային հանդէպ յարգանք ցոյց կու տա՞ն» շրջանակը)։
12 Եթէ աղօթքով մեր խնդրած մէկ բանը չստանանք, թերեւս մենք մեզի երեք հարցումներ հարցնենք։ Առաջին հարցումը՝ ‘Արդեօք ճիշդ բանին համար կ’աղօթե՞մ’։ Շատ անգամ կը կարծենք որ գիտենք թէ ի՛նչն է լաւագոյնը մեզի համար։ Բայց մեր խնդրածը երբեմն մեր օգտին համար չ’ըլլար։ Եթէ կ’աղօթենք խնդրի մը մասին, թերեւս մեր ուզած լուծումէն աւելի լաւ լուծում մը կայ։ Կամ ալ մեր խնդրած կարգ մը բաները կրնան Եհովային կամքին համաձայն չըլլալ (Ա. Յովհ. 5։14)։ Օրինակ, նկատի առ այս յօդուածին սկիզբը յիշուած ծնողքին օրինակը։ Անոնք Եհովայէն խնդրեցին որ իրենց զաւակը ճշմարտութեան մէջ պահէ։ Ասիկա յարմար խնդրանք մը կ’երեւի։ Բայց Եհովան մէկը չի ստիպեր որ իրեն ծառայէ։ Ան կ’ուզէ որ բոլորս, մէջը ըլլալով՝ մեր զաւակները, ընտրենք զինք պաշտել (Բ. Օր. 10։12, 13. 30։19, 20)։ Ուրեմն, ծնողներ ասոր փոխարէն կրնան Եհովայէն խնդրել որ իրենց օգնէ իրենց զաւկին սրտին հասնելու, որպէսզի զաւակն ալ մղուի Եհովան սիրել եւ իր բարեկամը դառնալ (Առ. 22։6. Եփ. 6։4)։
13. Եբրայեցիս 4։16–ի համաձայն, Եհովան ե՞րբ մեզի պիտի օգնէ. բացատրէ։
13 Երկրորդ հարցումն է՝ ‘Արդեօք Եհովային ժամանա՞կն է որ խնդրածս ինծի տայ’։ Թերեւս ուզենք որ մեր աղօթքները անմիջապէս պատասխանուին։ Բայց իրականութեան մէջ, Եհովա՛ն գիտէ թէ օգնելու լաւագոյն ժամանակը ե՛րբ է (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։16)։ Երբ Եհովան մեր խնդրածը անմիջապէս չտայ, թերեւս մտածենք որ ան ‘Ոչ’ կ’ըսէ։ Բայց կրնայ ըլլալ որ ան կ’ըսէ. ‘Ո՛չ հիմա’։ Օրինակ, նորէն մտածէ այն երիտասարդ եղբօր մասին, որ աղօթեց որ իր հիւանդութենէն բուժուի։ Եթէ Եհովան հրաշքով զինք բուժէր, Սատանան կրնար ըսել որ եղբայրը շարունակեց Եհովային ծառայել միայն քանի որ բուժուեցաւ (Յոբ 1։9-11. 2։4)։ Ասկէ զատ, Եհովան արդէն որոշած է այն ժամանակը, երբ բոլոր հիւանդութիւնները պիտի բուժէ (Եսա. 33։24. Յայտ. 21։3, 4)։ Մինչեւ այդ օրը գայ, մենք չենք կրնար ակնկալել որ հրաշքով բուժումներ ըլլան։ Անոր համար, եղբայրը կրնայ Եհովայէն խնդրել որ իրեն զօրութիւն եւ մտքի խաղաղութիւն տայ որ իր հիւանդութեան դիմանայ եւ շարունակէ հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել (Սաղ. 29։11)։
14. Ճենիսի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։
14 Կը յիշե՞ս Ճենիսի փորձառութիւնը, որ աղօթեց որ Բեթէլին մէջ ծառայէ։ Հինգ տարի անցաւ մինչեւ որ հասկնայ, որ Եհովան պատասխանած է իր աղօթքին, բայց իր չակնկալած կերպով։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան այդ ժամանակը գործածեց ինծի սորվեցնելու եւ զտելու համար։ Իրեն հանդէպ վստահութիւնս պէտք էր աւելնար։ Իսկ իմ անձնական ուսումնասիրութեան սովորութիւնս պէտք էր բարելաւուէր։ Ասկէ զատ, պէտք էր ներքին ուրախութիւն մշակէի, որ կախեալ չէ պարագաներէս»։ Ժամանակ մը ետք, Ճենիս եւ իր ամուսինը հրաւիրուեցան որ ծառայեն շրջանային գործին մէջ։ Անցեալը յիշելով, Ճենիսը կ’ըսէ. «Եհովան պատասխանեց իմ աղօթքներուս, բայց ոչ թէ ինչպէս ես կ’ուզէի։ Ժամանակ առաւ որպէսզի տեսնեմ թէ ի՜նչ գեղեցիկ էր իր պատասխանը։ Բայց շատ շնորհակալ եմ, որ Եհովային սէրն ու ազնուութիւնը վայելեցի»։
Եթէ կը զգաս որ Եհովայէն պատասխան մը չես առած, ուրիշ բաներու մասին աղօթէ (տե՛ս պարբերութիւն 15)f
15. Ինչո՞ւ թերեւս միշտ ալ պայման չէ որ յատուկ խնդրանքներ ընենք, հապա՝ ճիշդ հակառակը (տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 Երրորդ հարցումն է՝ ‘Արդեօք պէտք է ուրի՞շ բանի մը մասին աղօթեմ’։ Ճիշդ է որ լաւ կ’ըլլայ եթէ յատուկ բանի մը մասին աղօթենք, բայց ատեններ լաւ կ’ըլլայ եթէ ճիշդ հակառակը ընենք, որպէսզի գիտնանք որ մեզի համար Եհովային կամքը ի՛նչ է։ Նկատի առ այն ամուրի քրոջ օրինակը, որ աղօթեց որ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը (SKE) երթայ։ Քոյրը կ’ուզէր այդ դպրոցը երթալ, որպէսզի կարենայ ծառայել հոն, ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Անոր համար, մինչ կը շարունակէ աղօթել որ այդ դպրոցը հրաւիրուի, միեւնոյն ատեն կրնայ նաեւ Եհովայէն խնդրել, որ իրեն օգնէ տեսնելու թէ ի՛նչ կերպերով կրնայ իրեն աւելի ծառայել (Գործք 16։9, 10)։ Ետքը, կրնայ իր այդ աղօթքին համաձայն վարուիլ, իր շրջանային տեսուչին հարցնելով եթէ կայ մօտիկ ժողովք մը, ուր աւելի ռահվիրաներու պէտք կայ։ Կամ ալ կրնայ մասնաճիւղի մը հարցնել, թէ ո՛ւր աւելի պէտք կայ Թագաւորութեան հրատարակիչներուe։
16. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
16 Ինչպէս սորվեցանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ սիրով եւ արդար կերպով (Սաղ. 4։3. Եսա. 30։18)։ Երբեմն, մեր ակնկալած պատասխանը կրնանք չառնել, բայց Եհովան բնաւ պիտի չանտեսէ մեր աղօթքները։ Ան մեզ շատ կը սիրէ եւ բնաւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ (Սաղ. 9։10)։ Ուրեմն, շարունակէ ‘ամէն ժամանակ անոր յուսալ’, եւ աղօթքով քու սիրտդ իրեն առջեւ բանալ (Սաղ. 62։8)։
ԵՐԳ 13 Շնորհակալութեան աղօթք մը
a Այս յօդուածը պիտի բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան միշտ պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն՝ սիրով եւ արդար կերպով։
b Կարգ մը անուններ փոխուած են։
c Տե՛ս «Կը վստահի՞ս այն կերպին, որով Եհովան հարցերը ձեռք կ’առնէ» յօդուածը՝ Դիտարան–ի փետրուար 2022 թիւին մէջ, պարբ. 3-6։
d Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ որ դժուար փորձութիւններու դիմանանք, դիտէ՛ Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ դիմանանք վիտէոն jw.org կայքին վրայ։
e Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ուրիշ երկրի մը մէջ ծառայել, տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը, գլ. 10, պարբ. 6-9 (արաբ.)։
f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երկու քոյրեր կ’աղօթեն Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց դիմելէ առաջ։ Ետքը, անոնցմէ մէկը կը հրաւիրուի, իսկ միւսը՝ ոչ։ Փոխանակ չափազանց յուսախաբ ըլլալու, չհրաւիրուող քոյրը Եհովային կ’աղօթէ որ իրեն օգնէ գիտնալու թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կրնայ իրեն աւելի ծառայել։ Ետքը, նամակ մը կը գրէ մասնաճիւղին, տեղեկացնելով որ կը փափաքի ծառայել հոն ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։