Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 25։ Երկիր մոլորակը անջրպետէն դիտուած։

      ԴԱՍ 25

      Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար

      Սուրբ Գիրքը կ’ընդունի, թէ մարդուն կեանքը կարճ է եւ ցաւով ու նեղութիւնով լեցուն է (Յոբ 14։1)։ Ասիկա՞ է Աստուծոյ ուզածը մեզի համար։ Եթէ ո՛չ, ի՞նչ է իր նպատակը մեզի համար։ Իսկ օրին մէկը ատիկա պիտի իրականանա՞յ։ Տե՛ս թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ մխիթարական պատասխաններ կու տայ։

      1. Եհովան ինչպիսի՞ կեանք կ’ուզէ որ ունենանք

      Եհովան կ’ուզէ որ լաւագոյն կեանքը ունենանք։ Երբ ստեղծեց առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, զանոնք դրաւ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ՝ Եդեմի պարտէզը։ Ետքը, «Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. ‘Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք’» (Ծննդոց 1։28)։ Եհովան ուզեց որ անոնք զաւակներ ունենան, ամբողջ երկիրը դրախտի վերածեն եւ անասուններուն հոգ տանին։ Անոր նպատակն էր, որ բոլոր մարդիկը կատարեալ առողջութիւն ունենան եւ յաւիտեան ապրին։

      Ճիշդ է որ Աստուծոյ ուզածը չեղաւa, բայց իր նպատակը չէ փոխուած (Եսայի 46։10, 11)։ Ան տակաւին կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկը յաւիտեան ապրին լաւագոյն պայմաններու մէջ (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4)։

      2. Ինչպէ՞ս կրնանք հիմա իմաստալից կեանք ունենալ

      Եհովան մեզ ստեղծած է հոգեւոր պէտքով, այսինքն՝ զինք ճանչնալու եւ պաշտելու փափաքով (կարդա՛ Մատթէոս 5։3-6)։ Ան կ’ուզէ որ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք, ‘իր ճամբաներուն մէջ քալենք, զինք սիրենք’ եւ ‘մեր բոլոր սրտով’ իրեն ծառայենք (Բ. Օրինաց 10։12. Սաղմոս 25։14)։ Եթէ այդպէս ընենք, կրնանք իրապէս ուրախ ըլլալ, թէեւ խնդիրներ ունինք։ Եհովան պաշտելը մեր կեանքին իմաստ ու նպատակ կու տայ։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Տե՛ս թէ Եհովան ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուաւ, երբ երկիրը կը պատրաստէր մեզի համար, եւ թէ իր Խօսքը ի՛նչ կը սորվեցնէ կեանքի նպատակին մասին։

      Ադամն ու Եւան կը նային իրենց տրուած գեղեցիկ պարտէզին, որ բուսականութիւնով եւ անասուններով լեցուն է։

      3. Եհովան մարդոց համար հիանալի նպատակ մը ունի

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը. հատուած (1։41)

      • Աստուած ինչո՞ւ մեր գեղեցիկ մոլորակը ստեղծեց։

      Կարդացէ՛ք Ժողովող 3։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս համարէն ի՞նչ կը սորվիս այն նպատակին մասին, որ Եհովան մեզի համար ունի։

      4. Եհովային նպատակը չէ փոխուած

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 37։11, 29 եւ Եսայի 55։11 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովան տակաւին մեզի համար նոյն նպատակը ունի։

      Ա. Տուն մը, որուն հոգ չէ տարուած։ Անոր տանիքը փլած է, պատուհանները կոտրուած են եւ պարտէզը աղբով լեցուն է։ Բ. Նոյն տունը այժմ նորոգուած է, գեղեցիկ է եւ կոկիկ պարտէզ ունի։

      Տուն մը, որուն հոգ չեն տարած, կրնայ ետ շինուիլ։ Նոյնպէս, Աստուած անտեսուած երկիրը պիտի նորոգէ անոնց համար, որոնք զինք կը սիրեն

      5. Եհովան պաշտելը մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կ’ընէ

      Երբ գիտենք թէ կեանքին նպատակը ի՛նչ է, ուրախ կը զգանք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Կեանքին նպատակը հասկցայ (5։04)

      • Թերումին ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, երբ գիտցաւ թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը։

      Կարդացէ՛ք Ժողովող 12։13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Որովհետեւ Եհովան մեզի համար այսքան շատ բան ըրած է, ի՞նչ պէտք է ընենք։

      ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Կեանքին նպատակը ի՞նչ է»։

      • Ի՞նչ կը պատասխանես։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Եհովան կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք երկրի վրայ յաւիտեան՝ կատարեալ պայմաններու մէջ։ Երբ զինք կը պաշտենք մեր ամբողջ սրտով, մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կ’ըլլայ, նոյնիսկ հի՛մա։

      Վերաքաղ

      • Ադամի ու Եւայի համար Եհովայի բուն նպատակը ի՞նչ էր։

      • Ինչպէ՞ս գիտենք, որ մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը չէ փոխուած։

      • Ինչպէ՞ս կրնաս կեանքիդ մէջ իսկական նպատակ գտնել։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ ի՛նչ փաստեր կան, որ Եդեմի պարտէզը իրապէս գոյութիւն ունեցած է։

      «Եդեմի պարտէզը. առասպե՞լ թէ իրողութիւն» (Դիտարան 1 փետրուար 2011)

      Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ։

      «Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Կարդա՛ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ կեանքի մէջ նպատակ գտնելու մասին։

      «Ի՞նչ է կեանքին իմաստը» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս թէ մարդ մը, որ կը կարծէր թէ ամէն բան ունի, ինչպէ՛ս գտաւ այն ինչ որ իր կեանքին մէջ կը պակսէր։

      Այլեւս կեանքս նպատակ ունի (3։55)

      a Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ։

  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 2. Որո՞նք Յիսուսին հետ կ’իշխեն

      Յիսուս մինակը չ’իշխեր։ Անհատներ ‘ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ. . . պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10)։ Քրիստոսին հետ քանի՞ հոգի պիտի իշխէ։ Յիսուս երկիր գալէ ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ իր հետեւորդները դարձած են։ Բայց այդ ճշմարիտ քրիստոնեաներէն միայն 144,000 անհատներ երկինք կ’երթան՝ Յիսուսին հետ թագաւորելու (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1-4)։ Իսկ մնացեալ բոլոր իր հետեւորդները երկրի վրայ Թագաւորութեան հպատակները պիտի ըլլան (Սաղմոս 37։29)։

  • Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի ընէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի ընէ

      Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ։ Մօտ ատենէն, երկրի վրայ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ընէ։ Նկատի առնենք Թագաւորութեան իրագործելիք բաներէն ոմանք, որոնց կրնաս յոյսով սպասել։

      1. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պիտի բերէ

      Յիսուս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, չար մարդիկը եւ կառավարութիւնները պիտի կործանէ Արմագեդոն պատերազմին (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այն ատեն, լման կերպով պիտի կատարուի Սուրբ Գիրքին այս խոստումը. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ» (Սաղմոս 37։10)։ Թագաւորութեան միջոցով, Յիսուս երկիրը խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ պիտի լեցնէ (կարդա՛ Եսայի 11։4)։

      2. Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի

      Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Երեւակայէ թէ կ’ապրիս աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր մարդիկ արդար են ու կը սիրեն Եհովան եւ իրար։ Ո՛չ մէկը պիտի հիւանդանայ եւ ամէն մարդ յաւիտեան պիտի ապրի։

      3. Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի իրականացնէ

      Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Յիսուս 1000 տարի պիտի թագաւորէ։ Այդ ատեն ինք եւ իր 144,000 իշխանակիցները մարդոց պիտի օգնեն, որ կատարեալ ըլլան։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, ամբողջ երկիրը գեղեցիկ դրախտ պիտի ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ ուրախ պիտի ըլլան՝ հնազանդելով Եհովայի օրէնքներուն։ Այն ատեն, Յիսուս իր իշխանութիւնը իր Հօր՝ Եհովային, պիտի յանձնէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի ‘անունը սուրբ պիտի ըլլայ’ (Մատթէոս 6։9, 10)։ Փաստուած պիտի ըլլայ, թէ Եհովան լաւ Կառավարիչ մըն է, որ իր հպատակները կը հոգայ։ Եհովան պիտի կործանէ Սատանան, դեւերը եւ ոեւէ մէկը, որ կ’որոշէ իր իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ (Յայտնութիւն 20։7-10)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերած կատարեալ պայմանները յաւիտեան պիտի մնան։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած Թագաւորութեան միջոցով՝ ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքի բոլոր խոստումները պիտի իրականացնէ։

      4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ

      «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան [կամ՝ վնասին] համար» (Ժողովող 8։9)։ Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցով, այս անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։

      Կարդացէ՛ք Դանիէլ 2։44 եւ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուսը, ի՞նչ պիտի ընեն մարդկային կառավարութիւններուն եւ անոնց թիկունք կանգնողներուն։

      • Եհովայի եւ Յիսուսի մասին սորվածներդ ինչպէ՞ս քեզ կը վստահեցնեն, որ անոնք արդարութեամբ պիտի վարուին։

      Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր կ’իշխէ դրախտային երկրի մը վրայ։

      5. Յիսուս ամենալաւ Թագաւորն է

      Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս շա՜տ բան պիտի ընէ իր երկրային հպատակներուն օգտին համար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ տեսէք թէ Յիսուս արդէն ինչպէ՛ս ցոյց տուած է, որ մարդոց օգնելու թէ՛ փափաքը ունի եւ թէ Աստուծմէ տրուած զօրութիւնը։

      ՎԻՏԷՕ. Յիսուս ցոյց տուաւ որ Թագաւորութիւնը ինչեր պիտի իրագործէ (1։13)

      Երկրի վրայ եղած ատեն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ բաներ պիտի իրագործէ։ Հետեւեալ օրհնութիւններէն որո՞նց մանաւանդ կը սպասես։ Կարդացէ՛ք օրհնութիւններուն քով դրուած համարները։

      ԵՐԲ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ԷՐ, ՅԻՍՈՒՍ՝

      ԵՐԿԻՆՔԷՆ ՅԻՍՈՒՍ՝

      • բնութեան ուժերուն վրայ իշխանութիւն ունէր (Մարկոս 4։36-41)։

      • մէջտեղէն պիտի վերցնէ ամբողջ վնասը, որ երկրին պատճառուած է (Եսայի 35։1, 2)։

      • հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց (Մատթէոս 14։17-21)։

      • անօթութիւնը պիտի վերցնէ աշխարհի վրայէն (Սաղմոս 72։16)։

      • շատերու հիւանդութիւնները բժշկեց (Ղուկաս 18։35-43)։

      • բոլորին կատարեալ առողջութիւն պիտի տայ (Եսայի 33։24)։

      • մարդիկը ետ կեանքի բերաւ (Ղուկաս 8։49-55)։

      • մարդոց յարութիւն պիտի տայ եւ մահը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 21։3, 4)։

      6. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գեղեցիկ ապագայ մը պիտի բերէ

      Թագաւորութիւնը մարդոց համար Եհովայի բուն նպատակը ամբողջովին պիտի իրականացնէ։ Մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսի միջոցաւ իր նպատակը պիտի իրականացնէ։

      ՎԻՏԷՕ. Ի՞նչ գեղեցիկ ապագայ կը սպասէ մեզի (4։38)

      Կարդացէ՛ք Սաղմոս 145։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչպէ՞ս կը զգաս գիտնալով, որ Եհովան ամէն ապրող արարածի փափաքը պիտի լեցնէ։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Եթէ բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, կրնա՛նք աշխարհին խնդիրները լուծել»։

      • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ խնդիրներ պիտի լուծէ, որոնք մարդկային կառավարութիւնները լուծելու կարող չեն։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Թագաւորութիւնը իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր բարի մարդիկ Եհովան պիտի պաշտեն յաւիտեան։

      Վերաքաղ

      • Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս Եհովայի անունը պիտի սրբացնէ։

      • Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սուրբ Գիրքին խոստումները պիտի կատարէ։

      • Թագաւորութեան օրհնութիւններէն ո՞ր մէկը ամէնէն շատ կ’ուզես տեսնել։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Գիտցի՛ր թէ Արմագեդոն ի՛նչ կը նշանակէ։

      «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Նկատի առ թէ ի՛նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան Յիսուսի նշած ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին (Մատթէոս 24։21)։

      «Ի՞նչ է մեծ նեղութիւնը» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս թէ ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ միասնաբար երեւակայել Թագաւորութեան օրհնութիւնները։

      Դուն քեզ երեւակայէ Դրախտին մէջ (1։50)

      «Միտքս լեցուած էր շատ մը հարցումներով» յօդուածին մէջ, կարդա՛ քաղաքական ըմբոստի մը մասին, որ իր հարցումներուն պատասխանները գտաւ։

      «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (Դիտարան 1 յունուար 2012, արաբ.)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել