Եհովայի կազմակերպութեան հետ հաւատարմօրէն ծառայենք
«Հաւատարիմ մարդուն հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս»։—Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22։26, ՆԱ։
1, 2. Ժողովքին մէջ հաւատարմութեան կարգ մը ի՞նչ օրինակներ կը տեսնենք։
ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ուշ ժամերուն, երէց մը քրիստոնէական ժողովքի մը համար դասախօսութիւն կը պատրաստէ։ Թէեւ կը փափաքի կենալ եւ հանգստանալ, սակայն կը շարունակէ աշխատիլ, սուրբ գրային տիպարներ եւ օրինակներ փնտռելով, որպէսզի հօտին սրտերուն հասնի եւ զանոնք քաջալերէ։ Ժողովի իրիկունը, այդ նոյն ժողովքէն յոգնած ծնողք մը պիտի ուզէին իրենց տան մէջ վայելել երեկոն, բայց անոնք համբերութեամբ իրենց զաւակները կը պատրաստեն եւ ժողովի կ’երթան։ Ժողովէն ետք, խումբ մը Քրիստոնեաներ երէցին տուած նիւթին մասին կը խօսին։ Քոյր մը կը փորձուի ըսել որ այդ նոյն եղբայրը առիթով մը վիրաւորած էր իր զգացումները, բայց փոխարէն, ան դասախօսութեան մէջ անոր յիշած կէտերէն մէկուն մասին խանդավառութեամբ կը խօսի։ Այս թատերական ուրուագծին մէջ հասարակաց գետին մը կը տեսնէ՞ք։
2 Այդ հասարակաց գետինը՝ հաւատարմութիւնն է։ Երէցը հաւատարմօրէն կ’աշխատի, որպէսզի Աստուծոյ հօտին ծառայէ. ծնողները հաւատարմօրէն ներկայ կը գտնուին ժողովներուն. քոյրը հաւատարմօրէն սատար կը կանգնի երէցներուն։ (Եբրայեցիս 10։24, 25. 13։17. Ա. Պետրոս 5։2) Այո, կը տեսնենք որ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ Աստուծոյ ծառաները վճռած են հաւատարմօրէն ծառայել Եհովայի կազմակերպութեան հետ։
3. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է Եհովայի երկրային կազմակերպութեան հաւատարիմ մնալ։
3 Երբ Եհովա այս ապականած աշխարհին նայի, հոն շատ քիչ հաւատարմութիւն կը տեսնէ։ (Միքիայ 7։2, ՆԱ) Իր սիրտը որքա՜ն ուրախանալու է, երբ իր ծառաներուն հաւատարմութիւնը նկատէ։ Այո, ձեր հաւատարմութիւնը զինք կ’ուրախացնէ։ Բայց անիկա կը կատղեցնէ Սատանան, առաջին ըմբոստը, փաստելով որ ինք ստախօս մըն է։ (Առակաց 27։11. Յովհաննու 8։44) Պէտք է ակնկալէք որ Սատանան փորձէ Եհովայի եւ Իր երկրային կազմակերպութեան հանդէպ ձեր հաւատարմութիւնը նսեմացնել։ Եթէ կ’ուզէք, նկատի առնենք ասիկա իրագործելու համար Սատանայի գործածած կարգ մը կերպերը։ Այսպիսով, աւելի լաւ կրնանք տեսնել թէ ի՛նչպէս կրնանք մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնալ։—Բ. Կորնթացիս 2։11
Անկատարութիւններու Ուշադրութիւն Ընելը՝ Հաւատարմութիւնը Կրնայ Մաշեցնել
4. (ա) Ինչո՞ւ դիւրին է հեղինակութիւն ունեցողները քննադատել։ (բ) Կորխ ի՞նչպէս անհաւատարիմ գտնուեցաւ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ։
4 Երբ եղբայր մը պատասխանատու դիրք մը ունի, իր յանցանքները աւելի աչքի կը զարնեն։ Որքա՜ն դիւրին է ‘մեր եղբօր աչքին մէջի շիւղը տեսնել, անտեսելով մեր աչքին մէջի գերանը’։ (Մատթէոս 7։1-5) Յանցանքներու վրայ կեդրոնանալը՝ անհաւատարմութիւն կը սնուցանէ։ Որպէս օրինակ առէք Կորխը եւ Դաւիթը, որոնք իրարու հակապատկեր էին։ Կորխ շատ մը պատասխանատուութիւններ ունէր եւ հաւանաբար տարինե՜ր հաւատարիմ մնաց, բայց փառասէր դարձաւ։ Ան իր զարմիկներուն՝ Մովսէսի ու Ահարոնի հեղինակութեան դէմ ընդվզեցաւ։ Թէեւ Մովսէս ամենէն հեզ մարդն էր, բայց Կորխ սկսաւ քննադատական աչքով նայիլ անոր։ Ան շատ հաւանաբար յանցանքներ գտաւ Մովսէսի վրայ։ Բայց այդ յանցանքները Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ Կորխի անհաւատարմութիւնը չէին արդարացներ։ Ան ժողովքին մէջէն կորսուեցաւ։—Թուոց 12։3. 16։11, 31-33
5. Դաւիթ ինչո՞ւ կրնար փորձուիլ Սաւուղի դէմ ըմբոստանալ։
5 Իսկ Դաւիթ, Սաւուղ Թագաւորին ձեռքին տակ ծառայեց։ Սաւուղ, որ ատեն մը բարի թագաւոր մըն էր՝ իրապէս չարացաւ։ Դաւիթ հաւատքի, համբերութեան եւ նոյնիսկ խոհեմութեան կարիքը ունէր, որպէսզի նախանձոտ Սաւուղի յարձակումներէն վերապրէր։ Բայց երբ Դաւիթ այս չարիքները փոխադարձելու առիթ ունեցաւ, ան ըսաւ որ «Աստուած չընէ»ր որ Եհովայի օծեալին դէմ անհաւատարիմ արարք մը ընէր։—Ա. Թագաւորաց 26։11
6. Նոյնիսկ երբ երէցներուն վրայ սխալներ եւ յանցանքներ նկատենք, ի՞նչ բան բնաւ պէտք չէ ընենք։
6 Եթէ մեր մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողներէն ոմանք երեւութապէս սխալ դատողութիւն ունենան, կամ կոշտ կերպով խօսին, եւ կամ այնպէս թուի թէ աչառութիւն կ’ընեն, անոնց մասին պիտի գանգատի՞նք, թերեւս ժողովքին մէջ քննադատական հոգի մը զարգացուելուն նպաստելով։ Քրիստոնէական ժողովներէն հեռո՞ւ պիտի կենանք, մեր բողոքը ապացուցանելու համար։ Անշուշտ ոչ։ Դաւիթի նման, բնաւ թոյլ պիտի չտանք որ ուրիշի մը սխալները մեզ անհաւատարիմ դարձնեն Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ։—Սաղմոս 119։165
7. Երուսաղէմի տաճարին մէջ ի՞նչ պիղծ սովորութիւններ կը կատարուէին եւ ի՞նչ էր Յիսուսի զգացումը այս ուղղութեամբ։
7 Որպէս մարդ հաւատարմութեան մեծագոյն օրինակը եղաւ Յիսուս Քրիստոս, որ մարգարէաբար նկարագրուած է որպէս Եհովայի ‘հաւատարիմը’։ (Սաղմոս 16։10, ՆԱ) Երուսաղէմի տաճարին եղծանումը հարցի տակ դրած էր հաւատարմութիւնը։ Յիսուս գիտէր որ քահանայապետին գործը եւ զոհերը իր իսկ ծառայութիւնը եւ զոհաբերական մահը կը նախապատկերացնէին, եւ ան գիտէր թէ ժողովուրդին համար որքա՛ն կենսական էր անոնցմէ սորվիլ։ Ուստի, անոր զայրոյթը արդարացի էր, երբ տեսաւ որ տաճարը «աւազակներու այր» եղած էր։ Իր աստուածատուր հեղինակութեամբ, ան երկու անգամ քայլեր առաւ զայն մաքրելու համար։a —Մատթէոս 21։12, 13. Յովհաննու 2։15-17
8. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ տաճարի կարգադրութեան հանդէպ։ (բ) Եհովայի մաքուր կազմակերպութեան հետ զինք պաշտելու հանդէպ մեր գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։
8 Այսուհանդերձ, Յիսուս հաւատարմօրէն սատար կանգնեցաւ տաճարի կարգադրութեան։ Իր մանկութենէն իսկ, տաճարի տօնակատարութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ եւ յաճախ հոն մարդոց սորվեցուց։ Ան տաճարի տուրքն ալ վճարեց, հակառակ անոր որ ասիկա ընելու ստիպուած չէր։ (Մատթէոս 17։23-26) Յիսուս գովեց աղքատ որբեւայրի մը, որ «իր բոլոր ապրուստը» ձգեց տաճարի գանձանակին մէջ։ Անկէ քիչ ետք, Եհովա վերջնականապէս մերժեց այդ տաճարը։ Բայց մինչ այդ, Յիսուս հաւատարիմ գտնուեցաւ անոր։ (Մարկոս 12։41-44. Մատթէոս 23։38) Ներկայիս, Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը հրէական դրութենէն եւ անոր տաճարէն շատ աւելի գերիվեր է։ Ճիշդ է որ անիկա կատարեալ չէ եւ անոր համար երբեմն վերաճշդումներ կ’ըլլան։ Բայց անիկա ապականութեամբ լեցուած չէ, ոչ ալ Եհովա մտադրութիւն ունի զայն փոխարինելու։ Հետեւաբար, բնաւ թոյլ պէտք չէ տանք որ անոր մէջ մեր նկատած որեւէ անկատարութիւն մեզ դառնացնէ, կամ քննադատական ու ժխտական հոգի մը զարգացնէ մեր մէջ։ Ընդհակառակը, Յիսուս Քրիստոսի հաւատարմութիւնը ընդօրինակենք։—Ա. Պետրոս 2։21
Մեր Անձնական Անկատարութիւնները
9, 10. (ա) Սատանայի իրերու դրութիւնը ի՞նչպէս կը շահագործէ մեր տկարութիւնները, մեզ հրապուրելով որ անհաւատարիմ վարք մը ունենանք։ (բ) Լուրջ մեղք գործող մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
9 Սատանան մեր անկատարութիւնները շահագործելով ալ կը փորձէ անհաւատարմութիւն հրահրել։ Իր իրերու դրութիւնը մեր անկատարութիւնները կը շահագործէ, մեզ փորձելով որ Եհովայի աչքին սխալ եղած բաներ ընենք։ Դժբախտաբար, ամէն տարի հազարաւորներ անբարոյութեան անձնատուր կ’ըլլան։ Ոմանք այս անհաւատարմութիւնը կը բարդացնեն երկդիմի կեանք մը վարելով. յանցագործութիւնը շարունակելով, բայց ձեւացնելով հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ըլլալ։ Զարթի՛ր պարբերաթերթի՝ «Երիտասարդները կը Հարցնեն . . . » յօդուածաշարքին մէջ այս նիւթը շօշափող յօդուածներուն մասին գրելով, երիտասարդ կին մը ըսաւ. «Այս յօդուածները իմ կեանքիս պատմութիւնն էին»։ Ան թաքուն կերպով բարեկամութիւններ մշակած էր Եհովան չսիրող երիտասարդներու հետ։ Ի՞նչ հետեւանքով։ Ան կը գրէ. «Կեանքս ուղղակի անկում կրեց. անբարոյութիւն գործեցի եւ յանդիմանութիւն ստացայ։ Եհովայի հետ իմ յարաբերութիւնս վնասուեցաւ եւ ծնողքիս ու երէցներուն վստահութիւնը կորսնցուցի»։b
10 Այս երիտասարդուհին երէցներուն կողմէ օգնութիւն ստացաւ եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառայութեան վերադարձաւ։ Դժբախտաբար, շատեր աւելի գէշ հետեւանքներ կ’ունենան եւ ոմանք բնաւ չեն վերադառնար հօտին։ Որքա՜ն նախընտրելի է հաւատարիմ մնալ եւ այս ամբարիշտ աշխարհի փորձութեանց դիմադրել։ Աշխարհային ընկերակցութեան եւ ստորին զբօսանքներու մասին Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու յօդուածներուն տուած ազդարարութեանց մտիկ ըրէք։ Կը մաղթենք որ անհաւատարիմ ընթացքի մը մէջ չիյնաք։ Բայց եթէ իյնաք, բնաւ մի՛ փորձէք ձեւացնել ըլլալ մէկը որ՝ չէք։ (Սաղմոս 26։4) Այլ, օգնութիւն խնդրեցէք։ Քրիստոնեայ ծնողներն ու երէցները պատրաստ են ասիկա ընելու։—Յակոբու 5։14
11. Ինչո՞ւ սխալ է մենք մեզ շատ գէշ նկատել, իսկ Աստուածաշունչէն ի՞նչ օրինակ կրնայ շտկել մեր տեսակէտը։
11 Մեր անկատարութիւնները ուրիշ կերպով մըն ալ կրնան վտանգ մը ըլլալ մեզի։ Անհաւատարիմ գտնուողներէն ոմանք Եհովան հաճեցնելու ջանք իսկ չեն թափեր։ Յիշեցէք որ Դաւիթ շատ լուրջ մեղքեր գործեց։ Սակայն, Դաւիթի մահուընէ տարինե՜ր ետք, Եհովա իր մասին խօսեցաւ որպէս հաւատարիմ ծառայ մը։ (Եբրայեցիս 11։32. 12։1) Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան բնաւ չդադրեցաւ Եհովայի հաճութիւնը փնտռելէ։ Առակաց 24։16–ը կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ Վստահաբար, եթէ մեր ունեցած կարգ մը տկարութիւններուն դէմ պայքարելով, փոքր մեղքերու մէջ իյնանք՝ նոյնիսկ կրկին անգամ՝ կրնանք տակաւին Եհովայի աչքին արդար ըլլալ, եթէ շարունակենք ‘կանգնիլ’, այսինքն՝ անկեղծօրէն զղջանք եւ վերսկսինք հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցանել։—Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 2։7։
Անհաւատարմութեան Խորամանկ Կերպերէն Զգուշացէ՛ք
12. Փարիսեցիներու պարագային, անթեք, օրինապաշտ տեսակէտ մը ի՞նչպէս անհաւատարմութեան առաջնորդեց։
12 Աւելի խորամանկ կերպերով ալ կրնանք անհաւատարիմ գտնուիլ. կերպեր, որոնք նոյնիսկ որպէս հաւատարմութիւն կրնան ծպտուիլ։ Օրինակ, Յիսուսի օրերուն Փարիսեցիները հաւանաբար իրենք զիրենք աչքառու կերպով հաւատարիմ կը կարծէին։c Սակայն, անոնք հաւատարիմ ըլլալուն եւ մարդակերտ օրէնքներու յամառ կառչող մը ըլլալուն միջեւ տարբերութիւնը չկրցան տեսնել, քանի որ անթեք եւ խստօրէն դատապարտող էին։ (Բաղդատել՝ Ժողովողի 7։16։) Անոնք իրապէս անհաւատարիմ էին այն ժողովուրդին հանդէպ, որու պէտք էր ծառայէին, Օրէնքի հոգիին հանդէպ, զոր կը դաւանէին սորվեցնել, եւ ուղղակի Եհովայի հանդէպ։ Իսկ հակառակը, Յիսուս հաւատարիմ էր Օրէնքի հոգիին հանդէպ, որ սիրոյ վրայ հիմնուած էր։ Հետեւաբար, ան մարդիկը ոգեւորեց եւ քաջալերեց, ինչպէս մեսիական մարգարէութիւնները նախագուշակած էին։—Եսայեայ 42։3. 50։4. 61։1, 2
13. (ա) Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան անհաւատարիմ ըլլալ։ (բ) Ծնողներ իրենց զաւակներուն կրթութեան մէջ ինչո՞ւ պէտք չէ չափազանց բիրտ, քննադատող կամ խծբծող ըլլան։
13 Որոշ հեղինակութիւն ունեցող Քրիստոնեաներ այս ուղղութեամբ Յիսուսի ձգած օրինակէն մեծապէս կրնան օգտուիլ։ Օրինակ, հաւատարիմ ծնողներ գիտեն որ իրենց զաւակները պէտք է կրթեն։ (Առակաց 13։24) Սակայն, ուշադիր կ’ըլլան որ իրենց երախաները չյուսահատեցնեն, բարկութեամբ բրտօրէն կրթելով, կամ անդադար քննադատական ակնարկներ ընելով։ Երբ զաւակները զգան որ բնաւ չեն կրնար հաճեցնել իրենց ծնողները, կամ երբ խորհին որ իրենց ծնողքին կրօնքը զիրենք միայն խծբծող եւ քննադատող դարձուցած է, վերջապէս պիտի յուսահատին եւ որպէս հետեւանք ճշմարիտ հաւատքէն պիտի հեռանան։—Կողոսացիս 3։21
14. Քրիստոնեայ երէցներ իրենց հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տան իրենց ծառայած հօտին հանդէպ։
14 Նմանապէս, Քրիստոնեայ երէցներ եւ ճամբորդող տեսուչներ հօտին դիմագրաւած խնդիրներուն եւ վտանգներուն ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ Որպէս հաւատարիմ հովիւներ, երբ հարկ ըլլայ անոնք կը խրատեն, նախ վստահ ըլլալով որ բոլոր տուեալները ունին եւ ուշադիր ըլլալով որ ի՛նչ որ կ’ըսեն, հիմնուած ըլլայ Աստուածաշունչին եւ Ընկերութեան հրատարակութիւններուն վրայ։ (Սաղմոս 119։105. Առակաց 18։13) Անոնք գիտեն նաեւ, որ ոչխարները կերտուելու ու կերակրուելու համար իրենց կը նային։ Ուստի, անոնք կը ջանան Յիսուս Քրիստոսը՝ Բարի Հովիւը, ընդօրինակել։ Ուստի անոնք քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ամէն շաբաթ հաւատարմաբար ոչխարներուն ծառայութիւն կը մատուցանեն. ոչ թէ զանոնք քանդելով, այլ, զանոնք կերտելով եւ անոնց հաւատքը զօրացնելով։—Մատթէոս 20։28. Եփեսացիս 4։11, 12. Եբրայեցիս 13։20, 21
15. Առաջին դարուն կարգ մը անհատներ ի՞նչպէս ցոյց տուին որ անտեղի հաւատարմութիւններ ունէին։
15 Անհաւատարմութեան ուրիշ խորամանկ կերպն է՝ անտեղի հաւատարմութիւնը։ Սուրբ գրային առումով հաւատարմութիւնը թոյլ չի տար որ որեւէ կապուածութիւն Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ գտնուելէն առաջ գայ։ Առաջին դարուն, շատ Հրեաներ յամառօրէն կառչեցան Մովսիսական Օրէնքին եւ հրէական իրերու դրութեան։ Սակայն, ժամանակը եկած էր որ Եհովա իր օրհնութիւնը վերցնէր այդ ըմբոստ ազգէն եւ տար հոգեւոր Իսրայէլ ազգին։ Յարաբերաբար միայն քիչեր Եհովայի հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցան եւ այս խիստ կարեւոր փոփոխութիւնը ընդունեցին։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ դարձած կարգ մը Հրեաներ վերադարձան Մովսիսական Օրէնքի «տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն», որոնք Քրիստոսով ամբողջացած էին։—Գաղատացիս 4։9. 5։6-12. Փիլիպպեցիս 3։2, 3
16. Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ի՞նչպէս կը նկատեն բարեճշդումները։
16 Ասոր հակառակը, Եհովայի արդի ժողովուրդը իր հաւատարմութիւնը փաստած է փոփոխութիւններու ժամանակ։ Մինչ յայտնուած ճշմարտութիւններու լոյսը աւելի կը պայծառանայ, կարգ մը բարեճշդումներ տեղի կ’ունենան։ (Առակաց 4։18) Վերջերս, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզի օգնեց որ Մատթէոս 24։34–ի մէջ գործածուած «սերունդ» բառը, Մատթէոս 25։31-46–ի մէջ յիշուած «ոչխարներ»ու ու «այծեր»ու դատաստանի ժամանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական կարգ մը ծառայութիւններ աւելի լաւ հասկնանք։ (Մատթէոս 24։45) Անկասկած հաւատուրացներէն ոմանք ուրախ պիտի ըլլային, եթէ Եհովայի Վկաներէն շատեր յամառօրէն կառչէին այս նիւթերու շուրջ նախկին հասկացողութեան ու մերժէին յառաջդիմել։ Այսպիսի բան մը տեղի չունեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի ծառաները հաւատարիմ են։
17. Երբեմն մեր սիրելիները ի՞նչպէս մեր հաւատարմութիւնը փորձի կ’ենթարկեն։
17 Սակայն, անտեղի հաւատարմութեան հարցով կրնանք անձնապէս ազդուիլ։ Երբ սիրելի բարեկամ մը կամ նոյնիսկ ընտանիքի անդամ մը ընտրէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ոտնակոխող ընթացքի մը հետեւիլ, կրնանք երկու հաւատարմութիւններու միջեւ պառակտուած զգալ։ Բնականաբար, ընտանիքի անդամներու հանդէպ հաւատարմութիւն կը զգանք։ Բայց որե՛ւէ ժամանակ անոնց հանդէպ հաւատարմութիւնը, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ գտնուելէն առաջ պէտք չէ դնենք։ (Բաղդատել՝ Ա. Թագաւորաց 23։16-18։) Ո՛չ յանցագործներուն պիտի օգնենք որ իրենց լուրջ մեղքը ծածկեն, ո՛չ ալ անոնց հետ ըլլալով երէցներուն դէմ պիտի ելլենք, որոնք կը ջանան ‘հեզութեան հոգիով զանոնք ուղղութեան բերել’։ (Գաղատացիս 6։1) Այդպէս վարուիլը անհաւատարմութիւն պիտի ըլլար Եհովայի, իր կազմակերպութեան եւ մեզի սիրելի եղող անհատին հանդէպ։ Իրականութեան մէջ, մեղանչողին եւ անոր հարկ եղող կրթութեան միջեւ կենալով, անոր հանդէպ Եհովայի սէրը հասնելուն արգելք հանդիսացած կ’ըլլանք։ (Եբրայեցիս 12։5-7) Մի՛ մոռնաք որ «բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են»։ (Առակաց 27։6) Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած անկեղծ, սիրալիր խրատները կրնան մեզի սիրելի եղող մոլորեալին հպարտութիւնը վիրաւորել, բայց վերջաւորութեան անոնք կրնան կեանք փրկել։
Հալածանքի Դիմաց Հաւատարմութիւնը Անխախտ կը Մնայ
18, 19. (ա) Աքաաբ ի՞նչ ուզեց Նաբովթէն եւ ան ինչո՞ւ մերժեց։ (բ) Իր հաւատարմութեան համար Նաբովթի վճարած գինը կ’արժէ՞ր։ Բացատրեցէք։
18 Սատանան երբեմն ուղղակի յարձակում կը գործէ մեր հաւատարմութեան վրայ։ Նաբովթի պարագան նկատի առէք։ Երբ Աքաաբ Թագաւորը ճնշում բանեցուց որ ան իր այգին իրեն ծախէ, ան պատասխանեց. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։ (Գ. Թագաւորաց 21։3) Նաբովթ յամառութիւն չէր ըներ. ան հաւատարիմ էր։ Մովսիսական Օրէնքը կը պատուիրէր որ Իսրայելացի մը իր ժառանգութիւնը անվերջ կերպով չծախէր։ (Ղեւտացւոց 25։23-28) Նաբովթ վստահաբար գիտէր որ այս չարատենչ թագաւորը կրնար զինք սպաննել տալ, քանի որ Աքաաբ արդէն թոյլ տուած էր որ իր կինը՝ Յեզաբէլ, Եհովայի մարգարէներէն շատերը սպաննէ։ Ասով հանդերձ, Նաբովթ իր միտքը չփոխեց։—Գ. Թագաւորաց 18։4
19 Երբեմն հաւատարմութեան համար որոշ գին մը կը վճարենք։ Յեզաբէլ քանի մը ‘անօրէն մարդոց’ օգնութեամբ, Նաբովթի վերագրեց ոճիր մը որ ան գործած չէր, որու պատճառաւ ինք եւ իր որդիները սպաննուեցան։ (Գ. Թագաւորաց 21։7-16. Դ. Թագաւորաց 9։26) Ասիկա կը նշանակէ՞ր որ Նաբովթի հաւատարմութիւնը սխալ էր։ Ո՛չ։ Նաբովթ այն բազմաթիւ հաւատարիմ այրերուն ու կիներուն մաս կը կազմէ, որոնք մինչեւ հիմա Եհովայի յիշողութեան մէջ «կենդանի» են, գերեզմանին մէջ ապահովութեամբ ննջելով մինչեւ յարութեան ժամանակ։—Ղուկաս 20։38. Գործք 24։15
20. Յոյսը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ մեր հաւատարմութիւնը պահենք։
20 Յարութեան այս նոյն յոյսը ներկայիս ալ Եհովայի հաւատարիմներուն երաշխիք մըն է։ Գիտենք որ մեր հաւատարմութեան համար կրնանք շատ սուղ գին մը վճարել այս աշխարհին մէջ։ Յիսուս Քրիստոս իր կեանքով վճարեց իր հաւատարմութիւնը եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իրենց հետ ալ աւելի լաւ պիտի չվարուէին։ (Յովհաննու 15։20) Ինչպէս որ ապագայի յոյսը անոր սատար կանգնեցաւ, մեր յոյսն ալ մեզի նեցուկ պիտի կանգնի։ (Եբրայեցիս 12։2) Հետեւաբար, մենք ալ ամէն տեսակ հալածանքի դիմաց կրնանք հաւատարիմ մնալ։
21. Եհովա ի՞նչ երաշխիքներ կու տայ իր հաւատարիմներուն։
21 Ճիշդ է որ յարաբերաբար մեզմէ քիչեր հաւատարմութեան այսպիսի ուղղակի յարձակման կ’ենթարկուին։ Բայց, վախճանը գալէն առաջ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ հալածանքը կրնայ սաստկանալ։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր հաւատարմութիւնը անխախտ պիտի պահենք։ Հի՛մա մեր հաւատարմութիւնը պահելով։ Եհովա մեզի մեծ յանձնարարութիւն մը տուած է, որ է իր Թագաւորութեան մասին քարոզել եւ սորվեցնել։ Թող որ այս կենսական գործը հաւատարմօրէն շարունակենք։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Եթէ թոյլ չտանք որ մարդկային անկատարութիւններ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը մաշեցնեն, եւ եթէ զգոյշ ըլլանք անհաւատարմութեան աւելի խորամանկ կերպերէն՝ ինչպէս անտեղի հաւատարմութիւններէն՝ այն ատեն աւելի լաւ պատրաստուած կ’ըլլանք, եթէ մեր հաւատարմութիւնը աւելի խիստ կերպով փորձուելու ըլլայ։ Ամէն պարագայի, միշտ վստահ ըլլանք որ Եհովա անշեղ հաւատարմութիւն ունի իր հաւատարիմ ծառաներուն հանդէպ։ (Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ) Այո, Ան իր հաւատարիմները պիտի պահէ—Սաղմոս 97։10, ՆԱ։
[Ստորանիշ]
a Առեւտրական այս շահաբեր հաստատութեան վրայ յարձակում գործելու համար Յիսուսի կողմէ խիզախութիւն կը պահանջուէր։ Պատմաբանի մը համաձայն, տաճարին տուրքը պէտք էր վճարուէր հրէական հին մասնայատուկ մետաղադրամով։ Տաճար այցելողներէն շատեր իրենց դրամը փոխելու կարիքը ունէին, իրենց տուրքը վճարելու համար։ Դրամափոխները արտօնութիւն ունէին իրենց շահաբաժինը առնելու, ինչ որ մեծ գումարներ կ’ապահովէր իրենց։
b Տես՝ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1993, 8 Յունուար 1994 եւ 22 Յունուար 1994 (Անգլերէն)։
c Անոնց եղբայրակցութիւնը սերած էր Հասիտիմներէն՝ յունական ազդեցութեան դէմ պայքարելու համար դարեր առաջ մէջտեղ եկած խումբէ մը։ Հասիտիմները իրենց անունը առած են Եբրայերէն չասի·տիմ բառէն, որ կը նշանակէ «հաւատարիմներ» կամ «սուրբեր»։ Թերեւս անոնք խորհեցան որ համարներուն մէջ յիշուած Եհովայի «հաւատարիմները» մասնաւոր առումով իրենց կը կիրարկուի։ (Սաղմոս 50։5, ՆԱ) Անոնք, եւ անոնց յաջորդող Փարիսեցիները, Օրէնքի գրութեան մոլեռանդ եւ ինքնակոչ պաշտպաններն էին։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներու անկատարութեան պատճառաւ անհաւատարիմ ըլլալէ խուսափիլ։
◻ Մեր իսկ անկատարութիւնները ի՞նչ կերպերով կրնան մեզ անհաւատարիմ վարքի առաջնորդել։
◻ Անտեղի հաւատարմութիւններու հակումին ի՞նչպէս կրնանք ընդդիմանալ։
◻ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ նոյնիսկ հալածանքի ներքեւ մեր հաւատարմութիւնը պահենք։