Յանցագործութեան ո՛չ ըսելու համար զօրացած
ԹԻՄԸԹԻՆ կը բացատրէ. «Երբ տակաւին պատանի էի ու նպարավաճառի մը քով կ’աշխատէի, գործակիցներէս մէկը հրաւիրեց որ իր տունը երթամ։ Ան ըսաւ որ ծնողքը տունը պիտի չըլլար, աղջիկներ պիտի գային եւ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու առիթ պիտի ըլլար»։ Ներկայ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը շուտով պիտի ընդունէր այս հրաւէրը։ Բայց Թիմըթիին պարագան ի՞նչ էր։ «Տեղւոյն վրայ ըսի որ չեմ ուզեր երթալ եւ թէ՝ իմ քրիստոնէական խղճմտանքս չի ներեր որ սեռային խնդիրներ ունենամ մէկու մը հետ, որու հետ ամուսնացած չեմ»։
Մինչ կը բացատրէր թէ ինչո՛ւ կը մերժէր, Թիմըթին տեղեակ չէր որ երիտասարդ գործաւորուհի մը մտիկ կ’ընէր իրեն։ Անոր անմեղութիւնը աղջկան հետաքրքրութիւնը շարժեց եւ Թիմըթին ստիպուած եղաւ անոր ալ բազմիցս ո՛չ ըսել, ինչպէս պիտի տեսնենք։
Միայն այս ժամանակին չէ որ մարդիկ փորձութիւններով ողողուած են։ Շուրջ 3,000 տարիներ առաջ, Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։ . . . Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ»։ (Առակաց 1։10, 15) Եհովա Իսրայէլ ազգին հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր»։ (Ելից 23։2) Այո, պէտք է երբեմն ո՛չ ըսենք, սխալը ընելու փորձութեան դէմ դնենք, նոյնիսկ երբ անիկա համաժողովրդական դարձած ընթացք մը չէ։
Մասնաւորաբար Ներկայիս Կարեւոր Է Ո՛չ Ըսել
Յանցագործութեան ո՛չ ըսելը որեւէ ժամանակ դիւրին չէ եղած, բայց յատկապէս ներկայիս անիկա դժուար եղած է, քանի որ կ’ապրինք Աստուածաշունչի կոչած իրերու դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ըսած էր, մարդիկ ընդհանուր առմամբ հաճոյասէր եւ բռնասէր եղած են, հոգեւորականութենէ եւ բարոյականութենէ զուրկ ըլլալով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ճիշդ ինչպէս Ժէզուիթ համալսարանի մը նախագահը նշեց. «Մենք աւանդական չափանիշներու շարք մը ունէինք, որոնք առարկուեցան եւ թերի գտնուեցան, կամ այլեւս հնամենի դարձան։ Հիմա այլեւս անոնք որեւէ կերպով բարոյական կողմնորոշում չեն տար»։ Նոյն գծով, գերագոյն ատեանի դատաւոր մը ըսաւ. «Այլեւս սեւ ճերմակ չկայ։ Ամէն բան մոխրագոյն է։ . . . Շատ քիչեր շիտակին ու սխալին տարբերութիւնը գիտեն։ Հիմա մեղքը բռնուիլն է եւ ոչ թէ՝ օրինազանցութիւնը»։
Պօղոս առաքեալ այսպիսի վերաբերմունք ունեցող անհատներու մասին գրեց. «Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար. որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու»։ (Եփեսացիս 4։18, 19) Բայց դժուարութիւններ կը սպասեն անոնց։ Եսային ըսաւ. «Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն»։ (Եսայեայ 5։20) Անոնք ո՛չ միայն պիտի հնձեն ինչ որ հիմա կը ցանեն, այլ մօտ ատենէն իրենց մեծագոյն «վա՜յ»ը՝ Եհովայէ եկած դատապարտութիւնը պիտի հնձեն։—Գաղատացիս 6։8
Սաղմոս 92։7–ն կ’ըսէ. «Ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին»։ Ուրիշ խօսքով, ամբարշտութեան խիստ առատ բերքը անվերջ պիտի չշարունակուի, որ բոլորին համար կեանքը անտանելի կը դարձնէ։ Արդարեւ, Յիսուս ըսաւ որ ամբարշտութեան օժանդակող ա՛յս «սերունդը» ինքն է որ պիտի անցնի ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին։ (Մատթէոս 24։3, 21, 34, Անթիլիաս) Ուստի, եթէ կ’ուզենք այդ նեղութենէն վերապրիլ, պէտք է Աստուծոյ չափանիշին համաձայն շիտակը սխալէն զանազանենք. անշուշտ ամէն տեսակ յանցագործութեան ո՛չ ըսելու բարոյական ոյժն ալ ունենանք։ Թէեւ ասիկա դիւրին չէ, բայց Եհովա մեզի քաջալերական օրինակներ տուած է Աստուածաշունչի ժամանակներէն եւ մեր օրերէն։
Երիտասարդէ մը Սորվինք, որ Ո՛չ Ըսաւ
Մանաւանդ պոռնկութեան ու շնութեան ո՛չ ըսելը կրնայ դժուար թուիլ, նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքէն եղող կարգ մը անհատներու համար։ Առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած Թիմըթին, իր սրտին մէջ ունէր երիտասարդ Յովսէփին օրինակը, որու մասին արձանագրուած է Ծննդոց 39։1-12–ի մէջ։ Յովսէփ բարոյական ոյժ ցոյց տուաւ, երբ իր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալու համար Եգիպտացի պաշտօնեայ Պետափրէսի կնոջ կողմէ յաճախակի հրաւէրներ ստացաւ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ Յովսէփ «չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. ‘ . . . Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ’»։
Յովսէփ ի՞նչպէս ունեցաւ այն բարոյական ոյժը, որպէսզի կարենար ո՛չ ըսել Պետափրէսի կնկան՝ օրէ օր։ Նախ՝ ան Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը շա՛տ աւելի արժեւորեց քան ռոպէական հաճոյքները։ Ասկէ զատ, թէեւ ինք աստուածային օրէնքի մը ներքեւ չէր (Մովսիսական Օրէնքը տակաւին տրուած չէր), բայց Յովսէփի համար յստակ էին բարոյական սկզբունքները. ան գիտէր թէ Պետափրէսի կուրօրէն սիրահարած կնկան հետ շնութիւն ընելը ոչ միայն անոր ամուսնոյն դէմ մեղանչել պիտի ըլլար, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ։—Ծննդոց 39։8, 9
Բացայայտօրէն, Յովսէփ հասկցած էր որ պէտք չէր նոյնիսկ ցանկութեան կայծը հրահրէր, որ կրնար կրքի անզսպելի ու անշէջ կրակը բռնկեցնել։ Քրիստոնեան պէտք է Յովսէփին օրինակին հետեւի։ 1 Յուլիս 1957–ի Դիտարան–ը (Անգլերէն) կը նշէր. «Ան պէտք է գիտակցի իր մարմնական տկարութեան եւ պէտք չէ խորհի որ ինք կրնայ կրքոտ ցանկութիւնները սուրբ գրային սահմաններուն հասցնել ու ապա հոն կենալ։ Նոյնիսկ երբ ատեն մը յաջողի ասիկա ընել, ան վերջապէս այդ սահմանագիծը անցնելով պիտի մեղանչէ։ Ասիկա վստահաբար պիտի պատահի, քանի որ սնուցանուած կիրքը պիտի սաստկանայ եւ աւելի պիտի բռնադատէ անհատը։ Անկէ ետք, անոր համար աւելի դժուար պիտի ըլլայ անոնց մասին չմտածել։ Իր լաւագոյն պաշտպանութիւնն է սկիզբէն իսկ անոնց ընդդիմանալ»։
Սկիզբէն իսկ ընդդիմանալը աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ շիտակին հանդէպ սէր ու սխալին հանդէպ ատելութիւն զարգացնենք։ (Սաղմոս 37։27) Բայց պէտք է շարունակենք անոր վրայ աշխատիլ՝ յարատեւել։ Եթէ այսպէս ընենք, Եհովայի օգնութեամբ շիտակի հանդէպ մեր սէրը եւ սխալի հանդէպ արհամարհանքը պիտի զօրանան։ Մինչ այդ, անշուշտ, պէտք է արթուն մնանք, ինչպէս Յիսուս խրատեց, անդադար աղօթելով որ փորձութենէ զերծ մնանք եւ չարէն ազատինք։—Մատթէոս 6։13. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17
Ո՛չ Ըսել Շրջապատի Ճնշումին
Յանցագործութեան մղող ուրիշ ազդեցութիւն մըն է շրջապատի ճնշումը։ Երիտասարդուհի մը խոստովանեցաւ. «Ես երկդիմի կեանք մը կը վարեմ. մէկը դպրոցին մէջ, ու միւսը՝ տան մէջ։ Դպրոցին մէջ, երախաներու շրջապատին մէջն եմ։ Բայց անոնք ամէն անգամ որ իրենց բերանը բանան՝ կը հայհոյեն։ Ես ալ ճիշդ իրենց նման կ’ըլլամ։ Ի՞նչ պէտք է ընեմ»։ Պահանջուածը տարբեր ըլլալու քաջութիւնն է, եւ այս քաջութիւնը ունենալու կերպերէն մէկն է Աստուածաշունչէն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներու՝ ինչպէս Յովսէփի՝ պատմութիւնը կարդալ ու անոր մասին մտածել։ Ուրիշ գեղեցիկ օրինակներ են Դանիէլ, Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով. չորս երիտասարդներ, որոնք իրենց հասակակիցներէն տարբեր ըլլալու քաջութիւնը ունեցան։
Բաբելոնի պալատին մէջ ուրիշ երիտասարդներու հետ ուսում ստանալով հանդերձ, այս չորս երիտասարդ Իսրայելացիներէն պահանջուեցաւ որ «թագաւորին ազնիւ կերակուր»ը ուտեն։ Չուզելով Մովսիսական Օրէնքի սննդականոնները ոտնակոխել, անոնք ո՛չ ըսին այս կերակուրներուն։ Ասիկա ոյժ կը պահանջէր եւ որեւէ բանէ աւելի, քանի որ այդ ճաշերը՝ «թագաւորին ազնիւ կերակուր»ները ըլլալով, հաւանաբար շատ ախորժաբեր էին։ Այդ երիտասարդները ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացան ներկայ Քրիստոնեաներուն, որոնք կրնան ոգելից ըմպելիներու, կամ թմրեցուցիչ ու ծխախոտ գործածելու փորձութեան ենթարկուիլ, նոյնիսկ ասոնք ընելու ճնշումի տակ գալով։—Դանիէլ 1։3-17
Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով նաեւ ապացուցանեցին այն ճշմարտութիւնը զոր Յիսուս Քրիստոս հետագային ըսաւ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ»։ (Ղուկաս 16։10) Համեմատաբար ուտելիքի փոքր հարցին մէջ քաջարի կեցուածք մը ունենալը, եւ Եհովայի պատճառած լաւ արդիւնքը տեսնելը անկասկած զիրենք զօրացուցին հետագային եկած աւելի լուրջ փորձին համար։ (Դանիէլ 1։18-20) Այս փորձութիւնը եկաւ, երբ անոնց պատուէր տրուեցաւ որ կռապաշտութեան մասնակից ըլլան, կրակով մահապատիժի սպառնալիքի ներքեւ։ Երեք երիտասարդները քաջաբար վճռեցին միայն Եհովան պաշտել, որեւէ հետեւանքի համար լիովին իրեն ապաւինելով։ Անգամ մը եւս Եհովա օրհնեց զիրենք, իրենց հաւատքին ու քաջութեան համար. այս անգամ զիրենք բոցերէն պաշտպանելով, երբ կրկին սաստիկ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուեցան։—Դանիէլ 3։1-30
Աստուծոյ Խօսքին մէջ տակաւին շատ ուրիշներու օրինակները կան, որոնք ո՛չ ըսին յանցագործութեան։ Մովսէս «չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ», հակառակ անոր որ ասիկա իրեն շատ պատեհութիւն պիտի տար Եգիպտոսի մէջ «մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»ու։ (Եբրայեցիս 11։24-26) Սամուէլ մարգարէն չուզեց իր հեղինակութիւնը շահագործել՝ կաշառք առնելով։ (Ա. Թագաւորաց 12։3, 4) Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները խիզախօրէն ո՛չ պատասխանեցին, երբ իրենց հրամայուեցաւ որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն։ (Գործք 5։27-29) Յիսուս ինքն ալ ո՛չ ըսաւ ամէն յանցագործութեան, մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը, երբ զինուորները իրեն «զմուռսով խառնուած գինի տուին»։ Զայն ընդունիլը կրնար ճակատագրական այդ պահուն իր վճռակամութիւնը տկարացնել։—Մարկոս 15։23. Մատթէոս 4։1-10
Ո՛չ Ըսել. Կենաց ու Մահուան Հարց մը
Յիսուս ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։—Մատթէոս 7։13, 14
Լայն ճամբան ժողովրդական է, քանի որ անոր մէջ քալելը հեշտ է։ Անոր ուղեկիցները ինքնագոհ, մարմնաւոր խորհուրդներու ու ճամբաներու անձնատուր եղած են եւ կ’ուզեն Սատանայի աշխարհին յարմարիլ, անկէ տարբեր չըլլալով։ Անոնք կը զգան որ Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները զիրենք բարոյապէս կը կաշկանդեն։ (Եփեսացիս 4։17-19) Սակայն Յիսուս մասնաւորեց որ լայն ճամբան «դէպի կորուստ կը տանի»։
Բայց Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ միայն քիչեր կ’ընտրեն նեղ ճամբան։ Քանի որ գլխաւորաբար միայն քիչեր կ’ուզեն որ Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները կառավարեն իրենց կեանքը եւ իրենց օգնեն, որ զիրենք շրջապատող յանցագործութեան բազմաթիւ հրապուրանքներուն ու պատեհութիւններուն դէմ դնեն։ Ասկէ զատ, համեմատաբար շատ քիչեր անօրէն ցանկութիւններու, շրջապատի ճնշումի եւ իրենց ընտրած ճամբուն համար որեւէ ծաղրանքի դէմ պայքարելու համար պատրաստուած են։—Ա. Պետրոս 3։16. 4։4
Ասոնք լիովին կը հասկնան թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ զգաց, երբ կը նկարագրէր մեղքին ո՛չ ըսելու իր մղած պայքարը։ Ներկայ աշխարհին նման, Պօղոսի ժամանակուան հռովմէական ու յունական աշխարհը յանցագործութեան միջամուխ ըլլալու համար պատեհութիւններու լայն ճամբայ մը կը հրամցնէր։ Պօղոս բացատրեց որ իր միտքը՝ որ գիտէր ինչ որ շիտակ է՝ իր մարմնին հետ յարատեւ ‘կը պատերազմէր’։ (Հռովմայեցիս 7։21-24) Այո, Պօղոս գիտէր որ իր մարմինը լաւ ծառայ մըն էր, բայց՝ գէշ տէր մը. ուստի սորվեցաւ անոր ո՛չ ըսել։ «Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ», գրեց ան։ (Ա. Կորնթացիս 9։27) Ան ի՞նչպէս կրցաւ իր մարմնին տիրել։ Ո՛չ թէ իր անձնական զօրութեամբ՝ որ ասոր համար բաւարար չէր՝ այլ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ։—Հռովմայեցիս 8։9-11
Որպէս հետեւանք, Պօղոս անկատար ըլլալով հանդերձ, մինչեւ վերջ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, ան կրցաւ գրել. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը»։—Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8
Մինչ մեր անկատարութիւններուն դէմ կը պայքարինք, շա՛տ քաջալերական օրինակներ ունինք մեր դիմաց. ո՛չ միայն Պօղոս, այլ նաեւ անոնք որոնք իրեն օրինակ ծառայեցին՝ ինչպէս Յովսէփ, Մովսէս, Դանիէլ, Սեդրաք, Միսաք, Աբեդնագով եւ շատ ուրիշներ։ Թէեւ անոնք անկատար մարդիկ էին, բայց այս հաւատքի տէր անհատներէն իւրաքանչիւրը յանցագործութեան ո՛չ ըսաւ։ Ասիկա ըրին ո՛չ թէ կամակորութեան կամ յամառութեան պատճառով, այլ Եհովայի հոգիին տուած բարոյական զօրութեան որպէս արդիւնք։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Անոնք հոգեւոր տղամարդիկ էին, որոնք Եհովայի բերնէն ելած ամէն խօսքին ծարաւը ունէին։ (Բ. Օրինաց 8։3) Անոր խօսքը կեանք կը նշանակէր իրենց համար։ (Բ. Օրինաց 32։47) Իսկ ամենէն աւելին, անոնք կը սիրէին Եհովան ու իրմէ կը վախնային, եւ իր օգնութեամբ՝ համբերութեամբ ատելութիւն մշակեցին յանցագործութեան հանդէպ։—Սաղմոս 97։10. Առակաց 1։7
Մենք ալ անոնց նմանինք։ Անշուշտ, յանցագործութեան բոլոր ձեւերուն ո՛չ ըսելու մէջ յարատեւելու համար, անոնց նման մենք ալ Եհովայի հոգիին կարիքը ունինք։ Եհովա առատօրէն կու տայ մեզի իր հոգին, եթէ անկեղծօրէն խնդրենք իրմէ, իր Խօսքը ուսումնասիրենք եւ կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու յաճախենք։—Սաղմոս 119։105. Ղուկաս 11։13. Եբրայեցիս 10։24, 25
Նիւթին սկիզբը յիշուած Թիմըթին, ուրախ եղաւ որ իր հոգեւոր կարիքները չանտեսեց։ Իր գործակիցին հետ խօսակցութիւնը լսած գործաւորուհին, որ անտեղիօրէն հրապուրուած էր Թիմըթիի անմեղութեամբ, հետագային գաղտագողի Թիմըթին իր տունը հրաւիրեց, երբ ամուսինը տունը չէր։ Թիմըթին մերժեց։ Ան դիւրութեամբ տեղի չտալով, Պետափրէսի կնոջ նման, այս հրաւէրը բազմիցս կրկնեց։ Թիմըթին ամէն անգամ հաստատ՝ բայց ազնուօրէն, ո՛չ ըսաւ։ Ան նոյնիսկ Աստուծոյ Խօսքէն լաւ վկայութիւն մը տուաւ այս կնոջ։ Ո՛չ ըսելու համար Եհովայի իրեն տուած բարոյական զօրութեան համար խորապէս երախտապարտ ըլլալով, Թիմըթին հիմա ամուսնացած է սիրուն Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը հետ։ Արդարեւ, Եհովա պիտի օրհնէ եւ զօրացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց քրիստոնէական ուղղամտութիւնը պահել՝ յանցագործութեան ո՛չ ըսելով։—Սաղմոս 1։1-3