Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 2/1 էջ 12-17
  • Եհովա շատ որդիներ փառքի մէջ կը մտցնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա շատ որդիներ փառքի մէջ կը մտցնէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փառքի Մէջ Մտցնել
  • «Աստուծմէ Ծնած»
  • Աստուծմէ Ծնանելու Ապացոյցներ
  • Հոգիին Վկայութիւնը
  • Մասնայատուկ Ուխտերու Մէջ Պարփակուած
  • Կանչուած, Ընտրուած եւ Հաւատարիմ
  • Երկնային քաղաքացիութիւն ունեցող քրիստոնեայ վկաներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Շուտով՝ Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • ‘Ես ձեզի Թագաւորութիւն մը կ’ուխտեմ’
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • «Ճշմարտութեան հոգին» ստացա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 2/1 էջ 12-17

Եհովա շատ որդիներ փառքի մէջ կը մտցնէ

«Որովհետեւ կը վայլէ, որ [Աստուած] . . . շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2։10

1. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ մարդկութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը պիտի կատարուի։

ԵՀՈՎԱ երկիրը ստեղծեց, որպէսզի անվերջ կեանք մը վայելող մարդկային կատարեալ ընտանիքի մը յաւիտենական տունը ըլլայ։ (Ժողովողի 1։4. Եսայեայ 45։12, 18) Շիտակ է որ մեր նախահայրը Ադամ մեղանչեց ու այսպէս մեղքն ու մահը իր սերունդին փոխանցեց։ Սակայն, մարդկութեան համար Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործուի իր Խոստացեալ Սերունդին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ։ (Ծննդոց 3։15. 22։18. Հռովմայեցիս 5։12-21. Գաղատացիս 3։16) Մարդկային աշխարհին հանդէպ Եհովայի սէրը մղեց զինք որ «իր միածին Որդին տ[այ], որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Իսկ սէրը մղեց Յիսուսը «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Այս «համապատասխան փրկանք»ը Ադամի կորսնցուցած իրաւունքներն ու հեռանկարները կը վերագնէ եւ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ։—Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6, ՆԱ. Յովհաննու 17։3

2. Յիսուսի փրկանքի զոհին կիրարկումը ի՞նչպէս նախապատկերացուած էր Իսրայէլի տարեկան տօնակատարած Քաւութեան Օրով։

2 Յիսուսի փրկանքի զոհագործութիւնը նախապատկերացուած էր տարին անգամ մը տօնակատարուող Քաւութեան Օրով։ Այդ օրը, Իսրայէլի քահանայապետը որպէս մեղքի պատարագ, նախ զուարակ մը կը զոհէր ու անոր արիւնը տաղաւարին իսկ ետքը՝ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ գտնուող սրբազան Տապանակին առջեւ կը ներկայացնէր։ Ասիկա իր, իր ընտանիքին ու Ղեւիի ցեղին համար կը կատարուէր։ Նմանապէս, Յիսուս Քրիստոս իր արեան արժէքը Աստուծոյ ներկայացուց, նախ՝ իր հոգեւոր «եղբայրներ»ուն մեղքերը քաւելու համար։ (Եբրայեցիս 2։12. 10։19-22. Ղեւտացւոց 16։6, 11-14) Քաւութեան Օրը, քահանայապետը նաեւ նոխազ մը կը զոհէր որպէս մեղքի պատարագ ու անոր արիւնը Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ կը ներկայացնէր, Իսրայէլի քահանայական ցեղէն չեղող 12 ցեղերուն մեղքերուն քաւութեան համար։ Նմանապէս, Քահանայապետ Յիսուս Քրիստոս իր կեանքի արիւնը պիտի կիրարկէ հաւատք ընծայող մարդկութեան համար, անոնց մեղքերը ջնջելով։—Ղեւտացւոց 16։15

Փառքի Մէջ Մտցնել

3. Եբրայեցիս 2։9, 10–ին համաձայն, Աստուած 1,900 տարիներէ ի վեր ի՞նչ կ’ընէ։

3 Շուրջ 1,900 տարիներու ընթացքին, Աստուած Յիսուսի «եղբայրներ»ուն առնչութեամբ արտակարգ բան մը կ’ընէր։ Այս մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։ Որովհետեւ կը վայլէ, որ [Եհովա Աստուած] (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ»։ (Եբրայեցիս 2։9, 10) Փրկութեան Գլխաւոր Առաջնորդը Յիսուս Քրիստոս է, որ երկրի վրայ որպէս մարդ ապրած ժամանակաշրջանին, իր տառապանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։ (Եբրայեցիս 5։7-10) Յիսուս առաջին անհատն էր որ ծնաւ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդի մը։

4. Յիսուս ե՞րբ ու ի՛նչպէս ծնաւ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր Որդին։

4 Եհովա իր սուրբ հոգին կամ գործօն ոյժը գործածեց, Յիսուսը որպէս իր հոգեւոր Որդին ծնանելու համար, որպէսզի զայն երկնային փառքի մտցնէ։ Երբ Յովհաննէս Մկրտիչի հետ առանձին էր, Յիսուս ամբողջովին ջուրին մէջ մխրճուեցաւ՝ իր անձը Աստուծոյ ներկայացնելը խորհրդանշելու համար։ Ղուկասի Աւետարանին համաձայն. «Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. ‘Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ’»։ (Ղուկաս 3։21, 22) Յովհաննէս սուրբ հոգիին Յիսուսի վրայ իջնելը տեսաւ ու լսեց որ Եհովա բացայայտօրէն իր հաւանութիւնը կ’արտայայտէր, թէ ան Իր սիրելի Որդին էր։ Այն ժամանակ ու սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա Յիսուսը ծնաւ որպէս առաջինը՝ այն ‘շատ մը որդիներէն որոնք փառքը պիտի մտնեն’։

5. Յիսուսի զոհագործութենէն առաջին օգտուողները որո՞նք են, եւ անոնք թիւով քանի՞ հոգի են։

5 Յիսուսի «եղբայրներ»ը իր զոհագործութենէն առաջին օգտուողները եղան։ (Եբրայեցիս 2։12-18) Տեսիլքով մը, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ որ անոնք արդէն երկնային Սիօն Լերան վրայ փառաւորեալ վիճակի մէջ են, Գառնուկին՝ յարուցուած Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ հետ։ Յովհաննէս անոնց թիւն ալ յայտնեց, ըսելով. «Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։ . . . Ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են»։ (Յայտնութիւն 14։1-5) Հետեւաբար, երկնքի մէջ ‘փառքը մտած շատ որդիներուն’ թիւը միայն 144,001 է՝ Յիսուս եւ իր հոգեւոր եղբայրները։

«Աստուծմէ Ծնած»

6, 7. Որո՞նք «Աստուծմէ ծնած» են, եւ ասիկա անոնց համար ի՞նչ կը նշանակէ։

6 Եհովայի կողմէ որդեգրուածները կոչուած են «Աստուծմէ ծնած»ներ։ Յովհաննէս առաքեալ իր խօսքերը այսպիսի անհատներու ուղղելով, գրեց. «Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր [Եհովայի] [«վերարտադրողական», ՆԱ] սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է»։ (Ա. Յովհաննու 3։9) Այս «վերարտադրողական սերմը» Աստուծոյ սուրբ հոգին է։ Սուրբ հոգին, Աստուծոյ Խօսքին հետ միասին գործելով, 144,000–էն իւրաքանչիւրին երկնային յոյսի համար «նոր ծնունդ մը» տուած է։—Ա. Պետրոս 1։3-5, 23, ՆԱ։

7 Իր մարդկային ծնունդով, Յիսուս Աստուծոյ երկրային Որդին եղաւ, ինչպէս որ կատարեալ մարդը՝ Ադամ՝ ‘Աստուծոյ որդին’ էր։ (Ղուկաս 1։35. 3։38) Սակայն, Յիսուսի մկրտութենէն ետք, Եհովայի յայտարարութիւնը յատկանշական էր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մարկոս 1։11) Սուրբ հոգին իջնելով, այս յայտարարութիւնը բացայայտ դարձուց որ Աստուած ա՛յն ատեն Յիսուսը ծնաւ որպէս իր հոգեւոր Որդին։ Այլաբանօրէն խօսելով, Յիսուս ա՛յն ատեն էր որ «նոր ծնունդ մը» ստացաւ, որպէս Աստուծոյ հոգեղէն Որդի մը դարձեալ երկնային կեանք ստանալու իրաւունքով։ Իրեն նման, իր 144,000 հոգեւոր եղբայրները ‘նորէն կը ծնանին’։ (Յովհաննու 3։1-8. Տես՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1992, էջ 3-6, Անգլերէն։) Նաեւ Յիսուսի նման, անոնք Աստուծոյ կողմէ կ’օծուին ու բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւն կը ստանան։—Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։16-21. Ա. Յովհաննու 2։20

Աստուծմէ Ծնանելու Ապացոյցներ

8. Հոգիէն ծնած ըլլալու ի՞նչ ապացոյց կայ (ա) Յիսուսի պարագային (բ) իր նախկին աշակերտներուն պարագային։

8 Յիսուսի՝ հոգիէն ծնած ըլլալուն ապացոյցներ կային։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսի վրայ հոգիին իջնելը տեսաւ ու լսեց նոր օծուած Մեսիային հոգեւոր որդիութեան նկատմամբ Աստուծոյ ըրած յայտարարութիւնը։ Սակայն, Յիսուսի աշակերտները ի՞նչպէս պիտի գիտնային որ իրենք հոգիէն ծնած էին։ Երկինք համբարձած օրը, Յիսուս ըսաւ. «Իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։ (Գործք 1։5) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի աշակերտները ‘սուրբ հոգիով մկրտուեցան’։ Հոգիին այդ թափուելուն ընկերակցեցաւ ‘սաստկաշունչ հովի ձայնին պէս երկնքէն ձայն մը’ եւ աշակերտներուն ամէն մէկուն վրայ ‘կրակէ լեզուներ’ երեւցան։ Ամենէն աչքառու բանն էր՝ աշակերտներուն կարողութիւնը ‘ուրիշ լեզուներով խօսելու, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար’։ Հետեւաբար, տեսանելի ու լսելի ապացոյցներ կային թէ՝ Քրիստոսի հետեւորդներուն առջեւ որպէս Աստուծոյ որդիներ երկնային փառքի ճամբան բացուած էր։—Գործք 2։1-4, 14-21. Յովելեայ 2։28, 29

9. Ի՞նչ ապացոյց կար որ Սամարացիները, Կոռնելիոս եւ առաջին դարէն ուրիշներ հոգիէն ծնած էին։

9 Ասկէ ժամանակ մը ետք, աւետարանիչ Փիլիպպոս Սամարիոյ մէջ քարոզեց։ Թէեւ Սամարացիները իր պատգամը ընդունելով մկրտուեցան, անոնք փաստ չունէին որ Աստուած զիրենք որպէս որդիներ ծնած էր։ Երբ Պետրոս ու Յովհաննէս առաքեալները իրենց ձեռքերը այդ հաւատացեալներուն վրայ դնելով աղօթեցին, անոնք ‘սուրբ հոգին առին’, ներկաներուն բացայայտ եղող կերպով մը։ (Գործք 8։4-25) Ասիկա ապացոյց մըն էր որ հաւատացեալ Սամարացիները հոգիէն ծնանելով Աստուծոյ որդիները եղած էին։ Նմանապէս, Հ.Դ. 36–ին, Կոռնելիոս եւ ուրիշ հեթանոսներ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Պետրոս ու իրեն ընկերակցող Հրեայ հաւատացեալները «զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր եւ կը լսէին անոնց ուրիշ լեզուներով խօսիլը եւ Աստուած կը փառաւորէին»։ (Գործք 10։44-48) Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն շատեր «հոգիին պարգեւներ»ը ստացան, ինչպէս լեզուներ խօսիլը։ (Ա. Կորնթացիս 14։12, 32, ՆԱ) Այս կերպով, այդ անհատները յստակ ապացոյցներ ունեցան թէ հոգիէն ծնած էին։ Սակայն, հետագայի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պիտի գիտնային թէ իրենք հոգիէն ծնած էին թէ ոչ։

Հոգիին Վկայութիւնը

10, 11. Հռովմայեցիս 8։15-17–ի համաձայն, ի՞նչպէս կը բացատրէք այն գաղափարը թէ հոգին Քրիստոսի ժառանգակիցներուն կը վկայէ։

10 Բոլոր 144,000 օծեալ Քրիստոնեաները բացարձակ ապացոյց ունէին որ Աստուծոյ հոգին ունին։ Ասոր նկատմամբ, Պօղոս գրեց. «Դուք . . . որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք»։ (Հռովմայեցիս 8։15-17) Օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկնաւոր Հօրը հանդէպ տիրական եղող որդիական որոշ զգացում մը ունին։ (Գաղատացիս 4։6, 7) Անոնք բացարձակապէս վստահ են թէ Աստուծմէ ծնած են հոգեւոր որդիներ ու Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ ըլլալու՝ երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Ասոր մէջ Եհովայի սուրբ հոգին որոշ դեր կը խաղայ։

11 Աստուծոյ սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, օծեալներուն տրամադրութիւնը կամ տիրական եղող մտավիճակը կը ստիպէ զիրենք որ երկնային յոյսին մասին Աստուծոյ Խօսքին ըսածները անձնապէս կիրարկեն։ Օրինակի համար, երբ կը կարդան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Եհովայի հոգեւոր զաւակներուն մասին, անոնք ինքնաբերաբար կը գիտակցին թէ այս խօսքերը իրենց ուղղուած են։ (Ա. Յովհաննու 3։2) Անոնք գիտեն թէ Յիսուս Քրիստոսով ու անոր մահուանը ‘մկրտուած’ են։ (Հռովմայեցիս 6։3) Անոնց հաստատ համոզումն է թէ իրենք Աստուծոյ հոգեւոր որդիներն են, որոնք Յիսուսի նման պիտի մեռնին ու երկնային փառքի համար յարութիւն պիտի առնեն։

12. Աստուծոյ հոգին օծեալ Քրիստոնեաներուն մէջ ի՞նչ ցանած է։

12 Որպէս հոգեւոր որդի ծնանիլը ինքնամշակուած փափաք մը չէ։ Հոգիէն ծնած անհատները երկրի ներկայ դժուարութիւններէն ազատուելու համար չէ որ կ’ուզեն երկինք երթալ։ (Յոբայ 14։1) Այլ, Եհովայի հոգին իսկական օծեալներուն մէջ ցանած է առ հասարակ մարդկութեան օտար եղող յոյս ու փափաք։ Հոգիէն ծնած այս անհատները գիտեն թէ որպէս կատարեալ մարդիկ, ուրախ ընտանիքով ու բարեկամներով շրջապատուած, դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքը սքանչելի բան մըն է։ Սակայն, այսպիսի կեանք մը իրենց սրտին գլխաւոր փափաքը չէ։ Օծեալները երկնային այնպիսի զօրաւոր յոյս մը ունին, որ յօժարակամօրէն երկրային բոլոր հեռանկարները ու կապերը կը զոհեն ատոր սիրոյն։—Բ. Պետրոս 1։13, 14

13. Բ. Կորնթացիս 5։1-5–ի համաձայն, Պօղոսի ‘փափաքածը’ ի՞նչ էր, եւ հոգիէն ծնած անհատներուն մասին ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

13 Այսպիսիներուն մէջ, երկնային կեանքի աստուածատուր յոյսը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ անոնք Պօղոսի նման զգացումներ ունին, որ գրեց. «Գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։ Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով. միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։ Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։ Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը»։ (Բ. Կորնթացիս 5։1-5) Պօղոս ‘կը փափաքէր’ երկինք յարուցուիլ որպէս անմահ հոգեւոր արարած մը։ Մարդկային մարմնին ակնարկելով, ան փոխաբերաբար նմանցուց զայն խորտակելի վրանի մը, որ տան մը հետ բաղդատած, դիւրաբեկ ու ժամանակաւոր բնակարան մըն է։ Թէեւ ֆիզիքական մահկանացու մարմինով մը երկրի վրայ կ’ապրին, սակայն գալիք երկնային կեանքի որպէս գրաւական սուրբ հոգին ունեցող Քրիստոնեաները կ’ակնկալեն ‘Աստուծմէ շինուածք մը’, անմահ ու անապական հոգեւոր մարմին մը։ (Ա. Կորնթացիս 15։50-53) Պօղոսի նման, անոնք անձկալից կրնան ըսել. «Վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք [մարդկային] մարմնէն հեռանալ ու [երկինք] Տէրոջը քով կենալ»։—Բ. Կորնթացիս 5։8

Մասնայատուկ Ուխտերու Մէջ Պարփակուած

14. Երբ Յիշատակատօնը կը հաստատէր, Յիսուս սկիզբը ո՞ր ուխտը յիշեց, եւ անիկա ի՞նչ դեր կը խաղայ հոգեւոր Իսրայելացիներուն առնչութեամբ։

14 Հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները վստահ են որ երկու մասնայատուկ ուխտերու մէջ պարփակուած են։ Յիսուս ասոնցմէ մէկը յիշեց, երբ ան անխմոր հաց ու գինի գործածեց իր մօտալուտ մահուան Յիշատակատօնը հիմնելու համար, գինիով լեցուն գաւաթին մասին ըսելով. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։ (Ղուկաս 22։20. Ա. Կորնթացիս 11։25) Որո՞նք են նոր ուխտին երկու կողմերը։ Եհովա եւ հոգեւոր Իսրայէլի անդամները՝ երկնային փառքի մտցնելու համար Եհովայի նպատակադրած անհատները։ (Երեմեայ 31։31-34. Գաղատացիս 6։15, 16. Եբրայեցիս 12։22-24) Յիսուսի թափուած արիւնով ի զօրու եղած նոր ուխտը, Եհովայի անուան համար ազգերէն ժողովուրդ մը կ’առնէ եւ հոգիէն ծնած այս Քրիստոնեաները Աբրահամի «սերունդ»ին մէկը մասը կ’ընէ։ (Գաղատացիս 3։26-29. Գործք 15։14) Նոր ուխտը հոգեւոր բոլոր Իսրայելացիները կը պատրաստէ՝ երկնքի մէջ անմահ կեանքի յարուցուելով փառքի մէջ մտնելու։ «Յաւիտենական ուխտ» մը ըլլալով, անոր օգուտները յաւիտեան պիտի տեւեն։ Ապագան պիտի գիտցնէ թէ այս ուխտը ուրիշ կերպերով ալ դեր մը պիտի խաղա՞յ Հազարամեայի ընթացքին եւ անկէ ետք՝ թէ ոչ։—Եբրայեցիս 13։20

15. Ղուկաս 22։28-30–ի համաձայն, Յիսուսի օծեալ հետեւորդները ուրիշ ո՞ր ուխտին մէջ սկսան պարփակուիլ եւ ե՛րբ։

15 Այն «շատ որդիներ»ը զորոնք Եհովա նպատակադրած էր փառքի մէջ մտցնել, անհատապէս երկնային Թագաւորութեան ուխտին մէջ պարփակուած են։ Իր ու իր քայլերուն հետեւողներուն միջեւ եղած այս ուխտին նկատմամբ, Յիսուս ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Ղուկաս 22։28-30) Թագաւորութեան ուխտը ի զօրու դարձաւ, երբ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի աշակերտները սուրբ հոգիով օծուեցան։ Քրիստոսի ու իր իշխանակից թագաւորներուն միջեւ եղած այդ ուխտը յաւիտեան ի զօրու կը մնայ։ (Յայտնութիւն 22։5) Հետեւաբար, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները վստահ են որ իրենք թէ՛ նոր ուխտին եւ թէ Թագաւորութեան համար եղած ուխտին մէջ են։ Ուստի, Տէրոջը Ընթրիքի տօնակատարութիւններուն, միայն տակաւին երկրի վրայ մնացած յարաբերաբար քիչ թիւով օծեալներ կը մասնակցին հացին, որ Յիսուսի անմեղ մարդկային մարմինը կը ներկայացնէ, ու գինիին, որ մահով թափուած իր կատարեալ արեան կ’ակնարկէ եւ նոր ուխտը կը վաւերացնէ։—Ա. Կորնթացիս 11։23-26. տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1989, էջ 17-20։

Կանչուած, Ընտրուած եւ Հաւատարիմ

16, 17. (ա) Փառքի մէջ մտնելու համար, 144,000–ի բոլոր անդամները ի՞նչ պէտք է փաստեն։ (բ) Որո՞նք են «տասը թագաւորներ»ը, եւ անոնք Քրիստոսի «եղբայրներ»ուն երկրային մնացորդին հանդէպ ի՞նչպիսի վերաբերմունք կ’ունենան։

16 Յիսուսի փրկանքի զոհին առաջին կիրարկումը կարելի կը դարձնէ որ 144,000 անհատներ երկնային կեանքի կանչուին ու ընտրուին, Աստուծոյ կողմէ հոգիէն ծնելով։ Անշուշտ փառքի մէջ մտցուելու համար, անոնք պէտք է ‘աւելի ջանք ընեն որ իրենց կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատեն’ ու մինչեւ մահ պէտք է հաւատարիմ մնան։ (Բ. Պետրոս 1։10. Եփեսացիս 1։3-7. Յայտնութիւն 2։10) Տակաւին երկրի վրայ եղող օծեալներու պզտիկ մնացորդը իր ուղղամտութիւնը կը պահէ, թէեւ քաղաքական բոլոր պետութիւնները պատկերացնող «տասը թագաւորներ»ը անոր կը հակառակին։ Հրեշտակ մը ըսաւ. «Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։—Յայտնութիւն 17։12-14

17 Մարդկային կառավարիչները «թագաւորներուն Թագաւոր»ին՝ Յիսուսի՝ դէմ բան մը չեն կրնար ընել, քանի որ ան երկնքի մէջ է։ Սակայն, անոնք տակաւին երկրի վրայ եղող իր «եղբայրներ»ուն մնացորդին հանդէպ թշնամութիւն կը ցուցաբերեն։ (Յայտնութիւն 12։17) Այս թշնամութիւնը վերջ պիտի գտնէ Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին, երբ «թագաւորներուն Թագաւոր»ին եւ իր «կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ» «եղբայրներ»ուն յաղթանակը ապահովուած է։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Մինչ այդ, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները շատ զբաղած են։ Անոնք ի՞նչ կ’ընեն ներկայիս, Եհովայի կողմէ փառքի մէջ մտցուելէ առաջ։

Ձեր Պատասխանը Ի՞նչ Է

◻ Աստուած որո՞նց ‘երկնային փառքի կը մտցնէ’։

◻ Ի՞նչ կը նշանակէ «Աստուծմէ ծնած» ըլլալ։

◻ Ի՞նչպէս «հոգին վկայութիւն կու տայ» Քրիստոնեաներէն ոմանց։

◻ Հոգիէն ծնած անհատներ ո՞ր ուխտերուն մէջ պարփակուած են։

[Նկար՝ էջ 15]

Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, ապացոյց տրուեցաւ թէ երկնային փառքի ճամբան բացուած էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել