Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 3/1 էջ 3-6
  • Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի համար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի համար
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՅՆՊԷՍ ՍԻՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԸ»
  • «ԻՐ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴԻՆ ՏՈՒԱՒ»
  • «ԱՄԷՆ Ո՛Վ ՈՐ ԱՆՈՐ ՀԱՒԱՏԱՅ»
  • «ՉԿՈՐՍՈՒԻ, ՀԱՊԱ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱՅ»
  • ԱՍՏՈՒԱԾ ՇԱՏ ԲԱՆԵՐ ԸՐԱԾ Է
  • Յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յիսուսի մահը ի՛նչպէս կրնայ քեզ փրկել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 3/1 էջ 3-6
Հայր մը եւ իր տղան միասին բնութիւնը կը վայելեն

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի համար

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։

Վերոնշեալ համարը Աստուածաշունչի ամէնէն հանրածանօթ եւ մէջբերուած համարներէն մէկն է։ Ըսուած է թէ ուրիշ ո՛չ մէկ համար «այսքան ճշգրտութեամբ կ’ամփոփէ մարդկութեան հետ Աստուծոյ փոխյարաբերութիւնը եւ փրկութեան ճամբան»։ Այս պատճառով, կարգ մը երկիրներու մէջ այս համարը, կամ նոյնիսկ «Յովհաննէս 3։16» նշումը, յաճախ կը ցուցադրուի հանրային հաւաքոյթներու մէջ, ինքնաշարժի կպիչներով, եւ այլուր։

Շատ հաւանաբար, անոնք որոնք այս համարը կը ցուցադրեն, համոզուած են թէ Աստուծոյ սէրը իրենց յաւիտենական փրկութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ Աստուծոյ սէրը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար։ Եւ քու կարծիքովդ, Աստուծոյ ո՞ր արարքը կը յայտնէ քեզի հանդէպ իր սէրը։

«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՅՆՊԷՍ ՍԻՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԸ»

Շատեր կը միտին Աստուծոյ վերագրել ֆիզիքական տիեզերքի, բնութեան եւ մարդկութեան ստեղծագործութիւնը։ Ապրող էակները այնքա՛ն բարդ են եւ լաւ կազմուածք ունին, որ վստահաբար իրենց գոյութիւնը մեծ ուշիմութիւն պահանջած է։ Շատ մը մարդիկ ամէն օր Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեն կեանքի պարգեւին համար։ Անոնք նաեւ կը գիտակցին, թէ ամբողջովին Աստուծմէ կախեալ են կեանքի բոլոր անհրաժեշտութիւններուն համար,– ինչպէս՝ օդը, ջուրը, ուտելիքը եւ երկրին բնական շրջանները,– որպէսզի կարենան շարունակել ապրիլ եւ իրենց ըրածը վայելել։

Լաւ կ’ըլլայ որ այս բոլոր բաներուն համար Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնենք, քանի որ ան իսկապէս մեր Արարիչն ու Հայթայթիչն է (Սաղմոս 104։10-28. 145։15, 16. Գործք 4։24)։ Մեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը կ’արժեւորենք, երբ կը մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին որ կ’ընէ, մեր կեանքի գոյատեւումը կարելի դարձնելու համար։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «[Աստուած] կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։25, 28)։

Սակայն Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը միայն մեզ ֆիզիքապէս հոգալով չի յայտներ։ Ան նաեւ մեծարած եւ պատուած է մեզ, տալով հոգեւոր կարողութիւն եւ օգնելով որ զայն գոհացնենք (Մատթէոս 5։3)։ Այսպիսով, հնազանդ մարդկութիւնը Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը՝ իր «որդիներ»ը ըլլալու հեռանկարը ունի (Հռովմայեցիս 8։19-21)։

Ինչպէս Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ, Աստուած իր սէրը ցոյց տուաւ, իր Որդին՝ Յիսուսը երկիր ղրկելով, որպէսզի սորվեցնէ իր Հօր մասին եւ մեզի համար մեռնի։ Սակայն, շատեր հաւանաբար խոստովանին որ իսկապէս չեն հասկնար, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ էր որ Յիսուս մարդկութեան համար մեռնէր, եւ թէ անոր մահը ինչպէ՛ս մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն մէկ արտայայտութիւնն է։ Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը բացատրէ Յիսուսի մահուան պատճառն ու արժէքը։

«ԻՐ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴԻՆ ՏՈՒԱՒ»

Ամբողջ մարդկութիւնը մահկանացու է եւ հիւանդանալու, ծերանալու եւ մեռնելու ենթակայ է։ Սակայն Եհովա Աստուած սկիզբը ասիկա չէր մտադրած։ Ան առաջին մարդուն եւ կնոջ տուաւ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։ Բայց պայման մը կար. անոնք պէտք էր որ իրեն հնազանդէին։ Աստուած ըսաւ որ եթէ ընտրէին չհնազանդիլ, պիտի մեռնէին (Ծննդոց 2։17)։ Առաջին մարդը իրապէս Աստուծոյ հեղինակութեան դէմ ըմբոստացաւ, եւ իր ու իր զարմին վրայ մահը բերաւ։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։

Սակայն Աստուած «կը սիրէ իրաւունքը» (Սաղմոս 37։28)։ Թէեւ ան չէր կրնար անտեսել առաջին մարդուն կողմէ դիտումնաւոր օրինազանցութիւնը, բայց ամբողջ մարդկութիւնը յաւիտեան տառապանքի եւ մահուան չդատապարտեց։ Ընդհակառակը, «անձի տեղ անձ» օրինական սկզբունքը կիրարկելով, ան արդարութեան կշիռքին երկու կողմերը հաւասարեցուց եւ հնազանդ մարդկութեան համար յաւիտենական կեանքը անգամ մը եւս կարելի դարձուց (Ելից 21։23)։ Սակայն կը մնայ հարցնել. Ադամի կորսնցուցած կատարեալ կեանքը ինչպէ՞ս կարելի էր վերստանալ։ Պատասխանը. անձ մը պէտք էր զոհէր Ադամի կեանքին համահաւասար եղող կեանք մը,– մարդկային կատարեալ կեանք մը։

Յիսուս երկինքէն կը դիտէ երկրագունդը եւ մարդկութիւնը, որ Աստուծոյ սիրոյն կարիքը ունի

Յիսուս յօժարակամ երկիր եկաւ եւ իր կեանքը զոհեց, մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատելու համար

Յստակ է որ Ադամի անկատար զարմէն ո՛չ մէկը կրնար այսպիսի գին մը վճարել. բայց Յիսուս կրնա՛ր (Սաղմոս 49։6-9)։ Ժառանգուած մեղքին բիծը չունենալով, ան կատարեալ էր՝ ճիշդ ինչպէս որ Ադամ նախապէս էր։ Ուստի, իր կեանքը յանձնելով, Յիսուս մարդկութիւնը մեղքի ստրկութենէն փրկեց։ Այսպէս, ան առաջին մարդկային զոյգի զարմին պատեհութիւն տուաւ, որ Ադամի ու Եւայի ատեն մը վայելած նոյն կատարեալ կեանքը վայելէ (Հռովմայեցիս 3։23, 24. 6։23)։ Այս սիրոյ մեծ արարքէն օգտուելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

«ԱՄԷՆ Ո՛Վ ՈՐ ԱՆՈՐ ՀԱՒԱՏԱՅ»

Յովհաննէս 3։16–ին դառնալով, նկատենք հետեւեալ խօսքերը. «Որպէս զի ամէն ո՛վ որ [Յիսուսի] հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանալը պայմանական է։ Եթէ կ’ուզենք «յաւիտենական կեանք» ունենալ, Յիսուսի պէտք է հաւատանք եւ անոր հնազանդինք։

Թերեւս հարց տաս. ‘Հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս պարփակուած է։ Յիսուս չը՞սաւ թէ «ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ» յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ’։ Այո, հաւատքը անհրաժեշտ է։ Սակայն, կարեւոր է յիշել, թէ Աստուածաշունչին մէջ հաւատքը պարզապէս Յիսուսի գոյութեան հաւատալէն աւելին է։ Բառարանի մը համաձայն, բնագիր լեզուին մէջ Յովհաննէսի գործածած բառը կը հաղորդէ «ապաւինելու եւ ոչ թէ պարզապէս դաւանելու» գաղափարը (Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words)։ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու եւ իրեն ապաւինելու համար, չի բաւեր որ անհատը ընդունի Յիսուսը որպէս Փրկիչ։ Ան պէտք է նաեւ անկեղծօրէն ջանայ Յիսուսի ուսուցումները կիրարկել։ Առանց գործերու, հաւատքի որեւէ դաւանութիւն կեղծ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակոբոս 2։26)։ Ուրիշ խօսքով, անհատէն պահանջուած է որ Յիսուսի հանդէպ հաւատք ի գործ դնէ, այսինքն, իր հաւատքին համաձայն ապրի։

Պօղոս այս կէտը կը բացատրէ հետեւեալ կերպով. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ. . . Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։ Յիսուսի զոհաբերութեան համար երախտապարտ ըլլալը պէտք է մեզ մղէ, որ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք,– անձնասիրաբար մեր անձին համար ապրելէ դադրինք եւ Յիսուսին համար ապրինք։ Այս կը նշանակէ առաջնահերթութիւն տալ Յիսուսի ուսուցումները կիրարկելուն։ Այսպիսի փոփոխութիւն մը անպայման պիտի ազդէ մեր արժանիքներուն, ընտրութիւններուն եւ մեր բոլոր ըրածներուն վրայ։ Իսկ ինչպէ՞ս պիտի վարձատրուին անոնք, որոնք Յիսուսի կը հաւատան եւ իրենց հաւատքը ի գործ կը դնեն։

«ՉԿՈՐՍՈՒԻ, ՀԱՊԱ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱՅ»

Յովհաննէս 3։16–ի վերջին մասը Աստուծոյ խոստումը կը հաղորդէ անոնց, որոնք փրկանքի կարգադրութեան կը հաւատան եւ աստուածային չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին։ Աստուած կ’ըսէ, թէ այսպիսի հաւատարիմ մը պիտի «չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Սակայն, Աստուծոյ սէրէն օգտուողները ապագային նկատմամբ երկու տարբեր հեռանկարներ ունին։

Յիսուս խումբի մը խոստացաւ յաւիտենական կեանք երկինքի մէջ։ Ան իր հաւատարիմ աշակերտներուն յստակօրէն ըսաւ, թէ իրենց տեղ պիտի պատրաստէր, որպէսզի իրեն հետ փառքով իշխեն (Յովհաննէս 14։2, 3. Փիլիպպեցիս 3։20, 21)։ Երկնային կեանքի համար յարուցանուողները «Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։

Քրիստոսի հետեւորդներէն միայն սահմանափակ թիւով անհատներ այս առանձնաշնորհումը պիտի ստանային։ Իրականութեան մէջ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։ Այդ «պզտիկ հօտ»ը քանի՞ հոգի պիտի պարփակէր։ Յայտնութիւն 14։1, 4–ը կ’ըսէ. «Տեսայ, որ Գառնուկը [յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս] կայներ էր [երկնային] Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։ . . .Ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու»։ Ի մտի ունենալով այն միլիառաւոր անհատները որոնք ապրած են, 144,000–ը իսկապէս «պզտիկ հօտ» մը կը կազմեն։ Անոնք նկարագրուած են որպէս թագաւորներ, ուստի որո՞նց վրայ պիտի իշխեն։

Յիսուս խօսեցաւ հաւատարիմ անհատներու երկրորդ խումբի մը մասին, որ երկնային Թագաւորութենէն պիտի օգտուի։ Ըստ Յովհաննէս 10։16–ին, Յիսուս ըսաւ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ»։ Այս «ոչխարներ»ը կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ,– նոյն հեռանկարը որ Ադամ ու Եւա սկիզբը ունէին։ Ինչպէ՞ս գիտենք թէ անոնց ապագան երկրի վրայ է։

Աստուածաշունչը բազմաթիւ առիթներով կը խօսի երկրի վրայ գալիք դրախտային վիճակներու մասին։ Օրինակ, կրնաս Աստուածաշունչդ բանալ եւ կարդալ հետեւեալ համարները. Սաղմոս 37։9-11. 46։8, 9. 72։7, 8, 16. Եսայի 35։5, 6. 65։21-23. Մատթէոս 5։5. Յովհաննէս 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։4։ Այս համարները կը նախագուշակեն թէ ա՛լ պատերազմ, սով, հիւանդութիւն եւ մահ պիտի չըլլան։ Անոնք կը խօսին ժամանակի մը մասին, երբ բարի մարդիկը պիտի կարենան իրենց անձնական տուները շինել, իրենց սեփական արտը մշակել եւ խաղաղ միջավայրի մէջ իրենց զաւակները մեծցնելa։ Այս հեռանկարով չե՞ս հրապուրուիր։ Մենք լաւ պատճառ ունինք հաւատալու թէ այդ խոստումները շուտով պիտի իրականանան։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՇԱՏ ԲԱՆԵՐ ԸՐԱԾ Է

Եթէ պահ մը կանգ առնելով նկատի առնես թէ Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի եւ ամբողջ մարդկութեան համար, յստակ պիտի դառնայ թէ ան արդէն իսկ շա՜տ բաներ ըրած է։ Մենք ունինք կեանք, ուշիմութիւն, որոշ չափով առողջութիւն, եւ մեր գոյատեւման համար պէտք եղած ամէն բան։ Ասկէ զատ, փրկանքի պարգեւը նոյնիսկ աւելի մեծ օրհնութիւններ կրնայ նշանակել, ինչպէս Յովհաննէս 3։16–ը ցոյց կու տայ։

Խաղաղ, հաճոյալի պայմաններու ներքեւ յաւիտեան ապրիլը,– հիւանդութենէ, պատերազմէ, սովէ եւ մահէ զերծ,– վստահաբար անվերջ ուրախութեան եւ օրհնութիւններու դուռ պիտի բանայ։ Այդ օրհնութիւնները ձեռք ձգելդ ամբողջովին քեզմէ կախեալ է։ Սակայն հարցում մը կը մնայ. այժմ Աստուծոյ համար ի՞նչ կ’ընես։

a Այս մարգարէութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել