Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 8-13
  • «Լոյսը աշխարհ եկաւ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Լոյսը աշխարհ եկաւ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Աստուած Լոյս Է»
  • «Ես Եմ Աշխարհի Լոյսը»
  • Աստուծոյ «Առաջնորդը»
  • ‘Գլուխը՝ Բոլոր Բաներուն’
  • «Լոյսի Որդիներ»
  • «Դուք Էք Աշխարհի Լոյսը»
  • «Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • ‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 8-13

«Լոյսը աշխարհ եկաւ»

«Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3։19

1. Ինչո՞ւ ամէն մարդ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ Աստուծոյ դատաստանով։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ շատեր շատ չեն հետաքրքրուիր Աստուծոյ դատաստանով։ Ոմանք թեթեւի կ’առնեն զայն, խորհելով որ Աստուած նպաստաւոր կերպով պիտի դատէ զիրենք, եթէ կանոնաւորաբար եկեղեցի երթան եւ իրենց դրացիներուն վնաս չհասցնեն։ Դժոխքի եւ քաւարանի մասին Քրիստնեայ Աշխարհին ուսուցումները, բոլորվին խեղաթիւրած են աստուածային դատաստանի գաղափարը։ Սակայն, լայնտարած անտարբերութիւնը եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի սուտերը բան մը չեն փոխեր այն իրողութենէն, թէ ամէն մարդ վերջապէս պիտի դատուի Աստուծոյ կողմէ։ (Հռովմայեցիս 14։12. Բ. Տիմոթէոս 4։1. Յայտնութիւն 20։13) Իսկ շատ բաներ այս դատաստանէն կախեալ պիտի ըլլան։ Անոնք որոնք նպաստաւոր դատավճիռ պիտի ստանան, յաւիտենական կեանքի Աստուծոյ պարգեւը պիտի ունենան, մինչդեռ, աննպաստ վճիռ ստացողները, մեղքին լիարժէք վարձքը՝ մահ պիտի ստանան։—Հռովմայեցիս 6։23

2. Աստուած ի՞նչ հիման վրայ կը դատէ։

2 Հետեւաբար, անկեղծ Քրիստոնեաները հետաքրքրուած են Աստուծոյ դատաստանով եւ անոնք կաթոգին կը փափաքին հաճեցնել զինք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնան ընել։ Յովհաննու 3։19–ի մէջ, Յիսուս մեզի բանալին կու տայ։ Ան կ’ըսէ. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին»։ Այո, լո՞յսը կը սիրենք թէ խաւարը. այս հիման վրայ ի գործ պիտի դրուի Աստուծոյ դատաստանը։

«Աստուած Լոյս Է»

3. Ի՞նչ է խաւարը եւ ի՞նչ է լոյսը։

3 Հոգեւոր առումով, խաւարը՝ Սատանայի իշխանութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տգիտութեան եւ անյուսութեան հետ կապ ունի. թէեւ Սատանան յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «լուսաւոր հրեշտակ» մը։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Եփեսացիս 6։12) Իսկ լոյսը յարակցութիւն ունի Եհովա Աստուծմէ եկած հասկացողութեան եւ լուսաւորման հետ։ Պօղոս լոյսի մասին խօսեցաւ, երբ գրեց. «Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։6) Հոգեւոր լոյսը այնքան սերտօրէն բնորոշուած է Եհովա Աստուծոյ հետ որ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած լոյս է»։—Ա. Յովհաննու 1։5. Յայտնութիւն 22։5

4. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս լոյսը մատչելի դարձուց։ (բ) Ի՞նչ կերպով կրնանք լոյսի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։

4 Եհովա իր խօսքին միջոցաւ լոյսը մատչելի դարձուցած է, զոր Սուրբ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է եւ ներկայիս դիւրութեամբ կարելի է ձեռք ձգել զայն։ (Սաղմոս 119։105. Բ. Պետրոս 1։19) Սաղմոսերգուն լոյսին հանդէպ անկեղծ սէր յայտնեց, երբ գրեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։ Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ»։ (Սաղմոս 119։97, 167) Դուք ալ սաղմոսերգուին չափ կը սիրէ՞ք լոյսը։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կը կարդա՞ք, անոր վրայ կը խոկա՞ք եւ ճիգ կը թափէ՞ք անոր ըսածը կիրարկելու համար։ (Սաղմոս 1։1–3) Եթէ այո, ուրեմն կը ջանաք Եհովայէ նպաստաւոր վճիռ մը ստանալ։

«Ես Եմ Աշխարհի Լոյսը»

5. Աստուածային լոյսը որո՞ւ վրայ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ։

5 Եհովայէ եկած կենսարար լոյսը իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Յիսուս Քրիստոսի անձին վրայ։ Յովհաննու Աւետարանը հետեւեալ բառերով կը սկսի. «Կեանքը անով [Յիսուսով] էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ»։ (Յովհաննու 1։4, 5) Արդարեւ, Յիսուս այնքան սերտ շփում ունէր լոյսին հետ, որ ան կոչուած է ‘ճշմարիտ լոյսը, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ’։ (Յովհաննու 1։9) Յիսուս անձամբ ըսաւ. «Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։—Յովհաննու 9։5

6. Անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ որպէսզի յաւիտենական կեանքի առաջնորդող նպաստաւոր վճիռ մը ստանայ։

6 Հետեւաբար, ան որ լոյսը կը սիրէ, կը սիրէ նաեւ Յիսուսը եւ անոր կը հաւատայ։ Անկարելի է նպաստաւոր վճիռ մը ստանալ, առանց Յիսուսի։ Այո, նպաստաւոր վճիռ մը կը ստանանք միայն, երբ զինք նկատենք որպէս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած փրկութեան միջոցը։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի գայ»։ (Յովհաննու 3։36) Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի հաւատալ։

7. Յիսուսի հաւատալը ինքնաբերաբար որո՞ւ ալ հաւատալ կը նշանակէ։

7 Նախ, Յիսուս ինք ըսաւ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, [միայն] ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։ Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ»։ (Յովհաննու 12։44–46) Անոնք որոնք Յիսուսը կը սիրեն եւ անոր կը հաւատան, պէտք է խոր սէր եւ հաւատք ունենան նաեւ Յիսուսի Աստուծոյն եւ Հօրը՝ Եհովայի հանդէպ։ (Մատթէոս 22։37. Յովհաննու 20։17) Անոնք որոնք Յիսուսի անունը կը գործածեն իրենց պաշտամունքին մէջ, բայց Եհովայի աւելի մեծ պատիւ մը չեն տար, անկեղծօրէն չեն սիրեր լոյսը։—Սաղմոս 22։27. Հռովմայեցիս 14։7, 8. Փիլիպպեցիս 2։10, 11

Աստուծոյ «Առաջնորդը»

8. Աստուածային լոյսը ի՞նչպէս Յիսուսի վրայ կեդրոնացած էր, նոյնիսկ իր մարդկային ծնունդէն առաջ։

8 Յիսուսի հաւատալ նաեւ կը նշանակէ Եհովայի նպատակներուն մէջ իր խաղցած դերը լիովին ընդունիլ։ Այս դերին կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ, երբ հրեշտակը ըսաւ Յովհաննէսի. «Յիսուսի վկայութիւն տալու համար մարգարէութիւնը ներշնչուած է»։ (Յայտնութիւն 19։10, ՆԱ. Գործք 10։43. Բ. Կորնթացիս 1։20) Եդեմի առաջին մարգարէութենէն սկսեալ, Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած բոլոր մարգարէութիւնները հիմնականօրէն կապ ունէին Յիսուսի եւ Աստուծոյ նպատակներուն մէջ անոր գրաւած տեղին հետ։ Նոյնպէս, Պօղոս ըսաւ Գաղատացիներուն թէ Օրէնքը «դաստիարակ» մըն էր, «Քրիստոսին բերելու»։ (Գաղատացիս 3։24) Այդ վաղեմի Օրէնքի ուխտին նպատակն էր, ժողովուրդը պատրաստել Մեսիայի գալուն համար։ Ուստի, իր մարդկային ծնունդէն առաջ իսկ, Եհովայի լոյսը Յիսուսի վրայ կեդրոնացած էր։

9. Հ.Դ. 33–էն ի վեր, լոյսը սիրելը իր մէջ ի՞նչ կը բովանդակէ։

9 Հ.Դ. 29–ին, Յիսուս մկրտութեան համար ինքզինք ներկայացուց եւ սուրբ հոգիով օծուելով խոստացեալ Մեսիան եղաւ։ Հ.Դ. 33–ին, մեռաւ որպէս կատարեալ մարդ մը, յարուցուեցաւ, երկինք համբարձաւ եւ հոն մեր մեղքերուն համար իր կեանքին արժէքը ներկայացուց։ (Եբրայեցիս 9։11–14, 24) Դէպքերու այս շարքը, մարդոց հետ Աստուծոյ վերաբերմունքին մէջ դարձակէտ մը եղաւ։ Արդ Յիսուս «կենաց Առաջնորդը», «փրկութեան Առաջնորդը», ‘մեր հաւատքին առաջնորդը ու կատարողն’ էր։ (Գործք 3։15. Եբրայեցիս 2։10. 12։2. Հռովմայեցիս 3։23, 24) Հ.Դ. 33–էն ի վեր, լոյսը սիրողները գիտակցած եւ ընդունած են որ Յիսուսէ զատ «ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասնզի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։—Գործք 4։12

10. Ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է Յիսուսի խօսքերուն մտիկ ընել եւ անոնց հնազանդիլ։

10 Յիսուսի հաւատալը նաեւ կը նշանակէ զինք ընդունիլ որպէս «Բանը» եւ «Սքանչելի Խորհրդակից»։ (Յովհաննու 1։1. Եսայեայ 9։6) Յիսուսի խօսքերը միշտ աստուածային ճշմարտութիւն կը ցոլացնեն։ (Յովհաննու 8։28. Յայտնութիւն 1։1, 2) Անոր մտիկ ընելը մահու ու կենաց հարց է։ Յիսուս իր օրուան Հրեաներուն ըսաւ. «Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է»։ (Յովհաննու 5։24) Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, անոնք որոնք Յիսուսի խօսքերուն վրայ քայլ առին, Սատանայի աշխարհի խաւարէն ազատուելով, կեանքի անցան։ Անոնք արդար յայտարարուեցան, իր հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ ժառանգակիցներ ըլլալու համար։ (Եփեսացիս 1։1. 2։1, 4–7) Ներկայիս, Յիսուսի խօսքերուն հնազանդիլը, շատերուն դիմաց ճամբան կը բանայ արդար յայտարարուելով Արմագեդոնէն վերապրելու եւ նոր աշխարհին մէջ մարդկային կատարեալ կեանքի հասնելու։—Յայտնութիւն 21։1–4. բաղդատել Յակոբու 2։21, 25–ի հետ։

‘Գլուխը՝ Բոլոր Բաներուն’

11. Յիսուսի ի՞նչ բարձր հեղինակութիւն մը տրուեցաւ Հ.Դ. 33–ին։

11 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս լոյսին ուրիշ մէկ երեսակը ցոյց տուաւ իր հետեւորդներուն։ Ան ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18) Այս կերպով Յիսուս Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան մէջ, գերազանց դիրքի մը բարձրացուեցաւ։ Պօղոս յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ, երբ կ’ըսէ. «[Աստուած] զանիկա [Յիսուսը] մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ Եկեղեցին անոր մարմինն է»։ (Եփեսացիս 1։20–23. Փիլիպպեցիս 2։9–11) Հ.Դ. 33–էն ի վեր, լոյսը սիրելը կը պարփակէր Յիսուսի այս բարձր դիրքը ընդունիլ։

12. Օծեալ Քրիստոնեաները սկիզբէն իսկ ուրախութեամբ ի՞նչ ընդունած են, եւ ասիկա ինչպէ՞ս ցոյց տուած են գործնականապէս։

12 Վերջապէս, բոլոր մարդկութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունելու Յիսուսի հեղինակութիւնը։ (Մատթէոս 24։30. Յայտնութիւն 1։7) Լոյսը սիրողները սակայն, սկիզբէն իսկ ասիկա ուրախութեամբ ընդունած են։ Քրիստոնէական ժողովքին օծեալ անդամները Յիսուսը կ’ընդունին որպէս «մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը»։ (Կողոսացիս 1։18. Եփեսացիս 5։23) Երբ անոնք այդ մարմնին մէկ մասը կ’ըլլան, ‘խաւարի իշխանութենէն ազատուելով, իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը մէջ կը փոխադրուին’։ (Կողոսացիս 1։13) Անկէ ետք, անոնք անխոնջօրէն կը հետեւին Յիսուսի առաջնորդութեան, իրենց կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ, եւ մեր օրերուն անոնք «ուրիշ ոչխարներ»ուն ալ օգնած են որ նոյնը ընեն։ (Յովհաննու 10։16) Նպաստաւոր վճիռ մը ստանալու գլխաւոր պահանջներէն մէկն է Յիսուսի գլխաւորութիւնը ընդունիլ։

13. Յիսուս ե՞րբ սկսաւ Թագաւորական հեղինակութիւն ի գործ դնել եւ անոր ի՞նչ յաջորդած է հոս երկրի վրայ։

13 Հ.Դ. 33–ին երկինք համբառնալէ ետք, Յիսուս անմիջապէս իր հեղինակութիւնը լիովին ի գործ չդրաւ։ Թէեւ Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխն էր, ան յարմար ժամանակին սպասեց, բոլոր մարդկութեան վրայ իր ամբողջական հեղինակութիւնը բանեցնելու համար։ (Սաղմոս 110։1. Գործք 2։33–35) Այդ ժամանակը եկաւ 1914–ին, երբ Յիսուս որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը գահակալուեցաւ եւ այս աշխարհին «վերջին օրերը» սկսան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) 1919–էն ի վեր, օծեալներու մնացորդին հաւաքումը ամբողջանալու վրայ էր։ 1935–էն ի վեր մասնաւորաբար, Յիսուս մարդկութիւնը կը բաժնէ «ոչխարներ»ու՝ որոնք «[իրենց] համար պատրաստուած թագաւորութիւնը» պիտի ժառանգեն՝ եւ «այծեր»ու, որոնք ‘յաւիտենական բնաջնջումի’ պիտի երթան։—Մատթէոս 25։31–34, 41, 46

14. Մեծ բազմութիւն մը ինչպէ՞ս լոյսի հանդէպ սէր ցոյց տուած է եւ ասոր արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց համար։

14 Բարեբախտաբար, այս վերջին օրերուն, ոչխարներուն թիւը բարձր եղած է։ Միլիոններու հասնող մեծ բազմութիւն մը կերպար առած է աշխարհի թատերաբեմին վրայ, «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Իրենց ընկերակիցներուն՝ օծեալներուն նման, այս ոչխարանման անհատները լոյսը կը սիրեն։ Անոնք ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’, ու մեծաձայն կ’աղաղակեն՝ «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի, ու Գառնուկին»։ Այս պատճառով, մեծ բազմութիւնը որպէս խումբ մը նպաստաւոր վճիռ մը պիտի ստանայ։ Անոր անդամները «մեծ նեղութենէն» պիտի ազատուին, վերապրելով այն կործանումէն զոր Արմագեդոնին պիտի գայ խաւարը սիրող բոլորին վրայ։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14

«Լոյսի Որդիներ»

15. Մեր արարքները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ մենք Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի կ’ենթարկուինք։

15 Սակայն, լոյսը սիրողները՝ ըլլան օծեալները թէ ուրիշ ոչխարները՝ ինչպէ՞ս գործնականօրէն կ’ենթարկուին Յիսուսի որպէս Աստուծոյ կողմէ գահակալուած Թագաւոր եւ գործօն Դատաւոր։ Կերպերէն մէկն է, ջանալ Յիսուսի հաճութեան արժանի եղող անհատներ ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս գնահատութիւն ցոյց տուաւ անկեղծութեան, սրտակցութեան եւ ճշմարտութեան հանդէպ խանդավառութեան նման յատկութիւններու նկատմամբ, իսկ ինք այս յատկութիւններուն տիպարն էր։ (Մարկոս 12։28–34, 41–44. Ղուկաս 10։17, 21) Եթէ կը փափաքինք նպաստաւոր վճիռ մը ստանալ, այսպիսի յատկութիւններ պէտք է զարգացնենք։

16. Ինչո՞ւ կենսական է խաւարի պատկանող գործերը մերժել։

16 Մանաւանդ հիմա ասիկա կարեւոր է, քանի որ Սատանայի աշխարհի խաւարը երթալով կը թանձրանայ, մինչ վախճանը կը մօտենայ։ (Յայտնութիւն 16։10) Հետեւաբար, Հռովմայեցիներուն գրած Պօղոսի խօսքերը շատ տեղին են. «Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ Որպէսզի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով»։ (Հռովմայեցիս 13։12, 13) Թէեւ յաւիտենական կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է, սակայն մեր արարքներով կ’ապացուցանենք մեր հաւատքին հարազատութիւնը եւ լոյսի հանդէպ մեր սէրը։ (Յակոբու 2։26) Հետեւաբար, մեր ստանալիք վճիռը մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ, թէ ո՛ր աստիճան բարի գործեր կ’ընենք եւ չար գործերէն կը խուսափինք։

17. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը հագնիլ’։

17 Հռովմայեցիս 13։12, 13–ի խրատը տալէն ետք, Պղօոս առաքեալ կ’եզրափակէ ըսելով. «Ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար»։ (Հռովմայեցիս 13։14) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Տէր Յիսուս Քրիստոսը հագնիլ’։ Կը նշանակէ թէ Քրիստոնեաները պէտք է մօտէն Յիսուսի հետեւին, որպէս թէ զինք հագած են, ջանալով Քրիստոսանման ըլլալ. զինք ընդօրինակելով եւ իր մտավիճակը ունենալով։ «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք», ըսաւ Պետրոս, «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէսզի իր շաւիղներուն [մօտէն] հետեւիք»։—Ա. Պետրոս 2։21

18. Հիմնական ի՞նչ փոփոխութիւններու կարիքը կրնանք ունենալ, եթէ կ’ուզենք նպաստաւոր վճիռ մը ստանալ։

18 Ասիկա յաճախ Քրիստոնեային կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութեան կարիքը ցոյց տուած է։ «Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք», կ’ըսէ Պօղոս, «բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. վասնզի հոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է»։ (Եփեսացիս 5։8, 9) Անոնք որոնք խաւարի գործեր կ’ընեն, լոյսը չեն սիրեր եւ եթէ չփոխուին, նպաստաւոր վճիռ մը պիտի չստանան։

«Դուք Էք Աշխարհի Լոյսը»

19. Քրիստոնեայ մը ի՞նչ տարբեր կերպերով կրնայ լոյսը արտացոլացնել։

19 Վերջապէս, լոյսը սիրել կը նշանակէ զայն արտացոլացնել, որպէսզի ուրիշները կարենան տեսնել զայն եւ անով հրապուրուին։ «Դուք էք աշխարհի լոյսը», ըսաւ Յիսուս։ Ան աւելցուց. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։14, 16) Քրիստոնեայի մը բարի գործերուն մէջ կ’իյնան ամէն տեսակ բարութիւն, արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն, քանի որ այսպիսի գեղեցիկ վարք մը, զօրաւոր վկայութիւն մը կու տայ ճշմարտութեան մասին։ (Գաղատացիս 6։10. Ա. Պետրոս 3։1) Բարի գործերը մասնաւորաբար կը պարփակեն ուրիշներուն ճշմարտութեան մասին խօսիլ։ Ներկայիս, ասիկա կը նշանակէ մասնակցիլ համաշխարհային գործին, որ կը կայանայ քարոզել ‘թագաւորութեան այս բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’։ Անիկա կը նշանակէ նաեւ, համբերութեամբ վերայցելել հետաքրքրուած անհատները, անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, անոնց օգնել որ իրենց կարգին լոյսին պատկանող բարի գործեր արտադրեն։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

20. (ա) Այժմ, լոյսը որքա՞ն կը փայլի։ (բ) Լոյսին ընդառաջողները ի՞նչ ճոխ օրհնութիւններ կը վայելեն։

20 Այժմ, հաւատարիմ Քրիստոնեաներու նախանձախնդիր քարոզչութեան շնորհիւ, բարի լուրը 200–է աւելի երկիրներու մէջ լսուած է եւ լոյսը որեւէ ժամանակէ աւելի կը փայլի։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ (Յովհաննու 8։12) Ի՜նչ ուրախութիւն է այս խոստման իրագործման մէջ բաժին բերել։ Մեր կեանքերը հիմա այնքան ճոխ են, որ այլեւս Սատանայի աշխարհի խաւարին կարօտը չենք քաշեր։ Իսկ մեր ակնկալութիւնները իրապէս հոյակապ են, քանի որ Եհովայի նշանակուած Դատաւորէն կը սպասենք նպաստաւոր վճիռ մը ստանալ։ (Բ. Տիմոթէոս 4։8) Որքա՜ն եղերական պիտի ըլլայ լոյսը ճանչնալէն ետք ետ խաւարին դառնալ եւ աննպաստ վճիռ մը ստանալ։ Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք թէ ինչպէս կրնանք հաւատքի մէջ հաստատ մնալ։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Աստուածային դատաստանը Ի՞նչ բանի վրայ կը հիմնուի։

◻ Յիսուս առանցքային ի՞նչ դեր կը խաղայ Աստուծոյ նպատակներուն մէջ։

◻ Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք թէ կ’ենթարկուինք Յիսուսի որպէս Եհովայի կողմէ գահակալուած Թագաւոր։

◻ Ինչպէ՞ս կը փաստենք թէ «լոյսի որդիներ» ենք։

◻ Այս աշխարհի խաւարին մէջ, լոյսը ի՞նչ կերպով որեւէ ատենէ աւելի կը փայլի։

[Նկար՝ էջ 10]

Վերջապէս, բոլոր մարդկութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունիլ Յիսուսի հեղինակութիւնը

[Նկար՝ էջ 12]

Ցոյց կու տանք թէ լոյսը կը սիրենք երբ զայն կ’արտացոլացնենք ուրիշներուն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել