Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 5/1 էջ 9-14
  • Յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս Քրիստոսի Դերը
  • Խոստացեալ Սերունդը
  • Փրկանքը Ի՛նչ կ’Իրագործէ
  • Փառաւոր Հեռանկար մը
  • Աստուծոյ Պահանջներուն Գոհացում Տալ
  • Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուած ի՛նչ ըրաւ մարդկութիւնը փրկելու համար
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Աստուած ի՛նչ ըրած է քեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 5/1 էջ 9-14

Յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան

«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։6

1, 2. Յիսուս յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան ի՞նչ բանի նմանցուց, եւ իր օրինակին իմաստը ի՞նչ է։

ԻՐ ՆՇԱՆԱՒՈՐ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան կը նմանցնէ ուղիի մը. անհատ մը այն ուղիին մէջ կը մտնէ դռնէ մը անցնելով։ Նկատեցէք որ, Յիսուս շեշտեց թէ կեանքի տանող այս ճամբան դիւրին ճամբայ մը չէ։ Ան ըսաւ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք [յաւիտենական կեանք] կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։—Մատթէոս 7։13, 14

2 Այս օրինակին իմաստը ըմբռնեցի՞ք։ Անիկա ցոյց չի՞ տար որ կեանքի տանող միայն մէկ ուղի կամ ճամբայ կայ, եւ անկէ չշեղելու համար պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք։ Արդ, ի՞նչ է յաւիտենական կեանքի տանող այս միակ ճամբան։

Յիսուս Քրիստոսի Դերը

3, 4. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս մեր փրկութեան առնչութեամբ Յիսուսի կենսական դերը ցոյց կու տայ։ (բ) Աստուած առաջին անգամ ե՞րբ յայտնեց որ մարդկութիւնը կրնար յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։

3 Յստակ է որ, այս ճամբուն առնչութեամբ Յիսուս կարեւոր դեր մը ունի, ինչպէս իր առաքեալը Պետրոս ըսաւ. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ [Յիսուսի անունէն զատ] երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ (Գործք 4։12) Նմանապէս Պօղոս առաքեալ յայտարարեց. «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է]՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Յիսուս յայտնեց որ յաւիտենական կեանքի տանող միակ ճամբան իր միջոցաւ է։ Ան յայտարարեց. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։—Յովհաննու 14։6

4 Ուստի, յաւիտենական կեանքը կարելի դարձնելու համար Յիսուսի խաղցած դերը շատ կարեւոր է։ Արդ, իր դերը աւելի մօտէն քննենք։ Գիտէ՞ք թէ Ադամի մեղանչելէն ետք Եհովա Աստուած ե՛րբ գիտցուց որ մարդիկ կրնային յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ասիկա Ադամի մեղանչելէն անմիջապէս ետքն էր։ Հոս քննենք թէ որպէս մարդկութեան Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հայթայթումը առաջին անգամ ի՛նչպէս նախագուշակուեցաւ։

Խոստացեալ Սերունդը

5. Եւան մոլորեցնող օձը ի՞նչպէս կրնանք բնորոշել։

5 Եհովա Աստուած այլաբանական լեզու մը գործածելով, այդ խոստացեալ Փրկիչը բնորոշեց։ Ասիկա ըրաւ երբ վճիռ արձակեց «օձին» վրայ, որ Եւայի հետ խօսած եւ զինք փորձած էր, որպէսզի արգիլուած պտուղէն ուտելով, Աստուծոյ անհնազանդ գտնուի։ (Ծննդոց 3։1-5) Անշուշտ այդ օձը բառացի օձ մը չէր։ Ան հզօր հոգեղէն արարած մըն էր, որ Աստուածաշունչին մէջ բնորոշուած է որպէս «առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։ (Յայտնութիւն 12։9) Եւան մոլորեցնելու համար Սատանան այս ստորին անասունը գործածեց որպէս իր խօսնակը։ Հետեւաբար Սատանայի վրայ վճիռ արձակելով, Աստուած անոր ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան [կնոջ սերունդը] քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։—Ծննդոց 3։15

6, 7. (ա) «Սերունդ»ը կրող կինը ո՞վ է։ (բ) Խոստացեալ Սերունդը ո՞վ է, եւ ան ի՞նչ կ’իրագործէ։

6 Ո՞վ է այս «կին»ը, որու հանդէպ Սատանան թշնամութիւն կամ ատելութիւն ունի։ Ինչպէս որ Յայտնութիւն 12–րդ գլուխին մէջ «առաջուան օձը» բնորոշուած է, նոյնպէս ալ՝ Սատանայի ատած կինը։ Նկատի առէք թէ առաջին համարին մէջ ըսուած է որ ան «արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը» ունէր։ Այս կինը Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակներու երկնային կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ, իսկ անոր ծնած «արու զաւակ»ը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որու մէջ Յիսուս Քրիստոս որպէս Թագաւոր կ’իշխէ։—Յայտնութիւն 12։1-5

7 Ուստի, Ծննդոց 3։15–ի մէջ յիշուած կնոջ «սերունդ»ը ո՞վ է որ Սատանայի «գլուխ»ը պիտի ճզմէ, անոր մահացու հարուած մը տալով։ Ան է որ Աստուած երկինքէն ղրկեց, որպէսզի կոյսէ մը հրաշքով ծնի. այո, Յիսուս մարդը։ (Մատթէոս 1։18-23. Յովհաննու 6։38) Յայտնութիւն 12–րդ գլուխը կը յայտնէ թէ որպէս յարուցեալ երկնային Իշխան, այս Սերունդը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ Սատանան նուաճելու մէջ առաջնորդութիւնը պիտի առնէր եւ ինչպէս որ Յայտնութիւն 12։10 կ’ըսէ, ‘մեր Աստուծոյն թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը’ պիտի հաստատէր։

8. (ա) Իր սկզբնական նպատակին հետ կապակցաբար, Աստուած ի՞նչ նոր բան հայթայթեց։ (բ) Որո՞նք կը կազմեն Աստուծոյ նոր կառավարութիւնը։

8 Յիսուս Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ եղող այս Թագաւորութիւնը Աստուծոյ հայթայթած նոր բաներէն մէկն էր, որ կապ ունէր երկրի վրայ մարդոց յաւիտենական կեանք վայելելու իր սկզբնական նպատակին հետ։ Սատանայի ըմբոստութենէն ետք, Եհովա անմիջապէս կարգադրեց որ այս նոր թագաւորական կառավարութեան միջոցաւ չարութեան բոլոր հետեւանքները չէզոքացուին։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան յայտնեց որ այս կառավարութեան մէջ առանձին չէր։ (Ղուկաս 22։28-30) Մարդոց մէջէն ուրիշներ պիտի ընտրուէին, որոնք երկնքի մէջ իշխանութեան մասնակից ըլլալու մէջ իրեն պիտի միանային, կնոջ սերունդին երկրորդական մասը կազմելով։ (Գաղատացիս 3։16, 29) Աստուածաշունչին մէջ, Յիսուսի հետ իշխանակիցներ եղողներուն թիւը տրուած է, որ է 144,000, որոնք երկրի վրայի մեղաւոր մարդոցմէ առնուած են։—Յայտնութիւն 14։1-3

9. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ երկրի վրայ պէտք էր երեւնար որպէս մարդ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս Բանսարկուին գործերը քակեց։

9 Այդ Թագաւորութիւնը իշխելու սկսելէ առաջ, սակայն, կենսական էր որ այդ սերունդին գլխաւոր մասը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ երեւնար երկրի վրայ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովա Աստուած զինք նշանակած էր, որպէս Մէկը որ «Սատանային գործերը քանդէ»։ (Ա. Յովհաննու 3։8) Սատանայի գործերուն մաս կը կազմէր Ադամը մեղքի առաջնորդելը, որու հետեւանքով անոր ամբողջ սերունդին վրայ մեղքի ու մահուան դատապարտութիւնը բերաւ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Յիսուս Բանսարկուին այս գործը քանդեց, Իր կեանքը որպէս փրկանք տալով։ Այս կերպով Յիսուս հիմ մը հայթայթեց մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան դատապարտութենէն ազատագրելու եւ յաւիտենական կեանքի ճամբան բանալու համար։—Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 3։24. Եփեսացիս 1։7

Փրկանքը Ի՛նչ կ’Իրագործէ

10. Ի՞նչ բանի մէջ Յիսուս եւ Ադամ նման էին։

10 Մինչ Յիսուսի կեանքը երկնքէն կնոջ մը արգանդին մէջ փոխադրուեցաւ, ան ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ, ադամական մեղքէն անարատ։ Ան երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հնարաւորութիւնը ունէր։ Նմանապէս, Ադամ ալ ստեղծուած էր որպէս կատարեալ մարդ, երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու ակնկալութեամբ։ Պօղոս առաքեալ այս երկու մարդոց նմանութիւնը ի մտի ունէր, երբ գրեց. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ [Յիսուս Քրիստոս] կենդանարար հոգի։ Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն»։—Ա. Կորնթացիս 15։45, 47

11. (ա) Ադամ եւ Յիսուս ի՞նչպիսի ազդեցութիւն ունեցան մարդկութեան վրայ։ (բ) Յիսուսի զոհագործութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

11 Այս երկու մարդոց նմանութիւնը՝ որոնք երկրի վրայ ապրած միակ կատարեալ տղամարդիկը եղած են՝ ընդգծուած է Աստուածաշունչի ըրած այն յայտարարութեամբ թէ Յիսուս «իր անձը ամենուն տեղ [«համապատասխան», ՆԱ] փրկանք տուաւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։6) Յիսուս որո՞ւ կը համապատասխանէր։ Ադամի՛ն, երբ ան տակաւին կատարեալ մարդ մըն էր։ Առաջին Ադամին մեղքը մարդկային ամբողջ ընտանիքին վրայ մահուան դատապարտութիւն բերաւ։ «Վերջին Ադամ»ին զոհագործութիւնը, յաւիտեան ապրելու համար մեղքէն ու մահէն ազատագրուելու հիմը կը հայթայթէ։ Յիսուսի զոհագործութիւնը ի՜նչ թանկարժէք է։ Պետրոս առաքեալ կը նշէ. «Ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք», այլ, կը շարունակէ Պետրոս. «Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը»։—Ա. Պետրոս 1։18, 19

12. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը նկարագրէ մահուան դատապարտութենէն մեր ազատագրումը։

12 Աստուածաշունչը գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ մարդկային ընտանիքին մահուան դատապարտութենէն ազատագրուելու կերպը, ըսելով. «Մէկուն [Ադամին] յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը [Յիսուսի մինչեւ մահ ուղղամիտ ընթացքով] բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ. վասն զի ինչպէս մէկ մարդու [Ադամի] անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն [Յիսուսի] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։—Հռովմայեցիս 5։18, 19

Փառաւոր Հեռանկար մը

13. Յաւիտեան ապրելու առնչութեամբ մարդիկ ի՞նչ կը խորհին։

13 Աստուծոյ կողմէ եղած այս կարգադրութիւնը մեզ պէտք է մեծապէս ուրախացնէ։ Փրկիչ մը հայթայթուած ըլլալուն համար իրապէս ուրա՞խ էք։ «Յաւիտեան ապրելու ակնկալութիւնը ձեր սրտին կը խօսի՞»։ Այս վերջին հարցումը փորձագիտանքի մը մէջ հարցուեցաւ եւ արդիւնքը հրատարակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր քաղաքի մը լրագրին մէջ։ Պիտի զարմանաք գիտնալով որ 67.4 առ հարիւրը՝ «Ո՛չ» պատասխանեցին։ Անոնք ինչո՞ւ ըսին որ չէին ուզեր յաւիտեան ապրիլ։ Հաւանաբար անոր համար որ երկրի վրայ ներկայ կեանքը բազմաթիւ խնդիրներով լեցուն է։ Անհատ մը ըսաւ. «200 տարեկան երեւնալու գաղափարը ախորժելի չէ ինծի համար»։

14. Ինչո՞ւ յաւիտեան ապրիլը կատարեալ հաճոյք մը պիտի ըլլայ։

14 Բայց Աստուածաշունչի խոստացած յաւիտենական կեանքը հիւանդութեամբ, ծերութեամբ եւ ուրիշ ողբերգութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ ապրելու մասին չէ։ Ո՜չ. այլ Յիսուս, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանը, Սատանայի կողմէ պատճառուած այս բոլոր խնդիրները պիտի քանդէ։ Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ» այս աշխարհի բոլոր հարստահարիչ կառավարութիւնները։ (Դանիէլ 2։44) Այդ ժամանակ, իր հետեւորդներուն սորվեցուցած Յիսուսի աղօթքին որպէս պատասխան, Աստուծոյ «կամքը» պիտի «ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, երկիրը ամէն չարութենէ մաքրուելէ ետք, Յիսուսի փրկանքին օգուտները ամբողջական կերպով պիտի կիրարկուին։ Այո՛, ամէն անոնք որ որակելի են, կատարեալ առողջութիւն պիտի գտնեն։

15, 16. Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ի՞նչպիսի պայմաններ պիտի գոյատեւեն։

15 Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրող մարդոց վրայ պիտի կիրարկուին սա խօսքերը. «Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ»։ (Յոբայ 33։25) Աստուածաշունչի ուրիշ խոստում մըն ալ պիտի կատարուի. «Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։—Եսայեայ 35։5, 6

16 Երեւակայեցէ՜ք. մեր տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ 80, 800, կամ աւելի՝ մեր մարմինը հոյակապ կերպով առողջ պիտի մնայ։ Աստուածաշունչի այս խօսքը պիտի կատարուի, որ կ’ըսէ. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ Այդ ժամանակ այս խոստումն ալ պիտի կատարուի. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։—Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։3, 4

17. Մարդոց կողմէ ի՞նչպիսի իրագործումներ կրնանք ակնկալել Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։

17 Նոր աշխարհին մէջ մեր սքանչելի ուղեղը պիտի կարենանք գործածել այն կերպով որ մեր Ստեղծիչը ծրագրած էր, սորվելու անսահման կարողութեամբ օժտելով զայն։ Միայն երեւակայեցէք թէ ի՜նչ հոյակապ բաներ կրնանք իրագործել։ Անկատար ըլլալով հանդերձ, մարդիկ երկրի մէջ մթերուած տարրերէն մէջտեղ բերած են մեր շուրջը տեսած բոլոր բաները. բջիջային հեռաձայններ, բարձրախօսներ, ժամացոյցներ, համակարգիչներ, օդանաւներ, այո ոեւէ բան որ ձեր մտքէն կ’անցնի։ Ասոնցմէ որեւէ մէկը շինելու համար ուրիշ մոլորակէ մը նիւթեր չեն բերուած։ Մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ անվերջ կեանքը ունենալով մեր դիմաց, ստեղծագործական իրագործումներու հնարաւորութիւնը անսահման պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 65։21-25

18. Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքը ինչո՞ւ ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։

18 Ոչ ալ կեանքը ձանձրացուցիչ պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ հիմա, հակառակ անոր որ տասնեակ հազարաւոր անգամներ ճաշած ենք, ախորժակով կը սպասենք յաջորդ ճաշը։ Մարդկային կատարելութեան մէջ, աւելի մեծ չափով պիտի վայելենք Դրախտ երկրին համադամ արտադրութիւնը։ (Եսայեայ 25։6) Նաեւ, երկրի բազմատեսակ անասնական աշխարհին հոգ տանելու, շքեղ արեւնամուտերը, լեռները, գետերը եւ հովիտները դիտելու յաւիտենական հաճոյքն ալ պիտի ունենանք։ Իրապէս, կեանքը երբեք միօրինակ պիտի չըլլայ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։—Սաղմոս 145։16

Աստուծոյ Պահանջներուն Գոհացում Տալ

19. Ինչո՞ւ տրամաբանական է մտածել, որ Աստուծոյ կեանքի պարգեւը ստանալու համար պահանջներ կան։

19 Կրնա՞ք ակնկալել Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու Աստուծոյ սքանչելի պարգեւին արժանանալ, առանց զայն ստանալու համար որեւէ ջանք թափելու։ Տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած փոխարէն բան մը պահանջէ մեզմէ։ Անշո՛ւշտ։ Աստուած երկինքէն մեր վրայ պարգեւ մը չի նետեր։ Զայն կը հրամցնէ մեզի, բայց պէտք է մեր ձեռքերը երկարենք ու զայն առնենք։ Ասիկա ջանք կը պահանջէ։ Արդ, թերեւս հարցնէք այն հարցումը որ հարուստ երիտասարդ իշխան մը հարցուց Յիսուսի. «Ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»։ Կամ թերեւս ձեր հարցումը ուղղէք այն կերպով որ Փիլիպպեցի բանտապետը ուղղեց Պօղոս առաքեալին. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։—Մատթէոս 19։16. Գործք 16։30

20. Յաւիտենական կեանք ստանալու համար ի՞նչ կենսական պահանջ մը կայ։

20 Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս հիմնական պահանջք մը յիշեց, իր Հօրը մատուցած աղօթքին մէջ ըսելով. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Տրամաբանական պահանջ մը չէ՞ որ յաւիտենական կեանքը կարելի դարձնող Եհովայի եւ մեզի համար մեռած Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանանք։ Սակայն, պարզապէս այս գիտութիւնը առնելէն աւելին պահանջուած է։

21. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք, որ հաւատք ի գործ դնելու պահանջին գոհացում կու տանք։

21 Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի», բայց վերջը կ’աւելցնէ. «Ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ»։ (Յովհաննու 3։36) Որդիին հանդէպ հաւատք ցոյց կրնաք տալ, ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով եւ զայն Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակելով։ Պէտք է մերժէք որեւէ սխալ ընթացք որու հետեւած էք, ապա Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար քայլեր առնէք։ Պէտք է ընէք ինչ որ Պետրոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն»։—Գործք 3։19

22. Յիսուսի շաւիղներուն հետեւելու մէջ ի՞նչ քայլեր պարփակուած են։

22 Երբեք չմոռնանք որ միայն Յիսուսի հաւատք ընծայելով է որ յաւիտենական կեանքը կրնանք վայելել։ (Յովհաննու 6։40. 14։6) Յիսուսի հանդէպ հաւատք ցուցաբերած կ’ըլլանք ‘իր շաւիղներուն հետեւելով’։ (Ա. Պետրոս 2։21) Ասիկա ընելը ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուծոյ մատուցանած աղօթքին մէջ, Յիսուս բացագանչեց. «Ահա կու գամ ես . . . քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ (Եբրայեցիս 10։7) Կենսական է Յիսուսը ընդօրինակել Աստուծոյ կամքը կատարելու համաձայնելով, ապա ձեր կեանքը Եհովայի նուիրելով։ Անկէ ետք, այդ նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ պէտք է խորհրդանշուի. Յիսուս ալ մկրտութեան համար ինքզինք ներկայացուց։ (Ղուկաս 3։21, 22) Այսպիսի քայլեր առնելը շատ տրամաբանական է։ Պօղոս առաքեալ նշեց թէ, «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Ի՞նչ կերպով։ Այո, սէրը մղեց որ Յիսուս իր կեանքը տայ մեզի համար։ Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ ստիպէ որ հաւատք ցուցաբերենք իրեն հանդէպ։ Այո, պէտք է ստիպէ մեզ, որ ուրիշներու օգնելու համար իր անձէն տալու Յիսուսի սիրալիր օրինակին հետեւինք։ Քրիստոս ապրեցաւ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար. մենք ալ նմանապէս, այլեւս մեր անձին համար պէտք չէ ապրինք։

23. (ա) Անոնք որոնք կեանք կը ստանան ի՞նչ բանի վրայ պէտք է աւելնան։ (բ) Քրիստոնէական ժողովքի անդամներէն ի՞նչ պահանջուած է։

23 Ասով ամէն բան չի վերջանար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին՝ երբ 3,000 հոգի մկրտուեցան, անոնք «աւելցան»։ Ի՞նչ բանի վրայ «աւելցան»։ Ղուկաս կը բացատրէ. «Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, . . . ետեւէն էին»։ (Գործք 2։41, 42) Այո, անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ ընկերակցութեան ետեւէ էին, այս կերպով աւելցան, կամ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը եղան։ Նախկին Քրիստոնեաները կանոնաւորապէս ժողովներու կը յաճախէին հոգեւորապէս կերտուելու համար։ (Եբրայեցիս 10։25) Եհովայի Վկաներն ալ ներկայիս նոյնը կ’ընեն եւ կ’ուզեն քաջալերել ձեզ որ իրենց հետ ներկայ ըլլաք այս ժողովներուն։

24. Ի՞նչ է ‘ճշմարիտ կեանքը’, եւ ի՞նչպէս եւ ե՛րբ անիկա պիտի իրականացուի։

24 Հիմա միլիոնաւորներ այս կեանքի տանող նեղուացք ճամբուն կը հետեւին։ Այս նեղուացք ճամբուն մէջ մնալը իսկական ջանք կը պահանջէ։ (Մատթէոս 7։13, 14) Պօղոս ասիկա ըսաւ, սրտանց յորդորելով. «Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար»։ Այս պատերազմը մղելը հարկ է, ‘ճշմարիտ կեանքը ամուր բռնելու’ համար։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19, ՆԱ) Այդ ճշմարիտ կեանքը՝ այս կեանքը չէ, ցաւերով, վշտերով եւ տառապանքով լեցուն, որ Ադամի մեղքով մեր վրայ եկաւ։ Այլ, անիկա Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ըլլալիք կեանքն է, որ շուտով պիտի իրականանայ, երբ Քրիստոսի փրկանքի զոհը կիրարկուի Եհովա Աստուածը ու իր Որդին սիրողներուն ի նպաստ, իրերու այս դրութիւնը վերցուելէն ետք։ Թող որ բոլորս ալ կեանքը, «ճշմարիտ կեանքը» ընտրենք. յաւիտենական կեանք, Աստուծոյ փառաւոր նոր աշխարհին մէջ։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ծննդոց 3։15–ի օձը, կինը եւ սերունդը որո՞նք են։

◻ Յիսուս ի՞նչպէս Ադամի կը համապատասխանէր, եւ փրկանքը ի՞նչը կարելի դարձուց։

◻ Ի՞նչ բան կարօտով կը սպասէք, որ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ մեծ հաճոյք պիտի պատճառէ ձեզի։

◻ Ի՞նչպիսի պահանջներու գոհացում պէտք է տանք, որպէսզի Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրինք։

[Նկար՝ էջ 10]

Երիտասարդներու եւ ծերերու համար, Յիսուս անվերջ կեանքի միակ միջոցն է

[Նկար՝ էջ 11]

Աստուծոյ որոշած յարմար ժամանակին, ծերերը իրենց երիտասարդական կորովը պիտի գտնեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել