Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 4/1 էջ 24-29
  • Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս Ծառայել ‘Սրտի Ուրախութիւնով’
  • Երբ Ուրախութիւն Չունինք
  • Ուրախութիւնով Սպասել
  • Ուրախութիւն՝ Հակառակ Հալածանքին
  • ‘Ուրախութեամբ Եհովայի Ծառայեցէք’
  • Ձեր Յոյսով Ուրախ Եղէք
  • Խնդութիւն. աստուածատուր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Եհովայի ուրախութիւնը մեր ամրոցն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 4/1 էջ 24-29

Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով

«Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, ... քանի որ ... ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով [սրտի ուրախութիւնով (ՆԱ)] քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 28։45–47

1. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովայի ծառայողները ուրախ են, ուր որ ալ ծառայեն իրեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները ուրախ են, ուր որ ալ ընեն իր կամքը՝ երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ։ Հրեշտակները՝ «առաւօտեան աստղերը»՝ ցնծութեամբ աղաղակեցին երկրի հիմնադրութեան ժամանակ, իսկ անկասկած ուրախութեամբ է որ երկնային բիւրաւոր հրեշտակները ‘իր հրամանը կը կատարեն’։ (Յոբ 38։4–7. Սաղմոս 103։20) Եհովայի միածին Որդին երկնքի մէջ ուրախ «ճարտարապետ» մը եղաւ եւ, երբ երկրի վրայ մարդ Յիսուս Քրիստոսը եղաւ, հաճոյք գտաւ Աստուծոյ կամքը ընելով։ Ասկէ զատ, ան «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։—Առակաց 8։30, 31. Եբրայեցիս 12։2

2. Ի՞նչ բան կ’որոշէր որ Իսրայելացիները օրհնութիւններ թէ անէծքներ ունենային։

2 Իսրայելացիները կ’ուրախանային, երբ Աստուած կը հաճեցնէին։ Բայց ի՞նչ կը պատահէր, երբ անոնք անհնազանդ գտնուէին իրեն։ Անոնց հետեւեալ ազդարարութիւնը տրուած էր. «[Անէծքները] քու ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան յաւիտեան։ Քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով [սրտի ուրախութիւնով (ՆԱ)] քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր։ Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, որոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ։ Քու պարանոցիդ վրայ երկաթ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ քեզ»։ (Բ. Օրինաց 28։45–48) Օրհնութիւններն ու անէծքները յստակօրէն ցոյց կու տային թէ որո՛նք Եհովայի ծառաներն էին եւ որոնք՝ չէին։ Այդ անէծքները նաեւ կը հաստատէին թէ կարելի չէ Աստուծոյ սկզբունքներն ու նպատակները թեթեւի առնել, ոչ ալ կարելի է արհամարհել զանոնք։ Քանի որ Իսրայելացիները մերժեցին ամայացումի եւ աքսորի շուրջ Եհովայի ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն ընծայել, Երուսաղէմը «երկրին բոլոր ազգերուն անէծք» եղաւ։ (Երեմեայ 26։6) Ուստի, Աստուծոյ հնազանդինք ու իր հաճութիւնը վայելենք։ Ուրախութիւնը աստուածային բազմաթիւ օրհնութիւններէն մէկն է զոր բարեպաշտ մարդիկ կը վայելեն։

Ի՛նչպէս Ծառայել ‘Սրտի Ուրախութիւնով’

3. Այլաբանական սիրտը ի՞նչ է։

3 Իսրայելացիները Եհովայի պէտք էր ծառայէին «ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով [սրտի ուրախութիւնով (ՆԱ)]»։ Նոյնը պէտք է ընեն Աստուծոյ այժմու ծառաները։ Ուրախանալ կը նշանակէ «շէն ըլլալ. գոհ ըլլալ»։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ կը յիշուի ֆիզիքական սիրտը, բայց անիկա բառացիօրէն ոչ կը խորհի եւ ոչ ալ կը տրամաբանէ։ (Ելից 28։23) Անոր գլխաւոր պաշտօնն է մարմնին բջիջները սնուցանող արիւնը քաշել ու շրջանառել։ Սակայն, ընդհանրապէս Աստուածաշունչը այլաբանական սրտին կ’ակնարկէ, որ խանդաղատանքի, շարժառիթի եւ իմացականութեան կեդրոն մը ըլլալէ աւելին է։ Կ’ըսուի որ անիկա կը ներկայացնէ «ընդհանուր կեդրոնական մասը, ներքինը եւ հետեւաբար, ներքին մարդը որ ինքզինք կը յայտնաբերէ իր տարբեր գործունէութիւններով, իր ցանկութիւններով, խանդաղատանքներով, յուզումներով, սէրերով, նպատակներով, խորհուրդներով, ըմբռնումներով, երեւակայութիւններով, իր իմաստութիւնով, գիտութիւնով, հմտութիւնով, իր հաւատալիքներով եւ իր տրամաբանութիւններով, իր յիշատակներով եւ իր գիտակցութիւնով»։ (Journal of the Society of Biblical Literature and Exegesis, 1882, էջ 67) Մեր այլաբանական սիրտը կը բովանդակէ մեր զգացումներն ու յուզումները, որոնց մաս կը կազմէ ուրախութիւնը։—Յովհաննու 16։22

4. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ սրտի ուրախութիւնով Եհովա Աստուծոյ ծառայենք։

4 Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ սրտի ուրախութիւնով Եհովայի ծառայենք։ Մեր օրհնութիւններուն եւ աստուածատուր առանձնաշնորհումներուն հանդէպ դրական եւ գնահատական տեսակէտ մը ունենալը։ Օրինակի համար, կրնանք ուրախութեամբ խորհիլ ճշմարիտ Աստուծոյ «սրբազան ծառայութիւն» մատուցանելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ։ (Ղուկաս 1։74, ՆԱ) Անոր հետ առնչուած առանձնաշնորհում մըն է Եհովայի անունը կրելը որպէս իր Վկաները։ (Եսայեայ 43։10–12) Ասոր վրայ կրնանք աւելցնել այն ուրախութիւնը գիտնալով որ մենք Աստուած կը հաճեցնենք Իր Խօսքին հետեւելով։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն է հոգեւոր լոյսը արտացոլացնել եւ այսպիսով շատերուն օգնել որ խաւարէն դուրս գան։—Մատթէոս 5։14–16. բաղդատել Ա. Պետրոս 2։9։

5. Աստուածային ուրախութեան աղբիւրը ի՞նչ է։

5 Սակայն, սրտի ուրախութիւնով Եհովայի ծառայելը միմիայն դրական մտածելակերպ ունենալու հարց չէ։ Դրական տեսակէտ ունենալը օգտակար է։ Բայց աստուածային ուրախութիւնը բան մը չէ, զոր ձեռք կը ձգենք մեր բնաւորութիւնը բարելաւելով։ Անիկա Եհովայի հոգիին մէկ պտուղն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եթէ այսպիսի ուրախութիւն չունինք, թերեւս անհրաժեշտ է վերաճշդումներ ընել, որպէսզի ոչ–սուրբ գրային խորհուրդներ ունենալէ կամ արարքներ ընելէ խուսափինք, կեցուածք մը որ Աստուծոյ հոգին պիտի տրտմեցնէր։ (Եփեսացիս 4։30) Սակայն, Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլալով, չխորհինք որ, երբ որոշ առիթով սրտաբուխ ուրախութիւն չունինք, ատիկա աստուածային տհաճութեան ապացոյց մըն է։ Անկատար ըլլալով, մենք ցաւի, տխրութեան եւ երբեմն նոյնիսկ ընկճուածութեան ենթակայ ենք, բայց Եհովա կը հասկնայ մեզ։ (Սաղմոս 103։10–14) Ուստի, իր սուրբ հոգին ստանալու համար աղօթենք, յիշելով որ անոր մէկ պտուղը՝ ուրախութիւնը՝ աստուածատուր է։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը պիտի պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու եւ կարելի պիտի դարձնէ որ սրտի ուրախութիւնով ծառայենք իրեն։—Ղուկաս 11։13

Երբ Ուրախութիւն Չունինք

6. Եթէ Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութեան մէջ ուրախութիւն չունինք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

6 Եթէ մեր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն չունինք, Եհովայի ծառայելու մէջ հաւանաբար դանդաղինք կամ նոյնիսկ իրեն անհաւատարիմ գտնուինք։ Հետեւաբար, իմաստութիւն է հեզութեամբ եւ աղօթքով նկատի առնել մեր շարժառիթները եւ հարկ եղած վերաճշդումները ընել։ Աստուածատուր ուրախութիւն ունենալու համար, Եհովայի պէտք է ծառայենք սէրէ մղուած ու ամբողջ սրտով, անձով ու մտքով։ (Մատթէոս 22։37) Պէտք չէ ծառայենք մրցակցութեան հոգիով, քանի որ Պօղոս գրեց. «Հոգիով ապրինք, հոգիին համեմատ քալենք։ Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։ (Գաղատացիս 5։25, 26) Բնաւ իրական ուրախութիւն պիտի չունենանք, եթէ ուրիշները գերազանցելու կամ փառք փնտռելու նպատակով կը ծառայենք։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք վերարծարծել մեր սրտի ուրախութիւնը։

7 Եհովայի մեր կատարած նուիրումին համաձայն ապրիլը ուրախութիւն կը պատճառէ։ Երբ Աստուծոյ նոր նուիրուած էինք, նախանձախնդրութեամբ ձեռնարկեցինք Քրիստոնէական ապրելակերպին։ Սուրբ Գրութիւնները կ’ուսումնասիրէինք եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար կը մասնակցէինք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ծառայութեան մասնակցիլը ուրախութիւն կը պատճառէր մեզի։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր ուրախութիւնը նուազած է։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը, ժողովներու յաճախելը, ծառայութեան մասնակցիլը, այո, Քրիստոնէութեան բոլոր մարզերուն մէջ լիովին բաժին բերելը մեր կեանքին հոգեւոր կայունութիւն պէտք է տայ եւ վերարծարծէ թէ՛ առաջուան մեր ունեցած սէրը եւ թէ մեր նախկին սրտի ուրախութիւնը։ (Յայտնութիւն 2։4) Այդ ատեն պիտի չըլլանք ոմանց նման, որոնք մանաւանդ տխուր են եւ յաճախ հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունին։ Երէցները ուրախութեամբ օգնելու պատրաստ են, սակայն մենք անհատապէս Աստուծոյ մեր կատարած նուիրումին համաձայն պէտք է ապրինք։ Ուրիշ ոեւէ մէկը չի կրնար ասիկա ընել մեր տեղը։ Ուստի, Եհովայի մեր կատարած նուիրումին համաձայն ապրելու եւ իրական ուրախութիւն ունենալու համար Քրիստոնէական բնականոն սովորութեան հետեւիլը մեր նպատակակէտը դարձնենք։

8. Մաքուր խղճմտանքը ինչո՞ւ կարեւոր է, եթէ կ’ուզենք ուրախ ըլլալ։

8 Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հոգիին մէկ պտուղը եղող ուրախութիւնը ձեռք ձգել, մաքուր խղճմտանք պէտք է ունենանք։ Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը ա՛յնքան ատեն որ փորձեց իր մեղքը ծածկել, շատ թշուառացաւ։ Իրականութեան մէջ, կարծես իր կեանքին խոնաւութիւնը կը շոգիանար եւ թերեւս ան ֆիզիքապէս հիւանդացաւ։ Բայց երբ զղջաց ու խոստովանեցաւ, ան ի՜նչ ամոքում գտաւ։ (Սաղմոս 32։1–5) Մենք չենք կրնար ուրախ ըլլալ, եթէ լուրջ մեղք մը կը ծածկենք։ Անիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ տագնապալից կեանք մը վարենք։ Վստահաբար, ասիկա ուրախ ըլլալու կերպ մը չէ։ Բայց խոստովանութիւնն ու զղջումը ամոքում կը բերեն եւ ուրախ հոգի մը կը վերահաստատեն։—Առակաց 28։13

Ուրախութիւնով Սպասել

9, 10. (ա) Աբրահամ ի՞նչ խոստում ստացաւ, սակայն իր հաւատքն ու ուրախութիւնը թերեւս ինչպէ՞ս փորձի ենթարկուեցան։ (բ) Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի օրինակներէն ինչպէ՞ս կրնանք օգուտ քաղել։

9 Սկիզբը աստուածային նպատակը սորվելով, ուրախութիւն ունենալը բան մըն է, բայց բոլորովին ուրիշ բան է շարունակել ուրախ մնալ տարիներու ընթացքին։ Ասիկա կարելի է պատկերացնել հաւատարիմ Աբրահամին պարագայով։ Աստուծոյ պատուէրին համաձայն իր որդին՝ Իսահակը զոհել փորձելէ ետք, հրեշտակ մը իրեն հետեւեալ պատգամը տուաւ. «‘Իմ անձիս վրայ երդում ըրի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր’»։ (Ծննդոց 22։15–18) Անկասկած, այս խոստումը մեծապէս ուրախացուց Աբրահամը։

10 Աբրահամ հաւանաբար ակնկալեց որ Իսահակը պիտի ըլլար «սերունդ»ը որով պիտի գային խոստացուած օրհնութիւնները։ Բայց Աբրահամի եւ իր ընտանիքին հաւատքն ու ուրախութիւնը փորձի ենթարկուած ըլլալու էին, երբ տարիներու ընթացքին ոչ մէկ արտակարգ դէպք պատահեցաւ Իսահակի միջոցով։ Իսահակին եւ հետագային, անոր որդւոյն՝ Յակոբին՝ այդ խոստումը հաստատելով, Աստուած անոնց հաւաստիացուց որ Սերունդին գալը տակաւին ապագային էր եւ ասիկա օգնեց անոնց որ իրենց հաւատքն ու ուրախութիւնը պահեն։ Սակայն, Աբրահամ, Իսահակ ու Յակոբ մեռան առանց Աստուծոյ իրենց տուած խոստումին իրականացումը տեսնելու, բայց անոնք Եհովայի տխուր ծառաները չէին։ (Եբրայեցիս 11։13) Մենք ալ կրնանք շարունակել Եհովայի ծառայել հաւատքով եւ ուրախութիւնով, մինչ իր խոստումներուն իրականացման կը սպասենք։

Ուրախութիւն՝ Հակառակ Հալածանքին

11. Հակառակ հալածանքին, ինչո՞ւ կրնանք ուրախ ըլլալ։

11 Մենք՝ Եհովայի ծառաներս՝ կրնանք Իրեն ծառայել սրտի ուրախութիւնով, նոյնիսկ երբ հալածանքէ կը տառապինք։ Յիսուս երանի տուաւ իրեն համար հալածուողներուն, իսկ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէսզի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։ Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասնզի փառքի եւ զօրութեան եւ Աստուծոյ հոգին ձեր վրայ հանգչած է»։ (Ա. Պետրոս 4։13, 14. Մատթէոս 5։11, 12) Եթէ դուք արդարութեան համար հալածանքի կը համբերէք եւ անկէ կը տառապիք, Եհովայի հոգին ու հաճութիւնը ունիք եւ անիկա վստահաբար ուրախութիւն կը յառաջացնէ։

12. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք հաւատքի փորձերը ուրախութեամբ դիմագրաւել։ (բ) Աքսորի մէջ եղած Ղեւտացիի մը պարագայէն հիմնական ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

12 Կրնանք հաւատքի փորձերը ուրախութեամբ դիմագրաւել, քանի որ Աստուած մեր Ապաւէնն է։ Ասիկա կը բացայայտուի 42–րդ եւ 43–րդ Սաղմոսներուն մէջ։ Պատճառով մը, Ղեւտացի մը աքսորի մէջ էր։ Ան Աստուծոյ սրբարանին մէջ պաշտամունքին ա՛յնքան կարօտցած էր, որ ինքզինք կը նմանցնէր ծարաւած եղջերուի մը որ չոր ու անջրդի շրջանի մը մէջ ջուր կը փափաքի։ Ան Եհովայի եւ Իր սրբարանին մէջ Աստուած պաշտելու առանձնաշնորհումին «ծարաւ»ը, կամ կարօտը, ունէր։ (Սաղմոս 42։1, 2) Այս աքսորեալին փորձառութիւնը պէտք է մղէ մեզ որ երախտագիտութիւն ցուցաբերենք այն ընկերակցութեանը համար, զոր կը վայելենք Եհովայի ժողովուրդին հետ։ Եթէ կարգ մը պարագաներ, ինչպէս հալածանքի պատճառաւ բանտարկութիւնը, ժամանակաւորապէս զրկէ մեզ մեր եղբայրներուն ընկերակցութենէն, խորհինք անցեալին անոնց հետ սրբազան ծառայութեան մէջ մեր ունեցած ուրախութիւններուն վրայ եւ աղօթենք համբերութիւն ունենալու համար, մինչ ‘Աստուծոյ կը սպասենք (ՆԱ)’, որ մեզ իր երկրպագուներուն հետ մեր բնականոն գործունէութեան մէջ վերահաստատէ։—Սաղմոս 42։4, 5, 11. 43։3–5

‘Ուրախութեամբ Եհովայի Ծառայեցէք’

13. Սաղմոս 100։1, 2–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ ուրախութիւնը Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութեան մէկ երեսակը պէտք է ըլլայ։

13 Ուրախութիւնը Աստուծոյ մեր մատուցած ծառայութեան մէկ երեսակը պէտք է ըլլայ։ Ասիկա կը տեսնուի գոհութեան մեղեդիով մը, որու մէջ սաղմոսերգուն կ’երգէր. «Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ»։ (Սաղմոս 100։1, 2) Եհովա «ուրախ Աստուած» է եւ ան կ’ուզէ որ իր ծառաներն ալ իրենց նուիրումին համաձայն ապրելու մէջ ուրախութիւն գտնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Բոլոր ազգերէն մարդիկ Եհովայով պէտք է ցնծան, իսկ մեր գովաբանութեան արտայայտութիւնները զօրաւոր պէտք է ըլլան, յաղթանակ տարած բանակի մը ‘յաղթական աղաղակ’ին պէս։ Քանի որ Աստուծոյ ծառայութիւնը կը կազդուրէ, անոր պէտք է ընկերակցի ուրախութիւնը։ Անոր համար սաղմոսերգուն յորդորեց որ մարդիկ Աստուծոյ առջեւ կենան «ցնծութեամբ»։

14, 15. Սաղմոս 100։3–5–ը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի Եհովայի ներկայ ուրախ ծառաներուն։

14 Սաղմոսերգուն աւելցուց. «Ճանչցէ՛ք [գիտցէք] թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք. մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք»։ (Սաղմոս 100։3) Քանի որ Եհովա մեր Ստեղծիչն է, մենք իր ստացուածքն ենք, ինչպէս ոչխարները՝ իրենց հովիւին։ Աստուած ա՛յնքան լաւ հոգ կը տանի մեզի որ մենք երախտագիտութեամբ կը գովաբանենք զինք։ (Սաղմոս 23) Եհովայի նկատմամբ Սաղմոսերգուն նաեւ երգեց. «Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Վասնզի Տէրը բարի է. անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ»։—Սաղմոս 100։4, 5

15 Այսօր, բոլոր ազգերէն ուրախ անհատներ Եհովայի սրբարանին սրահները կը մտնեն գոհութիւն եւ օրհնութիւն տալու համար։ Մենք ուրախութեամբ Աստուծոյ անունը կ’օրհնենք միշտ Եհովայի գովքը հիւսելով, իսկ իր հոյակապ յատկութիւնները կը մղեն մեզ որ զինք գովաբանենք։ Ան իրապէս բարի է, իսկ իր ծառաները կրնան միշտ իր ողորմութեան կամ կարեկից նկատառութեան վստահիլ, քանի որ անիկա յաւիտեան է։ «Ազգէ մինչեւ ազգ», Եհովա հաւատարիմ է իր կամքը ընողներուն հանդէպ սէր յայտնաբերելով։ (Հռովմայեցիս 8։38, 39) Վստահաբար ուրեմն, ‘ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել’ու լաւ պատճառներ ունինք։

Ձեր Յոյսով Ուրախ Եղէք

16. Քրիստոնեաները ո՞ր յոյսերով եւ հեռանկարներով կրնան ուրախ ըլլալ։

16 Պօղոս գրեց. «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։12) Յիսուս Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները երկնային անմահ կեանքի փառաւոր յոյսով ուրախ են, զոր Աստուած անոնց դիմաց բացաւ իր Որդւոյն միջոցաւ։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Փիլիպպեցիս 3։20, 21) Երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունեցող Քրիստոնեաներն ալ ուրախ ըլլալու պատճառ ունին։ (Ղուկաս 23։43, ՆԱ) Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաները Թագաւորութեան յոյսով ուրախ ըլլալու պատճառ ունին, քանի որ անոնք կա՛մ երկնային կառավարութեան մաս պիտի կազմեն, կամ ալ անոր երկրային ծիրին մէջ պիտի ապրին։ Ի՜նչ բերկրալի օրհնութիւն։—Մատթէոս 6։9, 10. Հռովմայեցիս 8։18–21

17, 18. (ա) Եսայեայ 25։6–8–ին մէջ ի՞նչ գուշակուած էր։ (բ) Եսայիի այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի հիմա, եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի կատարուի ապագային։

17 Եսային ալ հնազանդ մարդկութեան համար ուրախ ապագայ մը գուշակեց։ Ան գրեց. «Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու ու զտուած հին գինիներու կոչունք։ Այս լերան վրայ բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։ Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. վասնզի Տէրը խօսեցաւ»։—Եսայեայ 25։6–8

18 Այս հոգեւոր տօնախմբութիւնը, որու ներկայիս կը մասնակցինք որպէս Եհովայի երկրպագուներ, արդարեւ ուրախ կոչունք մըն է։ Իրականութեան մէջ, մեր ուրախութիւնը կը յորդի, մինչ նախանձախնդրութեամբ Աստուծոյ կը ծառայենք նոր աշխարհին համար իր խոստացած բառացի բարի բաներու կոչունքին սպասելով։ (Բ. Պետրոս 3։13) Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ, Եհովա պիտի վերցնէ այն «վարագոյրը» որ մարդկութիւնը կը ծածկէ Ադամի մեղքին պատճառաւ։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ տեսնել մեղքին ու մահուան վերցուիլը։ Ի՜նչ հաճոյք պիտի ըլլայ բարի գալուստ մաղթել մեր սիրելի յարուցեալներուն, նշմարելով որ արցունքները անհետացած են եւ դրախտային երկրի մը վրայ ապրելով, ուր Եհովայի ծառաները այլեւս պիտի չնախատուին, այլ Աստուած նախատողին՝ Բանսարկու Սատանային՝ տալիք պատասխան մը հայթայթած պիտի ըլլան Աստուծոյ։—Առակաց 27։11

19. Եհովայի մեր դիմաց դրած հեռանկարներուն ի տես, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք որպէս իր Վկաները։

19 Իր ծառաներուն ի նպաստ Եհովայի ընելիքներուն մասին գիտնալը ձեզ ուրախութեամբ ու երախտագիտութեամբ չի՞ լեցներ։ Արդարեւ, այսպիսի հոյակապ հեռանկարներ մեր ուրախութեան կը նպաստեն։ Ասկէ զատ, մեր օրհնեալ յոյսը պատճառ կ’ըլլայ որ մենք մեր ուրախ, սիրալիր, առատաձեռն Աստուծոյ նայինք հետեւեալ զգացումներով. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք, անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։ (Եսայեայ 25։9) Մեր հոյակապ յոյսը մեր մտքին մէջ զօրաւոր կերպով դրոշմուած, մեր ամէն ջանքը կեդրոնացնենք սրտի ուրախութիւնով Եհովայի ծառայելու համար։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք «սրտի ուրախութիւնով» Եհովայի ծառայել։

◻ Եթէ Աստուծոյ մեր մատուցանած ծառայութեան մէջ ուրախութիւն չունինք, ի՞նչ կրնանք ընել։

◻ Հակառակ հալածանքին, Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կրնան ուրախ ըլլալ։

◻ Մեր յոյսով ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

[Նկարներ՝ էջ 25]

Քրիստոնէական ապրելակերպին բոլոր մարզերուն մէջ բաժին բերելը մեր ուրախութիւնը պիտի աւելցնէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել