Վրէժխնդրութիւնը սխա՞լ է
Միացեալ Նահանգներու մէջ, պողոտայի մը վրայ ինքնաշարժ մը ուշացաւ մէկ կողմ քաշուելու որպէսզի ուրիշ ինքնաշարժի մը անցնելու տեղ տայ։ Երկրորդ ինքնաշարժին վարորդը վրէժ լուծեց, յանցաւոր նկատած ինքնաշարժին վրայ կրակելով եւ սպաննելով անմեղ անցորդ մը։
Պատանուհի մը դպրոցին մէջ խաղարկութեան մը մէջ իր փափաքած դերը կորսնցուց եւ ուրիշ մը զինք փոխարինեց։ Ան՝ միւս աղջիկէն իր վրէժը առաւ, անոր ընկերոջ պատմելով թէ աղջիկը ուրիշ դպրոցէ տղու մը հետ կը տեսնուի եւ այսպիսով բարեկամին հետ ունեցած աղջկան յարաբերութիւնը խզեց։
ՇԱՏԵՐ կը խորհին թէ արդար է վրէժ լուծել երբ իրենց դէմ սխալ գործուի։ Կերպով մը անոնք կը հետեւին սա նշանաբանին՝ «Փոխանակ զայրանալու՝ վրէժ առ»։ Ներկայիս, դրացիական սէրը շատ ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի, իսկ վրէժխնդրութիւնը վերելք կ’արձանագրէ։—Մատթէոս 24։12
Իսկ դուք ինչպէ՞ս կը նկատէք վրէժխնդրութիւնը։ Եթէ Աստուածաշունչի հաւատացող մըն էք, թերեւս կը խորհիք թէ վրէժխնդրութեան սկզբունքը սխալ է։ Բայց ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ ապրելով՝ ինչ որ է պարագան ներկայիս՝ կրնաք խորհիլ թէ վրէժխնդրութեան հակառակը եղող ներողամտութիւնը իրապաշտ կեցուածք մը չէ։ Ի՞նչպէս պիտի հակազդէք երբ խաբուիք կամ յարձակումի ենթարկուիք։ Ոխերիմ կը դառնա՞ք երբ անհատ մը ձեզ անտեսէ կամ ուրիշներուն քով ձեր մասին չարախօսէ։ Վրէժխնդի՞ր թէ ներող էք։
Ոխակալութիւնը կը Վնասէ
Անշուշտ, վիրաւորանքներուն աստիճանները կան։ Սակայն, վրէժ առնել ուզողներէն շատեր ո՛չ յարձակումի ենթարկուած եւ ոչ ալ իրենց կեանքին սպառնացած են։ Այս յօդուածին սկիզբը յիշուած «վիրաւորանքներ»ը աննշան բաներ էին, սակայն վրէժ առնել փափաքող անհատին աչքին, անոնք շատ մեծ կ’երեւէին։
Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ վրէժխնդրութիւն չսնուցանենք։ Առակաց 24։29–ը կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր՝ ‘Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ’»։ Ինչո՞ւ արդեօք. նախ այս հոգին զգացական եւ ֆիզիքական վնասներ կը հասցնէ։ Վրէժխնդիր խորհուրդներ մտքի խաղաղութիւնը կը խլեն եւ ողջախոհութեան արգելք կը հանդիսանան։ Նկատի առէք հետեւեալ տեղեկագրութիւնը. «Երկու հողագործներ իրարու վրայ կրակեցին իրենց կառքէն եւ իրար սպաննեցին փարգինկի մը մէջ, 40 տարուայ վէճի մը վերջ դնելով, որ սկսած էր իրենց մանկութեան շրջանին»։ Երեւակայեցէք. իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան, այս երկու մարդիկը թունաւորուած էին վրէժխնդիր հոգիով մը։—Առակաց 14։29, 30
Վրէժխնդիր հոգի մը չզարգացնելու ուրիշ պատճառ մըն ալ այդ է թէ մոլորեալները՝ նոյնիսկ լրջօրէն մոլորեալները՝ կրնան փոխուիլ։ Պօղոս առաքեալ, զոր օրինակ, ատեն մը «կամակից էր» Ստեփանոսին սպաննուելուն եւ ‘Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ կը փչէր’։ Բայց ան փոխուեցաւ։ Տարիներ ետք, Պետրոս առաքեալ՝ որու կեանքը ատեն մը վտանգուած էր Պօղոսի կողմէ՝ զինք կոչեց «մեր սիրելի եղբայրը Պօղոս»։ (Գործք 7։59. 9։1. Բ. Պետրոս 3։15) Քրիստոնեաները կրնային փորձել վրէժ առնել Պօղոսէն, մանաւանդ երբ ան Դամասկոսի մէջ կը սպասէր եւ կոյր էր։ (Գործք 9։3–15) Ի՜նչ ողբերգական սխալ մը պիտի ըլլար ատիկա։
Ուստի, տեղին ըլլալով Պօղոս խրատեց Հռովմայեցիս 12։20–ի մէջ. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ ջուր տուր անոր»։ Ինչո՞ւ այս կեցուածքը։ Քանի որ եթէ վրէժխնդիր ըլլանք, անիկա իր դիրքը կը խստացնէ եւ մեր միջեւ եղած թշնամութիւնը կը սաստկանայ։ Բայց երբ մեզի դէմ յանցանք գործողին կամ մեզ վիրաւորողին բարիք ընենք, կրնանք զինք քաղցրացնել եւ նախկին թշնամին կրնայ բարեկամի վերածուիլ։
Մեր անձնական տկարութիւնները ճանչնալն ալ կ’օգնէ մեզի որ ոխ առնելու փափաքին առաջնորդող դառնութեան յաղթահարենք։ Սաղմոսերգուն հարցուց. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։ (Սաղմոս 130։3) Բոլորս ալ ուրիշները վշտացուցած կամ վիրաւորած ենք։ Ուրախ չե՞նք եղած երբ անոնք չեն փորձած վրէժ լուծել։ Մենք ալ նոյն կերպով անձնազուսպ պէտք չէ՞ ըլլանք։ Յիսուս խրատեց. «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—Մատթէոս 7։12
Ճիշդ է թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 97։10. Ամովսեայ 5։15) Բայց անիկա չ’ըսեր թէ չարութիւն ընողն ալ ատեցէք։ Յիսուս արդէն մեզի պատուիրած է. «Բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ (Մատթէոս 5։44) Եթէ չարութեան դէմ չարութեամբ փոխադարձենք, մենք ալ յանցագործին հոգին ցոլացուցած կ’ըլլանք։ Հին առակ մը կ’ըսէ. «‘Չարութեան փոխարէնը չարութիւն պիտի հատուցանեմ’, մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ»։ (Առակաց 20։22) Ի՜նչ իմաստուն կեցուածք մը։ Որքան աւելի լաւ է յաղթական դուրս գալ յանցագործները ընդօրինակելու փորձութեան դէմ դնելով։—Յովհաննու 16։33 Հռովմայեցիս 12։17, 21
Ո՞վ Պիտի Պատժէ
Անշուշտ, կարգ մը արարքներ աւելի լուրջ են քան անձնական բախումները կամ վիրաւորանքները։ Ի՞նչ կրնանք ընել երբ ոճիրի զոհ եղած ենք։ Բնականաբար, կը խորհինք որ յանուն արդարութեան բան մը պէտք է ընել։ Բայց ի՞նչ։ Կարգ մը ընկերութիւններու մէջ, անսովոր չէ անհատապէս խնդիրը ձեռք առնել եւ վրէժ լուծել։ Բայց այսպիսի ընկերութիւններ յաճախ արիւնաթաթախ երկարատեւ վէճերով վերջ գտած են։ Ներկայիս, ո՛չ Աստուծոյ օրէնքները եւ, շատ մը պարագաներու, ո՛չ ալ մարդկային օրէնքները կը թոյլատրեն որ անհատներ անձնապէս վրէժ լուծեն գործուած ոճիրի մը համար եւ ասիկա լաւ պատճառներով։ Այսպիսի անձնական բռնութիւն միայն աւելի բռնութիւն կը յառաջացնէ։
Արդ, ոճիրի մը զոհ գացողը ձեռքերը պէտք է ծալլէ եւ հլու հնազանդ ենթարկուի՞ եղծանումին։ Բնական է որ ո՛չ։ Երբ մեր անձին կամ ստացուածքին դպչին, կրնանք հեղինակութիւններու դիմել։ Եթէ ուզենք, կրնանք ոստիկանութիւնը կանչել։ Գործի մէջ, կրնանք վերակացուն տեսնել։ Դպրոցը՝ կրնանք տնօրէնին երթալ։ Անոնք հոն են արդարութիւնը պաշտպանելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ կառավարական հեղինակութիւնները ‘Աստուծոյ սպասաւորներն են եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ’։ (Հռովմայեցիս 13։4) Արդարութիւնը կը պահանջէ որ կառավարութիւնը իր հեղինակութիւնը ի գործ դնէ, յանցագործութիւնը կասեցնէ եւ յանցագործը պատժէ։
Ճիշդ է որ երբեմն արդարութիւնը կ’ուշանայ։ Աշխարհէն յուսախաբ եղած գրող մը ըսաւ. «Արդարութիւնը նման է գնացքի մը որ գրեթէ միշտ կ’ուշանայ»։ Երբեմն, արդարեւ, գնացքը բնաւ չի հասնիր։ Անիրաւութիւն գործողները կրնան այնքան զօրաւոր ըլլալ որ հեղինակութիւնները չեն կրնար զանոնք սանձել։ Այսուհանդերձ, տակաւին իմաստութիւն է անձնազուսպ ըլլալ։ «Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ»։—Առակաց 29։11
Որո՞ւ Է Վրէժխնդրութիւնը
Արդ, երբ վրէժ լուծելու մէջ մենք մեզ զսպենք, ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ մեզի եւ կրնանք հանդարտութեամբ սպասել, գիտնալով որ եթէ արդարութիւնը պիտի պարտադրուի, Աստուած յարմար ժամանակին պիտի ընէ ատիկա։ Եհովա գիտէ թէ երբ յանցագործութիւն մը անպատիժ կը մնայ, անիկա անօրէնութեան կ’առաջնորդէ։ (Ժողովողի 8։11) Ան թոյլ պիտի չտայ որ խստապարանոց ամբարիշտը յաւիտեան հարստահարէ մարդկութիւնը։ Անոր համար Պօղոս առաքեալ խրատեց մեզ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ (Հռովմայեցիս 12։19) Արդարեւ, Աստուածաշունչը կը խօսի Ստեղծիչին կողմէ գալիք վրէժխնդրութեան օրուայ մը մասին։ Վրէժխնդրութեան այդ օրը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Իսկ որո՞նք Աստուծոյ վրէժխնդրութեան պիտի արժանանան։ Ասոնց մասին պիտի խօսինք յաջորդ յօդուածով։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Վրէժխնդիր զգացումները հսկողութեան տակ առնելու համար, յիշեցէ՛ք
□ Աստուած կը հետաքրքրուի արդարութեամբ։
□ Ոխակալութեամբ սնուցանուիլը վնասակար է։
□ Ազնուութիւնը յաճախ ուրիշներուն հետ խնդիրները կը նուազեցնէ։
□ Ուրիշները անտեսած են մեր շատ մը յանցանքները։
□ Սխալ գործողները կրնան փոխուիլ։
□ Աշխարհին կը յաղթենք, անոր կերպերուն չենթարկուելով։