«Մեզի պէս կրքերու ենթակայ» մարդիկ
ԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐ ու մարգարէ մըն էր, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ սիրալիր հայր մը։ Իր որդիներէն մէկը անմիտ եւ ամբարտաւան անձ մը դարձաւ։ Գահը խլելու վճռակամ փորձ մը ընելով, այս որդին քաղաքացիական պատերազմ մը հրահրեց, հօրը մահը ծրագրելով։ Սակայն, պատերազմին մէջ հօրը տեղ որդին սպաննուեցաւ։ Երբ հայրը իր որդւոյն մահը լսեց, առանձին վերնատունը ելաւ ու լացաւ. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։ (Բ. Թագաւորաց 18։33) Հայրը՝ Դաւիթ Թագաւորն էր։ Եհովայի միւս մարգարէներուն նման, ան «մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր»։—Յակոբու 5։17
Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի կողմէ խօսող այրերն ու կիները, կեանքի զանազան խաւերէն եկած սովորական անհատներ էին։ Մեզի նման, խնդիրներ ունէին եւ անկատարութենէ կը տառապէին։ Որո՞նք են այս մարգարէներէն ոմանք, եւ ի՞նչպէս մեզի պէս կրքերու ենթակայ անհատներ էին։
Մովսէս՝ Չափազանց Ինքնավստահութենէ Դէպի Հեզութիւն
Մովսէս, նախաքրիստոնէական շրջանի կարկառուն մարգարէներէն մէկն էր։ Սակայն, նոյնիսկ երբ 40 տարեկան էր, ան որպէս Եհովայի խօսնակը ծառայելու պատրաստ չէր։ Ինչո՞ւ։ Մինչ իր եղբայրները Եգիպտոսի Փարաւոնին կողմէ կը հարստահարուէին, Մովսէս Փարաւոնին տան մէջ կը մեծնար ու «զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը»։ Արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար»։ Չափազանց ինքնավստահ, Եբրայեցի գերի մը պաշտպանելու համար յարձակողականի անցնելով, ան Եգիպտացի մը սպաննեց։—Գործք 7։22-25. Ելից 2։11-14
Արդ, Մովսէս ստիպուեցաւ փախչիլ, եւ յաջորդ չորս տասնամեակները Մադիամի երկրին մէջ հովուութեամբ անցուց։ (Ելից 2։15) Անկէ ետք, 80 տարեկան հասակին, որպէս մարգարէ մը ծառայելու Եհովայէ յանձնարարութիւն ստացաւ։ Սակայն Մովսէս այլեւս չափազանց ինքնավստահ չէր։ Ան ա՛յնքան անորակելի զգաց ինքզինք որ Եհովայի կողմէ որպէս մարգարէ իր յանձնարարութիւնը հարցի տակ դրաւ, հետեւեալ խօսքերով. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ», եւ «Ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ (Ելից 3։11, 13) Եհովայի սիրալիր խրախուսանքով եւ օգնութեամբ, Մովսէս իր նշանակումը մեծ յաջողութեամբ կատարեց։
Դուք ալ Մովսէսի նման երբեք թոյլ տուա՞ծ էք, որ չափազանց ինքնավստահութիւնը ձեզ անմիտ բաներ ընելու կամ ըսելու առաջնորդէ։ Եթէ այո, խոնարհութեամբ յաւելեալ մարզում ընդունեցէք։ Կամ, քրիստոնէական որոշ պատասխանատուութիւններ կատարելու անատակ զգացա՞ծ էք։ Փոխանակ զանոնք մերժելու, Եհովայի ու իր կազմակերպութեան ներկայացուցած օգնութիւնը ընդունեցէք։ Մովսէսին օգնողը՝ ձե՛զի ալ կրնայ օգնել։
Կրթութիւն Մատակարարող Եղիա՝ Մեզի Պէս Կրքերու Ենթակայ Էր
«Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր։ Աղօթք ըրաւ որ անձրեւ չգայ եւ երեք տարի ու վեց ամիս երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ»։ (Յակոբու 5։17) Եղիայի աղօթքը, Իրեն կռնակ դարձնող ազգ մը կրթելու Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակ էր։ Սակայն, Եղիա գիտէր որ այն երաշտը որու համար ինք կ’աղօթէր, մարդոց տառապանք պիտի պատճառէր։ Իսրայէլ մեծ մասամբ երկրագործական երկիր մըն էր. ցօղն ու անձրեւը ժողովուրդին կեանքն էր։ Երաշտին շարունակուիլը չափազանց նեղութիւն պիտի պատճառէր։ Բուսականութիւնը պիտի չորնար. երկիրը առանց բերքի պիտի մնար։ Աշխատանքի եւ ուտելիքի համար գործածուող ընտանի անասունները պիտի մեռնէին, իսկ կարգ մը ընտանիքներ սովէ պիտի տառապէին։ Ամենաշատ տառապողը ո՞վ պիտի ըլլար։ Հասարակ ժողովուրդը։ Հետագային որբեւայրի մը Եղիայի ըսաւ թէ իր քով ափ մը ալիւր եւ քիչ մը իւղ մնացած էին։ Ան վստահ էր որ ինք ու իր որդին շուտով սովամահ պիտի ըլլային։ (Գ. Թագաւորաց 17։12) Եղիա այսպիսի աղօթք մը մատուցանելու համար, հաստատ հաւատք պէտք էր ունենար թէ Եհովա ճշմարիտ պաշտամունքը չլքող Իր ծառաներուն հոգ պիտի տանէր, անոնք ըլլան աղքատ կամ՝ հարուստ։ Ինչպէս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, Եղիա յուսախաբ չեղաւ։—Գ. Թագաւորաց 17։13-16. 18։3-5
Երեք տարի ետք, երբ Եհովա յայտնեց թէ շուտով անձրեւ պիտի բերէր, երաշտին դադրիլը տեսնելու Եղիայի անձկալից փափաքը յայտնի եղաւ, իր յաջորդական եւ ջերմեռանդ աղօթքներէն, երբ ան «գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ»։ (Գ. Թագաւորաց 18։42) Կրկին ու կրկին ան իր մանչուն ըսաւ. «Ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ», իր աղօթքները Եհովայի կողմէ լսուելուն որոշ ապացոյց մը տեսնելու համար։ (Գ. Թագաւորաց 18։43) Ան որքա՜ն ուրախացած ըլլալու էր, երբ ի վերջոյ, իր աղօթքներուն առ ի պատասխան, «երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր իր պտուղը բուսցուց»։—Յակոբու 5։18
Եթէ ծնողք մը կամ՝ քրիստոնէական ժողովքին մէջ երէց մըն էք, սրբագրութիւն մատակարարելու ժամանակ, թերեւս ստիպուիք խոր զգացումներու դէմ պայքարիլ։ Սակայն, մարդկային այսպիսի զգացումներ պէտք է մեղմացուին այն համոզումով, թէ երբեմն կրթութիւնը անհրաժեշտ է եւ թէ զայն սիրով մատակարարելը «արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ»։ (Եբրայեցիս 12։11) Եհովայի օրէնքներուն հնազանդիլը միշտ օգտակար արդիւնքներ կու տայ։ Եղիայի նման, սրտանց կ’աղօթենք որ անոնք գործադրուին։
Երեմիա՝ Խիզախ Հակառակ Վհատութեան
Աստուածաշունչի գրողներէն, թերեւս ամենէն աւելի Երեմիան իր անձնական զգացումներուն մասին գրեց։ Որպէս պատանի, ան դժկամեցաւ իր յանձնարարութիւնը ընդունիլ։ (Երեմեայ 1։6) Բայց եւ այնպէս, մեծ քաջութեամբ սկսաւ Աստուծոյ խօսքը յայտարարել, որու պատճառաւ իր Իսրայելացի ազգակիցները՝ թագաւորէն մինչեւ սովորական քաղաքացին՝ սաստիկ հակառակեցան իրեն։ Երբեմն այդ հակառակութիւնը զինք բարկացուց եւ լացուց։ (Երեմեայ 9։3. 18։20-23. 20։7-18) Զանազան առիթներով ան խուժանի կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ, ծեծուեցաւ, կոճղի մէջ դրուեցաւ, բանտարկուեցաւ, մահուան սպառնալիքի ներքեւ եկաւ, տիղմով լեցուն չոր ջրհորի մը մէջ ձգուեցաւ որ մեռնի։ Երբեմն նոյնիսկ Եհովայի պատգամը զինք վշտացուց, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ իր խօսքերէն. «Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ»։—Երեմեայ 4։19
Բայց եւ այնպէս, ան Եհովայի խօսքը կը սիրէր, անգամ մը ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ»։ (Երեմեայ 15։16) Միեւնոյն ժամանակ, յուսախաբութիւնը զինք մղեց որ Եհովայի աղաղակէ. «Դուն ինծի բոլորովին նենգ ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս», այսինքն՝ շուտով ցամքող վտակի մը ջուրերուն նման։ (Երեմեայ 15։18) Այսուհանդերձ, Եհովա հասկցաւ Երեմիայի հակասական զգացումները եւ շարունակեց անոր օգնել, որ կարենայ իր յանձնարարութիւնը կատարել։—Երեմեայ 15։20. նաեւ տես՝ 20։7-9։
Դուք ալ Երեմիայի նման, ձեր ծառայութեան մէջ յուսախաբ կ’ըլլա՞ք, կամ հակառակութեան կը հանդիպի՞ք։ Եհովայի նայեցէ՛ք։ Շարունակեցէք իր առաջնորդութեան հետեւիլ եւ Եհովա ձեր ջանքերը պիտի վարձատրէ։
Յիսուս՝ Մեզի Պէս Կրքերու Ենթակայ Էր
Պատմութեան մեծագոյն մարգարէն Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսն էր։ Կատարեալ մարդ մը ըլլալով հանդերձ, ան իր զգացումները չսանձեց։ Յաճախ կը կարդանք իր ներքին զգացումներուն մասին, որոնք բացայայտ եղած ըլլալու էին իր դէմքին վրայ եւ իր վարուելակերպին մէջ։ Յիսուս յաճախ «խղճաց», եւ միեւնոյն արտայայտութիւնը գործածեց՝ նկարագրելու համար իր առակներուն մէջ եղող անձնաւորութիւնները։—Մարկոս 1։41. 6։34. Ղուկաս 10։33
Առեւտրականներն ու անասունները տաճարէն դուրս քշած ժամանակ, ան իր ձայնը բարձրացուցած ըլլալու էր, ըսելով. «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք»։ (Յովհաննու 2։14-16) Պետրոսի թելադրութիւնը՝ «Քաւ լիցի, Տէ՛ր»՝ մղեց զինք որ ուժգնօրէն պատասխանէ, «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ»։—Մատթէոս 16։22, 23
Յիսուս իրեն մտերիմ եղող որոշ անձերու հանդէպ մասնայատուկ խանդաղատանք ունէր։ Յովհաննէս առաքեալի մասին ըսուած է՝ «այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր»։ (Յովհաննու 21։7, 20) Նաեւ կը կարդանք. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը»։—Յովհաննու 11։5
Յիսուս նաեւ վիշտ կը զգար։ Ղազարոսի մահուան ողբերգութիւնը զգալով՝ «Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննու 11։32-36) Իսկարիովտացի Յուդայի դաւաճանութեան պատճառած սրտացաւը յայտնելով, Յիսուս Սաղմոսներէն խոցոտող արտայայտութիւն մը մէջբերեց. «Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց»։—Յովհաննու 13։18. Սաղմոս 41։9
Նոյնիսկ երբ ցիցին վրայ տանջալից ցաւէ կը տառապէր, Յիսուս իր խոր զգացումները բացայայտ ըրաւ։ Ան գուրգուրանքով իր մօրը հոգատարութիւնը վստահեցաւ՝ ‘այն աշակերտին որ կը սիրէր’։ (Յովհաննու 19։26, 27) Երբ Յիսուս իր կողքին ցցահարուած չարագործներէն մէկուն մէջ զղջումի ապացոյց տեսաւ, ան կարեկցութեամբ ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» աղաղակին մէջ, կրնանք յուզումնալից պոռթկումը զգալ։ (Մատթէոս 27։46) Իսկ անոր վերջին խօսքերը անկեղծ սէր ու վստահութիւն կը յայտնեն. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։—Ղուկաս 23։46
Այս բոլորը ի՜նչ վստահութիւն կը ներշնչեն մեզի։ «Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա [Յիսուս] ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի»։—Եբրայեցիս 4։15
Եհովայի Վստահութիւնը
Եհովա երբեք իր խօսնակներու ընտրութեան նկատմամբ զղջացած չէ։ Ան գիտէր իրեն հանդէպ անոնց ունեցած հաւատարմութիւնը եւ կարեկցութեամբ անտեսեց այդ անկատար անհատներու տկարութիւնները։ Բայց անոնցմէ ակնկալեց որ իրենց յանձնարարութիւնը ամբողջացնեն։ Իր օգնութեամբ անոնք կարողացան ասիկա ընել։
Թող որ համբերութեամբ վստահութիւն ցուցաբերենք մեր հաւատարիմ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ Անոնք իրերու այս դրութեան մէջ մեզի նման միշտ անկատար պիտի մնան։ Սակայն, երբեք պէտք չէ դատենք թէ մեր եղբայրները մեր սիրոյն ու ուշադրութեան արժանի չեն։ Պօղոս գրեց. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլա[նք]»։—Հռովմայեցիս 15։1. Կողոսացիս 3։13, 14
Եհովայի մարգարէները մեր ունեցած բոլոր զգացումները ունեցան։ Այսուհանդերձ, անոնք Եհովայի ապաւինեցան եւ Եհովա ալ սատար կանգնեցաւ անոնց։ Ասկէ զատ, Եհովա անոնց ուրախ ըլլալու պատճառներ տուաւ, ինչպէս՝ մաքուր խղճմտանք, իր հաճութիւնը ունենալու գիտակցութիւն, իրենց օգնող հաւատարիմ ընկերակիցներ եւ ուրախ ապագայի մը երաշխիքը։ (Եբրայեցիս 12։1-3) Մենք ալ լման վստահութեամբ Եհովայի կառչինք, մինչ կ’ընդօրինակենք վաղեմի մարգարէներուն հաւատքը, որոնք «մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ»իկ էին։