Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ02 3/1 էջ 21-26
  • Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը Լոյս կը Փոխանցէ
  • Հոգեւոր Խաւարին Աղբիւրը
  • Խաւարէն Լոյսի Գալու Դժուարութիւնները
  • Լոյսին Մէջ Յառաջդիմել
  • Կեղծ Լոյսերէն Զգուշացէ՛ք
  • Երախտագիտութեամբ Լոյսին Մէջ Քալեցէք
  • «Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • «Լոյսը աշխարհ եկաւ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • ‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
դ02 3/1 էջ 21-26

Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը

«Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ»։—Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22։29

1. Լոյսը ի՞նչպէս առնչուած է կեանքին հետ։

«ԱՍՏՈՒԱԾ ըսաւ. ‘Լոյս ըլլայ’ ու լոյս եղաւ»։ (Ծննդոց 1։3) Այս նշանակալից խօսքերով, Ծննդոցի ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը Եհովան կը բնորոշէ որպէս լոյսի աղբիւրը, առանց որու երկրի վրայ կեանքը անկարելի պիտի ըլլար։ Եհովա նաեւ աղբիւրն է հոգեւոր լոյսի, որ կենսական է կեանքի ճամբուն մէջ մեզ առաջնորդելու համար։ (Սաղմոս 43։3) Դաւիթ Թագաւոր հոգեւոր լոյսի եւ կեանքի միջեւ եղած սերտ առնչութիւնը ցոյց տուաւ, երբ գրեց. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է. քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք»։—Սաղմոս 36։9

2. Ինչպէս Պօղոս ցոյց տուաւ, լոյսը ի՞նչ բանի հետ սերտօրէն առնչուած է։

2 Դաւիթի ժամանակէն շուրջ 1,000 տարի ետք, Պօղոս առաքեալ ստեղծագործութեան արձանագրութեան ակնարկութիւն ըրաւ։ Կորնթոսի մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքին գրելով, ան ըսաւ. ‘Աստուած հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի’։ Ապա Պօղոս ցոյց տուաւ թէ հոգեւոր լոյսը սերտօրէն առնչուած է Եհովայէ եկած գիտութեան հետ, երբ աւելցուց. «Ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։6) Այս լոյսը ի՞նչպէս կը հասնի մեզի։

Աստուածաշունչը Լոյս կը Փոխանցէ

3. Աստուածաշունչին միջոցաւ, Եհովա ի՞նչ լոյս կը հայթայթէ։

3 Եհովա հոգեւոր լոյս կը փոխանցէ գլխաւորաբար իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Ուստի, մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք եւ Աստուծմէ գիտութիւն կը ստանանք, թոյլ կու տանք որ Իր լոյսը մեր ուղղութեամբ փայլի։ Աստուածաշունչին միջոցաւ, Եհովա լոյս կը սփռէ իր նպատակներուն վրայ եւ մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս կրնանք իր կամքը կատարել։ Ասիկա մեր կեանքին նպատակ կու տայ եւ կ’օգնէ մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու։ (Ժողովողի 12։1. Մատթէոս 5։3) Յիսուս շեշտեց թէ պէտք է մեր հոգեւոր կարիքներուն հոգանք, երբ Մովսիսական Օրէնքէն մէջբերում ընելով ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։—Մատթէոս 4։4. Բ. Օրինաց 8։3

4. Յիսուս ի՞նչ կերպով «աշխարհի լոյս»ն է։

4 Յիսուս սերտօրէն առնչուած է հոգեւոր լոյսին հետ։ Արդարեւ, ան ինքն իր մասին խօսեցաւ որպէս «աշխարհի լոյսը» եւ ըսաւ. «Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ (Յովհաննու 8։12) Այս արտայայտութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, Եհովայի ճշմարտութիւնը մարդկութեան հաղորդելու մէջ Յիսուսի ունեցած հիմնական դերը։ Եթէ կ’ուզենք խաւարէն խուսափիլ եւ Աստուծոյ լոյսին մէջ քալել, պէտք է Յիսուսի բոլոր ըսածներուն մտիկ ընենք եւ սերտօրէն հետեւինք իր օրինակին եւ ուսուցումներուն, ինչպէս որ արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ։

5. Յիսուսի մահէն ետք, իր հետեւորդները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունէին։

5 Իր մահէն քանի մը օր առաջ, դարձեալ ինքզինքին ակնարկելով որպէս լոյս, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. վասն զի խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ (Յովհաննու 12։35, 36) Անոնք որոնք լուսոյ որդիներ եղան, Աստուածաշունչի «ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» սորվեցան։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13, 14) Ետքը, այս ողջամիտ խօսքերը գործածեցին ուրիշ պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները խաւարէն դուրս հանելու ու Աստուծոյ լոյսին բերելու համար։

6. Ա. Յովհաննու 1։5–ի մէջ լոյսին ու խաւարին մասին ի՞նչ հիմնական ճշմարտութիւն մը կը գտնենք։

6 Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ»։ (Ա. Յովհաննու 1։5) Նկատեցէք լոյսին ու խաւարին միջեւ եղող հակադրութիւնը։ Հոգեւոր լոյսը Եհովայէ ծագում կ’առնէ, եւ հոգեւոր խաւարը անոր հետ կարելի չէ առնչել։ Ուստի, ո՞վ է խաւարին աղբիւրը։

Հոգեւոր Խաւարին Աղբիւրը

7. Ո՞վ է աշխարհի հոգեւոր խաւարին ետին կեցողը, եւ ան ի՞նչ ազդեցութիւն կը բանեցնէ։

7 Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ «այս աշխարհի աստուած»ին մասին։ Այս արտայայտութեամբ ան կ’ակնարկէր Բանսարկու Սատանային։ Ան շարունակեց ըսել թէ անիկա «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Բազմաթիւ անհատներ կը դաւանին Աստուծոյ գոյութեան հաւատալ. սակայն, անոնցմէ շատեր Բանսարկուի մը գոյութեան չեն հաւատար։ Ինչո՞ւ։ Անոնք չեն ուզեր ընդունիլ որ չար, գերմարդկային ոյժ մը գոյութիւն կրնայ ունենալ եւ իրենց մտածելակերպին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։ Այսուհանդերձ, ինչպէս Պօղոս ցոյց կու տայ, Բանսարկուն գոյութիւն ունի եւ մարդոց վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէ այնպիսի կերպով մը որ անոնք ճշմարտութեան լոյսը չկրնան տեսնել։ Մարդկային մտածելակերպին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու Սատանայի զօրութիւնը կը տեսնուի իր մասին եղած մարգարէական նկարագրութեան մէջ, որ կ’ըսէ թէ ան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Սատանայի գործունէութիւններուն որպէս հետեւանք, Եսայի մարգարէին նախագուշակած կացութիւնը ներկայիս կը կիրարկուի բոլոր մարդկութեան, ի բացառեալ Եհովայի ծառայողներուն. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ»։—Եսայեայ 60։2

8. Հոգեւոր խաւարի մէջ եղողները ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տան թէ մոլորած են։

8 Թանձր խաւարին մէջ անկարելի է բան մը տեսնել։ Դիւրաւ կարելի է կորսուիլ կամ շփոթիլ։ Նմանապէս, հոգեւոր խաւարի մէջ եղողները ըմբռնողութիւն չեն ունենար եւ հոգեւոր առումով շուտով կը մոլորին։ Անոնք ճշմարտութիւնը՝ սուտէն, բարին՝ չարէն զանազանելու կարողութիւնը կը կորսնցնեն։ Եսայի մարգարէն այսպիսի խաւարի մէջ եղողներուն մասին խօսեցաւ, երբ գրեց. «Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն»։ (Եսայեայ 5։20) Հոգեւոր խաւարի մէջ բնակողները խաւարի աստուծոյն՝ Բանսարկու Սատանային՝ ազդեցութեան կ’ենթարկուին, եւ հետեւաբար լոյսի ու կեանքի ակունքէն կ’օտարանան։—Եփեսացիս 4։17-19

Խաւարէն Լոյսի Գալու Դժուարութիւնները

9. Բացատրեցէք թէ յանցագործները ի՞նչպէս թէ՛ բառացի եւ թէ հոգեւոր խաւարը կը սիրեն։

9 Հաւատարիմ Յոբ բառացի խաւարին հանդէպ յանցագործներուն ունեցած հրապոյրին ակնարկեց, երբ ըսաւ. «Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ՝ ըսելով. ‘Զիս աչք չտեսնէ’, ուստի երեսին ծածկոց կը դնէ»։ (Յոբայ 24։15) Յանցագործներ հոգեւոր խաւարի մէջ ալ են, եւ այսպիսի խաւար կրնայ անդիմադրելի ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ սեռային անբարոյութիւնը, գողութիւնը, ագահութիւնը, գինովութիւնը, նախատող եւ յափշտակող ըլլալը, սովորական բաներ են այդ խաւարին ծուղակին մէջ ինկողներուն համար։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքի լոյսին եկող ոեւէ անհատ կրնայ փոխուիլ։ Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս կը բացայայտէ թէ այսպիսի փոփոխութիւն մը կարելի է։ Կորնթացի Քրիստոնեաներէն շատեր խաւարին գործերը կ’ընէին, սակայն Պօղոս անոնց ըսաւ. «Բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը»։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11

10, 11. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս նկատառութիւն ցուցաբերեց մարդու մը հանդէպ, որուն տեսողութիւնը վերահաստատեց։ (բ) Ինչո՞ւ շատեր լոյսը չեն ընտրեր։

10 Երբ անհատ մը թանձր խաւարէն դուրս ելլելով լոյսին մէջ կու գայ, հաւանաբար ժամանակ պիտի պահանջէ մինչեւ որ աչքերը լոյսին վարժուին։ Բեթսայիդայի մէջ, Յիսուս կոյր մարդ մը բժշկեց, բայց աստիճանաբար կատարեց ասիկա։ «Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։ Ան ալ նայեցաւ եւ ըսաւ. ‘Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին’։ Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր»։ (Մարկոս 8։23-25) Ըստ երեւոյթին, Յիսուս այս մարդուն տեսողութիւնը աստիճանաբար վերահաստատեց, որպէսզի մարդը կարենար արեւու պայծառ լոյսին վարժուիլ։ Երեւակայեցէք այս մարդուն ուրախութիւնը, երբ կարողացաւ տեսնել։

11 Այսուհանդերձ, այս մարդուն ուրախութիւնը կարելի չէ բաղդատել այն անհատներուն ուրախութեան հետ, որոնց օգնութիւն կը տրուի հոգեւոր խաւարէն քայլ առ քայլ դուրս ելլելու եւ ճշմարտութեան լոյսին գալու։ Երբ անոնց ուրախութիւնը տեսնենք, հարց կու տանք թէ ինչո՛ւ աւելի շատ անհատներ լոյսով չեն հրապուրուիր։ Յիսուս ասոր պատճառը կու տայ. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին»։ (Յովհաննու 3։19, 20) Այո, շատեր կը սիրեն ‘չար’ գործեր ընել, ինչպէս՝ անբարոյութիւն, հարստահարութիւն, ստութիւն, անիրաւութիւն, եւ գողութիւն. իսկ Սատանայի հոգեւոր խաւարը կատարեալ միջավայր մըն է որ իրենց ուզածը ընեն։

Լոյսին Մէջ Յառաջդիմել

12. Լոյսին գալով ի՞նչ կերպերով օգտուած ենք։

12 Այն ժամանակէն ի վեր որ լոյսը ճանչցանք, մեր անձին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեսած ենք։ Երբեմն լաւ կ’ըլլայ յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ մեր կատարած հոգեւոր յառաջդիմութիւնը վերլուծել։ Ի՞նչ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուած ենք։ Մեր կեանքի ո՞ր խնդիրները կրցած ենք լուծել։ Ապագայի համար մեր ծրագիրները ի՞նչպէս փոխուած են։ Եհովայի եւ իր սուրբ հոգիին զօրութեամբ, կրնանք շարունակել փոփոխութիւններ մտցնել մեր անձնաւորութեան եւ մտածելակերպին մէջ, որոնք ցոյց պիտի տան թէ լոյսին կ’ընդառաջենք։ (Եփեսացիս 4։23, 24) Պօղոս հարցը հետեւեալ կերպով կը դնէ. «Ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. վասն զի Հոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է»։ (Եփեսացիս 5։8, 9) Երբ թոյլ տանք որ Եհովայի լոյսը մեզ առաջնորդէ, ասիկա մեզի յոյս եւ նպատակ կու տայ, ինչպէս նաեւ մեր շուրջիններուն կեանքը կը բարելաւէ։ Իսկ այսպիսի փոփոխութիւններ Եհովայի սիրտը որքա՜ն կ’ուրախացնեն։—Առակաց 27։11

13. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի լոյսին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալ, եւ ասոր համար ի՞նչ կը պահանջուի։

13 Մեր վայելած ուրախ կեանքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց կու տանք Եհովայի լոյսը արտացոլացնելով, այսինքն՝ Աստուածաշունչէն մեր սորված բաները մեր ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն եւ դրացիներուն հետ բաժնելով։ (Մատթէոս 5։12-16. 24։14) Մեզի մտիկ ընել մերժողներուն համար, մեր քարոզչութիւնն ու քրիստոնէական օրինակելի ապրելակերպը յանդիմանութիւն մը կ’ըլլան։ Պօղոս կը բացատրէ. «Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին. ու կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն, այլ մանաւանդ զանոնք յանդիմանեցէ՛ք»։ (Եփեսացիս 5։10, 11) Մեր կողմէ քաջութիւն կը պահանջէ, որ ուրիշներուն օգնենք խաւարէն ձերբազատուելու եւ լոյսը ընտրելու։ Աւելի կարեւորը, կը պահանջուի ուրիշներուն հանդէպ կարեկցութիւն ու հետաքրքրութիւն, ինչպէս նաեւ անոնց յաւիտենական օգտին համար ճշմարտութեան լոյսը անոնց հետ բաժնելու սրտանց փափաք մը։—Մատթէոս 28։19, 20

Կեղծ Լոյսերէն Զգուշացէ՛ք

14. Լոյսի առնչութեամբ, ո՞ր ազդարարութեան ականջ պէտք է տանք։

14 Երբ խաւար կը տիրէ, ծովուն բացերը գտնուողները որեւէ լոյս կ’ողջունեն։ Անցեալին, Անգլիոյ խարակներուն վրայ կրակ կը վառէին, ցոյց տալու համար թէ ո՛ւր կարելի էր փոթորիկէն ապաստանարան մը գտնել։ Նաւաստիները երախտապարտ կ’ըլլային, որ այսպիսի լոյսեր զիրենք ապահով նաւահանգիստներ կ’առաջնորդէին։ Սակայն, կարգ մը կրակներ ծուղակներ էին։ Փոխանակ նաւահանգիստ մը գտնելու, շատ մը նաւեր կը մոլորէին եւ ծովափի խարակներուն զարնուելով կը խորտակուէին, ուր նաւուն վրայ բեռցուած ապրանքները կը գողցուէին։ Այս խաբուսիկ աշխարհին մէջ, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ կեղծ լոյսերէ չհրապուրուինք, որոնք կրնան մեզ հոգեւոր նաւաբեկութեան առաջնորդել։ Մեզի կ’ըսուի թէ «Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ»։ Նմանապէս, իր ծառաները, ի ներառեալ հաւատուրացները, «խաբեբայ բանուորներ» են, որոնք ‘արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը կ’առնեն’։ Եթէ այսպիսիներու կեղծ պատճառաբանութիւններուն ականջ տանք, Եհովայի ճշմարտութեան Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հանդէպ մեր վստահութիւնը կրնայ տկարանալ եւ մեր հաւատքը կրնայ մեռնիլ։—Բ. Կորնթացիս 11։13-15. Ա. Տիմոթէոս 1։19

15. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ դէպի կեանք տանող ճամբուն մէջ մնանք։

15 Սաղմոսերգուն գրեց. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։ (Սաղմոս 119։105) Այո, ‘կեանքի տանող նեղ ճամբան’ պայծառօրէն լուսաւորուած է մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովայի կողմէ, որ «կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Մատթէոս 7։14. Ա. Տիմոթէոս 2։4) Աստուածաշունչի պատուէրները կիրարկելը, մեզ պիտի պահպանէ որ այդ նեղ ճամբէն խոտորելով խաւարի ճամբաներուն մէջ չքալենք։ Պօղոս գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Մինչ հոգեւորապէս կ’աճինք, Աստուծոյ Խօսքով կ’ուսուցանուինք։ Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ կրնանք մենք մեզ յանդիմանել, կամ եթէ հարկ ըլլայ, յանդիմանուիլ ժողովքին սիրալիր հովիւներուն կողմէ։ Նմանապէս, կրնանք հարցերը շտկել եւ խոնարհութեամբ ընդունիլ արդարութեան մէջ խրատուիլ, որպէսզի կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։

Երախտագիտութեամբ Լոյսին Մէջ Քալեցէք

16. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հայթայթած հոյակապ լոյսին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել։

16 Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հայթայթած հոյակապ լոյսին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերել։ Յովհաննու 9–րդ գլուխը մեզի կ’ըսէ թէ երբ Յիսուս ի ծնէ կոյր մարդ մը բուժեց, մարդը մղուեցաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու։ Ի՞նչպէս։ Ան Յիսուսի հաւատք ընծայեց որպէս Աստուծոյ Որդի եւ զայն հանրապէս բնորոշեց որպէս «մարգարէ մը»։ Ասկէ զատ, ան խիզախօրէն խօսեցաւ այն անհատներուն դէմ, որոնք փորձեցին Յիսուսի հրաշքը նսեմացնել։ (Յովհաննու 9։17, 30-34) Պետրոս առաքեալ քրիստոնէական ժողովքին օծեալ անդամները կը կոչէ «սեփական ժողովուրդ մը»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք կոյր ծնած ու ապա բուժուած մարդուն նոյն երախտագէտ հոգին ունին։ Անոնք Եհովայի՝ իրենց Բարերարին՝ հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տան, ‘հռչակելով անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’։ (Ա. Պետրոս 2։9. Կողոսացիս 1։13) Երկրային յոյս ունեցողները միեւնոյն երախտագէտ հոգին ունին, եւ իրենց օծեալ եղբայրներուն կ’օգնեն՝ Եհովայի «առաքինութիւնները» հանրապէս հռչակելու մէջ։ Աստուած ի՜նչ անգին առանձնաշնորհում մը կը շնորհէ անկատար մարդոց։

17, 18. (ա) Ի՞նչ է իւրաքանչիւր անհատի պատասխանատուութիւնը։ (բ) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի քաջալերութիւն տրուած է ի՞նչ բանէ խուսափելու, Տիմոթէոսը ընդօրինակելով։

17 Ճշմարտութեան լոյսին հանդէպ սրտանց գնահատութիւն ունենալը կենսական է։ Մի՛ մոռնաք, մեզմէ ոչ մէկը ճշմարտութեան գիտութեամբ ծնած է։ Ոմանք զայն կը սորվին որպէս չափահասներ, եւ շուտով կը նկատեն թէ լոյսը խաւարէն գերակայ է։ Ուրիշներ, աստուածավախ ծնողներու հոգատարութեան ներքեւ մեծնալու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունին։ Այսպիսիներուն համար թերեւս դիւրին է լոյսը թեթեւի առնել։ Վկայ մը, որուն ծնողքը Եհովայի կը ծառայէին իր ծնելէն առաջ, կը խոստովանի թէ շատ ժամանակ ու ջանք պահանջեց, որպէսզի մանկութենէն ի վեր իրեն ուսուցուած ճշմարտութիւններուն լման իմաստն ու կարեւորութիւնը ըմբռնէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, իւրաքանչիւրս կարիքը ունինք խոր գնահատութիւն մշակելու Եհովայի յայտնած ճշմարտութեան հանդէպ։

18 Թէեւ մանկութենէն ի վեր պատանի Տիմոթէոսի ուսուցուած էին «սուրբ գրքերը», սակայն ծառայութեան մէջ ջանք թափելէն ետքն էր միայն որ ան քրիստոնէական հասունութիւն ձեռք ձգեց։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Այն ժամանակ ի վիճակի եղաւ Պօղոս առաքեալին օգնելու, որ զինք յորդորեց. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ Թող որ մենք ալ Տիմոթէոսի նման խուսափինք ընելէ որեւէ բան որ կրնայ մեզ ամչցնել, կամ կրնայ պատճառ ըլլալ որ Եհովան մեզմով ամչնայ։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

19. (ա) Դաւիթի նման, բոլորս ալ ի՞նչ ըսելու պատճառ ունինք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

19 Ամէն պատճառ ունինք Եհովան փառաբանելու, որ մեզի տուաւ իր ճշմարտութեան լոյսը։ Դաւիթ Թագաւորին նման, կ’ըսենք. «Իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր, ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ»։ (Բ. Թագաւորաց 22։29) Այսուհանդերձ, չենք համարձակիր ինքնագոհ ըլլալ, քանի որ ասիկա կրնայ մեզ խաւարին վերադարձնել, որմէ ազատագրուած էինք։ Հետեւաբար, յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ արժեւորենք թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ կարեւորութիւն կու տանք աստուածային ճշմարտութեան։

Ի՞նչ սորվեցաք

• Եհովա ի՞նչպէս հոգեւոր լուսաւորութիւն կը հայթայթէ։

• Մեզ շրջապատող հոգեւոր խաւարը ի՞նչ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ։

• Ի՞նչ վտանգներէ պէտք է խուսափինք։

• Ճշմարտութեան լոյսին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ցուցաբերել։

[Նկար՝ էջ 22]

Եհովա ֆիզիքական եւ հոգեւոր լոյսի ակունքն է

[Նկար՝ էջ 23]

Սատանայի կեղծ լոյսերով մոլորուիլը հոգեւոր նաւաբեկութեան կ’առաջնորդէ

[Նկար՝ էջ 24]

Ինչպէս որ Յիսուս կոյր մարդ մը աստիճանաբար բուժեց, նոյնպէս ալ մեզի կ’օգնէ որ հոգեւոր խաւարէն դուրս գանք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել