Եհովային հաւատարմութեամբ ծառայենք
«Հաւատարիմին հետ [ո՛վ Եհովա] հաւատարմութեամբ պիտի վարուիս»։—Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 22։26, ՆԱ
1. Եհովա ինչպէ՞ս կը վարուի իրեն հաւատարիմ եղողներուն հետ։
ԿԱՐԵԼԻ չէ հատուցում ընել Եհովայի, այն բոլոր բարիքներուն համար զորս ան կ’ընէ իր ժողովուրդին ի նպաստ։ (Սաղմոս 116։12) Ի՜նչ սքանչելի են անոր հոգեւոր ու նիւթական պարգեւները եւ գթառատութիւնը։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը գիտէր թէ Աստուած նաեւ հաւատարմութեամբ կը վարուի իրեն հաւատարիմ եղողներուն հետ։ Դաւիթ իր յօրինած երգերէն մէկուն մէջ ըսաւ. «Այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն [եւ Սաւուղ Թագաւորին ձեռքէն, ՆԱ] ազատեց»։—Բ. Թագաւորաց 22։1
2. Բ. Թագաւորաց 22–րդ գլուխին Դաւիթի երգին մէջ ներկայացուած կարգ մը կէտերը ի՞նչ են։
2 Դաւիթ իր երգը սկսաւ (զուգահեռ ըլլալով 18–րդ Սաղմոսին հետ) Եհովան փառաբանելով որպէս աղօթքի պատասխանելով ‘փրկութիւն հայթայթող’։ (Բ. Թագաւորաց 22։2–7) Իր երկնային տաճարէն, Աստուած գործի լծուեցաւ իր հաւատարիմ ծառան հզօր թշնամիներէն ազատելու համար։ (Համարներ՝ 8–19) Այսպիսով Դաւիթ ուղիղ ընթացք մը հետապնդելուն եւ Եհովայի ճամբաները պահելուն համար վարձատրուեցաւ։ (Համարներ՝ 20–27) Անկէ ետք կը նշուին արարքներ որոնք աստուածատուր զօրութեամբ կատարուեցան։ (Համարներ՝ 28–43) Վերջաւորութեան, Դաւիթ յիշեց իր վրայ յանցանք փնտռող ազգակիցներէն եւ օտար թշնամիներէն իր ազատագրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եհովային որպէս «Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը ու իր օծեալին ... ողորմութիւն ընողը»։ (Համարներ՝ 44–51) Եհովա կրնայ մեզ ալ ազատել եթէ ուղիղ ընթացք մը ունենանք եւ զօրութեան համար իրեն ապաւինինք։
Ի՛նչ կը Նշանակէ Հաւատարիմ Ըլլալ
3. Սուրբ գրային տեսանկիւնէն դիտուած, ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ։
3 Դաւիթի ազատագրութեան երգը մեզի այս մխիթարիչ երաշխիքը կու տայ. «Հաւատարիմին հետ [ո՛վ Եհովա] հաւատարմութեամբ պիտի վարուիս»։ (Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ) Եբրայերէն շէսիտհ ածականը կը մատնանշէ «հաւատարիմ մէկու մը», կամ «ողորմած եղող»ի մը։ (Սաղմոս 18։25, ՆԱ, լուսանցքի բացատրութիւն) Շէսէտհ [Դիտ. Հոկտեմբեր 1, 1991, էջ 22, պրբ. 11] գոյականը կը բովանդակէ բարութեան գաղափարը, որ սիրալիր կերպով կը կապուի բանի մը մինչեւ որ անոր նկատմամբ իր նպատակը իրագործուի։ Եհովա այդ բարութիւնը կ’արտայայտէ իր ծառաներուն հանդէպ, անոնք ալ կը փոխադարձեն զայն։ Այս արդար, սուրբ հաւատարմութիւնը թարգմանուած է «ողորմածութիւն» եւ «հաւատարիմ սէր»։ (Ծննդոց 20։13, ՆԱ. Ծննդոց 21։23, ՆԱ) Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «հաւատարմութիւն» բառը սրբութեան եւ ակնածանքի գաղափարը կը կրէ, որ կ’արտայայտուի հոսիօդէս գոյականով եւ հոսիօս [Դիտ. Հոկտեմբեր 1, 1990, էջ 22, պրբ. 12] ածականով։ Այսպիսի հաւատարմութիւն հաւաստիութիւն ու նուիրում կը պարփակէ եւ ջերմեռանդ ըլլալ ու Աստուծոյ հանդէպ բոլոր պարտականութիւնները ուշադրութեամբ կատարել կը նշանակէ։ Եհովայի հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ իրեն կառչիլ այնպիսի ուժեղ նուիրումով մը՝ որ զօրաւոր մածուցիկի մը դերը կը կատարէ։
4. Եհովայի հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցաբերուի։
4 Եհովայի հաւատարմութիւնը ցոյց կը տրուի շատ մը կերպերով։ Օրինակի համար, ան դատական քայլեր կ’առնէ ամբարիշտներուն դէմ, քանի որ իր ժողովուրդին հանդէպ հաւատարիմ սէր ունի եւ արդարութեան ու իրաւունքի հանդէպ՝ հաւատարմութիւն։ (Յայտնութիւն 15։3, 4. 16։5) Աբրահամի հետ իր ըրած ուխտին հանդէպ հաւատարմութիւնը զինք մղեց որ երկայնամիտ ըլլայ Իսրայելացիներուն հանդէպ։ (Դ. Թագաւորաց 13։23) Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ եղողները կրնան վստահ ըլլալ որ, մինչեւ իրենց հաւատարիմ ընթացքին վախճանը, ան նեցուկ պիտի կանգնի իրենց եւ պիտի յիշէ զիրենք։ (Սաղմոս 37։27, 28. 97։10) Յիսուս զօրացաւ գիտնալով որ, որպէս Աստուծոյ գլխաւոր «հաւատարիմ»ը (ՆԱ), իր անձը գերեզմանին մէջ պիտի չթողուեր։—Սաղմոս 16։10. Գործք 2։25, 27
5. Քանի որ Եհովա հաւատարիմ է, ան իր ծառաներէն ի՞նչ կը պահանջէ, եւ ո՞ր հարցումը նկատի պիտի առնուի։
5 Քանի որ Եհովա Աստուած հաւատարիմ է, ան իր ծառաներէն հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ (Եփեսացիս 4։24) Օրինակի համար, այրերը հաւատարիմ պէտք է ըլլան, որպէսզի որակելի ըլլան ժողովքին մէջ որպէս երէցներ նշանակուելու։ (Տիտոս 1։8, ՆԱ) Ի՞նչ ազդակներ պէտք է մղեն Եհովայի ժողովուրդին որ հաւատարմութեամբ իրեն ծառայեն։
Սորված Բաներուն Հանդէպ՝ Երախտագիտութիւն
6. Մեր սորված սուրբ գրային բաներուն հանդէպ ինչպէ՞ս պէտք է զգանք, եւ ի՞նչ պէտք է յիշենք այսպիսի գիտութեան մը մասին։
6 Մեր սորված սուրբ գրային բաներուն հանդէպ երախտագիտութենէ մղուած Եհովային հաւատարմօրէն պէտք է ծառայենք։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին սա յորդորը տուաւ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասնզի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Յիշեցէք որ այս գիտութիւնը Աստուծմէ կու գայ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։—Մատթէոս 24։45–47
7. Հաւատարիմ ծառային միջոցաւ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած հոգեւոր կերակուրին հանդէպ երէցները ինչպէ՞ս պէտք է զգան։
7 Մասնաւորաբար նշանակուած երէցները պէտք է գնահատեն հաւատարիմ ծառային միջոցաւ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած սննդարար հոգեւոր կերակուրը։ Տարիներ առաջ կարգ մը երէցներ այսպիսի գնահատութեան պակասը ունեցան։ Դիտարկու մը նշեց թէ անոնք «Դիտարանի յօդուածները կը քննադատէին, չուզելով զայն ընդունիլ որպէս ... Աստուծոյ ճշմարտութեան խողովակը, որ միշտ կը փորձէ ուրիշներուն մտածելակերպին վրայ ազդել»։ Սակայն, հաւատարիմ երէցները բնաւ չեն փորձեր ուրիշներու վրայ ազդել, որպէսզի հաւատարիմ ծառային միջոցաւ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած որեւէ հոգեւոր կերակուր մերժեն։
8. Ի՞նչ ընել եթէ լիովին չենք գնահատեր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ ներկայացուած սուրբ գրային որոշ կէտ մը։
8 Որպէս Եհովայի նուիրուած Վկաներ, բոլորս ալ իրեն եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ պէտք է ըլլանք։ Նոյնիսկ մեր մտքէն պէտք չէ անցնենք Աստուծոյ սքանչելի լոյսէն շեղիլ, հետապնդելով հաւատուրաց ընթացք մը՝ որ կրնայ հիմա հոգեւոր մահուան առաջնորդել եւ ապա՝ վերջնական կործանման։ (Երեմեայ 17։13) Իսկ ի՞նչ ընել եթէ հաւատարիմ ծառային կողմէ ներկայացուած սուրբ գրային որոշ կէտ մը ընդունելու կամ զանոնք լիովին գնահատելու դժուարութիւն ունինք ...։ Այդ պարագային, խոնարհաբար խորհինք թէ ո՛ւր սորվեցանք ճշմարտութիւնը եւ իմաստութիւն ստանալու համար աղօթենք, որպէսզի այս փորձութեան դէմ դնենք, մինչեւ որ անիկա վերջ գտնէ խնդրոյ առարկայ նիւթերու մասին հրատարակուած լուսաբանութիւնով մը։—Յակոբու 1։5–8
Քրիստոնէական Եղբայրակցութիւնը Գնահատենք
9. Ա. Յովհաննու 1։3–6–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեաները ընկերային հոգի մը պէտք է ունենան։
9 Մեր Քրիստոնէական եղբայրակցութեան մէջ գտնուող ընկերային հոգիին հանդէպ սրտագին գնահատութիւնը ուրիշ մղիչ ոյժ մըն է որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք։ Իրականութեան մէջ, առանց այս հոգիին, կարելի չէ Աստուծոյ եւ Քրիստոսին հետ հոգեւոր սերտ յարաբերութիւն մը ունենալ։ Յովհաննէս առաքեալ օծեալ Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէսզի դուք ալ մեզի հաղորդակից [«ընկերակից», Diaglott] ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ ... Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր»։ (Ա. Յովհաննու 1։3–6) Այս սկզբունքը կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեաներուն, անոնց յոյսը ըլլա՛յ երկնային՝ թէ երկրային։
10. Թէեւ Եւոդիան ու Սիւնտիքը երեւութապէս անձնական խնդիր մը լուծելու դժուարութիւն ունէին, Պօղոս ինչպէ՞ս նկատեց այս կիները։
10 Ընկերային հոգի մը պահպանելը ջանք կը պահանջէ։ Օրինակի համար, Եւոդիան ու Սիւնտիքը, երկուքն ալ Քրիստոնեայ կիներ, երեւութապէս իրենց միջեւ ծագած խնդիր մը լուծելու դժուարութիւն ունէին։ Ուստի Պօղոս զանոնք յորդորեց «որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով»։ Ան աւելցուց. «Քեզի՛ ալ կ’աղաչեմ, իմ հարազատ լծակիցս, դո՛ւն ալ օգնական եղիր անոնց, որոնք ինծի հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ Կղեմէսին եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կենաց գրքին մէջ են»։ (Փիլիպպեցիս 4։2, 3) Այդ աստուածապաշտ կիները Պօղոսի եւ ուրիշներուն հետ «աւետարանին մէջ» կողք–կողքի պայքարած էին եւ ան վստահ էր որ անոնք կը գտնուէին անոնց մէջ, «որոնց անունները կենաց գրքին մէջ են»։
11. Եթէ հաւատարիմ Քրիստոնեայ մը հոգեւոր խնդիր մը դիմագրաւէ, ի՞նչ բան յարմար պիտի ըլլայ ի մտի ունենալ։
11 Քրիստոնեաները պատուանշան մը չեն կրեր ցոյց տալու համար թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ի՛նչ ընելու առանձնաշնորհումը ունեցած են եւ թէ ի՛նչպէս հաւատարմօրէն ծառայած են իրեն։ Եթէ անոնք հոգեւոր խնդիր մը ունին, որքա՜ն անսիրալիր պիտի ըլլար անտեսել տարիներ Եհովայի մատուցած անոնց հաւատարիմ ծառայութիւնը։ Հաւանաբար ան, որ «հարազատ լծակից» կոչուած է, ուրիշներու օգնելու մէջ փութաջան հաւատարիմ եղբայր մըն էր։ Եթէ երէց մըն էք, «հարազատ լծակից» մըն է՞ք, պատրաստ՝ կարեկցաբար օգնելու։ Բոլորս ալ չանտեսենք մեր հաւատակիցներուն լաւ բաները, ինչպէս Աստուած կ’ընէ եւ սիրալիր կերպով անոնց օգնենք որ իրենց բեռը կրեն։—Գաղատացիս 6։2. Եբրայեցիս 6։10
Երթալիք Ուրիշ Տեղ Չկայ
12. Երբ Յիսուսի խօսքերը պատճառ եղան որ ‘աշակերտներէն շատեր ետ երթան’, Պետրոս ի՞նչ դիրք բռնեց։
12 Իր կազմակերպութեան հետ պիտի մղուինք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել, եթէ յիշենք որ երթալիք ուրիշ տեղ չկայ յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ Երբ Յիսուսի խօսքերը պատճառ եղան որ ‘աշակերտներէն շատեր ետ երթան’, ան իր առաքեալներուն հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։—Յովհաննու 6։67–70
13, 14. (ա) Առաջին դարու Հրէականութիւնը ինչո՞ւ աստուածային հաճութիւնը չունէր։ (բ) Երկար ատեն ծառայած Եհովայի Վկայ մը ի՞նչ ըսաւ Աստուծոյ տեսանելի կազմակերպութեան մասին։
13 Հ.Դ. առաջին դարու Հրէականութեան մէջ «Յաւիտենական կեանքի խօսքեր» չկային։ Անոր գլխաւոր մեղքն էր Յիսուսը մերժել որպէս Մեսիան։ Հրէականութեան ոչ մէկ տեսակը բացարձակապէս հիմնուած էր Եբրայերէն Գրութիւններուն վրայ։ Սադուկեցիները հրեշտակներուն գոյութիւնը կ’ուրանային եւ յարութեան չէին հաւատար։ Թէեւ Փարիսեցիները այս մարզերուն մէջ անոնց հետ համաձայն չէին, սակայն անոնք կը մեղանչէին Աստուծոյ Խօսքը անվաւեր դարձնելով իրենց ոչ–սուրբ գրային աւանդութիւններուն պատճառաւ։ (Մատթէոս 15։1–11. Գործք 23։6–9) Այս աւանդութիւնները գերեվարած էին Հրեաները, որոնց պատճառաւ շատեր Յիսուս Քրիստոսը ընդունելու համար դժուարութիւն քաշեցին։ (Կողոսացիս 2։8) Իր «հայրենի աւանդութիւններու»ն նախանձախնդիր ըլլալը պատճառ եղաւ որ Սօղոս (Պօղոս) տգիտութեամբ Քրիստոսի հետեւորդները վայրագօրէն հալածէ։—Գաղատացիս 1։13, 14, 23
14 Հրէականութիւնը Աստուծոյ հաճութիւնը չունէր, բայց Եհովա իր Որդւոյն հետեւորդներէն բաղկացած կազմակերպութիւնը—‘բարի գործերու նախանձախնդիր ժողովուրդը’ օրհնեց։ (Տիտոս 2։14) Այդ կազմակերպութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի եւ վաղուց Եհովայի Վկայ մը անոր մասին ըսաւ [հետեւեալ մէջբերումը առնուած է Դիտ. Յունուար 1, 1992, էջ 10, պրբ. 9]. «Ինծի համար ամենէն կարեւոր բանը եղած է Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան մօտիկ մնալ։ Սկիզբը իմ ունեցած փորձառութիւնս ինծի սորվեցուց թէ որքան անխոհեմութիւն է մարդկային տրամաբանութեան վստահիլ։ Անգամ մը որ միտքս այս կէտին համոզուեցաւ, որոշեցի հաւատարիմ մնալ կազմակերպութեան կողքին։ Ապա թէ ոչ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը ունենալ»։ Աստուածային հաճութիւնը ու յաւիտենական կեանքը ստանալու համար, երթալիք ուրիշ տեղ չկայ։
15. Ինչո՞ւ համագործակցիլ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան եւ անոր մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնողներուն հետ։
15 Մեր սիրտը պէտք է մղէ մեզ Եհովայի կազմակերպութեան հետ համագործակցելու, քանի որ գիտենք թէ միայն անիկա Իր հոգիով կ’առաջնորդուի եւ Իր անունն ու նպատակները կը ճանչցնէ։ Անշուշտ, անոր մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնողները անկատար են։ (Հռովմայեցիս 5։12) Բայց «Տէրոջը բարկութիւնը ... բորբոքեցաւ» Ահարոնի ու Մարիամի վրայ, երբ անոնք Մովսէսը մեղադրեցին եւ մոռցան որ ա՛նոր, ոչ թէ իրենց, աստուածատուր պատասխանատուութիւն վստահուած էր։ (Թուոց 12։7–9) Այսօր, հաւատարիմ Քրիստոնեաները կը համագործակցին «առաջնորդութիւն առնողներուն (ՆԱ)» հետ, քանի որ Եհովա այս է որ կը պահանջէ։ (Եբրայեցիս 13։7, 17) Մեր հաւատարմութիւնը կ’ապացուցանենք Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախելով եւ ‘ուրիշները սիրոյ եւ բարեգործութեան’ մղող բացատրութիւններ տալով։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Կերտող Ըլլանք
16. Ուրիշներու համար ի՞նչ ընելու փափաքն ալ պէտք է մղէ մեզի որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք։
16 Ուրիշները կերտելու փափաքն ալ պէտք է մղէ մեզի որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք։ Պօղոս գրեց. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Քանի որ որոշ տեսակի գիտութիւնը կը փքացնէր զայն ունեցողները, Պօղոս ըսել կ’ուզէր թէ սէրն ալ կը կերտէ զայն ցուցաբերողները։ Ուայզ եւ Ինկլիշ ուսուցչապետներուն կողմէ հրատարակուած գիրք մը կ’ըսէ. «Սիրելու կարողութիւն ունեցող անձ մը սովորաբար կը սիրուի իր կարգին։ Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ բարեացակամութիւն եւ նկատառութիւն յայտնաբերելու կարողութիւնը ... նշանակելիօրէն շինիչ ազդեցութիւն մը ունի այսպիսի զգացումներ ցոյց տուողին, ինչպէս նաեւ զանոնք ընդունողին վրայ եւ ասիկա երկուքին ալ հաճոյք կը պատճառէ»։ Սէր ցոյց տալով, ուրիշները եւ մենք մեզ կը կերտենք, ինչպէս կը թելադրեն Յիսուսի խօսքերը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
17. Սէրը ինչպէ՞ս կը կերտէ, եւ անիկա ի՞նչ բաներ ընելէ մեզ ետ պիտի պահէ։
17 Ա. Կորնթացիս 8։1–ին մէջ, Պօղոս գործածեց Յունարէն ակաբէ [Պաշտամունք էջ 14] բառը որ սկզբունքային սիրոյ կը մատնանշէ։ Անիկա կը կերտէ, քանի որ երկայնամիտ ու քաղցր է, ամէն բանի կը զիջանի ու կը համբերէ եւ բնա՛ւ չիյնար։ Այս սէրը վնասակար զգացումները, ինչպէս՝ հպարտութիւնը եւ նախանձը, կը վանէ։ (Ա. Կորնթացիս 13։4–8) Այսպիսի սէր մը մեր եղբայրներուն մասին դժգոհելէ մեզ ետ պիտի պահէ, որոնք մեզի պէս անկատար են։ Անիկա մեզ ետ պիտի պահէ այն «ամբարիշտներ»ուն պէս ըլլալէ, որոնք «գաղտուկ» կը մըտնէին առաջին դարու ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ։ Այս մարդիկը ‘տէրութիւնը կ’անարգէին, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյէին’, բացայայտօրէն զրպարտելով այնպիսի անհատներ, զոր օրինակ, օծեալ Քրիստոնեայ տեսուչները որոնց որոշ փառք մը շնորհուած էր։ (Յուդա 3, 4, 8) Եհովայի հաւատարիմ մնալով, նոյնանման բան մը ընելու փորձութեան բնաւ տեղի չտանք։
Բանսարկուին Դէմ Դնենք
18. Սատանան ի՞նչ կը փափաքի ընել Եհովայի ժողովուրդին, բայց ան ինչո՞ւ չի յաջողիր։
18 Երբ Գիտակցինք որ Սատանան կ’ուզէ Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը քանդել, ասիկա Եհովային հաւատարմօրէն ծառայելու մեր վճռակամութիւնը պէտք է զօրացնէ։ Սատանան նաեւ պիտի փափաքէր Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը բնաջնջել եւ Բանսարկուին երկրային ծառաները երբեմն կը սպաննեն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներ։ Բայց Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ Սատանան բոլորն ալ մէջտեղէն վերցնէ։ Յիսուս մեռաւ, որպէսզի «փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան»։ (Եբրայեցիս 2։14) Սատանային իշխանութեան ծիրը մասնաւորաբար սահմանափակուած է իր երկինքէն վռնտուելէն ի վեր, որ տեղի ունեցաւ 1914–ին՝ Քրիստոս Թագաւոր ըլլալէ ետք։ Իսկ Եհովայի որոշած ժամանակին, Յիսուս պիտի կործանէ Սատանան եւ անոր կազմակերպութիւնը։
19. (ա) Տարիներ առաջ այս պարբերաթերթը ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Սատանային ջանքերուն մասին։ (բ) Սատանայի որոգայթներէն խուսափելու համար, հաւատակիցներուն հետ մեր յարաբերութեան մէջ ի՞նչ բանի զգուշութիւն պէտք է ընենք։
19 Այս պարբերաթերթը անգամ մը ազդարարեց. «Եթէ Բանսարկու Սատանան կարենայ խռովութիւն պատճառել Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ, կարենայ պատճառ ըլլալ որ անոնք իրարու հետ գժտուին եւ կռուին, կամ ապացուցանեն եւ զարգացնեն անձնասէր դիրքորոշում մը՝ որ կրնայ եղբայրներուն միջեւ սէրը քանդել, այդ պարագային պիտի յաջողի զանոնք կլլել»։ (Դիտարան Մայիս 1, 1921, էջ 134, Անգլ.) Թոյլ չտանք որ Բանսարկուն քանդէ մեր միութիւնը, թերեւս մեզ դրդելով որ իրարու վրայ չարախօսենք, կամ իրարու հետ կռուինք։ (Ղեւտացւոց 19։16) Թող որ Սատանան բնաւ չխաբէ մեզ այնպիսի կերպով մը, որ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայողներուն անձամբ վնասենք կամ անոնց համար կեանքը աւելի դժուարացնենք։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 2։10, 11։) Ընդհակառակը, Պետրոսի խօսքերը կիրարկենք. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած»։ (Ա. Պետրոս 5։8, 9) Սատանային դէմ հաստատ դիրք բռնելով, կրնանք մեր օրհնեալ միութիւնը պահպանել որպէս Եհովայի ժողովուրդը։—Սաղմոս 133։1–3
Աղօթքով Աստուծոյ Ապաւինինք
20, 21. Աղօթքով Եհովային ապաւինիլը ինչպէ՞ս կապ ունի իրեն հաւատարմօրէն ծառայելուն հետ։
20 Աղօթքով Աստուծոյ ապաւինիլը պիտի օգնէ մեզի որ շարունակենք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։ Երբ տեսնենք որ ան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, իրեն աւելի կը մօտենանք։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց աղօթքով Եհովա Աստուծոյ ապաւինիլ, երբ գրեց. «Կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։8) Օրինակի համար, որքա՜ն կարեւոր է որ երէցները աղօթքով Աստուծոյ ապաւինին։ Ժողովքային հարցեր նկատի առնելու համար երբ հաւաքուին, Եհովայի հանդէպ այսպիսի հաւատարմութիւն ցուցաբերելը արգելք պիտի հանդիսանայ անվերջ վիճաբանութիւններու եւ հաւանական բարկութեան պոռթկումներու։
21 Աղօթքով Եհովա Աստուծոյ ապաւինիլը մեզի կ’օգնէ որ իր ծառայութեան մէջ մեր ունեցած առանձնաշնորհումներուն հոգ տանինք։ Մարդ մը, որ տասնեակ տարիներ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայած էր, կրցաւ ըսել. «Աստուծոյ աշխարհածաւալ կազմակերպութեան մէջ մեզի տրուած որեւէ նշանակում յօժարակամօրէն ընդունիլը եւ մեր նշանակումին մէջ անխախտ մնալը Աստուծոյ հաճութեան ժպիտը կը բերեն մեր անկեղծ ջանքերուն վրայ։ Նոյնիսկ երբ նշանակուած պարտականութիւնը մեզի անարգ թուի, յաճախ երեւան կու գայ որ եթէ զայն հաւատարմօրէն չկատարէինք շատ մը ուրիշ կենսական ծառայութիւններ կարելի չէր իրագործել։ Ուստի, եթէ խոնարհ ենք եւ ուղղակիօրէն հետաքրքրուած Եհովայի անունը փառաւորելով եւ ոչ թէ մերինը, այն ատեն կրնանք վստահ ըլլալ թէ միշտ ‘հաստատո՛ւն, անշարժ պիտի ըլլանք, Եհովայի գործին մէջ ընելիք շատ բան ունենալով’։—Ա. Կորնթացիս 15։58
22. Եհովայի շատ մը օրհնութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեր հաւատարմութեան։
22 Եհովայի ծառայութեան մէջ ի՛նչ որ ալ ընենք, անշուշտ, մեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն փոխարէն չենք կրնար հատուցանել իրեն։ Որքա՜ն ապահով ենք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ, Իր բարեկամներով շրջապատուած ըլլալով։ (Յակոբու 2։23) Եհովա օրհնած է մեզ եղբայրական սէրէ առթած այս միութեամբ որ այնքան խորունկ արմատ կապած է որ Սատանան իսկ չի կրնար զայն արմատախիլ ընել։ Հետեւաբար, կառչած մնանք մեր հաւատարիմ երկնաւոր Հօրը եւ միասնաբար աշխատինք որպէս իր ժողովուրդը։ Հիմա եւ յաւիտեան, Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ։
◻ Ի՞նչ են կարգ մը ազդակները որոնք պէտք է մղեն մեզ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայելու։
◻ Ինչո՞ւ Բանսարկուին դէմ պէտք է դնենք։
◻ Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ ըլլանք։
[Նկար՝ էջ 21]
Եհովայի հաւատարիմ ծառաները թոյլ չեն տար իրենց առիւծանման Հակառակորդին՝ Բանսարկուին՝ որ իրենց միութիւնը քանդէ