Զգաստ Եղէք Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ
1 Աստուծոյ Խօսքը շատ անգամ Եհովայի օրը կը բնութագրէ որպէս «գողի պէս» հասնող, այսինքն՝ անակնկալօրէն, յանկարծակի, գաղտագողի։ (Ա. Թես. 5։2. Մատթ. 24։43. Բ. Պետ. 3։10. Յայտ. 3։3. 16։15) «Անոր համար», ըսաւ Յիսուս, «դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթ. 24։44) Ի՞նչպէս կրնանք մեր հոգեւոր պատրաստակամութիւնը պահել մինչ վախճանը կը մօտենայ։ Բանալին կը կայանայ այս ներշնչեալ յորդորին մէջ. «Զգաստ եղէ՛ք»։—Ա. Պետ. 4։7
2 Զգաստութիւնը կը պարփակէ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ (Եփ. 5։17) Ասիկա կ’օգնէ որ մեր անձերը նկատենք որպէս ‘պանդուխտներ եւ օտարականներ’ իրերու այս ներկայ դրութեան մէջ։ (Ա. Պետ. 2։11) Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ իրապէս կարեւոր բաները գիտնանք, նախապատուութիւններ դնենք եւ լաւ որոշումներ կայացնենք։—Փիլ. 1։10
3 Հոգեւոր Նպատակակէտեր Դրէք. Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը եւ անոնց հասնիլը մեզի կ’օգնեն որ զգաստ ըլլանք։ Հոգեւոր նպատակակէտեր ունի՞ք, զորս այժմ կը հետապնդէք։ Կը ջանա՞ք ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալ, քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու իւրաքանչիւր թիւ կարդալ, կամ թերեւս ծառայութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը աւելցնել։ Եթէ ձեզի յարմար եղող նպատակակէտեր դնէք, յարատեւաբար զանոնք հետապնդէք, եւ Եհովայէ խնդրէք որ ձեր ջանքերը օրհնէ, արդիւնքներուն վրայ պիտի զարմանաք։
4 Երէց մը երիտասարդ ամոլի մը հարցուց իրենց հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին։ Հարցումը անոնց անդրադարձնել տուաւ որ եթէ իրենց կեանքը պարզացնէին եւ ծանր պարտքերէն ձերբազատուէին, կրնային ռահվիրաներ ըլլալ։ Անոնք որոշեցին ասիկա իրենց նպատակակէտը դարձնել։ Անոնք փութաջանութեամբ իրենց պարտքերը վճարեցին եւ իրենց ժամանակն ու կորովը վատնող՝ անհրաժեշտ չեղող գործունէութիւնները նուազեցնելու կերպեր գտան։ Ճիշդ մէկ տարի ետք, անոնք իրենց նպատակակէտին հասան։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Ամուսինը կ’ըսէ. «Առանց նպատակակէտերու այս վիճակին պիտի չհասնէինք։ Այժմ աւելի ուրախ ենք։ Մեր կեանքը աւելի անդորր է եւ՝ բարելաւուած։ Անիկա իսկական իմաստ ու նպատակ ունի»։
5 Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, թող որ մեր հոգեւոր պատրաստակամութիւնը պահենք, զգաստութեամբ ապրելով եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ կեդրոնացած մնալով։—Տիտ. 2։11-13