Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Նոյեմբեր էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 4-10
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 11-17
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 18-24
  • ՆՈՅԵՄԲԵՐ 25–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Նոյեմբեր էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 4-10

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1-5

«Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է»

(Ա. Յովհաննէս 2։15, 16) Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ 16 Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։

դ05 1/1 24 ¶13

Յիսուսի ձգած օրինակին կառչինք

13 Ոմանք թերեւս խորհին թէ աշխարհի մէջ ամէն բան սխալ չէ։ Այսուհանդերձ աշխարհը եւ իր հրապոյրները դիւրաւ կրնան մեզ Եհովայի ծառայութենէն շեղեցնել։ Աշխարհը ո՛չ մէկ բան կը հրամցնէ որ մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ։ Ուստի եթէ սկսած ենք աշխարհի բաները սիրել, նոյնիսկ բաներ որ ինքնին սխալ չեն, վտանգաւոր ընթացքի մէջ ենք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Ասկէ զատ, աշխարհի բաներուն մեծամասնութիւնը իրապէս չար է եւ կրնայ մեզ ապականել։ Եթէ շարժապատկերներ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներ կը դիտենք որոնք բռնութիւնը, նիւթապաշտութիւնը կամ սեռային անբարոյութիւնը ցցուն կ’ընեն, ասոնք կրնան ընդունելի դառնալ, ապա մեզ փորձութեան տանիլ։ Եթէ ընկերակցինք անհատներու հետ, որոնք գլխաւորաբար հետաքրքրուած են իրենց կենցաղը բարելաւելով կամ իրենց գործը ընդարձակելով, ասոնք մեզի համար ալ կրնան չափազանց կարեւոր բաներ դառնալ։—Մատթէոս 6։24. Ա. Կորնթացիս 15։33

(Ա. Յովհաննէս 2։17) Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։

դ13 8/15 27 ¶18

Ինչպիսի՞ անձ պէտք է ըլլաս

18 Յովհաննէս առաքեալի սա խօսքը ի մտի ունենալը ե՛ւս կրնայ մեզի օգնել մերժելու այն «ինչ որ աշխարհի մէջ է». «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։ Սատանայի աշխարհը մնայուն եւ իրական կը թուի, բայց օր մը վերջ պիտի գտնէ։ Անոր հրամցուցած բոլոր բաները ժամանակաւոր են։ Այս իրողութիւնը ի մտի ունենալը մեզի պիտի օգնէ որ Սատանային կողմէ չխաբուինք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ա. Յովհաննէս 2։7, 8) Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ Հին պատուիրանքը այն խօսքն է, որ դուք սկիզբէն լսեցիք։ 8 Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, որ ճշմարիտ է անոր մէջ ու ձեր մէջ. վասն զի խաւարը կ’անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կ’երեւնայ։

դ13 9/15 10 ¶14

Եհովայի յիշեցումները վստահելի են

14 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները լեցուն են զիրար սիրելու յիշեցումներով։ Յիսուս ըսաւ որ երկրորդ մեծագոյն պատուէրն է՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։39)։ Նաեւ, Յիսուսի խորթ եղբայրը Յակոբոս նկարագրեց սէրը որպէս՝ «արքայական օրէնք» (Յակ. 2։8)։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ . . .Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի» (Ա. Յովհ. 2։7, 8)։ Յովհաննէս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր որպէս՝ «հին պատուիրանք»։ Ան կ’ակնարկէր սէր ունենալու պատուէրին։ Անիկա «հին» էր այն առումով, որ տասնամեակներ առաջ՝ «սկիզբէն»՝ Յիսուս տուած էր։ Բայց անիկա նաեւ «նոր» էր այն առումով, որ պահանջեց անձնազոհ սէր, որ աշակերտները պիտի ցուցաբերէին նոր պարագաներու ներքեւ։ Ներկայիս, երախտապարտ ենք որ կը ստանանք ազդարարութիւններ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ աշխարհի մարդոց մեծամասնութեան նման անձնասէր կեցուածք չունենանք, հապա անձնազոհ սէր ցուցաբերենք։

(Ա. Յովհաննէս 5։16, 17) Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։ 17 Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։

it-1 862 ¶5

Ներում

Յարմար է ուրիշներու մեղքերու ներումին համար Աստուծոյ աղօթել, նոյնիսկ ամբողջ ժողովքի մը մեղքերը։ Մովսէս աղօթքով խոստովանեցաւ իսրայէլ ազգին մեղքը եւ ներում խնդրեց։ Եհովան իր աղօթքը լսեց եւ իր խնդրանքը կատարեց (Թւ. 14։19, 20)։ Սողոմոն Տաճարին նաւակատիքին աղօթեց, որ Եհովան ներէ Իր ժողովուրդին մեղքը երբ ետ դառնայ իր սխալ ընթացքէն (Գ. Թագ. 8։30, 33-40, 46-52)։ Եզրաս իրենց հայրենիքը վերադարձող հրեաներուն մեղքերը հանրապէս խոստովանեցաւ։ Իր սրտանց աղօթելուն եւ քաջալերութիւն տալուն առ ի արդիւնք, ժողովուրդը փոփոխութիւններ ըրաւ որ Եհովայէն ներում ստանայ (Եզր. 9։13–10։4, 10-19, 44)։ Յակոբոս հոգեւորապէս հիւանդ եղողը քաջալերեց որ ժողովքին երէցները կանչէ որ իրեն համար աղօթեն, եւ «եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր» (Յակ. 5։14-16)։ Բայց «մահացու» մեղք ալ կայ։ Ատիկա սուրբ հոգիին դէմ եղած մեղքն է, այսինքն՝ դիտմամբ շարունակել մեղք գործել։ Ասոր համար ներում չկայ։ Քրիստոնեան պէտք չէ աղօթէ այն անձերուն համար, որոնք այս տեսակի մեղք կը գործեն (Ա. Յովհ. 5։16. Մատ. 12։31. Եբ. 10։26, 27)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

w04 10/1 29

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Երբ Յովհաննէս առաքեալ գրեց որ «կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ», ան ի՞նչ ըսել ուզեց «կատարեալ սէր» արտայայտութեամբ, եւ սէրը ո՞ր «վախ»ն է որ մէկդի կը վանէ կամ՝ դուրս կը դնէ։

Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ» (Ա. Յովհաննէս 4։18)։

Շուրջի համարները կը ցուցնեն որ Յովհաննէս կը խօսէր համարձակութեան մասին, մասնաւորաբար՝ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն եւ իր առջեւ համարձակութիւն ունենալուն միջեւ եղած կապին մասին։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ 17–րդ համարին մէջ, որ կ’ըսէ. «Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ»։ Երբ քրիստոնեայ մը աղօթքով Աստուծոյ կը մօտենայ, Անոր առջեւ իր ունեցած կամ չունեցած համարձակութիւնը ուղղակիօրէն կապ ունի այն բանին հետ, թէ ինք ո՛ր աստիճան Աստուած կը սիրէ եւ ո՛ր աստիճան Անոր սէրը կը զգայ։

«Կատարեալ սէր» արտայայտութիւնը աչքառու է։ Սուրբ Գիրքին մէջ, «կատարեալ» բառը միշտ բացարձակ կամ անսահման կատարելութիւն չի նշանակեր, հապա՝ շատ անգամ կը նշանակէ յարաբերական կատարելութիւն։ Օրինակ, Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ Յիսուս իր հետեւորդներուն կ’ըսէր, որ եթէ միայն զիրենք սիրողները սիրէին, իրենց սէրը թերի եւ պակասաւոր պիտի ըլլար։ Անոնք պէտք էր իրենց սէրը կատարելագործէին, սիրելով նոյնիսկ իրենց թշնամիները։ Նմանապէս, երբ Յովհաննէս գրեց «կատարեալ» սիրոյ մասին, ան կը խօսէր Աստուծոյ հանդէպ այնպիսի սիրոյ մասին, որ սրտանց եւ ամբողջապէս զարգացած է եւ անհատին կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ յայտնի է (Մատթէոս 5։46-48. 19։20, 21)։

Երբ քրիստոնեան Աստուծոյ կ’աղօթէ, շատ լաւ կը գիտակցի որ ինք մեղաւոր եւ անկատար է։ Բայց եթէ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը ամբողջապէս զարգացած է եւ ան լիովին կը զգայ Աստուծոյ սէրը իրեն հանդէպ, դատապարտուելու կամ մերժուելու վախը չի կաշկանդեր զինք։ Ընդհակառակը, ան իր սրտին մէջինը համարձակօրէն կ’արտայայտէ Աստուծոյ եւ ներում կը խնդրէ փրկանքին հիման վրայ, որ Աստուած սիրալիրօրէն հայթայթեց Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ։ Ան վստահութիւն կ’ունենայ որ Աստուած իր աղաչանքները պիտի լսէ եւ անոնց պիտի պատասխանէ։

Ինչպէ՞ս կրնանք «սիրոյ մէջ կատարեալ» ըլլալ եւ դուրս դնել դատապարտուելու կամ մերժուելու վախը։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ան որ [Աստուծոյ] խօսքը կը պահէ, իրաւցնէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը» (Ա. Յովհաննէս 2։5)։ Պահ մը մտածէ. եթէ Աստուած մեզ սիրեց երբ դեռ մեղաւոր էինք, լաւ մեզ ա՛լ աւելի պիտի չսիրէ՞, եթէ իրապէս զղջանք եւ ‘իր խօսքը պահենք’, այսինքն՝ ատոր հնազանդինք (Հռովմայեցիս 5։8. Ա. Յովհաննէս 4։10)։ Այնքա՛ն ատեն որ հաւատարիմ կը մնանք, կրնանք Պօղոս առաքեալին վստահութիւնը ունենալ, երբ Աստուծոյ մասին ըսաւ. «Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր» (Հռովմայեցիս 8։32)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 89

ՊԵՐԵԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ, ՄԻՆՉ ԴԷՊԻ ՀՐԷԱՍՏԱՆ Կ’ՈՒՂՂՈՒԻ

ՂՈՒԿԱՍ 17։1-10 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։1-16

• ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՆԵԼԸ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑ Է

• ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՆԵՐԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

Յիսուս արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր «Յորդանանի անդիի կողմն» է՝ Պերեա կոչուող շրջանին մէջ (Յովհաննէս 10։40)։ Ան դէպի հարաւ ուղղուելով՝ ի վերջոյ Երուսաղէմ պիտի երթայ։

Յիսուս առանձին չէ։ Իրեն հետ են իր աշակերտները եւ «շատ ժողովուրդ», մէջը ըլլալով՝ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ (Ղուկաս 14։25. 15։1)։ Հոն կան նաեւ փարիսեցիներ եւ դպիրներ, որոնք Յիսուսին ըսածներն ու ըրածները կը քննադատեն։ Անոնք մտածելիք շատ բան ունին, կորսուած ոչխարին, անառակ որդիին եւ աղքատ Ղազարոսին մասին Յիսուսի առակները լսելէ ետք (Ղուկաս 15։2. 16։14)։

Հաւանաբար ի մտի ունենալով իր հակառակորդներուն քննադատական ու ծաղրական խօսքերը, Յիսուս իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ իր աշակերտներուն եւ կը խօսի կարգ մը նիւթերու շուրջ, որոնք նախապէս սորվեցուց Գալիլիայի մէջ։

Օրինակ, Յիսուս կ’ըսէ. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան. . . Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր» (Ղուկաս 17։1-4)։ Յիսուսին ըսած վերջին կէտը թերեւս Պետրոսին կը յիշեցնէ եօթը անգամ ներելու մասին իր հարցուցած հարցումը (Մատթէոս 18։21)։

Աշակերտները պիտի կարենա՞ն Յիսուսին խօսքերուն համաձայն գործել։ Երբ Յիսուսին կ’ըսեն. «Մեր հաւատքը աւելցուր», Յիսուս զիրենք կը վստահեցնէ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի» (Ղուկաս 17։5, 6)։ Այո, նոյնիսկ քիչ հաւատքը մեծ բաներ կրնայ ընել։

Յիսուս կը սորվեցնէ թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մէկը խոնարհ ըլլայ եւ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ իր անձին մասին։ Ան առաքեալներուն կ’ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’» (Ղուկաս 17։7-10)։

Աստուծոյ ծառան պէտք է հասկնայ թէ որքա՜ն կարեւոր է հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դնել իր կեանքին մէջ։ Ասկէ զատ, ան պէտք է յիշէ որ Աստուած պաշտելը որպէս իր ընտանիքին մէկ անդամը առանձնաշնորհում է։

Այնպէս կ’երեւի որ այս խօսքերը ըսելէ ետք, Մարիամին եւ Մարթային կողմէ պատգամաբեր մը կը հասնի Յիսուսին քով։ Մարիամն ու Մարթան Ղազարոսին քոյրերն են, որոնք կ’ապրին Հրէաստանի Բեթանիա գիւղին մէջ։ Պատգամաբերը կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է» (Յովհաննէս 11։1-3)։

Այս լուրը Յիսուսը չի մտահոգեր. ան կ’ըսէ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Ան երկու օր կը մնայ այդ վայրին մէջ, ետքը իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Անոնք կ’առարկեն. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս» (Յովհաննէս 11։4, 7, 8)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ. բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ» (Յովհաննէս 11։9, 10)։ Այնպէս կ’երեւի որ ան ըսել կ’ուզէ թէ իր ծառայութեան համար Աստուծոյ սահմանած ժամանակը դեռ չէ վերջացած։ Ուրեմն մինչեւ իր ծառայութեան աւարտը Յիսուս պէտք է մնացած կարճ ժամանակը լիուլի օգտագործէ։

Ան կ’աւելցնէ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Աշակերտները թերեւս կը կարծեն որ Ղազարոս պարզապէս կը հանգստանայ եւ շուտով պիտի ապաքինի, անոր համար կ’ըսեն. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի առողջանայ»։ Այն ատեն Յիսուս բացէ ի բաց կ’ըսէ. «Ղազարոս մեռաւ. . . բայց եկէ՛ք երթանք անոր» (Յովհաննէս 11։11-15)։

Թովմաս գիտէ որ Յիսուս թերեւս սպաննուի Հրէաստանի մէջ, բայց եւ այնպէս կ’ուզէ անոր թիկունք կանգնիլ։ Անոր համար, միւս աշակերտները կը քաջալերէ. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք» (Յովհաննէս 11։16)։

◇ Յիսուս ո՞ւր կը քարոզէր։

◇ Յիսուս ո՞ր կէտերը նորէն կը սորվեցնէ, եւ ո՞ր օրինակով կը բացատրէ խոնարհութիւնը։

◇ Յիսուս ի՞նչ լուր կ’առնէ, եւ Թովմաս ինչո՞ւ կը խօսի Յիսուսին հետ մեռնելու մասին։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 11-17

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1–ՅՈՒԴԱ

«Ճշմարտութեան մէջ մնալու համար պէտք է պայքարինք»

(Յուդա 3) Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք [«պայքարիք», ՆԱ] այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ։

դ04 10/1 9-10 ¶8-9

«Զօրացէ՛ք տէրոջմով»

8 Սատանայի դիտաւորութիւնները գիտենք, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները անոր հիմնական ռազմավարութիւնը կը յայտնեն։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Բանսարկուն արդար Յոբին դէմ գործածեց տնտեսական դժուարութիւններ, սիրելիներու մահը, ընտանեկան հակառակութիւն, ֆիզիքական չարչարանք եւ սուտ բարեկամներու կողմէ անհիմն քննադատութիւն։ Յոբ վհատեցաւ եւ զգաց թէ Աստուած զինք լքած էր։ (Յոբայ 10։1, 2) Ներկայիս նոյնիսկ եթէ Սատանան այս խնդիրները ուղղակի չպատճառէ, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ այսպիսի դժուարութիւններ կը կրեն, եւ Բանսարկուն կրնայ զանոնք շահագործել։

9 Այս վերջին ժամանակին հոգեւոր վտանգները բազմացած են։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր նիւթական հետապնդումները տեղ չեն ձգեր հոգեւոր նպատակակէտերուն։ Հաղորդամիջոցները յարատեւաբար կը ներկայացնեն անօրէն սեռը որպէս երջանկութեան աղբիւր մը, քան՝ սրտատանջութեան։ Իսկ մարդոց մեծամասնութիւնը դարձած է «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այս մտածելակերպը կրնայ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութեան սպառնալ, եթէ ‘չպայքարինք հաւատքին համար’։—Յուդա 3, ԱՎ

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յուդա 4) Քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան։

(Յուդա 12) Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ [«ջուրին տակ ծածկուած ժայռեր», ՆԱ] են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող, երկու անգամ մեռած, արմատէն խլուած։

դ91 5/1 31, շրջանակ

Հաւատուրացներէն զգուշանա՜նք

Պահուած Ժայռեր. Յուդա զգուշացուց իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները ‘իրենց սիրոյ խնճոյքներուն մէջ եղող արատներու [ջուրի տակ պահուած ժայռերու (ՆԱ)]’ դէմ։ (Յուդա 12) Ձեւացնելով որ հաւատակիցները կը սիրեն, այս հաւատուրացները ջուրի տակ պահուած սրածայր ժայռերու նման էին, որոնք կրնային նաւեր ընկղմել կամ ճեղքել եւ լողորդներ սպաննել։ Սիրոյ խնճոյքները հաւանաբար կոչունքներ էին, որոնց նիւթապէս լաւ վիճակ ունեցող Քրիստոնեաներ կը հրաւիրէին իրենց աղքատ հաւատակիցները։ Եկեղեցիի Հայր՝ Քրիսոստոմ (Հ.Դ. 347?-407) ըսաւ. «Բոլորն ալ կը հաւաքուէին հասարակաց խնճոյքի մը մէջ. հարուստները ուտելիք կը բերէին եւ աղքատներն ու չունեւորները կը հրաւիրէին, բոլորը միասին խնճոյք կ’ընէին»։ Այդ նախկին սիրոյ խնճոյքներուն բնոյթը ի՛նչ որ ալ ըլլար, Յուդայի ազդարարութիւնը օգնեց հաւատարիմներուն որ հաւատուրացներու ‘պահուած ժայռերէն’ զգուշանային, որոնք հոգեւոր մահ կրնային պատճառել։ Թէեւ Քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած չէ սիրոյ խնճոյքներ սարքել եւ անոնք հիմա գոյութիւն չունին, սակայն Եհովայի ծառաները իրար կ’օգնեն նեղութեան ժամանակ եւ միասնաբար հաճելի ընկերակցութիւն կ’ունենան։

it-2 816

Ժայռ

Ուրիշ յունարէն բառ մը՝ spi·lasʹ բացայայտօրէն կ’ակնարկէ ժայռի կամ քարերու, որոնք ջուրին տակ ծածկուած կ’ըլլան։ Յուդան այս բառը կը գործածէ ակնարկելու համար որոշ անձերու, որոնք քրիստոնէական ժողովքը գաղտուկ մտած էին զայն ապականելու նպատակաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ ծածկուած ժայռերը վտանգաւոր էին նաւերու համար, այդ մարդիկն ալ մեծ վտանգ էին ժողովքին մէջ եղողներուն համար։ Յուդան այդպիսի մարդոց համար կ’ըսէ. «Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ [«ջուրին տակ ծածկուած ժայռեր», ՆԱ] են» (Յուդա 12)։

(Յուդա 14, 15) Անոնց համար մարգարէացաւ Ենովքն ալ, որ եօթներորդն էր Ադամէն ու ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, 15 ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։

դհ17.1 12 ¶1

«Աստուծոյ հաճելի էր»

Ենովք այսպէս մարգարէացաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան» (Յուդա 14, 15)։ Թերեւս նկատեցիր որ Ենովք գործածեց անցեալ կատարեալ եղանակը, կարծես թէ Աստուած արդէն իսկ ըրած էր մարգարէութեան ըսածը։ Յետագային, շատ մը մարգարէութիւններ այս կերպով տրուեցան։ Կէտը այն է, թէ մարգարէն կը խօսի բանի մը մասին, որ այնքան ստոյգ պիտի կատարուի, որ կարելի է ատոր մասին ըսել թէ արդէն կատարուած է (Եսայի 46։10)։

դհ17.1 12 ¶3

«Աստուծոյ հաճելի էր»

Ենովքին հաւատքը կը մղէ մեզ որ մենք մեզի հարցնենք, թէ ներկայ աշխարհը Աստուծոյ աչքով կը տեսնե՞նք։ Ենովքին ըսած դատաստանը ներկայ աշխարհին կը կիրարկուի, ճիշդ ինչպէս որ իր օրուան աշխարհին կիրարկուեցաւ։ Նոյին օրերուն, Եհովան Ջրհեղեղը բերելով կործանեց ամբարիշտ մարդիկը, ճիշդ ինչպէս որ Ենովք զգուշացում տուած էր։ Բայց այդ կործանումը գալիք աւելի մեծ կործանումի մը օրինակը եղաւ (Մատթէոս 24։38, 39. Բ. Պետրոս 2։4-6)։ Ներկայիս ալ Աստուած իր բիւրաւոր սուրբերով պատրաստ է, որ այս ամբարիշտ աշխարհը արդարութեամբ դատէ։ Ամէն մէկս պէտք է Ենովքին զգուշացումը լուրջի առնէ եւ ուրիշներուն խօսի ատոր մասին։ Թերեւս մեր ընտանիքը եւ բարեկամները մեզմէ հեռանան եւ ատեններ միայնակ զգանք։ Բայց Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները բնա՛ւ պիտի չլքէ, ճիշդ ինչպէս որ Ենովքը երեսէ չձգեց։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 90

«ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ»

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։17-37

• ՅԻՍՈՒՍ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՄԱՀԷՆ ԵՏՔ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

• «ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԸ»

Պերեայէն գալով՝ Յիսուս կը հասնի Բեթանիա գիւղին ծայրը, որ Երուսաղէմէն մօտ երեք քիլոմեթր հեռու է։ Ղազարոսին քոյրերը՝ Մարիամն ու Մարթան սուգի մէջ են։ Շատեր եկած են երկու քոյրերը մխիթարելու։

Ետքը, մէկը Մարթային կ’ըսէ որ Յիսուսը հասնելու վրայ է։ Եւ ան արագօրէն կ’երթայ Յիսուսը դիմաւորելու։ Երբ կը հանդիպին, Մարթան կ’ըսէ բան մը, որ թերեւս իր եւ իր քրոջ միտքին մէջ չորս օրէ ի վեր կը դառնայ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Բայց ան յոյս ունի՛, քանի որ կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի» (Յովհաննէս 11։21, 22)։ Ան կը հաւատայ որ Յիսուս կրնայ իր եղբօր յարութիւն տալ։

Յիսուս կ’ըսէ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթան կ’եզրակացնէ որ Յիսուս կը խօսի ապագայ երկրային յարութեան մասին, որուն հանդէպ հաւատք ունէին նաեւ Աբրահամ եւ ուրիշներ։ Ան ցոյց կու տայ, թէ կը հաւատայ որ այդ յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ, երբ կ’ըսէ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհաննէս 11։23, 24)։

Բայց արդեօք Յիսուս կրնա՞յ այս պահուն ընել բան մը, որ անոնց ցաւը կը թեթեւցնէ։ Ան Մարթային կը յիշեցնէ որ աստուածատուր զօրութիւն ունի մահուան վրայ, երբ կ’ըսէ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս 11։25, 26)։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ իր աշակերտները, որոնք այդ ժամանակ ողջ են, բնաւ պիտի չմեռնին։ Նոյնիսկ ինք պէտք է մեռնի, ինչպէս որ իր առաքեալներուն ըսած է (Մատթէոս 16։21. 17։21, 22)։ Յիսուս կը շեշտէ որ իրեն հաւատալը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Շատեր յաւիտենական կեանք պիտի ստանան՝ յարութիւն առնելով։ Բայց այն հաւատարիմները, որոնք այս չար աշխարհի վերջին ողջ են, թերեւս բնաւ չմահանան։ Երկու պարագաներուն ալ, անոնք՝ որոնք Յիսուսին կը հաւատան, կրնան վստահ ըլլալ որ իրենց յաւիտենական մահ չի սպասեր։

Բայց կրնա՞յ Յիսուս, որ ըսաւ «ես եմ յարութիւնն ու կեանքը», յարութիւն տալ Ղազարոսին, որ չորս օրէ մահացած է։ Յիսուս Մարթային կը հարցնէ. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Ան կը պատասխանէ. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։ Մարթան կը հաւատայ որ Յիսուս կրնայ նոյնիսկ այդ օր բան մը ընել, անոր համար շատ արագ տուն կ’երթայ եւ Մարիամին առանձին կ’ըսէ. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ» (Յովհաննէս 11։25-28)։ Մարիամ տունէն դուրս կ’ելլէ եւ շատեր իրեն կը հետեւին, կարծելով որ Ղազարոսին գերեզմանը կ’երթայ։

Բայց Մարիամ Յիսուսին քով կ’երթայ, անոր ոտքերուն կ’իյնայ եւ լալով կ’ըսէ այն ինչ որ իր քոյրը արդէն արտայայտած էր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Տեսնելով որ Մարիամը եւ ուրիշներ կու լան, Յիսուս կը հառաչէ ու կը խռովի, եւ նոյնիսկ արցունք կը թափէ։ Դիտորդները կ’ազդուին։ Բայց ոմանք հարց կու տան. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր» (Յովհաննէս 11։32, 37)։

◇ Ի՞նչ վիճակ կը տիրէ, երբ Յիսուս Բեթանիա գիւղին ծայրը կը հասնի։

◇ Մարթան ի՞նչ բանի հիման վրայ յարութեան կը հաւատայ։

◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ կրնայ Ղազարոսին յարութիւն տալ։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 18-24

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 1-3

«Գիտեմ քու գործերդ»

(Յայտնութիւն 1։20) Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են։

դ12 10/1 20 ¶8

Ինչպիսի՞ հոգի կը ցուցաբերես

8 Մենք կրնա՛նք այս տեսակի կեցուածք չունենալ, եթէ յիշենք որ Յիսուս ‘իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունի’։ Այդ «աստղ»երը կ’ակնարկեն օծեալ երէցներուն եւ ընդարձակ առումով՝ ժողովքներու երէցներուն։ Յիսուս իր ուզածին պէս կրնայ այդ աստղերը ուղղել (Յայտ. 1։16, 20)։ Ուրեմն, երէցներուն մարմինները Յիսուսին՝ ժողովքին Գլուխին՝ հակակշռին տակ են։ Երբ երէց մը սրբագրութեան պէտք ունենայ, Յիսուս՝ որ ‘կրակի բոցի պէս աչքեր ունի’ եւ ամէն բան կը տեսնէ, յարմար ժամանակին եւ պատշաճ կերպով պիտի միջամտէ (Յայտ. 1։14)։ Բայց մինչեւ որ Յիսուս գործի անցնի, մենք պէտք է յարգենք երէցները, որոնք անոր «աջ ձեռքին» մէջ են։ Պօղոս գրեց. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ» (Եբ. 13։17)։

(Յայտնութիւն 2։1, 2) Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի. 2 ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։

դ12 4/1 30 ¶11

Եհովա մեզ կը պահպանէ փրկութեան համար

11 Յայտնութիւն գրքին 2–րդ եւ 3–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած տեսիլքին մէջ, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոս Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքները կը քննէ։ Տեսիլքը կը յայտնէ թէ Քրիստոս ժողովքներուն ընդհանուր պարագան տեսնելէ աւելին կ’ընէ։ Ան մասնայատուկ իրադարձութիւններ կը նշէ եւ նոյնիսկ՝ որոշ անհատներ, եւ իւրաքանչիւր պարագային յարմար գովասանքի խօսքեր կամ խրատներ կու տայ։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Տեսիլքին կատարման մէջ, եօթը ժողովքները կը ներկայացնեն օծեալ քրիստոնեաները 1914–էն ետք, եւ եօթը ժողովքներուն տրուած խրատը, սկզբունքով կը կիրարկուի ներկայիս աշխարհի չորս կողմը գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր ժողովքներուն։ Ուստի, կրնանք եզրակացնել թէ Եհովա իր Որդիին միջոցաւ գործօն կերպով իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ առաջնորդութենէն օգտուիլ։

դ01 1/15 20-21 ¶20

Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահենք

20 Եհովայի յառաջդիմական կազմակերպութեան հետ քայլ պահելը կը պահանջէ որ ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի աստուածատուր դերը որպէս «ժողովքին գլուխը»։ (Եփեսացիս 5։22, 23) Ուշադրութեան արժանի է նաեւ Եսայեայ 55։4–ը, ուր Եհովա մեզի կ’ըսէ. «Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի»։ Յիսուս վստահաբար գիտէ առաջնորդել։ Ան նաեւ կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ գիտէ անոնց գործերը։ Փաստօրէն, երբ ան Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքները աչքէ անցուց, հինգ անգամ ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ»։ (Յայտնութիւն 2։2, 19. 3։1, 8, 15) Յիսուս մեր կարիքներն ալ գիտէ, ինչպէս իր Հայրը՝ Եհովան։ Տիպար Աղօթքը տալէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։—Մատթէոս 6։8-13

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յայտնութիւն 1։7) Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։

թկ 255 ¶10

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ

10 Ոչխարները այծերէն կը զատուին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բոլոր թշնամիները պիտի ստիպուին ականատես ըլլալ դէպքի մը, որ իրենց ցաւերը պիտի աւելցնէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով» (Մար. 13։26)։ Զօրութեան այս գերբնական երեւոյթը ցոյց պիտի տայ թէ Յիսուս եկած է վճիռ արձակելու։ Վերջին օրերուն առնչուող այս նոյն մարգարէութեան ուրիշ մէկ մասին՝ ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ Յիսուս աւելի՛ մանրամասնութիւններ կու տայ արձակուելիք վճիռին շուրջ (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-33, 46)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրները պիտի դատուին որպէս «ոչխարներ» եւ ‘գլուխնին պիտի բարձրացնեն’ գիտակցելով որ իրենց «փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Իսկ Թագաւորութեան հակառակորդները պիտի դատուին որպէս «այծեր» եւ «կոծ պիտի ընեն» գիտակցելով որ «յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ]» իրենց կը սպասէ (Մատ. 24։30. Յայտ. 1։7)։

(Յայտնութիւն 2։7) Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’։

դ09 1/1 9 ¶1

Յայտնութիւն գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 1)

2։7—Ի՞նչ է «Աստուծոյ դրախտ»ը։ Որովհետեւ այս խօսքը օծեալ քրիստոնեաներուն ուղղուած է, այս դրախտը պէտք է ակնարկէ դրախտային երկնային ոլորտին,– Աստուծոյ բուն ներկայութիւնը։ Հաւատարիմ օծեալները պիտի վարձատրուին՝ «կենաց ծառ»էն ուտելով։ Անոնք անմահութիւն պիտի ստանան (Ա. Կոր. 15։53)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 91

ՂԱԶԱՐՈՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԱՌՆԷ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։38-54

• ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

• ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՅԻՍՈՒՍԸ ՍՊԱՆՆԵԼ

Բեթանիայի մօտ, Մարթային եւ ապա Մարիամին հետ տեսնուելէ ետք, Յիսուս անոնց հետ կ’երթայ Ղազարոսին գերեզմանը։ Ատիկա քարայր մըն է, որուն մուտքը քար մը կը ծածկէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Չհասկնալով որ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ, Մարթան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յովհաննէս 11։39, 40)։

Քարը մէկ կողմ կը դնեն։ Յիսուս իր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէ եւ կ’աղօթէ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ Մարդոց առջեւ աղօթելով, Յիսուս ցոյց կու տայ որ այն ինչ որ ընելու վրայ է, Աստուծոյ զօրութեամբ է։ Ետքը ան բարձրաձայն կ’ըսէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Եւ Ղազարոս դուրս կու գայ՝ իր ձեռքերն ու ոտքերը ճերմակ սաւանով կապուած, իսկ դէմքը կտորով ծածկուած։ Յիսուս կ’ըսէ. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ» (Յովհաննէս 11։41-44)։

Շատեր, որոնք եկած են Մարիամն ու Մարթան մխիթարելու, այս հրաշքը կը տեսնեն եւ Յիսուսին կը հաւատան։ Իսկ ուրիշներ փարիսեցիներուն կ’երթան եւ Յիսուսին ըրածը կը պատմեն։ Փարիսեցիներն ու քահանայապետները կը կարգադրեն որ հրէական բարձրագոյն ատեանը՝ Սենետրիոնը, ժողով գումարէ։ Սենետրիոնի անդամներէն մէկն է՝ Կայիափա քահանայապետը։ Ատեանի անդամներէն ոմանք կ’ըսեն. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը» (Յովհաննէս 11։47, 48)։ Հակառակ անոր որ անոնք ականատեսներէ լսած են, որ Յիսուս «շատ հրաշքներ կ’ընէ», չեն ուրախանար Աստուծոյ ըրածով անոր միջոցաւ։ Անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնն է։

Ղազարոսին յարութիւնը զօրաւոր հարուած է սադուկեցիներուն, որոնք յարութեան չեն հաւատար։ Կայիափան, որ սադուկեցի է, կ’ըսէ. «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի» (Յովհաննէս 11։49, 50. Գործք 5։17. 23։8)։

Իրականութեան մէջ Աստուած պատճառ կը դառնայ որ Կայիափան այդ խօսքը ըսէ, քանի որ որպէս քահանայապետ կը ծառայէ։ Ան այդ խօսքը «ինքնիրմէ» չ’ըսեր։ Կայիափան կ’ուզէ որ Յիսուս սպաննուի, քանի որ կը վախնայ որ ժողովուրդը այլեւս պիտի չհետեւին հրեայ կրօնական առաջնորդներուն։ Բայց Կայիափային մարգարէական խօսքերը ցոյց կու տան, որ Յիսուս իր մահով փրկանք պիտի տայ ոչ միայն հրեաներուն համար, հապա նաեւ «Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներ»ուն համար (Յովհաննէս 11։51, 52)։

Ան կը յաջողի Սենետրիոնի անդամները դրդել, որ ծրագրեն Յիսուսը սպաննել։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Նիկոդէմոս, որ Սենետրիոնի անդամ է եւ Յիսուսին դէմ չէ, անոր պատմեց այս ծրագրին մասին։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուս Երուսաղէմի շրջանէն կը հեռանայ, որպէսզի Աստուծոյ նշանակած ժամանակէն առաջ չմահանայ։

◇ Ղազարոսին յարութեան ականատես եղողները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

◇ Ի՞նչը ցոյց կու տայ որ Սենետրիոնի անդամները չար են։

◇ Հակառակ անոր որ Կայիափան գէշ միտքեր ունի, Աստուած զինք կը մղէ որ ինչի՞ մասին մարգարէանայ։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 25–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 4-6

«Չորս ձիաւորներուն արշաւը»

(Յայտնութիւն 6։2) Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց։

դհ17.3 4 ¶3

Որո՞նք են չորս ձիաւորները

Ճերմակ ձիուն ձիաւորը ո՞վ է։ Ասիկա կրնանք գիտնալ երբ նկատի առնենք Յայտնութիւն գիրքէն ուրիշ հատուած մը, որ այս երկնաւոր ձիաւորը կը կոչէ՝ «Բանն Աստուծոյ» (Յայտնութիւն 19։11-13)։ Այս տիտղոսը՝ Բանը, կը պատկանի Յիսուս Քրիստոսին, քանի որ Աստուծոյ խօսնակն է (Յովհաննէս 1։1, 14)։ Ասկէ զատ, ան կոչուած է՝ «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տերանց», եւ կը նկարագրուի որպէս «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ» (Յայտնութիւն 19։11, 16)։ Յստակ է թէ ան հեղինակութիւն ունի որ գործէ որպէս պատերազմող թագաւոր։ Եւ ան չարաչար կամ փտած կերպով չի գործածեր իր զօրութիւնը։ Բայց կարգ մը հարցումներ կը ծագին։

դհ17.3 4 ¶5

Որո՞նք են չորս ձիաւորները

Ձիաւորները ե՞րբ սկսան արշաւել։ Նկատէ թէ առաջին ձիաւորը՝ Յիսուս, իր արշաւը կը սկսի երբ պսակ մը կամ թագ մը կը ստանայ (Յայտնութիւն 6։2)։ Լաւ, երկնքին մէջ Յիսուս ե՞րբ սկսաւ թագաւորել։ Ան չթագադրուեցաւ երբ երկինք վերադարձաւ, քանի որ այդ ատեն սկսաւ սպասման ժամանակամիջոց մը (Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտնային, որ այդ սպասման ժամանակամիջոցը վերջացած է եւ ինք երկնքին մէջ կ’իշխէ։ Ան ըսաւ որ երբ սկսի իշխել, աշխարհին վիճակները լման գէշ պիտի դառնան։ Պիտի ըլլան պատերազմներ, սովեր ու մահտարաժամներ (Մատթէոս 24։3, 7. Ղուկաս 21։10, 11)։ 1914–ին Համաշխարհային Ա. պատերազմը սկսելէ ետք յստակ դարձաւ, որ մարդկութիւնը մտած է այդ տագնապալից ժամանակաշրջանը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կոչուած է «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։

(Յայտնութիւն 6։4-6) Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։ 5 Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ 6 Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։

դհ17.3 5 ¶2

Որո՞նք են չորս ձիաւորները

Այս ձիաւորը կը ներկայացնէ պատերազմը։ Նկատէ թէ ատիկա խաղաղութիւնը կը տանի ամբո՛ղջ երկրագունդէն, եւ ոչ թէ միայն քանի մը երկիրներէ։ 1914–ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային պատերազմ մը պայթեցաւ։ Ետքը, երկրորդ համաշխարհային պատերազմ մըն ալ եղաւ, որ շատ աւելի կործանիչ էր։ Կ’ըսուի թէ 1914–էն ի վեր պատերազմներու եւ զինուած բախումներու պատճառաւ, աւելի քան 100 միլիոն մարդիկ մեռած են եւ մեծ թիւով անհատներ շատ գէշ կերպով վիրաւորուած են։

դհ17.3 5 ¶4-5

Որո՞նք են չորս ձիաւորները

«Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր’» (Յայտնութիւն 6։5, 6)։

Այս ձիաւորը կը ներկայացնէ սովը։ Այս համարներուն մէջ կ’ըսուի թէ ուտելիքը այնքա՛ն քիչ պիտի ըլլար, որ մէկ կապիճ (0,7 քկ.) ցորենին գինը պիտի ըլլար մէկ դահեկան, որ մէկ օրուան աշխատավարձն էր առաջին դարուն (Մատթէոս 20։2)։ Նաեւ նոյն դրամով կարելի էր գնել երեք կապիճ (2,1 քկ.) գարի, որուն արժէքը ցորենին արժէքէն աւելի ցած էր։ Այս քանակը կրնա՞յ մեծ ընտանիք մը կերակրել։ Նաեւ մարդոց կ’ըսուի որ խնայեն նոյնիսկ ամէնօրեայ ուտելիքները, որոնք համարներուն մէջ նկարագրուած են որպէս ձէթ եւ գինի։

(Յայտնութիւն 6։8) Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն։

դհ17.3 5 ¶8-10

Որո՞նք են չորս ձիաւորները

Չորրորդ ձիաւորը կը ներկայացնէ մահը՝ հիւանդութեան եւ ուրիշ բաներու պատճառով։ 1914–էն քիչ ետք, սպանական կրիփը սպաննեց միլիոնաւոր մարդիկ։ Հաւանաբար շուրջ 500 միլիոն անձեր վարակուեցան այս հիւանդութեամբ, այսինքն՝ այդ ժամանակուան մարդոց 3–էն 1–ը։

Սպանական կրիփէն զատ ուրիշ շատ մը հիւանդութիւններ ալ մահ պատճառեցին։ Մասնագէտներ կ’ըսեն թէ 20–րդ դարուն ընթացքին՝ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ մահացան ծաղկախտէն։ Մինչեւ այսօր, տակաւին միլիոնաւորներ կը մեռնին ԷՅՏՍ–էն, թոքախտէն եւ մալարիայէն, հակառակ բժշկական յառաջդիմութեան։

Պատերազմները, սովերը կամ մահտարաժամները՝ բոլորն ալ մահ պատճառած են։ Գերեզմանը առանց կենալու զոհերը կը հաւաքէ, եւ ո՛չ մէկ յոյս կու տայ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յայտնութիւն 4։4) Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանչորս երէցներ նստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին։

(Յայտնութիւն 4։6) Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։

յյ 76-77 ¶8

Եհովայի Երկնային Աթոռին Շքեղութիւնը

8 Յովհաննէս գիտէր թէ վաղեմի տաղաւարին մէջ ծառայելու համար քահանաներ նշանակուած էին։ Ուստի, հաւանաբար ան զարմացաւ տեսնելով ինչ որ ինք յաջորդիւ կը նկարագրէ. «Եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին»։ (Յայտնութիւն 4։4բ) Այո, քահանաներու փոխարէն կան 24 երէցներ, թագաւորներու նման գահակալուած եւ թագադրուած։ Որո՞նք են այս երէցները։ Անոնք քրիստոնէական ժողովքի օծեալներն են, յարուցանուած եւ Եհովայի իրենց խոստացած երկնային դիրքը գրաւած։ Ի՞նչպէս գիտենք։

յյ 80 ¶19

Եհովայի Երկնային Աթոռին Շքեղութիւնը

19 Այս արարածները ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Ուրիշ մարգարէի մը՝ Եզեկիէլի կողմէ տեղեկագրուած տեսիլք մը մեզի կ’օգնէ ասոր պատասխանը գտնելու։ Եզեկիէլ տեսաւ Եհովան երկնային կառքի մը մէջ գահակալուած, որու կ’ընկերակցէին կենդանի արարածներ, որոնք Յովհաննէսի կողմէ նկարագրուած յատկանիշները ունէին։ (Եզեկիէլ 1։5-11, 22-28) Հետագային, Եզեկիէլ դարձեալ տեսաւ այդ կառքը որու վրայ աթոռ մը կար եւ անոր կ’ընկերակցէին կենդանի արարածներ։ Բայց այս անգամ ան այդ կենդանի արարածները քերովբէներ կոչեց։ (Եզեկիէլ 10։9-15) Յովհաննէսի տեսած չորս կենդանիներն ալ պէտք է ներկայացնեն Աստուծոյ բազմաթիւ քերովբէները՝ Իր հոգեղէն կազմակերպութեան մէջ բարձրաստիճան արարածներ։ Յովհաննէսի համար անսովոր չէր որ քերովբէներ այդքան մօտ ըլլային Եհովայի, քանի որ վաղեմի տաղաւարի կարգադրութեան մէջ, ոսկիէ երկու քերովբէներ կային Եհովայի աթոռը ներկայացնող ուխտի տապանակին կափարիչին վրայ։ Այս քերովբէներուն ընդմէջէն Եհովայի ձայնը պատուէրներ կու տար Իսրայէլ ազգին։—Ելից 25։22. Սաղմոս 80։1

(Յայտնութիւն 5։5) Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ»։

cf 36 ¶5-6

«Ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը»

5 Երբ առիւծ բառը լսենք, ընդհանրապէս քաջութիւն կը պատկերացնենք։ Պատահա՞ծ է որ չափահաս արու առիւծի մը հետ աչք աչքի եկած ես։ Եթէ այո, հաւանաբար կենդանաբանական պարտէզին մէջն էր եւ ձեր միջեւ ապահով ցանկապատ մը կար։ Բայց ասանկ պարագայ մը տակաւին վախ կը պատճառէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մինչ այս հսկայ եւ զօրաւոր գազանին երեսին կը նայիս, իսկ ինքն ալ՝ քեզի, չես կրնար երեւակայել որ բան մը կը վախցնէ զինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ‘առիւծը բոլոր անասուններէն զօրաւոր է ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար’ (Առ. 30։30)։ Քրիստոս այսպիսի քաջութիւն ունի։

6 Քննարկենք թէ Յիսուս ի՛նչ երեք կերպերով առիւծանման քաջութիւն ցոյց տուաւ. ճշմարտութեան կողմը դիրք բռնելով, արդարութեան թիկունք կանգնելով եւ հակառակութեան դիմաց իր ամուր կեցուածքով։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ բոլորս ալ կրնանք Յիսուսին քաջութիւնը ընդօրինակել, նոյնիսկ եթէ բնութեամբ քաջ չենք։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 92

ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

ՂՈՒԿԱՍ 17։11-19

• ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍԸ ԲՈՐՈՏ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

Յիսուսը սպաննելու Սենետրիոնի ծրագիրը կը ձախողի, քանի որ Յիսուս Եփրայիմ քաղաքը կ’երթայ, որ Երուսաղէմին հիւսիս արեւելքը կը գտնուի։ Ան իր աշակերտներուն հետ հոն կը մնայ, իր թշնամիներէն հեռու (Յովհաննէս 11։54)։ Բայց Ք.Ե. 33–ի Պասեքը կը մօտենայ, եւ Յիսուս նորէն ճամբայ կ’ելլէ։ Ան Սամարիայէն անցնելով կ’երթայ հիւսիս՝ Գալիլիա։ Ասիկա իր վերջին այցելութիւնն է այս շրջանը, իր մահէն առաջ։

Այս ճամբորդութեան սկիզբը, մինչ ան գիւղէ գիւղ կ’անցնի, կը հանդիպի տասը բորոտներու։ Ընդհանրապէս այս հիւանդութիւնը աստիճանաբար վնաս կը հասցնէ մարմնի անդամներուն, ինչպէս՝ ձեռքի կամ ոտքի մատներուն կամ ականջներուն (Թուոց 12։10-12)։ Աստուծոյ Օրէնքը բորոտէն կը պահանջէ, որ պոռայ՝ «Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ», եւ առողջ մարդոցմէ հեռու ապրի (Ղեւտացւոց 13։45, 46)։

Տասը բորոտները Օրէնքը պահելով հեռու կը մնան Յիսուսէն։ Բայց բարձրաձայն կը կանչեն. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ բորոտները, անոնց կ’ըսէ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք» (Ղուկաս 17։13, 14)։ Այսպիսով, ան ցոյց կու տայ, թէ կը յարգէ Աստուծոյ Օրէնքը, որ հեղինակութիւն կու տայ քահանաներուն, որ բորոտներուն բժշկուիլը ծանուցանեն։ Այս կերպով է որ անոնք կրնան նորէն ապրիլ առողջ մարդոց հետ (Ղեւտացւոց 13։9-17)։

Տասը բորոտները կը վստահին Յիսուսի հրաշքներ ընելու զօրութեան։ Անոնք կ’ուղղուին քահանաները տեսնելու, նոյնիսկ բժշկուելէ առաջ։ Ճամբուն վրայ, անոնց հաւատքը կը վարձատրուի։ Անոնք կը տեսնեն եւ կը զգան որ առողջացած են։

Բժշկուած բորոտներէն ինն իրենց ճամբան կը շարունակեն։ Բայց տասէն մէկը, որ սամարացի է, կը վերադառնայ Յիսուսը փնտռելու։ Ինչո՞ւ։ Ան շատ երախտապարտ է Յիսուսի ըրածին համար։ Ան ‘մեծ ձայնով փառք կու տայ Աստուծոյ’, անդրադառնալով որ Աստուա՛ծ զինք առողջացուց (Ղուկաս 17։15)։ Երբ Յիսուսը կը գտնէ, անոր առջեւ կը խոնարհի եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։

Յիսուս իր շուրջը եղողներուն կ’ըսէ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։ Ետքը Յիսուս սամարացիին կ’ըսէ. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Ղուկաս 17։17-19)։

Տասը բորոտները բժշկելով, Յիսուս ցոյց կու տայ որ Եհովայի աջակցութիւնը կը վայելէ։ Եւ այդ տասէն մէկը ոչ միայն Յիսուսի միջոցաւ կը բժշկուի, հապա նաեւ հաւանաբար առիթ կ’ունենայ, որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալէ։ Մեր օրերուն, Աստուած Յիսուսին միջոցաւ այս տեսակ բուժումներ չ’ըներ։ Բայց Յիսուսին հաւատալը մեր առջեւ առիթ կը բանայ, որ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալենք։ Արդեօք սամարացիին պէս ցոյց կու տա՞նք որ երախտապարտ ենք։

◇ Զինք սպաննելու ծրագիրները ձախողեցնելով՝ Յիսուս ո՞ւր կը ճամբորդէ։

◇ Ինչո՞ւ տասը բորոտները Յիսուսէն հեռու կը կենան, եւ Յիսուս ինչո՞ւ անոնց կ’ըսէ որ քահանաներուն երթան։

◇ Սամարացիին փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել