Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 2
  • Բնական եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բնական եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փիլիպպոսին օրինակը
  • Փիլիպպոսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Փիլիպպոսին նմանէ
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ անպաշտօն կերպով վկայելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Անձով հետաքրքրուէ
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Խօսակցութիւն սկսիլ, վկայութեան դուռ բանալու համար
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 2

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Փիլիպպոս աւետարանիչը կը խօսի եթովպիացի տղամարդու մը հետ, որ կառքի մէջ նստած՝ մագաղաթէ մը կը կարդայ։

Գործք 8։30, 31

ԴԱՍ 2

Բնական եղիր

Սկզբունք. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ. 15։23)։

Փիլիպպոսին օրինակը

Փիլիպպոս աւետարանիչը կը խօսի եթովպիացի տղամարդու մը հետ, որ կառքի մէջ նստած՝ մագաղաթէ մը կը կարդայ։

ՎԻՏԷՕ. Փիլիպպոս կը քարոզէ եթովպիացի պաշտօնեային

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 8։30, 31։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Փիլիպպոսը խօսակցութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ։

  2. բ) Ասիկա ինչո՞ւ բնական կերպ էր խօսակցութիւնը սկսելու եւ եթովպիացի պաշտօնեային նոր բան մը սորվեցնելու։

Փիլիպպոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Եթէ ձգենք որ խօսակցութիւնը ինքնաբերաբար շարունակուի, աւելի՛ հաւանական է որ դիմացինը հանգիստ զգայ եւ մեզի մտիկ ընէ։

Փիլիպպոսին նմանէ

3. Ուշադրութիւն դարձուր դիմացինին դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շարժուձեւերուն։ Ատոնք իր մասին շատ բան կ’ըսեն։ Արդեօք խօսելու տրամադրութիւն ունի՞։ Կրնաս պարզապէս հարցնել՝ «Գիտէի՞ր որ. . . », եւ ետքը Աստուածաշունչէն նիւթ մը բանալ։ Դիմացինը մի՛ ստիպեր որ խօսի, եթէ չ’ուզեր խօսիլ։

4. Համբերող եղիր։ Պէտք չունիս մէկ կտոր Աստուածաշունչէն նիւթի մը մասին խօսելու։ Յարմար առիթին սպասէ։ Ատեններ թերեւս յաջորդ հանդիպումին յարմար ըլլայ որ Աստուածաշունչէն խօսիս։

5. Ճկուն եղիր։ Դիմացինդ թերեւս քեզ անակնկալի բերէ եւ ուրիշ նիւթ խօսի։ Անոր համար, պատրաստ եղիր դիմացինը հետաքրքրող նիւթի մը մասին խօսելու, նոյնիսկ եթէ ատիկա տարբեր է միտքիդ մէջ ունեցած նիւթէն։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Ժող. 3։1, 7. Ա. Կոր. 9։22. Բ. Կոր. 2։17. Կող. 4։6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել