Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կվյ դաս 58
  • Եհովային հաւատարիմ մնա՛

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային հաւատարիմ մնա՛
  • Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
  • ԱՄՓՈՓՈՒՄ
  • ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
  • Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Սուտ կրօնքները ինչպէ՞ս մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնեն
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Սուտ պաշտամունքէն հեռո՛ւ կեցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հաւատարմութեան օրինակներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
կվյ դաս 58
Դաս 58։ Ընտանիք մը հանդարտօրէն կը քալէ խումբ մը հաւատուրացներու առջեւէն, որոնք համաժողովին վայրը հասնող Եհովայի վկաներուն վրայ կը խնդան։

ԴԱՍ 58

Եհովային հաւատարիմ մնա՛

Նկար
Նկար
Նկար

Ճշմարիտ քրիստոնեաները բնա՛ւ չեն ուզեր թոյլ տալ, որ որեւէ բան կամ ոեւէ անհատ պատճառ դառնայ, որ Եհովան պաշտելէ կենան։ Վստահաբար դուն ալ այդպէս կը զգաս։ Եհովան հաւատարմութիւնդ կ’արժեւորէ (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Ի՞նչ պարագաներու տակ հաւատարմութիւնդ կրնայ փորձուիլ, եւ ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել։

1. Ուրիշները ինչպէ՞ս կրնան Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնել

Ոմանք պիտի փորձեն մեզ ետ պահել Եհովային ծառայելէ։ Ո՞վ ատանկ բան մը պիտի ընէ։ Կան անհատներ, որոնք ճշմարտութիւնը ձգած են եւ Աստուծոյ կազմակերպութեան մասին սուտեր կ’ըսեն, որպէսզի մեր հաւատքը կործանեն։ Անոնք կը կոչուին հաւատուրացներ։ Ասկէ զատ, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ սուտեր կը տարածեն մեր մասին, յուսալով որ ոմանք ատոնց հաւատան եւ ճշմարտութիւնը ձգեն։ Մեզի համար վտանգաւոր է այդ հակառակորդներուն հետ առնել–տալը, անոնց գիրքերը կամ ինթըրնէթին վրայ գրածները կարդալը, եւ իրենց վիտէօները դիտելը։ Այդպիսի անհատներու մասին, որոնք ջանք կ’ընեն որ հաւատարիմները Եհովայէն հեռացնեն, Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (Մատթէոս 15։14)։

2. Ի՞նչ անձնական որոշումներ կրնան Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնել

Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ պիտի մղէ, որ սուտ կրօնքին հետ որեւէ կապ չունենանք։ Անոր համար, պէտք չէ աշխատինք այնպիսի գործ մը, պատկանինք այնպիսի կազմակերպութիւններու, կամ մասնակցինք այնպիսի գործունէութիւններու, որոնք կապ ունին սուտ կրօնքին հետ։ Եհովան մեզի կը պատուիրէ. «Ելէ՛ք [Մեծ Բաբելոնին] մէջէն, իմ ժողովուրդս» (Յայտնութիւն 18։2, 4)։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս թոյլ չտալ, որ ոեւէ մէկը Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնդ տկարացնէ։ Նաեւ տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս հաւատարմութիւնդ փաստել՝ Մեծ Բաբելոնէն դուրս ելլելով։

3. Զգուշացիր սուտ ուսուցիչներէ

Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ Եհովայի կազմակերպութեան մասին գէշ բաներ լսենք։ Կարդացէ՛ք Առակաց 14։15 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ զգոյշ ենք, որ մեր ամէն լսածին չհաւատանք։

Կարդացէ՛ք Բ. Յովհաննէս 9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Հաւատուրացներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։

  • Հաւատուրացներուն գաղափարները ինչպէ՞ս կրնան մեզի հասնիլ, նոյնիսկ եթէ անոնց հետ անձամբ կապի մէջ չենք մտներ։

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան ինչպէ՞ս պիտի զգայ, եթէ իր մասին կամ իր կազմակերպութեան մասին ըսուած ժխտական բաներուն ականջ տանք։

4. Աստուծոյ հաւատարիմ մնա՛, երբ եղբայր մը մեղք կը գործէ

Եթէ գիտնանք, որ եղբայր մը կամ քոյր մը լուրջ մեղք մը գործած է, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նկատի առ իսրայէլ ազգին տրուած Աստուծոյ Օրէնքէն սկզբունք մը։ Կարդացէ՛ք Ղեւտացւոց 5։1։

Ինչպէս որ համարը ըսաւ, եթէ գիտնանք որ անհատ մը լուրջ մեղք մը գործած է, պէտք է երէցներուն իմացնենք։ Սակայն անկէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ յանցաւորը քաջալերենք, որ ինք երթայ երէցներուն ու խոստովանի իր մեղքը։ Եթէ այդպէս չընէ, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը մեզ պիտի մղէ, որ երէցներուն պատմենք մեր գիտցածը։ Այսպէս վարուիլը ինչպէ՞ս հաւատարիմ սէր ցոյց կու տայ՝

  • Եհովա Աստուծոյ հանդէպ։

  • մեղաւորին հանդէպ։

  • ուրիշներու հանդէպ՝ ժողովքին մէջ։

Եղբայր մը կ’օգնէ ուրիշ եղբօր մը, որ սխալ բան մը ըրած է։ 1. Եղբայրը իր հեռաձայնին վրայ բան մը տեսնելով կը նեղանայ։ 2. Եղբայրը իր հեռաձայնը ցոյց կու տայ եղբօր, բայց ան իրեն ականջ չի տար։ 3. Եղբայրը իր հեռաձայնը ցոյց կու տայ երկու երէցներու եւ անոնց հետ կը խօսի։

Եթէ հաւատակից մը խնդիրի մը մէջ ինկած է, շուտով անոր օգնէ

5. Մեծ Բաբելոնէն հեռու մնա՛

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

ՎԻՏԷՕ. Մեծ Բաբելոնէն դուրս եկէ՛ք (5։06)

Տեսարան մը՝ «Մեծ Բաբելոնէն դուրս եկէ՛ք» վիտէոյէն։ Աստուածաշունչը սերտող մը եկեղեցիին մէջ իր գործը ձգելով՝ քահանայի մը գրասենեակէն կը հեռանայ։

Կարդացէ՛ք Ղուկաս 4։8 եւ Յայտնութիւն 18։4, 5 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Սուտ կրօնքին հետ ունեցած բոլոր կապերս կտրա՞ծ եմ։

  • Կը պատկանի՞մ կազմակերպութեան մը, որ սուտ կրօնքին հետ կապ ունի։

  • Գործովս՝ որեւէ կերպով սուտ կրօնքին թիկունք կը կանգնի՞մ։

  • Կեանքիս մէջ տակաւին բան մը կա՞յ որ կ’ընեմ, որ սուտ կրօնքին հետ կապ ունի։

  • Եթէ այս հարցումներէն որեւէ մէկուն «այո» պատասխանեցի, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընեմ։

Բոլոր պարագաներուն, որոշում մը առ, որ խիղճդ մաքուր կը ձգէ եւ ցոյց կու տայ որ Եհովային հաւատարիմ ես։

Քոյր մը եւ իր տղան հանրախանութէ մը դուրս կ’ելլեն։ Անոնք կնոջ մը քովէն կ’անցնին, որ կրօնական հաստատութեան մը համար նուիրատուութիւններ կը հաւաքէ։

Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ քեզմէ խնդրուի կրօնական հաստատութեան մը նուիրատուութիւն ընել

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Պէ՛տք է գիտնամ որ հաւատուրացները Եհովայի վկաներուն մասին ի՛նչ կ’ըսեն, որպէսզի ճշմարտութիւնը պաշտպանեմ»։

  • Այսպէս ընելը իմաստութի՞ւն է։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովային հաւատարիմ մնալու համար, պէտք չէ ընկերակցինք անոնց հետ, որոնք կը փորձեն մեզ մոլորեցնել։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ պէտք չէ հաւատուրացներուն գաղափարները մտիկ ընենք։

  • Երբ գիտնանք թէ եղբայր մը լուրջ մեղք մը գործած է, ի՞նչ պէտք է ընենք։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք հնազանդիլ սուտ կրօնքէն դուրս ելլելու պատուէրին։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս ընել, երբ ուրիշներ սուտեր կը տարածեն Եհովայի վկաներուն մասին։

«Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս» (Դիտարան օգոստոս 2018)

Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ ո՛ր կազմակերպութիւնները կամ գործունէութիւնները Մեծ Բաբելոնին թիկունք կը կանգնին։

«Զբաղած մնացի՛ր, մինչ ‘վերջին օրերը’ վերջանալու վրայ են» (Դիտարան հոկտեմբեր 2019, պարբ. 16-18)

Կարգ մը հակառակորդներ ի՞նչ ըրած են, որ մեր հաւատքը տկարացնեն։

Ուշադիր եղէք որ չխաբուիք (9։26)

«Պզտիկութենէս Աստուած կը փնտռէի» յօդուածին մէջ, կարդա՛ շինթօ քահանայի մը մասին, որ սուտ կրօնքին հետ իր ունեցած բոլոր կապերը կտրեց։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել