Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • գր2 էջ 3-6
  • Եհովայի օրը մօտ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի օրը մօտ է
  • Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Միջատներու Ներխուժում
  • «Արթնցէ՛ք, Ո՛վ Գինովներ»
  • «Ողբացէ՛ք, Ո՛վ Քահանաներ»
  • «Եհովայի Օրը կու Գայ»
  • ‘Եհովա Չ’ուշացներ’
  • Յարձակում՝ հիւսիսէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Մեր մտքին մէջ պահենք Եհովայի օրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Առաջին վայը—Մարախներ
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Յովէլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
Տես աւելին
Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
գր2 էջ 3-6

Եհովայի օրը մօտ է

«Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ»։—ՅՈՎԵԼԵԱՅ 1։2

1, 2. Յուդայի մէջ տիրող ո՞ր վիճակին պատճառաւ Եհովա ներշնչեց Յովէլը որ իր զօրեղ մարգարէութիւնը տայ։

«ԱՒԱ՜Ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը մօտ է, ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ»։ Ի՜նչ եղերական ծանուցում մը։ Աստո՛ւած տուաւ այս պատգամը իր ժողովուրդին՝ իր Յովէլ մարգարէին միջոցաւ։

2 Յովելեայ 1։15–ի այս խօսքերը, Յուդայի մէջ արձանագրուած էին, հաւանաբար Հ.Դ.Ա. 820–ի ատենները։ Այն ատեն երկիրը զարդարուած էր կանաչ բլուրներով։ Պտուղներն ու հացահատիկները առատ էին։ Արօտավայրերը ընդարձակ եւ կանաչ էին։ Սակայն, բան մը կար որ շատ սխալ էր։ Երուսաղէմի ու Յուդայի երկրին մէջ Բահաղի պաշտամունքը ծաղկած էր։ Այս կեղծ աստուծոյն դիմաց մարդիկ անառակութիւններ կ’ընէին։ (Բաղդատել՝ Բ. Մնացորդաց 21։4-6, 11։) Եհովա թոյլ պիտի տա՞ր որ այս բոլորը շարունակուէին։

3. Եհովա ի՞նչ բանի ազդարարութիւն տուաւ եւ ազգերը ի՞նչ բանի համար պէտք էր պատրաստուէին։

3 Յովելեայ գիրքը շատ յստակ է այս մասին։ Եհովա Աստուած իր գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէր եւ իր սուրբ անունը՝ սրբացնէր։ Եհովայի մեծ օրը մօտ էր։ Եհովա բոլոր ազգերուն վրայ դատաստան ի գործ պիտի դնէր «Յովսափատի հովիտ»ին մէջ։ (Յովելեայ 3։12) Անոնք Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ դէմ պատերազմի թող պատրաստուին։ Մենք ալ Եհովայի մեծ օրը պիտի դիմագրաւենք։ Ուստի, աւելի մօտէն աչք մը նետենք Յովէլի մարգարէական խօսքերուն վրայ, թէ՛ անցեալին եւ թէ մեր օրերուն համար։

Միջատներու Ներխուժում

4. Յովէլի կողմէ ազդարարուած դէպքերը որքա՞ն մեծ պիտի ըլլային։

4 Իր մարգարէին միջոցաւ, Եհովա կ’ըսէ. «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։ Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն ու անոնց որդիները հետագայ ազգին թող պատմեն»։ (Յովելեայ 1։2, 3) Ծերերը եւ ամբողջ բնակիչները իրենց, կամ իրենց նախահայրերուն, օրերուն մէջ չպատահած բան մը պիտի ակնկալէին։ Ատիկա ա՛յնքան ցնցիչ պիտի ըլլար որ մինչեւ երրորդ սերունդ պիտի պատմուէր։ Ի՞նչ էր այդ արտակարգ դէպքը։ Ասիկա գիտնալու համար, հիմա երեւակայութեամբ Յովէլի օրերը երթանք։

5, 6. (ա) Յովէլի մարգարէացած պատուհասը նկարագրեցէք։ (բ) Այդ պատուհասին Աղբիւրը ո՞վ էր։

5 Մտի՛կ ըրէք։ Յովէլ հեռուէն աղաղակի ձայն մը կը լսէ։ Երկինքը կը խաւարի եւ մինչ մութը կը պատէ ամէն կողմ, այդ սարսափազդու ձայնը երթալով կը սաստկանայ։ Ապա ծուխի նման ամպ մը կ’իջնէ։ Անիկա միլիոնաւոր միջատներու բանակ մըն է։ Իսկ անոնք ի՜նչ աւեր կը գործեն։ Հիմա նկատի առէք Յովելեայ 1։4–ը։ Ներխուժող այս միջատները միմիայն թեւաւոր գաղթող մարախներ չեն։ Ո՜չ։ Սողացող, անթեւ, անօթի, անհամար մարախներ ալ կու գան։ Հովէն քշուած մարախները յանկարծ կը հասնին եւ անոնց ձայնը կառքերու ձայնի կը նմանի։ (Յովելեայ 2։5) Անոնց ունեցած անյագ ախորժակին պատճառով, շատ արագօրէն կրնան դրախտանման վայր մը անապատի վերածել։

6 Ուտիճի եւ թիթեռնիկի թրթուր վիճակի մէջ եղող խառնիճներն ալ կը յարձակին։ Անօթի խառնիճներու հսկայ բանակ մը տերեւ առ տերեւ կը լափէ ամէն տեսակ բուսականութիւն, մինչեւ որ անոնք գրեթէ մերկանան իրենց կանաչ մասերէն։ Մարախները անոնց ձգած մեծամասնութիւնը կ’ուտեն։ Իսկ ինչ որ մարախները կը թողուն՝ արագաշարժ գրուիճները վստահաբար կը վերջացնեն։ Բայց ասիկա նկատի առէք. Յովելեայ 2։11–ին մէջ, Աստուած մարախներու բանակը կը նմանցնէ «իր զօրքերուն»։ Այո, Ի՛նքն էր որ պիտի բերէր մարախներու պատուհասը, որոնք երկիրը պիտի աւերէին եւ լուրջ սովի պատճառ պիտի ըլլային։ Ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլար։ ‘Եհովայի օրուընէ’ ճիշդ առաջ։

«Արթնցէ՛ք, Ո՛վ Գինովներ»

7. (ա) Յուդայի կրօնական առաջնորդներուն վիճակը ի՞նչ էր։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհ առաջնորդները ներկայիս ի՞նչպէս նոյնանման վիճակի մէջ կը գտնուին։

7 Վատահամբաւ ամբոխ մը կը մատնանշուի, երբ հետեւեալ հրամանը կը տրուի. «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ. սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար, քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ»։ (Յովելեայ 1։5) Այո, Յուդայի հոգեւոր գինովներուն կ’ըսուէր որ ‘արթննան’՝ զգաստանան։ Բայց մի՛ խորհիք որ ասիկա միմիայն հին պատմութիւն մըն է։ Ճիշդ հիմա, Եհովայի մեծ օրուընէ առաջ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները այլաբանօրէն ա՛յնքան լեցուած են ‘քաղցուով’, որ Ամենակալին այս դատաստանի հրաւէրին համար զգաստ անգամ չեն։ Անոնք որքա՜ն անակնկալի պիտի գան, երբ Եհովայի ահաւոր օրը զիրենք սթափեցնէ իրենց գինով վիճակէն։

8, 9. (ա) Յովէլ ի՞նչպէս կը նկարագրէ մարախները եւ անոնց պատուհասին հետեւանքը։ (բ) Ներկայիս, որո՞նք կը պատկերացնեն մարախները։

8 Նայեցէ՜ք մարախներու հսկայ բանակին։ «Իմ երկրիս վրայ զօրաւոր ու անթիւ ազգ մը ելաւ։ Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։ Անիկա իմ որթատունկս աւերեց եւ իմ թզենիս կոտրտեց։ Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց, անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։ Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝ որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ»։—Յովելեայ 1։6-8

9 Ասիկա պարզապէս Յուդայի վրայ ներխուժող մարախներու ‘ազգի՞ն’ մասին կը մարգարէանար։ Ո՜չ, անկէ աւելին կը նշանակէր։ Յովելեայ 1։6–ի եւ Յայտնութիւն 9։7–ի մէջ Աստուծոյ ծառաները մարախներով ներկայացուած են։ Մարախներու արդի բանակը՝ Եհովայի օծեալ մարախներու բանակն է, որու հիմա միացած է Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»էն շուրջ 5,600,000 հոգի։ (Յովհաննու 10։16) Ուրախ չէ՞ք որ դուք ալ Եհովայի երկրպագուներու այս հսկայ բազմութեան մէկ մասն էք։

10. Մարախներու պատուհասը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Յուդայի վրայ։

10 Յովելեայ 1։9-12–ը մարախներու պատուհասին կարգ մը վնասները կը թուէ։ Մէկ խումբը միւսին ետեւէն երկիրը ամբողջովին կ’ամայացնեն։ Հացահատիկը, գինին ու իւղը պակսելով, անհաւատարիմ քահանաները չէին կրնար իրենց պաշտօնները շարունակել։ Նոյնիսկ հողը սուգի մէջ էր, քանի որ մարախները անոր մէջ հունտեր չէին ձգած եւ պտղատու ծառերը անպտուղ մնացած էին։ Այգիները ամայացած ըլլալով այլեւս գինի չկար բահաղական գինեմոլներուն համար, որոնք հոգեւորապէս ալ գինով էին։

«Ողբացէ՛ք, Ո՛վ Քահանաներ»

11, 12. (ա) Որո՞նք կը դաւանին Աստուծոյ քահանաները ըլլալ ներկայիս։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս ազդուած են արդի մարախներու պատուհասէն։

11 Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ պատգամ կու տայ այդ կամակոր քահանաներուն։ «Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ. հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ»։ (Յովելեայ 1։13) Յովէլի մարգարէութեան պզտիկ կատարման մէջ, Ղեւտացի քահանաները կը ծառայէին խորանին մէջ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել վերջնական կատարման մասին։ Ներկայիս, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները հեղինակութիւն ստացած են որ Աստուծոյ խորանին ծառայեն, դաւանելով որ անոր քարոզիչները՝ «քահանաներ»ն են։ Սակայն, ի՞նչ կը պատահի ներկայիս, մինչ Աստուծոյ արդի մարախները շարժման մէջ են։

12 Երբ Քրիստոնեայ Աշխարհի «քահանաներ»ը տեսնեն որ Եհովայի ծառաները գործի վրայ են եւ աստուածային դատաստանի անոնց ազդարարութիւնը լսեն՝ անոնք իրենք իրենցմէ կ’ելլեն։ Նեղութենէ ու զայրոյթէ իրենք իրենց կուրծքը կը ծեծեն, Թագաւորութեան պատգամին աւերիչ ազդեցութեան պատճառաւ։ Անոնք իրապէս կ’ոռնան, երբ իրենց հօտերը զիրենք կը լքեն։ Իրենց արօտները ամայանալով, անոնք թող գիշերը քուրձերու մէջ անցընեն, ողբալով իրենց եկամուտի նուազման համար։ Շատ չանցած, անոնք իրենց պաշտօնն ալ պիտի կորսնցնեն։ Այո, Աստուած անոնց կ’ըսէ որ ամբո՛ղջ գիշերը ողբան, քանի որ իրենց վախճանը հասած է։

13. Քրիստոնեայ Աշխարհը որպէս ամբողջութիւն մը պիտի ընդառաջէ՞ Եհովայի ազդարարութեան։

13 Յովելեայ 1։14–ի համաձայն, անոնց կը մնայ միայն զղջալ ու լալ, օգնութեան համար ‘Եհովայի աղաղակելով’։ Բայց կրնա՞նք ակնկալել որ Քրիստոնեայ Աշխարհի ամբողջ կղեր դասը Եհովայի դառնայ։ Անշուշտ ո՜չ։ Անոնց մէջէն ոմանք կրնան Եհովայի ազդարարութեան ընդառաջել։ Կրօնական այս առաջնորդներուն եւ անոնց ծուխերուն հոգեւոր սոված վիճակը պիտի շարունակուի։ Ամովս մարգարէն նախագուշակեց. «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, ալ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը»։ (Ամովսեայ 8։11) Իսկ մենք որքա՜ն երախտապարտ ենք հոգեւոր ճոխ կոչունքին համար, զոր Աստուած սիրալիր կերպով կը հայթայթէ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։—Մատթէոս 24։45-47

14. Մարախներու պատուհասը ի՞նչ բանի նախակարապետն է։

14 Մարախներու պատուհասը բանի մը նախապատկերացումն էր եւ՝ է։ Ի՞նչ բանի։ Յովէլ պարզօրէն կ’ըսէ մեզի. «Աւա՜ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը մօտ է, ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ»։ (Յովելեայ 1։15) Ներկայիս Աստուծոյ մարախներու բանակին համաշխարհային ներխուժումը յստակօրէն կը մատնանշէ որ Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը մօտ է։ Վստահաբար, արդարամիտ անհատներ կարօտով կը սպասեն հաշուետուութեան այդ մասնայատուկ օրուան, երբ աստուածային դատաստանը պիտի գործադրուի ամբարիշտներուն վրայ եւ Եհովան յաղթական պիտի ըլլայ որպէս Տիեզերքի Գերիշխանը։

15. Երկրի տխուր կացութեան ի տես, աստուածային ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայողները ի՞նչպէս կը հակազդեն։

15 Յովելեայ 1։16-20–ը ցոյց կու տայ որ վաղեմի Յուդայի մէջ ուտելիքը կորսուած էր, ինչպէս նաեւ՝ ուրախութիւնը։ Շտեմարանները պարապ էին, իսկ ամբարները կը քանդուէին։ Քանի որ մարախները երկիրը մերկացուցած էին կանաչութենէ՝ արօտներ չկային եւ արջառները կը թափառէին շուարած եւ ոչխարներու հօտերը կ’ոչնչանային։ Ի՜նչ մեծ աղէտ։ Այս բոլոր կացութիւններուն մէջ, ի՞նչ էր Յովէլի վիճակը։ 19–րդ համարին համաձայն, ան կ’ըսէ. «Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր»։ Այսօր ալ, շատեր ականջ կու տան ազդարարութիւններու եւ Եհովա Աստուծոյ կ’աղաղակեն՝ հաւատքով։

«Եհովայի Օրը կու Գայ»

16. Ինչո՞ւ ‘երկրի բոլոր բնակիչները պիտի դողան’։

16 Լսեցէք Աստուծոյ հետեւեալ պատուէրը. «Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։ Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան»։ (Յովելեայ 2։1) Ինչո՞ւ այս կերպով հակազդել։ Մարգարէութիւնը կը պատասխանէ. «Քանզի Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը կու գայ, խաւարի ու մէգի օրը, ամպի ու մառախուղի օրը։ Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի»։ (Յովելեայ 2։1, 2) Եհովայի օրուան հետ կապուած իրական ստիպողական վիճակ մը կայ։

17. Յուդայի երկիրը եւ բնակիչները ի՞նչպէս ազդուեցան մարախներու հարուածէն։

17 Պահ մը երեւակայեցէք մարգարէին տեսիլքին ձգած ազդեցութիւնը, մինչ մարախները առանց դադարի իսկական Եդեմի պարտէզ մը ամայի անապատի կը վերածեն։ Մարախներու բանակին մասին տրուած նկարագրութիւնը լսեցէք. «Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է, անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։ Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս, յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս, պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։ Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին, բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն»։ (Յովելեայ 2։4-6) Յովէլի օրերուն, մարախներու պատուհասի ընթացքին, Բահաղի երկրպագուներուն տագնապը եւ մտավախութիւնը կարելի էր տեսնել անոնց դէմքին վրայ։

18, 19. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին գործունէութիւնը ի՞նչպէս մարախներու պատուհասին նման եղած է։

18 Ո՛չ մէկ բան կրցաւ ետ կեցնել կարգապահ, յոգնութիւն չգիտցող մարախները։ Անոնք «զօրաւորներու պէս» կը վազեն եւ նոյնիսկ՝ պարիսպներու վրայ կը մագլցին։ Եթէ անոնցմէ ոմանք ‘սուրի վրայ ալ իյնան, միւսները իրենց ճամբան կը շարունակեն’։ (Յովելեայ 2։7, 8) Մարգարէական ի՜նչ վառ նկարագրութիւն մը, Աստուծոյ արդի այլաբանական մարախներու բանակին։ Այսօր ալ Եհովայի մարախներու բանակը կը շարունակէ ուղիղ ընթանալ։ Հակառակութեան ո՛չ մէկ «պարիսպ» կրնայ զիրենք ետ կեցնել։ Անոնք Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը կը պահեն եւ պատրաստ են նոյնիսկ մահը դիմագրաւել, ինչպէս ըրին այն հազարաւոր Վկաները, որոնք ‘սուրերու վրայ ինկան’, քանի որ մերժեցին Հիթլէրը ողջունել Գերմանիոյ Նացի վարչաձեւին ներքեւ։

19 Աստուծոյ արդի մարախներու բանակը, Քրիստոնեայ Աշխարհի «քաղաքին» մէջ ամբողջական վկայութիւն տուած է։ (Յովելեայ 2։9) Իրականութեան մէջ, անոնք ասիկա համայն աշխարհի մէջ կատարած են։ Անոնք տակաւին կը շարունակեն յաղթահարել ամէն խոչընդոտ, միլիոնաւոր տուներէ ներս մտնելով, փողոցներու մէջ մարդոց մօտենալով, հեռաձայնով անոնց հետ խօսելով եւ Եհովայի պատգամը ծանուցանելու համար ամէն կերպ գործածելով։ Արդարեւ, անոնք միլիառաւոր սուրբ գրային գրականութիւններ ցրուած են եւ տակաւին շա՜տ աւելին պիտի ցրուեն իրենց հանրային եւ տունէ տուն ծառայութեան մէջ՝ առանց դանդաղելու։—Գործք 20։20, 21

20. Ո՞վ թիկունք կը կանգնի արդի մարախներուն եւ ի՞նչ արդիւնքով։

20 Յովելեայ 2։10–ն ցոյց կու տայ թէ մարախներու շատ հսկայ բանակ մը, արեւը, լուսինը եւ աստղերը ծածկող ամպի մը կը նմանի։ (Բաղդատել՝ Եսայեայ 60։8։) Այս բանակին ետին գտնուողին մասին որեւէ կասկած ունի՞նք։ Մարախներու աղաղակէն բարձր, կը լսենք Յովելեայ 2։11–ի խօսքերը. «Տէրը [«Եհովան», ՆԱ] իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է, քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է. քանզի Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է, ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ»։ Այո, Եհովա հիմա՝ իր մեծ օրը գալէն առաջ՝ մարախներու իր զօրքը կը ղրկէ։

‘Եհովա Չ’ուշացներ’

21. Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ ‘Եհովայի օրը գողի մը պէս գայ’։

21 Յովէլի նման, Պետրոս առաքեալ ալ Եհովայի մեծ օրուան մասին խօսեցաւ։ Ան գրեց. «Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ (Բ. Պետրոս 3։10) Բանսարկու Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ, ամբարիշտ կառավարական «երկինք»ը կ’իշխէ ‘երկրի’՝ Աստուծմէ հեռացած մարդկութեան վրայ։ (Եփեսացիս 6։12. Ա. Յովհաննու 5։19) Եհովայի մեծ օրուան ընթացքին, այս այլաբանական երկինքն ու երկիրը պիտի չկարենան աստուածային բարկութեան տաքութենէն վերապրիլ։ Անոնք պիտի փոխարինուին ‘նոր երկինք ու նոր երկրով մը, որոնց մէջ արդարութիւնը պիտի բնակի’։—Բ. Պետրոս 3։13

22, 23. (ա) Եհովայի ողորմած երկայնամտութեան նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր հակազդեցութիւնը։ (բ) Եհովայի օրուան մօտ ըլլալը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

22 Ներկայիս գոյութիւն ունեցող բոլոր զբաղումներով եւ հաւատքի փորձերով, կրնանք դիւրութեամբ անտեսել մեր ժամանակին ստիպողական ըլլալը։ Բայց մինչ այլաբանական մարախները դէպի յառաջ կ’ընթանան, շատեր կ’ընդառաջեն Թագաւորութեան պատգամին։ Թէեւ Աստուած ասոր համար ժամանակ տուած է, բայց պէտք չէ իր համբերութիւնը շփոթենք դանդաղութեան հետ։ «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Բ. Պետրոս 3։9

23 Մինչ Եհովայի օրը կը սպասենք, սրտանց հետեւինք Բ. Պետրոս 3։11, 12–ի մէջ արձանագրուած առաքեալին խրատին. «Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին»։ Այսպիսի վարմունք եւ արարք վստահաբար իր մէջ կը բովանդակէ Եհովայի մարախներու բանակին հետ քայլ պահել, վախճանը գալէն առաջ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մէջ յարատեւ եւ իմաստալից մասնակցութիւն մը բերելով։—Մարկոս 13։10

24, 25. (ա) Եհովայի մարախներու բանակի գործին ձեր մասնակցութիւնը բերելու առանձնաշնորհումը ի՞նչպէս կը դիտէք։ (բ) Յովէլ ի՞նչ իմաստալից հարց յարուց։

24 Աստուծոյ մարախներու բանակը պիտի չդադրեցնէ իր գործը մինչեւ Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը հարուածէ։ Դադար չգիտցող այս մարախներու գոյութիւնն իսկ կը փաստէ որ Եհովայի օրը մօտ է։ Ուրախ չէ՞ք որ Աստուծոյ օծեալ մարախներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն հետ կը ծառայէք, Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը գալէն առաջ։

25 Եհովայի օրը որքա՜ն մեծ պիտի ըլլայ։ Զարմանալի չէ որ հարց կը տրուի. «Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ»։ (Յովելեայ 2։11) Յաջորդ երկու յօդուածներով նկատի պիտի առնուին այս հարցումը եւ ուրիշներ։

[Նկար՝ էջ  6]

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Եհովա ինչո՞ւ Յուդայի վրայ միջատներու պատուհասի մը ազդարարութիւնը տուաւ։

◻ Յովէլի մարգարէութեան արդի կատարման մէջ, որո՞նք են Եհովայի մարախները։

◻ Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն մարախներու պատուհասին, եւ անոնցմէ ոմանք ի՞նչպէս կրնան անոր հետեւանքէն խուսափիլ։

◻ Ի. դարու մարախներուն պատուհասը ո՞րքան մեծ եղած է, եւ անիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել