«Պատերազմէ Հաւատքին Բարի Պատերազմը»
1 Պօղոս առաքեալ յորդորեց Տիմոթէոսը որ ‘հաւատքին բարի պատերազմը պատերազմի’։ (Ա. Տիմ. 6։12) Պօղոս ինք ալ այդ խօսքերուն համաձայն ապրեցաւ։ Հետագային, ան վստահութեամբ ըսաւ թէ ինք բարի պատերազմը պատերազմած էր։ (Բ. Տիմ. 4։6-8) Ան խիզախօրէն, քաջաբար եւ համբերութեամբ յարատեւեց ծառայութեան մէջ։ Իր օրինակին հետեւելով, մենք ալ կրնանք նո՛յն ներքին վստահութիւնը ունենալ, թէ քրիստոնէական հաւատքի պատերազմին մէջ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։
2 Հարկ Եղած Ջանքը Թափեցէք. Պօղոս ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ։ (Ա. Կորն. 15։10) Նոյնն ալ մենք կ’ընենք, երբ մեր թաղամասին մէջ արժանի եղող անհատներ կը փնտռենք։ (Մատթ. 10։11) Անոնցմէ ոմանց հասնելու համար, առտու կանուխ արթննալ եւ փողոցը մեր հանդիպած մարդոց վկայել կրնայ նշանակել։ Կամ՝ իրենց զբաղումներէն տուն վերադարձած մարդոց հանդիպելու համար, ուշ յետմիջօրէին կամ երեկոյեան քարոզել կրնայ նշանակել։
3 Ինքնակրթութիւն եւ լաւ յայտագիր կը պահանջուի, որպէսզի մեր գրքի ուսումնասիրութեան խումբին հետ դաշտի ծառայութեան հանդիպումին ճիշդ ժամանակին հասնինք։ Օրինակի համար, Պէթէլի ընտանիքի անդամներէն ոմանք, իրենց պատկան ժողովքներուն հետ շաբաթավերջերուն ծառայութեան մասնակցելու համար, գրեթէ 60 վայրկեան կը դնեն միա՛յն երթալու համար։ Կրնանք հիանալ նաեւ մեր ժողովքի կարգ մը հրատարակիչներուն կամ ընտանիքներուն վրայ, որոնք երկար միջոցներ կը կտրեն, սակայն ժամանակին կը հասնին։ Ժրաջանութեան եւ կազմակերպուած ըլլալու այսպիսի տիպարներ, ընդօրինակուելու արժանի են։
4 Պէտք է մղուինք հետապնդել որեւէ հետաքրքրութիւն որ կը գտնենք։ Նոյնիսկ երբ փողոցը կամ անպաշտօն վկայութեան ընթացքին գրականութիւն տեղաւորենք, ջանք պէտք է թափենք որ անհատին հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը առնենք։ Ապա կրնանք իրեն այցելել, որպէսզի հետաքրքրութիւնը մշակենք եւ ջանանք իր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։
5 Ծառայութեան Մէջ Կանոնաւոր Եղէ՛ք. Պօղոս քարոզչութեան մէջ հետեւողական եւ բծախնդիր էր։ (Հռովմ. 15։19) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Ծառայութեան կանոնաւորաբար կը մասնակցի՞ք։ Այս ամիս արդէ՛ն դաշտի ծառայութեան մասնակցա՞ծ էք։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները հետաքրքրուած են որ իրենց խումբին բոլոր անդամները Օգոստոսի ընթացքին ծառայութեան մասնակցին։ Անոնք պիտի օգնեն որ դո՛ւք ալ մասնակցիք։
6 Բարի լուրին լիովին թիկունք կանգնելու մէջ Պօղոսի օրինակին հետեւելով, պիտի շարունակենք ‘հաւատքին բարի պատերազմը պատերազմիլ’։