Դուք Ալ կը Տոկա՞ք
1 «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գ. Յովհ. 4) Յովհաննէսի հոգեւոր որդիներուն տոկալը մեծապէս ուրախացուց զինք։ Մեր երկնաւոր հայրը որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, տեսնելով որ իր զաւակները ըլլալու ակնկալութիւն ունեցողներէն միլիոնաւորներ «ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։—Առ. 23։15, 16. 27։11
2 Թէեւ Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն քրիստոնէական եռանդուն գործունէութեան մէջ կը յարատեւէ, սակայն ոմանք՝ աստիճանաբար կը դանդաղին։ Այսպիսիներ երբ ճշմարտութիւնը նոր սորվեցան, հաւանաբար եռանդուն էին, սակայն տարիներու ընթացքին աշակերտելու գործին մէջ չնչին կամ հազուադէպ մասնակցութիւն բերելու սովորութիւնը զարգացուցած են։
3 Հասկնալի է թէ ոմանք կը դանդաղին ֆիզիքական սահմանափակումներու եւ յառաջացած տարիքի պատճառաւ։ Սակայն, անոնք իրենց տոկալուն համար գովասանքի արժանի են։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն։ Սակայն, իր կեանքը Աստուծոյ նուիրած իւրաքանչիւր անհատ ինքզինքին հարց պէտք է տայ. «Արդեօք անձնական հետապնդումներովս այնքա՛ն կլանուա՞ծ եմ, որ Թագաւորութեան շահերը միայն չնչին տեղ մը գրաւած են կեանքիս մէջ։ Արդեօք կերպով մը ‘գա՞ղջ’ դարձած եմ, թէ ոչ՝ տակաւին ‘ջանք կ’ընեմ’»։ (Յայտ. 3։15, 16. Ղուկ. 13։24) Բոլորս ալ աղօթքի հոգիով խոկանք մեր գործունէութեան մասին, եւ հարկ եղած բարելաւումները ընենք, ի մտի ունենալով որ Եհովա կը խոստանայ «փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն»։—Հռովմ. 2։10, Անթիլիաս
4 Ի՛նչպէս Տոկալ. Ի՞նչ բան օգնեց Յիսուսի որ տոկայ։ Պօղոս բացատրեց. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբր. 12։1-3) Յիսուսի առջեւ կեցած ուրախութիւնը իր դիմագրաւելիք ժամանակաւոր փորձութիւններէն շատ աւելի գերազանց էր։ Մեր առջեւ դրուած ուրախութիւնը մեր մտքին մէջ վառ պահելը, կրնայ մեզի ալ օգնել որ համբերենք։ (Յայտ. 21։4, 7. 22։12) Եթէ Եհովայի դիմենք որ անձնական ուսումնասիրութեան, կանոնաւոր ժողովներու եւ յարատեւ աղօթքներու միջոցաւ մեզի զօրութիւն տայ, պիտի կարենանք մեզի յանձնած իր գործին մէջ յարատեւել։
5 Հաւատարիմ անհատներուն տոկալը կ’ուրախացնէ Եհովան։ Ուստի, իր ուրախութիւնը աւելցնենք շարունակաբար ‘ճշմարտութեան մէջ քալելով’։