ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՅ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
1 Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը զօրացուց մեր երախտապարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի համար։ Յարմարօրէն, Սեպտեմբերին սկսող մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը պիտի զարգացնէ «Սերտօրէն Հետեւինք Մեր Մեծ Տիպարին» բնաբանը, մեզի օգնելով որ աւելի լման կերպով հասկնանք թէ ի՛նչ կը նշանակէ անոր հետեւիլ։
2 Ինչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը կամ տարիները ճշմարտութեան մէջ, համաժողովին բոլոր ներկայ եղողները քաջալերութիւն պիտի ստանան որ աւելի Քրիստոսանման ըլլան։ Յայտագրին մէկ մասը խրատ պիտի ներկայացնէ մասնաւորաբար պատանիներուն համար։ Անոնց պիտի զինէ այն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու որոնք կապ ունին ուսման, ժամանցին եւ նիւթապաշտութեան հետ։ Դասախօսութիւններ, փորձառութիւններ եւ ցուցադրութիւններ պիտի ըլլան որոնք ցցուն պիտի ընեն թէ ի՛նչպէս դէմ դնենք աշխարհի ազդեցութեան եւ Քրիստոսի նման ըլլանք։—Ա. Պետ. 2։21
3 Նոր նուիրուած անհատները պատեհութիւնը պիտի ունենան մկրտուելով հանրապէս յայտարարելու թէ իրենք Քրիստոսի հետեւորդներն են։ Մկրտութենէ առաջ պիտի ներկայացուի սուրբ գրային քաջալերական բացատրութիւն մը նիւթին մասին։ Անոնք որոնք կը փափաքին մկրտուիլ մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովին, պէտք է իրենց փափաքը յայտնեն իրենց վերակացու տեսուչին բաւարար ժամանակ առաջ, որպէսզի կարգադրութիւն ընէ որ երէցներ վերաքաղ ընեն մկրտութեան թեկնածուներու համար որոշուած հարցումները։
4 Այցելու դասախօս մը պիտի ներկայացնէ գլխաւոր դասախօսութիւնը, որու բնաբանն է՝ «Մեր Մեծ Տիպարին Հետեւիլ—Ի՞նչ Բանի կ’Առաջնորդուինք»։ Վստահ եղէք հրաւիրելու բոլոր հետաքրքրուած անհատները այս քաջալերական ու հաւատք կերտող յայտագրին։ Չկայ աւելի մեծ կամ աւելի վարձահատոյց ընթացք մը քան մեր Մեծ Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ հետեւիլը։—Մատթ. 19։27–29