Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Ինչո՞ւ պէտք է բարի լուրը յայտարարենք առանց դանդաղելու։ Բարի լուրի քարոզիչ մը ըլլալու համար, ի՞նչ են պահանջները։ Ինչպէ՞ս կրնան նոյնիսկ ամչկոտներ կամ երկչոտներ նախաձեռնութիւնը առնել ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնելու։ Այս եւ ուրիշ միտք գրգռող հարցումներու պատասխան պիտի տրուի միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին միջոցաւ, Սեպտեմբերէն սկսեալ, հետեւեալ բնաբանով. «Որակելի Ըլլանք Որպէս Բարի Լուրի Ծառաներ»։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 3։5։
2 Որպէս Եհովայի ժողովուրդը, մենք պէտք է շրջահայեաց ըլլանք մեր վարմունքին նկատմամբ։ Քաջալերական փորձառութիւններ պիտի տրուին պատանիներու կողմէ որոնք պիտի պատմեն թէ ինչպէ՛ս ընկերներու ճնշումին դիմադրած են։ Ծնողներուն պիտի հայթայթուի սիրալիր քաջալերութիւն իրենց զաւակները որպէս Աստուծոյ ծառաներ մարզելու կարիքին նկատմամբ։ Բոլորիս ալ օգնութիւն պիտի տրուի որ գնահատենք քարոզելու անհրաժեշտութիւնը եւ յառաջ եկած օրհնութիւնները թէ՛ մեզի եւ թէ անոնց որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն։—Ա. Տիմ. 4։16
3 Վստահաբար մկրտութիւնը օրուան ուշագրաւ մէկ բանը պիտի ըլլայ։ Այս դէպքէն առաջ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի յատկապէս վերջերս նուիրուած անհատներուն։ Անշուշտ, բոլոր ներկաները պիտի ուզեն ուշի ուշով մտիկ ընել մինչ մկրտութեան նիւթը նկատի կ’առնուի եւ անոր իմաստը կը յստակացուի։ Ոեւէ անհատ որ կը փափաքի մկրտուիլ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին, պէտք է առաջուընէ վերակացու տեսուչին տեղեակ պահէ, որպէսզի ան բաւարար ժամանակ ունենայ կարգադրութիւն ընելու որ երէցներ վերաքաղ ընեն նշանակուած հարցումները մկրտութեան թեկնածուներուն հետ։
4 Ուրիշ ուշագրաւ բան մը պիտի ըլլայ այն գլխաւոր դասախօսութիւնը որ այցելու դասախօսի մը միջոցաւ պիտի ներկայացուի։ Անոր խորագիրն է՝ «Որակելի եւ Զինուած Ըլլանք Որպէս Աստուծոյ Ծառաներ»։ Նկատի պիտի առնուին չորս գլխաւոր հայթայթումներ որոնք մեզ կը զինեն որպէս ծառաներ, եւ դասախօսութիւնը պիտի բովանդակէ հաւատք կերտող փորձառութիւններ։
5 Հիմա ծրագրեցէք ներկայ գտնուիլ ամբողջ յայտագրին։ Վստահ եղէք հրաւիրելու հետաքրքրուած անհատները եւ Աստուածաշունչի աշակերտները, որպէսզի անոնք ալ օգտուին աստուածպետական կրթութեան այս օրէն։ Այս կերպով կրնանք վստահ ըլլալ որ ‘ատակօրէն որակելի’ ենք որպէս բարի լուրի ծառաներ։