Ինչո՞ւ Կը Շարունակենք Վերադառնալ
1 Այս հարցումը բնաւ հարցուցա՞ծ էք դուք ձեզի, թերեւս երբ օր մը կը պատրաստուէիք ծառայութեան երթալ։ Շատ յաճախ աշխատցուած թաղամասերուն մէջ, տանտէրներէն շատեր մեր ո՛վ ըլլալը գիտեն եւ յաճախ կը մերժեն մեզ։ Միայն քիչեր դրական կերպով կ’ընդառաջեն։ Այսուհանդերձ, զօրաւոր պատճառներ ունինք, թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք երթալ։ Նկատի առէք հետեւեալ պատճառաբանութիւնները։
2 Նախ, պատուէր ստացած ենք որ շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը քարոզել, մինչեւ որ վախճանը գայ։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Եսայի մարգարէն հարցուց, թէ մինչեւ ե՛րբ իր քարոզչութեան գործը պէտք էր շարունակէր։ Իր ստացած պատասխանը արձանագրուած է Եսայեայ 6։11–ին մէջ։ Յստակօրէն իրեն ըսուեցաւ, որ շարունակէ մարդոց երթալ Աստուծոյ պատգամով։ Նմանապէս այսօր, հակառակ անոր որ մեզ կը մերժեն, Եհովա կ’ակնկալէ մեզմէ որ շարունակենք մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց այցելել։ (Եզեկ. 3։10, 11) Ասիկա մեզի վստահուած սրբազան ծառայութիւն մըն է։
3 Ուրիշ պատճառ մը, որու համար կը շարունակենք երթալ, այն է թէ ասիկա Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումին խորութիւնը ցոյց տալու պատեհութիւն մը կու տայ մեզի։ Նաեւ, երբ մտածենք թէ մօտ ապագան ի՛նչ վերապահած է մարդկութեան, ի՞նչպէս կրնանք ետ կենալով սիրալիր կերպով չազդարարել մեր դրացիները։ (Բ. Տիմ. 4։2. Յակ. 2։8) Մեր նշանակումը հաւատարմաբար իրագործելով, Աստուծոյ փրկութեան պատգամին ընդառաջելու կրկնակի առիթ մը կու տանք անոնց, որպէսզի չկարողանան ըսել թէ, չազդարարուեցան։—Եզեկ. 5։13
4 Ասկէ զատ, երբեք չենք կրնար գիտնալ, որ մարդիկ ե՛րբ իրենց սրտի վիճակը կը փոխեն։ Անոնց պարագաները փոփոխութեան մը ենթարկուիլը, ընտանիքին մէջ ողբերգութիւն մը կամ աշխարհի կացութիւնը, կրնան պատճառ դառնալ որ լրջօրէն մտածեն իրենց ապագային մասին։ Նաեւ, կրնանք դրան առջեւ բան մը ըսել, որ անոնց դրականօրէն ընդառաջելուն կը նպաստէ։ (Ժող. 9։11. Ա. Կորն. 7։31) Մարդիկ կրնան տեղափոխուիլ։ Մեր թաղամասին մէջ ապրող նոր անհատներ կրնանք գտնել, որոնք դրականօրէն պիտի ընդառաջեն բարի լուրին. թերեւս այժմ առանձին ապրող երիտասարդներ, որոնք լրջօրէն կը մտածեն իրենց ապագային մասին։
5 Պիտի շարունակե՞նք երթալ։ Այո. Աստուածաշունչը կրկին եւ կրկին մարդոց երթալու համար շատ դրդապատճառներ կու տայ մեզի։ Վերջաւորութեան, երբ քարոզչութեան գործը ամբողջանայ, Եհովա առատօրէն պիտի օրհնէ ծառայութեան մէջ մեր թափած ջանքերը, ինչպէս նաեւ՝ Թագաւորութեան բարի լուրին երախտագիտութեամբ ընդառաջողները։—Ա. Տիմ. 4։16