Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր
Աշխարհ կ’ուզէ որ հաւատանք թէ ներկայ իրերու դրութիւնը յաւիտեան պիտի գոյատեւէ։ Սակայն Աստուծոյ Խօսքը մեզի տարբեր բան մը կ’ըսէ։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Անիկա մեզի կ’օգնէ գնահատելու թէ ‘երկրի վրայ գանձեր դիզելը’ ունայն հետապնդում մըն է։ Աստուծոյ ժողովուրդը ամրապնդելու համար, 2007–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը հետեւեալ բնաբանը պիտի զարգացնէ՝ «Գանձեր դիզեցէք երկինքը»։—Մատթ. 6։19, 20
Եփեսացիս 2։2–ի մէջ նշուած ‘օդին իշխանութիւնը, այն ոգին որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’, կը պարփակէ նիւթապաշտական մտածումը։ Ինչպէս բառացի օդը ամէնուրեք է, նոյնպէս «աշխարհի հոգին» այս դրութիւնը կը պատէ։ (Ա. Կորն. 2։12) Անոր ազդեցութիւնը շատ զօրաւոր ըլլալով, կ’ըսուի թէ «իշխանութիւն» ունի։ Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիրը մեզի պիտի օգնէ որ աշխարհի նիւթապաշտական մտածումէն խուսափինք ու շարունակենք մեծապէս կեդրոնանալ մեր նախապատուութիւններուն վրայ։ (Մատթ. 6։33) Ասկէ զատ, յայտագիրը մեզի պիտի օգնէ Եհովայի ապաւինելու, մինչ մեր ծառայութիւնը կը կատարենք ի հեճուկս ճնշումներուն ու փորձութիւններուն։
Ջանա՛ երկու օրերուն ալ ներկայ գտնուիլ ու ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընել’։ (Եբր. 2։1) Համառօտ նշումներ ըրէ այն կէտերուն վերաբերեալ, զորս կրնաս անձամբ կիրարկել կեանքիդ ու ծառայութեանդ մէջ։ Այս հոգեւոր ճոխ յայտագրին ո՛չ մէկ մասը կորսնցնելով, պիտի զօրանաս եւ քաջալերուիս որ շարունակես ‘երկի՛նքը գանձեր դիզել’։