Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/07 էջ 1
  • «Հետաքրքրուած չեմ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Հետաքրքրուած չեմ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անտարբերութեան Ի՞նչպէս կը Հակազդէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ յարմարող ըլլալով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Ուրախ Կատարող մը Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 1/07 էջ 1

«Հետաքրքրուած չեմ»

1 Կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ յաճախ այդպէս կը հակազդեն մեր պատգամին։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ չվհատինք, երբ թաղամասին մէջ անտարբերութիւն դիմագրաւենք։ Ի՞նչպէս կրնանք բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնել։

2 Ուրախութիւնդ պահպանէ. Շատերու անտարբերութեան պատճառը մտաբերելը մեզի պիտի օգնէ ուրախ մնալու։ Անոնք որ բարեշրջութեան տեսութիւնը սորված են կամ անաստուած միջավայրի մէջ մեծցած են, թերեւս Աստուածաշունչին արժէքը նկատի չեն առած։ Ուրիշներ կրօնքին մէջ եղած կեղծաւորութիւնը տեսնելով հիասթափած են։ Ոմանք իրենց յուսախաբութեան ու յուսահատութեան պատճառաւ անտարբեր են։ (Եփ. 2։12) Իսկ ոմանք ‘ուշադրութիւն չեն ընծայեր’, քանի որ կեանքի մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած են։—Մատթ. 24։37-39, ՆԱ

3 Հակառակ ոմանց ժխտական հակազդեցութեան, կրնանք ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալ, գիտնալով որ մեր ջանքերը Եհովան կը փառաւորեն։ (Ա. Պետ. 4։11) Ասկէ զատ, ճշմարտութեան մասին խօսիլը, նոյնիսկ զայն չգնահատող անհատներուն հետ, մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Ջանանք թաղամասին մէջ գտնուող անհատները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ Ան Նինուէի բնակիչներուն խղճաց, «որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը [չէին] գիտեր»։ (Յովն. 4։11) Մեր թաղամասին մէջ բնակողները բարի լուրին կարիքը ունի՛ն։ Հետեւաբար պէտք չէ ձեռնթափ ըլլանք, այլ՝ Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու կերպեր պէտք է որոնենք։

4 Շրջանի մտահոգութիւններուն մասին խօսէ. Կրնաս բացման խօսքերուդ մէջ տեղական մտահոգութիւն մը նշել եւ տանտիրոջմէ խնդրել որ իր տեսակէտը յայտնէ։ Անոր մտիկ ըրէ, ապա Աստուածաշունչի մխիթարական պատգամը ներկայացուր։ Տեղական աղէտէ մը ետք, Վկայ մը իր կարեկցութիւնը արտայայտեց իւրաքանչիւր տանտիրոջ։ Ան ըսաւ. «Յանկարծ մարդիկ սկսան խօսակցիլ։ Այդ օրը բազմաթիւ խօսակցութիւններ ունեցայ, քանի որ իրենցմով մօտէն հետաքրքրուեցայ»։

5 Մարդկութեան դիմագրաւած բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ։ Ջանա՛ զատորոշել այն խնդիրը որ մեծապէս կը մտահոգէ տանտէրը։ Թերեւս ան քեզի թոյլ տայ որ ներկայացնես Աստուածաշունչի բովանդակած յոյսի պատգամը, կամ՝ կամենայ «ուրիշ անգամ» մտիկ ընել։—Գործք 17։32

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել