Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
June
«Բոլորս ալ ապրուելու համար դրամի կարիքը ունինք։ Կը խորհի՞ս թէ կարելի է որ չափազանց մտահոգուինք դրամ շահելու նկատմամբ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ այս համարը ի՞նչ կ’ըսէ հարստութեան հետամուտ ըլլալուն մասին։ [Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։10–ը։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը գործնական թելադրութիւններ կու տայ թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ իր կեանքը պարզել եւ աւելի քիչով բաւականանալ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ մարդիկ ինչո՛ւ գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուին, երբ տարբեր ցեղի կամ ազգի մը կը պատկանին կամ տարբեր լեզու մը կը խօսին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ հոս տրուած պատճառը։ [Կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։20–ը։] Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ սա հարցումին. ‘Էթնիքական ներդաշնակութիւնը կարելի՞ է’»։
July
«Բնազդով շարժող անասուններուն հակառակը, մարդիկ կարող են ընտրել այն չափանիշները, որոնց համաձայն կ’ուզեն ապրիլ։ Քու կարծիքով ո՞ւր կրնանք վստահելի ուղղութիւն գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Սաղմոս 119։105–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ Աստուածաշունչին տուած ուղղութեան գերազանց ըլլալը»։