Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Կը փափաքի՞ս այս մարգարէութեան կատարումը տեսնել։ [Կարդա՛ Եսայի 2։4–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուած մարդկային հարցերուն միջամուխ պիտի ըլլայ եւ ‘պիտի յանդիմանէ’։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Աստուած Արմագեդոն կոչուած պատերազմ մը պիտի մղէ, որ բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Արմագեդոնը ի՛նչ է եւ ինչո՛ւ անոր պէտք է սպասենք»։
May
Կարդա՛ Մատթէոս 6։10–ը։ Ապա հարցուր. «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչին համաձայն, Աստուած սկիզբէն իսկ երկրի նկատմամբ նպատակ մը ունէր եւ այդ նպատակը չէ փոխուած։ Այս յօդուածը ասիկա կը բացատրէ»։ Էջ 10–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Շատեր կ’ըսեն թէ միայն իրենց տեսածին կը հաւատան։ Անոնց հետ կը համաձայնի՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20–ը։] Այս պարբերաթերթը Աստուծոյ յատկութիւններէն երեքը աչքառու կը դարձնէ, զորս կրնանք ստեղծագործութեան մէջ յստակօրէն տեսնել, նաեւ նկատի կ’առնէ թէ այս յատկութիւններուն մասին գիտնալը ի՛նչպէս կրնայ մեզի ազդել»։
June
«Զաւակ մեծցնելը մարտահրաւէր մըն է, մանաւանդ երբ զաւակը պատանեկութեան տարիքը հասնի եւ շշմեցուցիչ փոփոխութիւններէ անցնի։ Քու կարծիքովդ, ծնողներ վստահելի խրատ ձեռք ձգելու համար ո՞ւր կրնան դիմել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայի 48։17, 18–ը։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը այժմէական թելադրութիւններ կու տայ, ծնողներուն օգնելու որ իմաստութեամբ ու հասկացողութեամբ վարուին»։